Մեղաւորը հիմա ալ զավթուած և ընկճուած ժողովու՞րդն է. Վիգէն Յովսէփեան

1932

Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան (Ա.Մ.Ն.) իր ֆեյսպուքեան էջին գրած է.

Այնքան տխրելու և զարմանալու բան կայ, հիմա որ աւարտած են ՀՀ Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները։ Չնայած գոհ էք թէ դժգոհ ընտրութեան արդիւնքներէն՝ անձնապէս ինծի համար ամենէ ցաւալին ու տխրելին այն է թէ ժողովուրդս իր մեծամասնութեամբ որոշեց երկրի ուղղութիւնը պահել անփոփոխ։ Իսկ զիս զարմացնողն այն է որ մեզմէ շատերուս մօտ որոնք փոփոխութեան կը ձգտէին՝ կայ համատարած դժգոհութիւն ժողովուրդի հանդէպ, որ ան կաշառք ընդունած է ու իր քուէն վաճառած, կամ ընկճուած ըլլալով ցուցաբերած է կրաւորական դիրք։

Այսինքն, մեղաւորը հիմա ալ զավթուած և ընկճուած ժողովու՞րդն է։ Մեր անկարողութիւնն ու ամլութիւնը ու՜ր հասած պիտի ըլլայ, որ հիմա ալ սկսինք այպանել անիրաւուած ժողովուրդն ու իր «բթամտութիւն»ը ներկայ կացութեան համար։ Երբուընէ՞ և ի՞նչ տրամաբանութեամբ ոճիրի յանձաւորը նոյն ինքն զոհը կը համարուի։ Իսկ ինչու՞ գանգատներ չկան այն մասին որ մեր ժողովուրդը և իր երիտասարդութիւնը երազներէ զրկողները, զանոնք 10,000 դրամով վաճառուող դարձնողները, և յանուն չգիտեմ ինչի վատին հետ յարմարուելու վարպետները վաղուց արդէն կաշառուած ու բաւարարուած են։ Կաշառուած՝ ոչ թէ միայն 10,000–ով, այլ շատ աւելի մեծ գումարներով յղբացած ու դեռ չկշտացած իրենց ոյժով և հարստութեամբ։ Ոչ, մեծ գումարի կաշառքը նախնտրելի չէ փոքր գումարի կաշառքէն։ Եւ ո՛չ, ժողովուրդը երբեք չսխալիր. կը սխալին միայն անոր առաջնորդել փորձողները և ժողովուրդին փրկութեան ու ծառայութեան յանձնառու մարդիկ ու կազմակերպութիւններ։

Ստրուկ հոգիներէն ապստամբ կամ նոյնիսկ բարեկարգող դուրս չի գար, այլ միայն անսահման ու անսակարկ յարմարուողականութիւն։ Մէկ իմաստով հնազանդացուած, լռեցուած ու հոգեպէս ստրկացած տարրը, ամէ՛ն իմաստով հեզ ու «կարգապահ» կը դառնայ, նոյնիսկ երբ իր իրաւունքները բացայայտօրէն կը կոխկրտուին։ Եթէ այսօր Ժողովուրդս կը «բաւարարուի» երկրի այլապէս անընդունելի ուղղիով, վաղը կարող է նաև ան բաւարարուիլ աւելի վատով՝ մինչև իսկ իր սուրբ հողէն պատառներ յանձնողներուն կենացը խմելով որպէս իրատէս հերոս փրկարարներու։

Մեղաւորը ե՛ս եմ, եթէ չեմ հասկնար որ յանձաւորը ժողովուրդիս հլու–հնազանդ նախիրի վերածողներն են, և ոչ թէ միայն նախիրին քուէն ուղղորդողները։ Բռնաբարուողը չէ յանձաւորը, այլ ինքը բռնաբարողը ու այս վերջինին օժանդակողը։ Սիրելիներս, ժողովուրդը պէտք է հաւատայ որպէսզի փոխուի ու փոխէ։ Եթէ ան չհաւատար փոփոխութեան պատգամին, ուրեմն ան կ’ընդունի 10,000–ը ու զայն կ’օգտագործէ կտոր մը հաց ճառելու, կամ ալ արտագաղթի վիզայի գումարը գոյացնելու համար։ Որովհետեւ նոյնիսկ եթէ ժողովուրդի թերահաւատ մտքին ու հոգւոյն մէջ տեղ մը Պատգամին աղոտ նշոյլը կայ, ապա հիմա արդէն չկայ ու կորած է ամէն վստահութիւն հանդէպ պատգամաբերը՝ զորս ինք վաղուց իր սուր տեսողութեամբ տեսած է խաթարուածներու սեղանին։

Ժողովուրդը պէտք է հաւատայ որ շարժի։ Եւ եթէ իսկապէս, ի՛սկապէս կ’ուզենք համոզել ու շարժել ժողովուրդն ու յա՛տկապէս անոր պայծառատէս տարրը, պէտք է որ անոր տանք բազում երաշխիքներ և վստահութիւն որ մեր երազն ու պատգամը արմատական են, ջինջ են ու անզիջող…մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի իր առօրեայ հացին, զաւկին ուսմանը, իր կնոջական իրաւոնքներուն, թաղային արդարութեանը։ Յանուն սուրբ հողին, բայց նաև յանուն այն ժողովուրդին որ մեզ ազգ դարձուձած է ու հիմա ալ հողը ապրեցնելով զայն ամէն օր Հայաստանի կը վերածէ։

Պէտք է ըլլալ անխնայ՝ յանուն իրատեսութեան կամ քաղաքական ճկունութեան մեր երազները սակարկողներուն հանդէպ, կամ մեր երազանքը տղայական, օտարոտի, կամ արկածախնդրական որակողներուն հանդէպ։ Այսպէս եղած ենք երբ ամիրաները կը մերժէին մեր յեղափոխականները որպէս արկածախնդիրներ, այսօր ալ պիտի մերժենք կապանքները որ կը դրուին մեր երազներուն շուրջ։ Ազատութեան և արդարութեան տեսլականներուն մէջ ոջինջ կայ օտարոտի։ Անոնք մեր ազգի ասպետութեան ու ժողովուրդին մօտ կային երբ ոչ «Արեւմուտք» կար և ոչ ալ «Արեւելք»։

Ժողովուրդս կրնայ իր թերահաւատութեամբ պահ մը ուշանալ, բայց մինչև վերջ չբացակայիր։ Սակայն նախ և առաջ՝ պիտի հաւատայ։