Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը վերահասու կը դառնանք, որ Ռամակավար Ազատական Կուսակցութեան մամուլը յետ այսու կը համալրուի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի օրկան «Պայքար»ով :
1922-ին Մասաչուսեցի մէջ հիմնադրուած պարբերականը երկար տարիներ հանդիսացած է կուսակցութեան մտաւորականութեան կարեւորագոյն ամպիոններէն մին:
1 Յունուարին լոյս տեսած շաբաթաթերթի խմբագրականին մէջ կը կարդանք՝ «Լրատու միջոցներու համաշխարհայնացումը եւ ելեկտրոնային մամուլի աճումը դիմափոխեցին աւանդական մամուլին դերը, որ միանալով նիւթական միջոցներու սղութեան՝ շրջան մը ընդհատեցին «Պայքար»ի առաքելութիւնը: Այսօր, միեւնոյն այդ համաշխարհայնացումը եւ ելեկրոնային միջոցներու աճումը լայն հորիզոն կը բանան «Պայքար»ին, վերադառնալու իր առաքելութեան եւ իր գաղափարական խօսքը հասցնելու համայն հայութեան, սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ: «Պայքար» այս ձեւով կու գայ փոխարինելու ոչ այլ ոեւէ օրկան, որքան՝ վերադառնալու իր իսկութեան, իր դարաւոր առաքելութեան. ան լոյս պիտի տեսնէ տպագիր եւ ելետրոնային հրատարակութեամբ»:
«Պայքար»ի խմբագրական մարմնին մաս կը կազմեն ընկերներ՝ Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Յակոբ Աւետիքեան, Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան, Զաւէն Գրիգորեան, Դոկտ. Աւետիս Եափուճեան, Վաչէ Սեմերճեան եւ ընկհ. Պայծիկ Գալայճեան:
Անդրանիկ թիւին մէջ իր ողջոյնի խօսքը յղած է ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ ընկ. Վարդան Նազիրեան:











