Երվանդ Օտյանի Ապրիլ 24-ի խոսքը. 1919 թվական

2990

Ներկայացնում ենք Երվանդ Օտյանի հոդվածը առաջին՝ 1919թ Ապրիլ 24-ի մասին, որը հրատարակվել է Պոլսի ԺԱՄԱՆԱԿ թերթում՝ 1919թ. ապրիլի 25-ի համարում: Ինչպես հայտնի է, Օտյանը, որ աքսորվել էր, սակայն հրաշքով վերապրել ու վերադարձել Պոլիս, 1918թ. դեկտեմբերին «Ժամանակ» օրաթերթում հրատարակել էր «Ազգային նոր տոնը» խորագրով հոդված: Օտյանը առաջարկում էր 1915-ի անմեղ զոհերի համար հիշատակի հատուկ օր ընդունել և ոգեկոչել այդ օրը:

ՓԱՌԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՆԴԵՍ

Չէ՛, սգահանդէս մը չէ այսօրուանը: Ողբ ու կոծ, լաց ու արցունք տեղ չունին հոս: Տխրութիւնը համակած է, անշուշտ մեր բոլոր էութիւնը, բայց այս տխրութիւնը մեծավայելուչ, պատկառազդեցիկ, հպարտ տխրութիւն մըն է և ո՛չ թէ գլխիկոր տխրութիւն մը:

Բոլոր անոնք որոնց համար սարքուած է այսօրուան հանդէսը Զօհրապներ, Ակնունիներ, Խաժակներ, Զարդարեաններ Սևակներ, Քէլէկեաններ, Կիւրճեաններ, Մուրատներ, Հրաչներ, Մինասեաններ, Շահպազներ, Ետրճանեաններ, Սարապալեաններ, Շահրիկեաններ, Բիւրատներ, Տաղաւարեաններ, Ճանկիւլեաններ, Վարուժաններ և ուրիշ հարիւրաւորներ, եթէ կարենային այս հանդիսաւոր վայրկեանին խօսիլ մեզի հետ, պիտի ըսէին ապահովաբար.

– Մենք չենք ուզեր սգահանդէս, մենք չենք ուզեր արցունք ու լաց, մենք յօժարակամ մեռանք որպէսզի Հայը դադրեցնում է իր դարաւոր սուգն ու արցունքը և մենք հասանք մեր նպատակին, մենք նահատակներ չենք՝ այլ յաղթականներ: Յարգեցէ՛ք մեզի, բայց մի՛ լաք մեր վրայ:

Եւ իրենց հետ նոյնը պիտի կրկնէին այն հարիւր հազարաւոր Հայերը որոնք մեծ Եղեռնին ձեռքերովը փռուեցան Սուրիոյ և Միջագետքի անապատներուն մէջ:

Այսպէս ուրեմն, գլուխնիս բարձր բռնած երթա՛նք այսօրուան հանդէսին ու ասով աւելի արժանավայել կերպով պանծացուցած կ’ըլլանք անոնց յիշատակը:

Ամբողջ Հայ ընտրելագոյն մտաւորականութեան բնաջնջումը հանճարներու, տաղանդներու, բարձր իմացականութիւններու ջարդ ու փշուր կոտորումը արիւնկզակ վայրագութեան մը կողմէ՝ անշուշտ ահաւոր ու անլուր բան մըն է, որուն վերյիշումը, չորս տարի վերջը, տակաւին կատաղութեամբ ու ատելութեամբ կը սարսռցնէ մեզ, ինչպէս պիտի սարսռացնէ ասկէց չորս հարիւր տարի վերջն ալ ապագայ Հայութիւնը, երբ ոճրագործներու սերունդը ջնջուած պիտի ըլլայ արդէն աշխարհի երեսէն, ինչպէս ջնջուած են իրենց արիւնարբու վայրագութեան մէջ յամառող այնքա՜ն ազգեր:

Բայց Հայ մտաւորականութեան այս սարսափելի կորուստը անդարմանելի չէ: Վաղը Անկախ Հայաստանի մէջ, պիտի ունենանք նոր Զօհրապներ, Ակնունիներ, Վարուժաններ, Սիամանթօներ, Տաղաւարեաններ, եւն. վստահ ըլլանք ասոր: Անհատները գացին, բայց ցեղը կը մնայ: Լաւագոյն պտուղները բրցուցին բայց ծառը հո՛ն է դեռ կենսունակ, որ ա’լ աւելի պիտի ուռճանայ Ազատութեան պարարտ հողին վրայ:

Չէ՛, սգահանդէս մը չէ այս օրուանը, այլ փառաւորման հանդէս մը. փառաւորում զոհուած Հայ մտաւորականութեան, ինչպէս փառաւորում բոլոր նահատակներուն և մանաւանդ փառաւորում Հայ աննուաճ ցեղին:

ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ, Կ. Պոլիս, 12/25 Ապրիլ, 1919