Թուրքերը կ’առաջարկեն Արցախի երկու գիւղէ հեռանալ

2495

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Գլուխ քսանմեկերորդ, մաս երկրորդ

Հայաստանը կը վերագործարկէ Մեծամօրի աթոմակայանը

Յստակ օրակարգի բացակայութեան պայմաններուն մէջ իսկ, Հայաստան-Թուրքիա երկկողմ շփումները կը շարունակուէին: Երեւանն ու Անգարան իրարմէ ծածկելու շատ բան չունէին. թուրքերը կը պահանջէին կատարել երեք նախապայմանները, որոնցմէ առաջնայինն էր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարէն ետք ստեղծուած սթաթուս քուոյի փոփոխութիւնը յօգուտ Ատրպէյճանի, հայերն անընդունելի կը նկատէին նախապայմաններու լեզուն:

Տէմիրէլը 4 Օգոստոս 1995-ին հեռաձայնային զրոյցներ կ’ունենայ Տէր Պետրոսեանի եւ Ալիեւի հետ, որմէ քանի մը օր ետք` 9 Օգոստոսին, Հայաստանի նախագահը Երեւանի մէջ կ’ընդունի Լ. Ղ.ի հարցով Թուրքիոյ դեսպան եւ Ե. Ա. Հ. Կ.ի Մինսքի Խումբին մէջ այդ երկրի ներկայացուցիչ Այհան Քամելը: Վերջինս Տէր Պետրոսեանին կը յանձնէ Տէմիրէլի ուղերձը, ուր Թուրքիոյ նախագահն ընդգծած էր Լ. Ղ.ի խնդրի կարգաւորման, Անդրկովկասի մէջ կայունութեան հաստատման եւ տնտեսական փոխգործակցութեան կարեւորութիւնը:

Տէմիրէլն անձամբ Տէր Պետրոսեանի եւ Ալիեւի հետ առանձին հանդիպումներ կ’ունենայ 23 Հոկտեմբերին` Նիւ Եորքի մէջ: Նախագահները կը մասնակցէին Մ. Ա. Կ.ի 50-ամեակին նուիրուած յոբելենական հաւաքին: Վերադարձին` Անգարայի օդանաւակայանին մէջ, Տէմիրէլն ըսած է. ՙԵս Տէր Պետրոսեանին ու Ալիեւին մէկ անգամ ալ խորհուրդ տուի համատեղ ջանքերով հասնիլ ղարաբաղեան հարցի խաղաղ կարգաւորման: Տէր Պետրոսեանի հետ մենք խօսեցանք հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման արագացման անհրաժեշտութեան մասին: Կրկին նշեցի, որ հայկական ոյժերու նուաճած տարածքներէն ետքաշման պարագային Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ կը ստեղծուին՚:

Հայկական կողմը բոլոր հիմքերն ունէր կասկածի տակ դնելու Թուրքիոյ անկեղծութիւնը: Երեւանի համար` նախ անընդունելի էր ղարաբաղեան խնդիրը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բարելաւման հետ կապակցելը: Ատկէ բացի, որեւէ երաշխիք չկար, որ նոյնիսկ հողային զիջումներու պարագային Անգարան դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատէր: Նախքան ղարաբաղեան պատերազմի ուժգնացումն ու հայկական զինոյժի յաջողութիւնները` Թուրքիան բաւական ժամանակ ունեցած էր Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու համար, ինչը, սակայն չէր ըրած: Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները ամէն առիթով կ’ընդգծէին Ատրպէյճանի հանդէպ իրենց սրտցաւ, Հայաստանի հանդէպ` կոշտ վերաբերմունքը, ինչն աւելի կը խորացնէր հայոց կասկածամտութիւնը: 1995-ի Դեկտեմբերին, այցով Պաքու գտնուող Տէմիրէլը յայտարարեց. ՙԹուրքիան եւ Ատրպէյճանը նոյն խնձորի երկու կէսերն են իրենց լեզուով, կրօնով, աւանդոյթներով, երգերով, դիւցազներգութիւններով ու հերոսներով՚:

