Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:
– «Ականատեսի յուշեր. Պոտիլ Քաթարինէ Պիորնի ժառանգութիւնը (Memoirs of an Eyewitness: The Legacy of Bodil Katharine Biørn)», խմբագիր՝ Ռեգինա Գալուստեան, «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի հրատարակչութիւն, Երեւան, 6 յունիս 2025 (հին նորվեկերէնէ թարգմանուած՝ նորվեկիացի միսիոնարուհիին 1905-1937 ժամանակաշրջանի յուշերը եւ ականատեսի վկայութիւնները հայոց ցեղասպանութենէն եւ վերապրողներու՝ Հալէպ հաստատուած հայութեան մէջ 1920-30-ականներուն իր գործունէութենէն) (անգլերէն): Հատորը լոյս տեսած է Նորվեկիոյ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան դրամական աջակցութեամբ։
– «Արցախի դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան գիտաժողովի նիւթեր (21-22 ապրիլ 2024)», հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի թիւ 18, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2025, 362 էջ։
– Բագրատունեան Ռուզաննա, «Յամր կինոյի խօսուն կանայք – Resounding Women of Silent Cinema», գիտական ակնարկներու հեղինակներ՝ Սիրանոյշ Գալստեան եւ Անահիտ Յարութիւնեան, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, մարտ 2025 (շատ հարուստ աղբիւրային հիմքով հեղինակուած աշխատութիւն 1924-1934 շրջանին հայկական եւ համաշխարհային յամր շարժարուեստին մէջ ներդրում ունեցած 40 հայ դերասանուհիներու եւ շարժարուեստին մէջ որեւէ մասնակցութիւն ունեցած 250-է աւելի հայուհիներու մասին, շուրջ 250 լուսանկար) (երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն): Ժողովածուն հրատարակութեան պատրաստած է «Եռանկիւն» սոցիալ-մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը։ Տպագրուած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան դրամաշնորհով։
– Գարեգին Նժդեհ, «Որդիների պայքարը հայրերի դէմ», հրատարակութիւն «Զաւէն եւ որդիք» տպարանի, Պէյրութ, 2025, 127 էջ: Հրատարակութիւնը անվճար կը բաժնուի հայկական վարժարաններու վերին դասարաններու աշակերտներուն եւ հայագիտական նիւթեր դասաւանդողներուն։
– Թերզեան Պերճ, «Կարելի՞ է արեւմտահայերէնը փրկել այսօրուան ցաւալի վիճակէն», հրատարակչութեան կամ տպարանի անուն չէ նշուած, Գահիրէ, 2025, 43 էջ (16,9 x 24,1 սմ.) (16 մասերէ բաղկացած քննական յօդուած մը, խնդրագիր մը «առ ազգիս ղեկավարութեան կոչուած կառոյցներուն եւ անոնց հոգեւորական ու աշխարհական պատասխանատուներուն», հեղինակի «Հայեցի դաստիարակութեան վիճակը Եգիպտոսում այսօր» զեկոյցը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան՝ 2010-ին Ծաղկաձորի մէջ կազմակերպած «Արեւմտահայերէնի ուսուցման վիճակը սփիւռքում» համաժողովին):
– Ճան Սինան եւ Հալիճի Արա, «Արիւնով եղբայրները. ուղեւորութիւն դէպի անցեալ, որ զիրենք բաժնած էր, բայց վերամիացուց զիրենք», արաբերէնի թարգմանեց Գէորգ Խաթուն Ուաննիս, հրատարակութիւն «Տար ալ-Ֆարապի» հրատարակչատան, Պէյրութ, 24 ապրիլ 2025, 311 էջ (Նիտերլանտաբնակ թուրք եւ հայ հեղինակները կը ներկայացնեն պատումներ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին զիրար կորսնցուցած, ապա վերագտած հարազատներու, ինչպէս նաեւ հայերու ապաստան տուած այլազգիներու մասին) (արաբերէն):
– Մարգարեան Հրանդ, «Յակոբ Օշական՝ թատերագիրը», «Արմաւ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025:
– Յովսէփեան Մարիամ, «Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը Կ. Պոլսի «Ճակատամարտ» օրաթերթի էջերում (1918–1920 թթ.)», «Մեսրոպ արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 253, ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025, 246 էջ: Հրատարակուած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեասն հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով։
– Չէքիճեան Յարութ, «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը», «Ազդակ»ի մատենաշար թիւ 1, Պէյրութ, 2025:
– Չիֆթճեան Գրիգոր արք., «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում՝ հայկական յուշարձանների հետքերով», Գ. հատոր, Թաւրիզ, 2024 (Ա. մաս՝ Սոմա – Բրադոսթ, Բ. մաս՝ զրոյցներ, Գ. Մաս՝ յօդուածներ եւ վաւերագրեր):
– Ֆահս Հուտա (Fahs Huda), «Ինքնութեան պայքարը հայոց եւ թուրքերու միջեւ Օսմանեան պետութեան մէջ (1895-1918)», հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի թիւ 19, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2025, 376 էջ (հայ-թրքական հակամարտութեանց մասնագէտ, շիի համայնքէն լիբանանցի պատմաբանուհիին դոկտորական ատենախօսութիւնը, ուր ան կը քննարկէ այս երկու հաւաքականութեանց ինքնութեան պայքարը դարերու ընթացքին՝ մինչեւ մեր օրերը, ներառեալ Արցախի մէջ) (արաբերէն):
Պատրաստեց
Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)











