Նոր գիրքեր եւ հայագիտական բնոյթի հատորներ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1146

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն

«Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը Հայաստանում – 30 տարի – 1991-2021», կազմող, համադրող, հրատարակութեան պատրաստող եւ գլխաւոր խմբագիր՝ Անդրանիկ Մարդոյեան, խմբագիր՝ Նարկիզ Յակոբեան, հրատարակութիւն ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպագրատուն, Երեւան, 2023, 505 էջ (17,1 x 24,8 սմ.) (ԱՀԱԸ-ի ստեղծման համառօտ պատմութիւնը, Հայաստանի մասնաճիւղի երեսնամեայ գործունէութեան տարաբնոյթ ձեռնարկները, գործիչներու եւ համադրողին կենսագրութիւնները, բազմաթիւ փաստաթուղթեր, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ հարիւրաւոր լուսանկարներ):

– Գասպարեան Դաւիթ, «Հայ գրականութիւն, գիրք 7 րդ, յօդուածների ժողովածու», «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 580 էջ (շարունակութիւնը հեղինակի՝ 2000-2017 թուականներուն լոյս տեսած 1-6-րդ գիրքերուն: Կ’ընդգրկէ հայ գրականութեան պատմութեան, ընթացիկ գրականութեան, արտասահմանեան գրականութեան առանձին հեղինակներու դիմանկարներ, վերլուծականներ, տեսական բացայայտումներ, նաեւ ժամանակի դէմքը ներկայացնող հրապարակագրութիւն):

– Գասպարեան Դաւիթ, «Չարենց», «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 404 էջ (չարենցագէտ գրականագէտը կը ներկայացնէ ու կը վերլուծէ Եղիշէ Չարենցի կեանքն ու վաստակը՝ նորայայտ փաստերու լոյսին տակ):

«Հայ հասարակական-քաղաքական միտքը 19-րդ դարի վերջին եւ 20-րդ դարի առաջին կէսին. Պատմութիւն եւ արդիականութիւն – Գիտաժողովի յօդուածների ժողովածու», համահրատարակիչներ՝ Հայկական պետական մանկավարժական համալսարան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակ, Երեւան, 2023 (2 մարտ 2023-ին ՀՊՄՀ-ի մէջ նոյն վերնագիրով կայացած գիտաժողովին նիւթերը):

– Սաքայեան Տորա, «Մահուան կարաւանները՝ դռան սեմին – Քլարա եւ Ֆրից Զիկրիսթ-Հիլթի՝ Թուրքիոյ մէջ հայոց տանթէական հնոցին զուիցերիացի ականատեսներ» (Sakayan Dora, Death Marches Past the Front Door – Clara and Fritz Sigrist-Hilty, Swiss Eyewitnesses to the Armenian Dante-Inferno in Turkey (1915-1918)), խմբագիրներ՝ Պարլոու Տէր Մկրտիչեան եւ Զարեհ Ճգնաւորեան, Գալիֆոռնիոյ պետական համալսարանի հրատարակչութեան հայկական մատենաշար թիւ 20, Ֆրեզնօ, 2023, 254 էջ (15,1 x 22,7 սմ.) (անգլերէն):

Սիրան Սեզա, «Նամականի, Ա. հատոր – Նամակագրութիւն Վահէ-Վահեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ (1932-1955 եւ 1933-1948)», կազմեց, ծանօթագրեց, թարգմանեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 2023, 720 էջ + 8 էջ լուսանկարներու ներդիր (14,9 x 20,7 սմ.) (մեկենասներուն եւ կազմողին խօսքերը, շուրջ 200 նամակ, յաւելուած՝ երկու նամակագիրներուն ելոյթները Սեզայի մահուան առթիւ, 1550 ծանօթագրութիւն եւ բացատրութիւն, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): Նամականիին հատորները լոյս կը տեսնեն Սիրան Սեզայի որդիին եւ հարսին՝ Վահագն եւ Անահիտ Քիւփելեաններու մեկենասութեամբ:

«Սոցիալ-դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութիւնը. Քաղաքականութիւն, գաղափարախօսութիւն եւ անդրազգային պատմութիւն» (The Armenian Social Democrat Hnchakian Party: Politics, Ideology, and Transnational History), խմբագիր՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշար, I. B. Tauris հրատարակչութիւն, Լոնտոն-Նիւ Եորք, 2023, 296 էջ (հոկտեմբեր 2012-ին կայացած գիտաժողովին զեկուցումները) (14 հայ, թուրք եւ այլ ազգի գիտնականներու զեկուցումներ տարբեր լեզուներով՝ հայերէն, անգլերէն, թրքերէն, պարսկերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն):

«Քսաներորդ դար. Ռուսական պոէզիայի ընտրանի», կազմող՝ Լիլիթ Գալստեան, խմբագիր՝ Վահէ Արսէն, ձեւաւորումը՝ Մկրտիչ Մաթեւոսեանի, Երեւան, «Ակտուալ արուեստ» հրատարակչութիւն, 2023 (18 ռուսաստանցի բանաստեղծներու քերթուածներու ընտրանի):

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)