Ամերիկահայ զբօսաշրջիկներ, համեցէ՛ք Խորհրդային Հայաստան. «Կոչ Հայերուն», Հայաստանի կոչնակ, 1932թ

2943

«Տասնըմէկ տարիներէ ի վեր Հայ Ժողովուրդը ազատած հարստահարողներու լուծէն, թեւակոխած է նոր շրջանի մը մէջ, վերաշինելու եւ զարգացնելու իր հայրենիքը, ազատ ու անկախ Հայաստանի մը մէջ։

«Հարիւր հազարաւոր հայեր, որոնք Ցարական ու Սուլթանական բռնապետութեան հետեւանքով պարտաւորուած էին իրենց մայրենի երկիրը ձգել ու գաղթական դառնալ, այժմ իրենց աչքերը կը դարձնեն դէպի Սովիէթ Հայաստանը, ուր իրենց ազգականները եւ հայրենակիցները եռանդուն թափով մը լծուած են շինարարութեան գործին, տեղ պատրաստելու համար բոլոր այն հայրենակիցներուն, որոնք հայրենիք կ’ուզեն վերադառնալ։

«Ներկայիս, Ամերիկահայութեան մէջ սկսած է երեւան գալ բուռն փափաք մը, այցելելու իրենց հայրենիքը, տեղին վրայ տեսնելու համար հոն կատարուող շինարարական աշխատանքներու արդիւնքը, որու շնորհիւ հազարաւոր գաղթականներ կը ներգաղթեն Յունաստանէն դէպի Հայաստան։

«Ինթուրիստը պատեհութիւն ստեղծած է այս փափաքին գոհացում տալու, կազմակերպելու չափաւոր գիներով ճամբորդութիւններ դէպի Խորհրդային Երկիրները։ Ինթուրիստը Սովիէթ երկիրները ճամբորդելու միակ գործակալն է եւ գրասենեակներ կը պահէ, Նիւ Եորք, Շիքակօ, Պոստոն եւ Լոս Անճէլըս։

«Ինթուրիստի միջոցով կը կատարուին Խորհրդային երկիրները ճամբորդելու համար հարկ եղած վիզայի գործառնութիւնները, եւ Խորհրդային երկիրները շրջիլ փափաքողներուն համար Ինթուրիստը կը հայթայթէ չափաւոր գիներով պանդոկ եւ սպասարկութիւն, փոխադրութիւն, կերակուր, պտոյտներ եւն։

«1932 տարուան ընթացքին դէպի Հայաստան ճամբորդողներու համար մասնաւոր կարգադրութիւններ եղած են։

«Նոյն իսկ միջակ կարողութիւն ունեցող մարդիկ կրնան օգտուիլ այս պատեհութենէն։ Հայաստան այցելութեան ըլլալիք ծախսերը զեղչուած են օրական 5 տոլարի։»

(սկզբնաղբիւր՝ «Կոչ Հայերուն», Հայաստանի կոչնակ, ԼԲ. տարի, թիւ 24, Յունիս 11, 1932, էջ 627)

Այս գրությունը վերցրել ենք պատմաբան, դոկտոր Արա Սանջյանի Ֆեյսբուքի էջից