Այսուհետ սփիւռքահայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար պիտի ղրկենք մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան,մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:
Տուեալներուն եւ ամբողջ ցանկերուն հրապարակումն ու արտատպումը թոյլատրուած են՝ պատրաստողի անուան յիշատակման պարտադիր պայմանով:
– Ազնաւորեան Զարեհ արք., «Մեկնաբանութեան պատմութիւն», խմբագիր՝ Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեան, տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս, 2016, 148 էջ (17 x 24 սմ.): Հրատարակուած է Տիկին Հերմինէ Գէորգ Թաշճեանի եւ զաւակներուն մեկենասութեամբ (Հին եւ Նոր Կտակարաններու մեկնութեան տարբերակները հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, Ս. գիրքի մեկնութեան առանձնայատկութիւնները):
– Ազնաւորեան Զարեհ արք., ««Հաւատամք»ի մեկնութիւն», կազմող, շարող, ծանօթագրող, խմբագիր եւ ցանկերու հեղինակ՝ Յակոբ Քորթմոսեան, խմբագիր եւ վերստուգող՝ Գէորգ Եազըճեան, գեղանկարիչ՝ Սմբատ Ղազէլեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 636 էջ (17 x 24 սմ.): Տպագրութեան ծախսերը հոգացած են Տէր եւ Տիկին Ժան եւ Նորա Հայրապետեան, Տիար Սեդրակ Տաքէսեան եւ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներ: Լոյս տեսած է երջանկայիշատակ հոգեւորականի քահանայական օծման 50-ամեակի առթիւ(Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութիւնը, յաւելուածներ զանազան լրացուցիչ նիւթերով եւ անուանացանկերով):
– Արապեան-Գալայճեան Պայծիկ, «Անմար կանթեղը լուսոյ», տպարանի անուն չէ նշուած, Պէյրութ, 2016, 176 էջ (17 x 24 սմ.): Հրատարակուած է «Մելգոնեանցիի մը մեկենասութեամբ» (Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան համառօտ պատմութիւնը, կրթարանի գործունէութեան գնահատականը, անոր դաւադրաբար փակման մանրամասնութիւնները, լուսանկարներ եւ փաստաթուղթեր):
– Թէրզեան Պերճ (համադրեց), «Տիգրան Պապիկեան՝ դաստիարակ-տնօրէն», յաւելուած Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի «Տեղեկատու» պարբերաթերթի թիւ 80, յուլիս 2016, տպարան «Աֆրիքըն փրէս», Գահիրէ, 2016, 64 էջ (16.5 x 22.8 սմ.): Գրքոյկին տպագրութիւնը հովանաւորած են Տէր եւ Տիկին Պերճ եւ Սոնա Թէրզեան (նիւթեր եգիպտահայ վաստակաշատ մանկավարժի մասին ու անոր կրթական գործունէութեան գնահատականը):
– Խաչատուրեան Յարութիւն (աշխատանքային խումբի ղեկավար), Փաթրիք եւ Լիւսի Ասլանեաններ, Ժան Միշել, «Հայկական վայրեր եւ պաշտամունքային կալուածներ օսմանեան Թուրքիոյ մէջ. Կործանուող ժառանգութիւն մը», Փարիզ, 2016 (ֆրանսերէն): Հրատարակութեան հովանաւոր՝ «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութիւններու միջազգային միութիւն:
–Մատոյեան-Տարագճեան Նուարդ, «Հայապատում. Պատմութիւն եւ իրականութիւն», ներածութիւնը՝ Արման Կիրակոսեանի, հրատարակութիւն Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամի թիւ 20, «Սիփան» հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2016, 455 էջ: Գիրքը ձօնուած է հեղինակի ծնողներուն (հեղինակի՝ հայոց պատմութեան, մասնաւորաբար Հայ դատի եւ Մեծ եղեռնի նիւթերով լոյս տեսած շուրջ 50 յօդուածներու ժողովածուն):
– Մսըրլեան Զաւէն, «Հայկական հարցի մասին», «Երեք դաշնագիրներ», «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Հայկականհարցը», «Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ եւ յետոյ» գիրքերը, հայերէնէ թարգմանեց Մարալ Օ. Սարգիսեան-Գալուստեան, տպագրութիւն «Շիմալիէնտ Շիմալի», Պէյրութ, 2015, չորս գիրքերուն միացեալ էջաքանակը՝ 1000 էջ(17 x 24 սմ.) (անգլերէն): Հատորներուն մեկենասն է Ռաֆֆի Մանուկեան:
– Նաքաճիմա Հիտեհարու, «Գիրք իրականութեան մասին. Հայկական Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը», հրատարակութիւն «Ճափոն-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան», Ճափոն, 2015 (ճափոներէն):
– Շահնուր (Քերեսթէճեան) Շահան, «Նահանջը առանց երգի», հայերէնէ թարգմանեցին Մարալ Ագթոքմաքեան եւ Արթուն Կէպէնլիօղլու, խմբագիր՝ Ռոպէր Քոփթաշ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2016: Հրատարակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան» նիւթական աջակցութեամբ:
– Փոլատեան Արշակ, «Հայաստանը՝ երէկ եւ այսօր», «ալ-Շարք» հրատարակչութիւն, Տամասկոս, 2016 (Սուրիոյ մէջ Հ. Հ.ի դեսպանի գիրքին առաջին մասը՝ հայոց պատմութիւնը հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 1980-ականներուն վերջը, երկրորդ մասը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդն ու կեանքի ընթացքը) (արաբերէն):
– Օշական (Քիւֆէճեան) Յակոբ, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան – Դ. հատոր – Դէպի իրապաշտներ», Բ. հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Վարուժան արք. Հերկելեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»ի թիւ 86, տպարան Կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 2016:
Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան












