Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:
– «Անրկրկնելի Ժիրայր Դանիէլեանը», կազմող եւ խմբագիր՝ Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, Երեւան, 2023, 208 էջ + 8 էջ լուսանկարներու ներդիր (13,8 x 20,9 սմ.) (նորոգ հանգուցեալ բանասէր, մատենագէտ եւ կրթական-հասարակական գործիչի անձի ու վաստակի գնահատանքի՝ նախապէս տպագրուած խօսքերու ժողովածու, գունաւոր լուսանկարներ): Հրատարակուած է «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ, առ ի գնահատանք Ժիրայր Դանիէլեանի կրթական ու մտաւորական մեծ վաստակին»:
– Գասպարեան Դաւիթ, «Եղիշէ Չարենցի կեանքը եւ ժամանակը», «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 804 էջ + 16 էջ ներդիր:
– «Գրիգոր Սաթամեան», Լոս Անճելոս, 2022 (բազմավաստակ բեմադրիչ-դերասանապետի ստեղծագործական կեանքին համայնապատկերը) (անգլերէն): Հատորի մեկենասն է Նազարէթ Գեւոնեանը:
– Եարտըմեան Տաճատ ծ. վրդ., «Յիշողութիւն 1915-ի Հայկական ցեղասպանութեան», յառաջաբանը՝ Սիլվա Կապուտիկեանի, Լոս Անճելոս, 2023 (Հայոց ցեղասպանութեան մասին զանազան նիւթեր՝ հայոց եւ օտարներու վկայութիւններ, նահատակ հոգեւորականներու անուններ, թուրքերու խոստովանութիւններ եւ այլն եւ այլն): Լոյս տեսած է տոքթ. Յակոբ Այնթապլեանի մեկենասութեամբ:
– Մենակ Գասպար, «Կեանքիս ուղիները. Յուշեր Հայկական լեգէոնէն», հայերէնէ թարգմանեց Շանթ Մերճանեան, նախաբանը՝ Ժերար Տէտէեանի, «Մեզոննէով է Լառոզ/Հեմիսֆեր» հրատարակչութիւն, Փարիզ, դեկտեմբեր 2022 (լուսանկարներ, Գասպար Մենակի ընտանեկան տոհմածառը) (ֆրանսերէն): Հրատարակուած է հեղինակի անդրանիկ թոռան՝ Գէորգ Ահարոնեանի նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական աջակցութեամբ:
– Մինաս Փիւնիկ (Գոճայեան), «Փիւնիկեան ափերէն», Ա. հատոր, տպագրութիւն՝ Վահէ Աջապահեան, Լոս Անճելոս, 2022, 390 էջ (15 x 23 սմ.) (յուշեր ու պատումներ հեղինակի՝ տարբեր երկիրներու մէջ կեցութիւններէն, հայրենադարձ ազգականներէն, սեւ-ճերմակ լուսանկարներ):
– Պալեան Խորէն, «Լոյս ի լուսոյ», կազմող, խմբագիր եւ յառաջաբանի հեղինակ՝ Երուանդ Տէր Խաչատրեան, Երեւան, 2023, 515 էջ + 12 էջ լուսանկարներու ներդիր (մեծանուն երաժշտագէտ, շարականագէտ, գրաբարագէտ հեղինակին 1960-ականներէն մինչեւ 2007 հրապարակուած 47 յօդուածները, ելոյթները, հարցազրոյցները եւ «Ժամակարգութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցու» աշխատութիւնը, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ): Ժողովածուն լոյս տեսած է «Գուրգէն Մելիքեանի՝ Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքների հիմնադրամ»ի ջանքերով՝ հեղինակի եղբօրորդի Ռաֆֆի Պալեանի մեկենասութեամբ:
– Պետիկեան Գէորգ, «Սփիւռքը…», խմբագիր՝ Ալիս Քրիւմեան, KASL Printing and Graphics, Փասատենա – Ա. Մ. Ն., 210 էջ (15 x 22,3 սմ.) (դէմքեր եւ դէպքեր սփիւռքէն, խոհեր սփիւռքահայութեան հայապահպանութեան մասին, բանաստեղծութիւններ, Սաթիկ Սապունճեան-Տէր Յովհաննէսեանի եւ հեղինակին կենսագրութիւններն ու գունաւոր լուսանկարները (համապատասխանաբար՝ էջ 6-9 եւ Դ. կողք): Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր եւ Տէր Յովհաննէսեան ամոլի յաճախած՝ Հալէպի Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի 75-ամեայ յոբելեանին: Լոյս տեսած է Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ իր վաղամեռիկ տիկնոջ՝ Սաթիկ Սապունճեան-Տէր Յովհաննէսեանի:
– Սարգսեան Գագիկ, Գնունի Արտակ, Մկրտչեան Լեւոն, «Արցախի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանի ամրոցներ», գիտական խմբագիր՝ Հայկ Աւետիսեան, «Նռանէ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022 (հնագոյն շրջանէն մինչեւ 18-րդ դարու վերջ կառուցուած 36 ամրոցի տեղակայման քարտէսները, հանոյթները, յատակագիծերը եւ այլն): Ուսումնասիրական աշխատանքը կատարուած է ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի տրամադրած դրամաշնորհով: Գիրքը լոյս տեսած է Թեքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ:
– Քէօսէեան Գրիգոր, «Հասկաքաղ», Պոսթոն, 2022, 133 էջ (18 x 25 սմ.) (հրապարակագրութիւն, գծանկարներ, 15 երգիծանկար):
Պատրաստեց Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)
Ուղղում.
«Նոր հրատարակութիւններ» նախորդ ցանկի՝ Սերկէյ Վարդանեանի հեղինակած գիրքի բովանդակութեան բացատրութեան սկիզբին մէջ ակամայ թոյլ տրուած են բացթողում մը եւ վրիպակ մը: Ճշդուած տարբերակն է՝
(կրոնափոխ եւ քրիստոնեայ համշէնահայերէ 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն գրառուած 37 անտիպ ու տպագրուած երգիծապատումներ…):