27 Հոկտեմբեր 1995-ին պաշտօնապէս վերաբացուեցաւ, իսկ 5 Նոյեմբերին էլեկտրական ոյժանիւթի առաջին քիլօՈւաթ.ժամը տուաւ Մեծամօրի աթոմակայանի (Հ. Ա. Է. Կ.) վերանորոգուած երկրորդ ոյժանիւթային համալիրը: Թուրքիան Հայաստանը յորդորած էր չգործարկել Հ. Ա. Է. Կ.ը եւ թուրք մասնագէտներուն թոյլ տալ քննութեան ենթարկել զայն, պատճառաբանելով, թէ աթոմակայանը խորհրդային շրջանին կառուցուած է, հետեւաբար` ՙյուսալիութիւնը վիճելի է՚:

Հայաստանի ոյժանիւթի նախարարութեան պաշտօնեան արձագանգեց, յիշեցնելով, որ Թուրքիան Հ. Ա. Է. Կ.ի վերագործարկման միշտ դէմ եղած է: Աւելին, Թուրքիան Աթոմային Ոյժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան` ՄԱԿԱԹԷ-ի անդամ է, իսկ վերջինիս մասնագէտներու ու փորձագէտներու բազմաթիւ այցելութեանց հետեւանքով ձեւաւորուած եզրակացութիւնն այն է, որ Հ. Ա. Է. Կ.ն աւելի անվտանգ է, քան այլ երկիրներու մէջ գործող նմանատիպ շատ կայաններ: Թուրքիան կը վիճարկէ եզրակացութիւնը ՄԱԿԱԹԷ-ի, որու անդամ է ինքը:

Լիպարիտեանը աւելցուցած է. ՙԱթոմակայանին վերագործարկումը Հայաստանն ա՛լ աւելի անկախ պիտի դարձնէ:Ճիշդ ա՛յդ է, զոր Ատրպէյճանն ու Թուրքիան կը մտահոգէ: Աթոմակայանին վերագործարկումը շրջափակումը թուլցնելու լաւագոյն միջոցառումներէն էր՚:

Թուրքիոյ վարչապետ Մեսութ Եըլմազը ամիսներով խոստացաւ Հայաստանին էլեկտրական ոյժանիւթ մատակարարել, եթէ Հայաստանը փակէ Մեծամօրի աթոմակայանը:

Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը, որոնք քանի մը տառապալից ու անլոյս ձմեռներ յաղթահարեր էին արժանապատուօրէն, այլեւս նման խոստումներու կարիքը չունէին, մանաւանդ, որ երբ աթոմակայանը գոց էր, Թուրքիան ո՛չ միայն եւրոպական քանի մը երկիրներու խոստացած էլեկտարական ոյժանիւթը չմատակարարեց Հայաստանին, այլեւ դադրեցուց եւրոպական հացի մատակարարումն ու գոցեց սահմանները:

Իսլամամէտ ՙԲարօրութիւն՚ կուսակցութեան յաղթանակը

Չիլլերի եւ Պայքալի համաձայնական կառավարութիւնը 15 Հոկտեմբեր 1995-ին փլուզուեցաւ: 25 Յունիս 1993-էն վարչապետի աթոռն զբաղցնող Չիլլերի կազմած նոր կառավարութիւնը ընդամէնը քսան օր ապրեցաւ եւ 5 Նոյեմբերին լուծարուեցաւ: Հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան ամենակարճ կառավարութիւնը նշանակեց խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան օրը` 24 Դեկտեմբերը: Չիլլերը 5 Նոյեմբերին ձեւաւորեց նոր կառավարութիւն մը, զոր նոյնպէս երկար կեանք չունեցաւ ու գոյատեւեց մինչեւ 12 Մարտ 1996-ը: Ապա վարչապետի պաշտօնին ՙշիկահեր տիկին՚ը փոխարինեց ՙՄայր Հայրենիք՚ի առաջնորդ Եըլմազը, որուն գլխաւորած կառավարութիւնը ապրեցաւ մինչեւ նոյն տարուայ 8 Յուլիսը, երբ կառավարութիւնն առաջին անգամ գլխաւորեց իր իսլամամէտ հակումներով յայտնի Էրպաքանը:

Թուրքիոյ մէջ 24 Դեկտեմբեր 1995-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութեան յաղթած էր իսլամամէտ ՙԲարօրութիւն՚ կուսակցութիւնը` ստանալով քուէներուն աւելի քան 21 տոկոսը: Երկրորդը ՙՄայր Հայրենիք՚ն էր` գրեթէ 20 տոկոս, երրորդը` ՙՃշմարիտ Ուղի՚ն` աւելի քան 19 տոկոս:

Եըլմազը եւ Չիլլերը հրապարակաւ չէին թաքցներ իրարու հանդէպ ատելութեան հասնող հակակրանքը, սակայն ընտրութեան արդիւնքը առաջին կարգին նոյն ասոնց հնարաւորութիւն կու տար կազմելու կառավարութիւնը, ինչն ալ տեղի ունեցաւ: Ընտրութիւնը յաղթած Էրպաքանը յայտարարեց, որ ՙայս բռնի ամուսնական զոյգ՚ը վարչապետական բանալին շուտով իր իսկ ձեռքով կու տայ ՙԲարօրութեան՚:

Այդպէս ալ եղաւ: Եըլմազի հրաժարականէն ետք նախագահ Տէմիրէլը կառավարութիւն կազմելու առաջարկով կրկին դիմեց Էրպաքանին: 1996-ի Յուլիսէն սկսեալ` ճիշդ մէկ տարի Թուրքիոյ վարչապետը Էրպաքանն էր: Կառավարութիւնը համաձայնական էր, իսլամամէտ ՙԲարօրութիւն՚ կուսակցութիւնը եւ անոր առաջնորդ Էրպաքանը գործադիր իշխանութիւնը կիսած էին ՙՃշմարիտ Ուղի՚ի առաջնորդ Չիլլերի հետ: Վերջինս փոխվարչապետի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը կը զբաղցնէր:

Եթէ Եըլմազի եւ Չիլլերի հակասութիւնները հիմնականին մէջ մարդկային գործօնով էին պայմանաւորուած, ապա Էրպաքանի եւ Չիլլերի կուսակցութիւնները, կարելի է ըսել, թէ գաղափարական առումով անհամատեղելի էին: Սակայն ստեղծուած վիճակն այլ ընտրութիւն չէր ձգեր, թէեւ Էրպաքան-Չիլլեր ՙամուսնութիւն՚ը նուազ բռնի չէր:

Վարչապետ դառնալու կապակցութեամբ, Հայաստանի կառավարութեան ղեկավար Հրանդ Բագրատեանը շնորհաւորական ուղերձ յղեց Էրպաքանին: Պատասխան նամակին մէջ Էրպաքանը կը գրէր. ՙՕգտուելով առիթէն` թո՛յլ տուէք Ձեզի յայտնելու անկեղծ հաւատքս, որ մեր երկու երկիրներուն միջեւ արդէն առկայ եղբայրական յարաբերութիւններն ու սերտ համագործակցութիւնը յետագային ա՛լ աւելի կը խորանան: Ընդունեցէ՛ք, խնդրեմ, Ձե՛րդ Գերազանցութիւն, Ձեր առողջութեան եւ երջանկութեան, նաեւ Հայաստանի եղբայր ժողովուրդի բարեկեցութեան ու բարգաւաճման համար լաւագոյն մաղթանքներս՚:

Էրպաքանի նամակը կարդալով տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ իսլամիստները Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց մակարդակին ու որակին անծանօթ էին: Յամենայն դէպս, Անգարա-Երեւան կապերուն Թուրքիոյ կառավարութեան պետին տուած ՙեղբայրական յարաբերութիւններ՚, ՙսերտ համագործակցութիւն՚ եւ ՙՀայաստանի եղբայր ժողովուրդ՚ ձեւակերպումները տարօրինակ էին: Այսպիսի բառապաշար Անգարան սովորաբար գործածած է Ատրպէյճանի համար:

Բայց տարօրինակութիւններն այսքանով չէին աւարտեր: Ն. Ա. Թ. Օ.ի անդամ եւ այդ կազմակերպութեան մէջ խոշորագոյն երկրորդ բանակն ունեցող Թուրքիան արտաքին քաղաքականութեան մէջ շեշտադրումներու փոփոխութիւններ կատարեց: Էրպաքանը վարչապետ դառնալէն յետոյ առաջին այցերը կատարեց իսլամական երկիրներ, նախ` Իրան, Փաքիստան, Սինկափուր, Մալայզիա, Ինտոնեզիա, ապա` Եգիպտոս, Լիպիա, Նիճերիա: Աւելին, Էրպաքանը շրջանառութեան մէջ դրաւ ՙԻսլամական Ութնեակ՚ ստեղծելու գաղափարը, որուն մէջ պէտք է մտնէին Թուրքիան, Իրանը, Փաքիստանը, Եգիպտոսը, Պանկլատէշը, Մալայզիան, Ինտոնեզիան եւ Նիճերիան: ՙԻսլամական Ութնեակ՚ը, ըստ Էրպաքանի, պէտք է այլընտրանք ըլլար զարգացած երկիրներու Եօթնեակին:

Այս ժամանակաշրջանին մէջ արդէն թրքական քաղաքականութեան մէջ յայտնի կը դառնային Սթամպուլի քաղաքապետ Ռեճէփ Թայյիփ Էրտողանի եւ տնտեսագէտ Ապտուլլահ Կիւլի անունները: 1996-ի Հոկտեմբերին Անգարայի մէջ կայացաւ ՙԲարօրութեան՚ համագումարը, որու ընթացքին գլխաւոր ջութակի դերն ստանձնած էր Էրտողանը: Թրքական մամուլը Էրտողանը ՙԲարօրութեան՚ նոր թագաժառանգը կ’անուանէր:

Իսլամիստներու իշխանութեան գալով Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ յառաջընթաց չարձանագրուեցաւ: Պէտք է նաեւ նկատել տալ, որ այս շրջանին, Թուրքիոյ մէջ արտաքին քաղաքական հարցերը կը կարգաւորուէին ո՛չ վարչապետին, ո՛չ ալ նախագահին մակարդակով: Զինուորականութիւնը կամ այսպէս կոչուած ՙխորքային պետութիւնը՚ ազգային, պետական կարեւորագոյն հարցերուն մէջ դեռ կը շարունակէր թելադրողը մնալ:

ՙԷրպաքանի իշխանութեան գալէն յետոյ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, ըստ էութեան, որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած: Թուրքիան հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորումը կը պայմանաւորէ Լ. Ղ.ի հակամարտութեան առկայութեամբ՚,- ըսած է Տէր Պետրոսեանը:

1996-ի Օգոստոսի վերջին երկօրեայ այցով Թուրքիա կը մեկնէր Լիպարիտեանը` կացութեան ծանօթանալու եւ Հայաստանի դիրքորոշումը ներկայացնելու համար: ՙԹուրքիոյ մէջ նոր վարչապետ կայ, փոփոխութիւններ կան եւ շփումները կարեւոր են: Հանդիպեցայ նախագահ Տէմիրէլի հետ: Բաց ու լուրջ զրոյց էր: Հանդիպած եմ նաեւ արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ Էօյմէնի հետ եւ երկու կարեւոր, երկարատեւ զրոյցներ ունեցած Մինսքի Խումբին մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Քամելի հետ: Բոլոր հանդիպումներուն քննարկած ենք հայ-թրքական յարաբերութիւնները, ղարաբաղեան եւ տարածաշրջանային ուրիշ հարցեր: Որեւէ հարցի շուրջ յատուկ ծրագիրներ չենք ներկայացուցած, յատուկ պահանջներ չեն դրուած, եւ առանձնայատուկ սպասելիքներ չեն եղած, բայց մեր դիրքորոշումն աւելի հասկնալու պատրաստակամութիւն եմ զգացած՚,- վերադառնալով Երեւան ըսած է Լիպարիտեանը:

Հայաստանի նախագահին խորհրդականը նկատել տուած է, որ Թուրքիան կը փորձէ քաղաքական նշանակութիւն տալ օդային միջանցքը բանալու փաստին. ՙՄենք այնքան կարեւորութիւն չենք տար, որքան անոնք, որովհետեւ մենք մեր օդային տարածքը երբեք չենք գոցած: Եթէ մենք գոցած ըլլայինք, իսկ անոնք` բացած, ատիկա քաղաքական մեծ քայլ կ’ըլլար: Իրենք գոցած էին, իրենք ալ բացած են՚:

Տարեվերջին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն իր մամլոյ քարտուղարին բերանով յայտարարեց, որ այնքան ատեն, որ Հայաստանը Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան գալու հարցով քայլեր չի ձեռնարկեր, Հայաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանը գոց պահելու նախկին որոշումը կը մնայ ոյժի մէջ:

Նախագահ Տէր Պետրոսեանի եղբայրը 1997-ի Ապրիլի վերջերուն Թուրքիոյ մէջ էր հերթական այցով: Թելման Տէր Պետրոսեանը կարճ առանձնազրոյց մը ունեցաւ նախագահ Տէմիրէլի հետ, ապա հանդիպեցաւ արտաքին տնտեսական կապերու գծով պետական նախարար Ապտուլլահ Կիւլի եւ ներքին գործոց նախարարին հետ:

Թուրքիոյ ներքաղաքական վիճակը կը լարուէր: Բանակին եւ ՙԲարօրութեան՚ միջեւ հակասութիւններն ակնյայտ դարձան, երբ զինուորականութիւնը դատապարտեց Ռամատանի կապակցութեամբ Էրպաքանի կազմակերպած ընդունելութիւնը, որուն հրաւիրուած էին իսլամական շարժումներու ղեկավարներ: Զինուորականութիւնը` Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդը 28 Փետրուար 1997-ին Էրպաքանին ներկայացուց անյապաղ քայլերու իրականացման երկու տասնեակ կէտերէ կազմուած վերջնագիր մը: Զինուորականները Էրպաքանէն մասնաւորապէս պահանջեցին դադրեցնել պետութեան դէմ ուղղուած հակաաշխարհիկ գործարքները եւ իրականացնել պետութեան աշխարհիկ կարգերու ամրապնդմանն ուղղուած օրէնսդրական փոփոխութիւններ, վճռական պայքար ծաւալել իսլամական արմատականութեան դէմ: Թուրք զինուորականութիւնը չորրորդ անգամ, այս պարագային` ՙթաւշեայ՚ եղանակով, ուղղակիօրէն միջամտեց ներքաղաքական գործընթացներուն` կրկին անգամ հանդէս գալով քեմալականութեան եւ աշխարհիկ կարգերու պաշտպանութեան դիրքերէն:

Թուրքիոյ ներքաղաքական լարուածութիւնը Յունիսին ճգնաժամի վերաճեցաւ. Էրպաքանը յայտարարեց, որ մինչեւ Յունիսի վերջը կառավարութեան ղեկավարի աթոռը Չիլլերին կը փոխանցէ: Զինուորականներու բացայայտ ճնշման տակ, Էրպաքանի իսլամամէտ կառավարութիւնը 20 Յունիսին հրաժարական տուաւ: Նախագահ Տէմիրէլը Յունիսի վերջին հաստատեց նոր կառավարութեան կազմը` ՙՄայր Հայրենիք՚ կուսակցութեան առաջնորդ Մեսութ Եըլմազի գլխաւորութեամբ: Եըլմազի կառավարութիւնը գոյատեւեց համեմատաբար երկար` մէկուկէս տարի` մինչեւ 1999-ի Յունուարը:

