Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:
—
– Ալեէմէզեան Նարեկ արքեպիսկոպոս, «Ս. Գրիգոր Նարեկացի. Բան խրատու վասն ուղիղ հաւատոյ եւ մաքուր վարուց առաքինութեան – St. Gregory of Narek: Instruction on the Orthodox Faith and Virtuous and Pure Life», Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Երեւանի «Անկիւնաքար» հրատարակչութեան համատեղ հրատարակութիւն, Երեւան, 2023, 314 էջ (17 x 24 սմ.) (Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Խրատ» երկը եւ անոր քննական վերլուծութիւնը) (երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն): Հրատարակուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի օրհնութեամբ եւ «ձօնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին՝ յերախտագիտութիւն 2015 թուին Ս. Գրիգոր Նարեկացին «Եկեղեցւոյ Տիեզերական Վարդապետ» հռչակելուն»:
– Ալեքսանտր Պենճամին Ֆ., «Արարատը Ամերիկայի մէջ – Ամերիկահայ մշակոյթն ու քաղաքականութիւնը 20-րդ դարուն» (Ararat in America: Armenian American Culture and Politics in the Twentieth Century), «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշար, մատենաշարի խմբագիր՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, I. B. Tauris/Bloomsbury Publishing հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2023, 264 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (անգլերէն):
– Գրիգորեան Աշոտ Հայկազուն, «Հայ քրիստոնէական ճարտարապետութիւնը եւ նախաքրիստոնէական մշակոյթի ներգործութիւնը», հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Միութեան Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամի, խմբագիր՝ Մովսէս Նաճարեան, վերստուգող խմբագիր՝ Վիգէն Ադդարեան, «Զանգակ – 97» ՍՊԸ-ի տպարան, Երեւան, 2023, 440 էջ (24 x 30,8 սմ.) (հարիւրաւոր լուսանկարներ, զարդանախշեր, ժայռապատկերներ, յատակագիծներ, տարբեր գծագիրներ, բառարան, ծանօթագրութիւններ, յապաւումներու, աղիւսակներու, օգտագործուած գրականութեան, էջատակ յղումներու գրականութեան, գծագիրներու, լուսանկարներու, պատկերներու, Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամի հրատարակութեանց ցանկեր, հեղինակին կենսագրութիւնը): Լոյս տեսած է Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութան ազգային թանգարան-ինստիտուտի գիտական խորհուրդին երաշխաւորութեամբ:
– Դաւթեան Վարդուհի (կազմող), «Վահան Թեքէեան. Յօդուածների ժողովածու», Բ. հատոր, Երեւան, 2023 (1911-1920 տասնամեակին տարբեր պարբերականներու մէջ Վահան Թեքէեանի լոյս ընծայած յօդուածները, ծանօթագրութիւններ): Տպուած է Երեւանի «Վահան Թեքէեան կենտրոն» հիմնադրամի աջակցութեամբ:
– «Եղիշէ Չարենց. Մատենագիտութիւն», Ա. պրակ, գլխաւոր խմբագիր՝ Դաւիթ Գասպարեան, պատասխանատու խմբագիր՝ Հայկանուշ Ղազարեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 448 էջ + 16 էջ ներդիր (15 x 23 սմ.) (գլխաւոր եւ պատասխանատու խմբագիրներուն ներածական խօսքերը, Չարենցի հեղինակած, կազմած, խմբագրած, թարգմանած, անոր մասին լոյս տեսած գիրքերու մատենագիտութիւնը, վերնագիրներու, անձնանուններու, համառօտագրութիւններու եւ յապաւումներու ցանկեր): Գիրքը հրատարակուած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
– Թաշճեան Վարդան, «Նամականի Յ. Գեղարդի հետ», Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2023 (հեղինակին նամակագրութիւնը լիբանանահայ բժիշկ, գրող եւ խմբագիր Յարութիւն Գազանճեանի հետ):
– Թենպէլեան Վարուժ, «Լեւոն Շանթի անաւարտ ուղեւորութիւնը՝ մարդուն փնտռտուքը հայուն մէջ», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 9, Պէյրութ, 30 դեկտեմբեր 2023:
– Լոռենց Վահէ, «Հայաստանի մայրաքաղաքները», խմբագիր՝ Լիլիթ Անթանեսեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2023, 144 էջ (22,5 x 22,1 սմ.) (հակիրճ տեղեկութիւններ Հայաստանի արքայանիստ 38 ոստաններու մասին, մէկ սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ):
– Կապուտիկեան Սիլվա, «Էջեր փակ գզրոցներից», Բ. հրատարակութիւն, խմբագիրներ՝ Արմենուհի Դեմիրճեան եւ Սէյրանուհի Գեղամեան, հրատարակութիւն Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանի, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարան, Երեւան, 2023, 676 էջ (17,7 x 24,8 սմ.) (Ս. Կապուտիկեանի՝ հիմնականին մէջ չհրապարակուած քաղաքական ելոյթները եւ յօդուածները, մասնաւորաբար Արցախեան շարժումին վերաբերեալ, նամակներ, դիմումներ, փաստաթուղթեր, հարցազրոյցներ, բանաստեղծութիւններ եւ այլ նիւթեր): «Գիրքը կազմուել է «Սիլվա Կապուտիկեան» գրական հիմնադրամի հոգաբարձուների խորհրդի որոշմամբ», հրատարակուած է «Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի բարձր հովանու ներքոյ»:
– Հարպոյեան Կարպիս, «Յիշատակութեան արժանի հայ բժշկուհիներ պատմութեան ընթացքին», հրատարակութիւն Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Գանատայի շրջանային վարչութեան, Մոնրէալ, 2023 (43 անուանի եւ 13 բռնադատուած հայ բժշկուհիներու հակիրճ կենսապատումը, լուսանկարներ): Հեղինակը գիրքը ձօնած է ՀՕՄ-ի Գանատայի մասնաճիւղին:
– Շահինեան Դալար, Գասպարեան Սօսի եւ Նալպանտեան Ցոլին (խմբագիրներ), «Հայկական սփիւռքը եւ պետականազուրկ ուժը – Հաւաքական ինքնութիւնը անդրազգային 20-րդ դարուն մէջ» (The Armenian Diaspora and Stateless Power: Collective Identity in the Transnational Twentieth Century), վերջաբանները՝ Խաչիկ Թէօլէօլեանի եւ Սեպուհ Ասլանեանի, «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշար, մատենաշարի խմբագիր՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, I. B. Tauris/Bloomsbury Publishing հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2023, 313 էջ (15 x 23 սմ.) (գիտական յօդուածներու ժողովածու, առարկայացանկ, ծանօթագրութիւններ) (անգլերէն): Ժողովածուն նուիրուած է հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեանց հիմնադիր փրոֆ. Խաչիկ Թէօլէօլեանին:
– Տէր Մինասեան Ռուբէն, «Հայաստանը եւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը տարածաշրջանում», աշխատասիրեց, յառաջաբանը հեղինակեց եւ գիրքը հրատարակութեան պատրաստեց՝ Խաչատուր Ստեփանեան, Երեւան, 2023 (ՀՅԴ Բիւրոյի երբեմնի անդամի երկու աշխարհաքաղաքական-վերլուծական ուսումնասիրութիւնները, հեղինակին լուսանկարն ու հակիրճ կենսագրութիւնը Դ. կողքին վրայ): Հատորը լոյս տեսած է Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքի խորհուրդին երաշխաւորութեամբ:
– Տօնապետեան Յուսիկ, «Պէյրութի Հայ աւետարանական գոլէճը (1923-1953)», խմբագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց՝ Արմէն Իւրնէշլեան, Հայ աւետարանական գոլէճի հարիւրամեակի մատենաշար թիւ 2, տպագրութիւն Քեստենեան, Պէյրութ, 2023, 34 էջ (դպրոցի առաջին երեսնամեակի համառօտ պատմութիւնը, խմբագիրի ծանօթագրութիւններ):
– Քարծայր Պետրոս, «Դրամ պիտի մուրամ եւ այս դպրոցը գոլէճ պիտի ընեմ», խմբագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց՝ Արմէն Իւրնէշլեան, Հայ աւետարանական գոլէճի հարիւրամեակի մատենաշար թիւ 1, տպագրութիւն Քեստենեան, Պէյրութ, 2023, 20 էջ (ՀԱԳ-ի հիմքը կազմած Հայ մանչերու (բողոքական) երկրորդական վարժարանի հիմնադիր-տնօրէնի տեսլականը):
Պատրաստեց Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)













