Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:
– «Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը Հայաստանում – 30 տարի – 1991-2021», կազմող, համադրող, հրատարակութեան պատրաստող եւ գլխաւոր խմբագիր՝ Անդրանիկ Մարդոյեան, խմբագիր՝ Նարկիզ Յակոբեան, հրատարակութիւն ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպագրատուն, Երեւան, 2023, 505 էջ (17,1 x 24,8 սմ.) (ԱՀԱԸ-ի ստեղծման համառօտ պատմութիւնը, Հայաստանի մասնաճիւղի երեսնամեայ գործունէութեան տարաբնոյթ ձեռնարկները, գործիչներու եւ համադրողին կենսագրութիւնները, բազմաթիւ փաստաթուղթեր, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ հարիւրաւոր լուսանկարներ):
– Գասպարեան Դաւիթ, «Հայ գրականութիւն, գիրք 7 րդ, յօդուածների ժողովածու», «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 580 էջ (շարունակութիւնը հեղինակի՝ 2000-2017 թուականներուն լոյս տեսած 1-6-րդ գիրքերուն: Կ’ընդգրկէ հայ գրականութեան պատմութեան, ընթացիկ գրականութեան, արտասահմանեան գրականութեան առանձին հեղինակներու դիմանկարներ, վերլուծականներ, տեսական բացայայտումներ, նաեւ ժամանակի դէմքը ներկայացնող հրապարակագրութիւն):
– Գասպարեան Դաւիթ, «Չարենց», «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 404 էջ (չարենցագէտ գրականագէտը կը ներկայացնէ ու կը վերլուծէ Եղիշէ Չարենցի կեանքն ու վաստակը՝ նորայայտ փաստերու լոյսին տակ):
– «Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի առաջին կէսին. Պատմութիւն եւ արդիականութիւն – Գիտաժողովի յօդուածների ժողովածու», համահրատարակիչներ՝ Հայկական պետական մանկավարժական համալսարան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակ, Երեւան, 2023 (2 մարտ 2023-ին ՀՊՄՀ-ի մէջ նոյն վերնագիրով կայացած գիտաժողովին նիւթերը):
– Սաքայեան Տորա, «Մահուան կարաւանները՝ դռան սեմին – Քլարա եւ Ֆրից Զիկրիսթ-Հիլթի՝ Թուրքիոյ մէջ հայոց տանթէական հնոցին զուիցերիացի ականատեսներ» (Sakayan Dora, Death Marches Past the Front Door – Clara and Fritz Sigrist-Hilty, Swiss Eyewitnesses to the Armenian Dante-Inferno in Turkey (1915-1918)), խմբագիրներ՝ Պարլոու Տէր Մկրտիչեան եւ Զարեհ Ճգնաւորեան, Գալիֆոռնիոյ պետական համալսարանի հրատարակչութեան հայկական մատենաշար թիւ 20, Ֆրեզնօ, 2023, 254 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (անգլերէն):
– Սիրան Սեզա, «Նամականի, Ա. հատոր – Նամակագրութիւն Վահէ-Վահեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ (1932-1955 եւ 1933-1948)», կազմեց, ծանօթագրեց, թարգմանեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 2023, 720 էջ + 8 էջ լուսանկարներու ներդիր (14,9 x 20,7 սմ.) (մեկենասներուն եւ կազմողին խօսքերը, շուրջ 200 նամակ, յաւելուած՝ երկու նամակագիրներուն ելոյթները Սեզայի մահուան առթիւ, 1550 ծանօթագրութիւն եւ բացատրութիւն, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): Նամականիին հատորները լոյս կը տեսնեն Սիրան Սեզայի որդիին եւ հարսին՝ Վահագն եւ Անահիտ Քիւփելեաններու մեկենասութեամբ:
– «Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը. Քաղաքականութիւն, գաղափարախօսութիւն եւ անդրազգային պատմութիւն» (The Armenian Social Democrat Hnchakian Party: Politics, Ideology, and Transnational History), խմբագիր՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշար, I. B. Tauris հրատարակչութիւն, Լոնտոն-Նիւ Եորք, 2023, 296 էջ (հոկտեմբեր 2012-ին կայացած գիտաժողովին զեկուցումները) (14 հայ, թուրք եւ այլ ազգի գիտնականներու զեկուցումներ տարբեր լեզուներով՝ հայերէն, անգլերէն, թրքերէն, պարսկերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն):
– «Քսաներորդ դար. Ռուսական պոէզիայի ընտրանի», կազմող՝ Լիլիթ Գալստեան, խմբագիր՝ Վահէ Արսէն, ձեւաւորումը՝ Մկրտիչ Մաթեւոսեանի, Երեւան, «Ակտուալ արուեստ» հրատարակչութիւն, 2023 (18 ռուսաստանցի բանաստեղծներու քերթուածներու ընտրանի):
Պատրաստեց
Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)