1998-ի Յունուարին, Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը կասեցուց ՙԲարօրութեան՚ գործունէութիւնը, իսկ անոր ղեկավար Էրպաքանին արգիլեց հինգ տարի զբաղիլ քաղաքականութեամբ: Զինուորականութեան ճնշման տակ հրաժարական տուած, ապա քաղաքականութենէն մեկուսացուած Էրպաքանը 2002-ին դատապարտուեցաւ երկուքուկէս տարուայ ազատազրկման, սակայն դատավճիռին ի կատար ածումը բազմիցս յետաձգուեցաւ՝ Էրպաքանի առողջական վիճակին պատճառով: 2008-ին Էրպաքանը դատապարտուեցաւ 11 ամսուայ տնային կալանքի՝ իր նախկին կուսակցութեան հետ կապուած ֆինանսական չարաշահումներու մեղադրանքով: Ճիշդ է, թէ ՙԲարօրութիւն՚ կուսակցութիւնը լուծարուեցաւ, սակայն անոր հիմքին վրայ ստեղծուած ՙԱրդարութիւն Եւ Զարգացում՚ կուսակցութիւնը 2002-ի խորհրդարանական, ինչպէս նաեւ յաջորդող միւս ընտրութեանց մէջ հասաւ շռնդալից յաջողութեան:

Թուրքերը կ’առաջարկեն երկու գիւղէ հեռանալ

2011-ին, խորհրդաժողովի մը ընթացքին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէթ Տաւութօղլուն ըսած է. ՙՀայերը կը կարծեն, որ յարաբերութեանց բնականոնեցումը պարզապէս սահմանի բացմամբ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններով է պայմանաւորուած: Միայն սահմանը բանալով բան չի փոխուիր: Կայ ամբողջ շարք մը հարցերու, զորս պէտք է համալիր լուծման ընթացքի մէջ դրուին: Իսկ եթէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ – ուր գրեթէ ամէն օր կրակոցներ կան – որեւէ բան պատահի, սահմանը նորէ՞ն պիտի գոցենք: Այդ պարագային, յարաբերութեանց հաստատման եւ հակամարտութեան լուծման բոլոր հեռանկարները տեւական ժամանակով կը տապալին: Մենք չենք կրնար մեզի թոյլ տալ յանուն Հայաստանի հետ յարաբերութեանց կորսնցնել Ատրպէյճանը: Մենք խնդրեցինք նախագահ Սարգսեանէն, ես քանիցս առաջարկեցի իմ գործընկեր Նալպանտեանին, որպէս Ատրպէյճանի համար դէմքը փրկելու քայլ, գրաւեալ շրջաններէն մէկը կամ երկուքը, օրինակ` Ֆիզուլին եւ կամ Աղտամը վերադարձնել. այդ պարագային, Անգարան պատրաստ կ’ըլլար նոյնպէս բանալու իր սահմանը: Հայաստանը մերժեց՚:

Հայաստանի 1991-ի անկախացումէն ի վեր Թուրքիան ունեցած է արտաքին գործոց 15 նախարար, 7 վարչապետ եւ 4 նախագահ, որոնք գրեթէ առանց բացառութեան, հրապարակային ելոյթներու մէջ եւ բանակցութեանց ժամանակ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու դիմաց պահանջած են, որ Երեւանը բաւարարէ իրենց նախապայմանները եւ առաջին կարգին` հողային զիջումներ կատարէ Ատրպէյճանին:

Փափազեանն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին չորս տարիներու ընթացքին հանդիպած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց հինգ նախարարի հետ: Ան կ’ըսէ, որ Անգարան հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցով լրջօրէն տրամադրուած էր. ՙԲայց աւելի կարեւոր էր այն, որ Թուրքիան շատ լրջօրէն կ’ընդունէր Հայաստանը` որպէս անկախ պետութիւն: Չեթինի, Սոյսալի, Ինէօնիւի, Պայքալի եւ Չիլլերի հետ հանդիպումներս բաւականաչափ անկեղծ եղած են: Հայաստանը եւ Թուրքիան իրարմէ ծածկելու բան չունին, խնդիրները յայտնի են, դիւանագիտութիւն խաղալու կարիք չկար: Թուրքիան սահմանները բանալու, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար շատ աւելի քիչ պահանջներ կը դնէր, քան այսօր: Սա փաստ է: Ատիկա ինչքանո՞վ էր անկեղծ: Չեմ կրնար ըսել՚:

Փափազեանը Չիլլերի հետ հանդիպած է երկու անգամ` 1995-ին` Սթամպուլի եւ 1996-ին` Նիւ Եորքի մէջ: Չիլլերը հանդիպումէն ետք լրագրողներուն ըսած է, որ Թուրքիան կողմ է Հայաստանի հետ բարիդրացիական յարաբերութեանց հաստատման, սակայն կարեւոր նախապայման մը ունի` ղարաբաղեան հարցով Հայաստանը պէտք է որոշ դրական քայլեր կատարէ:

ՙՀոկտեմբերին, Մ. Ա. Կ.ի մօտ Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան մէջ հանդիպեցայ Չիլլերի հետ: Չիլլերը բառացիօրէն ըսաւ` գրաւեալ երկու գիւղէ դուրս եկէք, կը խոստանամ, որ սահմանը կը բանանք: Ըսի, որ կը վերադառնամ, կը քննարկենք: Մենք քննարկեցինք Տէր Պետրոսեանի հետ, որոշեցինք, որ ատիկա ընելու բան չէ, որովհետեւ, նախ` որեւէ երաշխիք չկար, որ թուրքերն իրենց խոստումը կը կատարէին, երկրորդ` մօտս կասկած կար, որ թուրքերն ընդամէնը կ’ուզեն փորձել, տեսնել: Չպատասխանեցինք: Որոշ ժամանակ ետք արդէն արտաքին գործոց նախարար չէի՚:

Այս պատմութեան ծանօթ է Հայաստանի արտաքին գործոց յաջորդ նախարար Ալեքսանդր Արզումանեանը, որ Չիլլերի հետ բանակցած է 7 Փետրուար 1997-ին` Սթամպուլի մէջ` Ս. Ծ. Տ. Հ.ի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման շրջանակներուն մէջ:

ՙՉիլլերը կ’ըսէր` խորհրդանշական երկու գիւղէ դուրս եկէք, որպէսզի մենք մեր ազերի եղբայրներուն ըսելիք ունենանք, եւ մենք պատրաստ ենք սահմանը բանալու: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Էրվէ տը Շարէթը Սթամպուլէն Երեւան եկաւ յատուկ այդ հարցով: Շատ ոգեւորուած էր, կ’ըսէր` նոր գաղափար կայ: Օդանաւակայանը դիմաւորեցի, ան անմիջապէս ըսաւ, որ թուրքերու հետ պայմանաւորուած է. երկու գիւղէ դուրս կու գաք` թուրքերը սահմանը կը բանան: Անոր կը թուէր, որ մենք պէտք է ըսենք` ի՜նչ լաւ առաջարկ է: Բացատրեցինք, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնն ունի տրամաբանութիւն, միջնորդական առաքելութիւնը պիտի կարենայ բոլոր հարցերը քննարկել: Դեռ 1993-ի վերջերուն այդ մասին նախագահ Տէմիրէլը Լիպարիտեանին առաջարկեր էր: Այդ տարբերակը մերժուած է, որովհետեւ ան նախեւառաջ բացարձակօրէն կը ճնշէ: Թուրքիան, ըլլալով Մինսքի Խումբի անդամ, երկրիդ նկատմամբ պատերազմական գործողութիւն կ’իրականացնէ` Ատրպէյճանը կը պաշտպանէ ակնյայտօրէն: Երկրորդ, այնպէս չէ, որ ամէն միջնորդ իր առաջարկն ընէ: Պէտք է ընդհանուր առումով քննարկել խնդիրը, ընդհանուր լուծում գտնել: Լ. Ղ.ը կը պայքարի իր ինքնորոշման իրաւունքին համար, տուէ՛ք այդ իրաւունքը, մեքանիզմը, մարդիկ կ’որոշեն մեթոտաբանութիւնը, ձեւը՚,- կը պատմէ Արզումանեանը:

Երկու գիւղի դիմաց թուրքերը սահմանը բանալու պատրա՞ստ էին, թէ՞ պարզապէս կ’ուզէին հայերը փորձել: Արզումանեանը կը բացատրէ. ՙԵթէ առաջին քայլը մենք ընէինք, կ’ենթադրուէր, որ ճամբան բաց կ’ըլլար միւս տարածքները պահանջելու համար: Յետոյ կ’ըսէին` քսան գիւղ տուէ՛ք: Լա՛ւ, սահմանը բացին, բայց անկէ ետք հազար ու մէկ հարց յառաջ կու գայ: Այդ կը նշանակէր, թէ Հայաստանը կը մսխէ այն, ինչ ձեռք բերած էր արեան գնով, եւ ատոր դիմաց բան չստանար, բացի անկէ, ինչ որ օրէնքը կը պահանջէ` բաց սահմաններ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ: Ատոնց դիմաց պէտք չէր տարածք զիջիլ՚:

Քանի որ սահմանը գոց է թրքական կողմէն ու Անգարան Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ կը հրաժարի, ապա հայկական կողմը չունէր ընելու շատ բան, զոր հայ-թրքական ճեղքման բերէր: Երբ թուրքերը խօսք կը բանային երկու գիւղէ հեռանալու մասին, հայերը, վկայակոչելով Նախիջեւանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական ծանր իրավիճակը, կ’առաջարկէին հոն մարդասիրական օգնութիւն ղրկել Հայաստանի տարածքով` Երեւանէն դէպի Նախիջեւան տանող երկաթուղիով: Ատիկա նաեւ արդարացուած առիթ կ’ըլլար թրքական կողմին համար` գործարկելու Կարս-Կիւմրի երկաթուղին, որպէսզի օգնութիւն հասցուէր Նախիջեւանի ատրպէյճանցիներուն: Արզումանեանի խօսքերով` ՙԹուրքիոյ մէջ իշխանութեան փոփոխութիւն եղաւ: Ընդհանրապէս, Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնները, արտաքին գործոց նախարարները շատ յաճախակիօրէն կը փոխուէին: Չէիր հասցներ մէկուն հետ որեւէ հարցի շուրջ համաձայնութեան գալ: Նոյն ճակատագիրին արժանացաւ Նախիջեւանի երկաթուղին գործարկելու գաղափարը: Ատիկա սահման բանալու առաջին քայլը կ’ըլլար՚:

Արզումանեանը կ’ըսէ, թէ բացի Չիլլերէն, իր արտաքին գործոց նախարար եղած ժամանակ հանդիպած է նաեւ Ճեմի եւ այսօրուայ նախագահ Կիւլի հետ: ՙՃեմի հետ զրուցած եմ համաժողովներու շրջանակներուն մէջ: Կիրթ անձնաւորութիւն մըն էր, անձնական զրոյցներուն մէջ շատ աւելի հետաքրքրական զրուցակից մըն էր: Կիւլի հետ հանդիպած եմ այն ժամանակ, երբ ան ընդդիմութիւն էր: Նման հանդիպում խորհրդապահական կերպով խնդրուած էր: Ես արտաքին գործոց նախարար էի: Անգարայի պանդոկներէն մէկուն մէջ երկու ժամ զրուցած ենք: Իսլամամէտ ըլլալով, ան աւելի գործնական բաներ կ’ըսէր, քան աշխարհիկները, որոնք իշխանութիւն էին՚:

Օսմանեան Կայսրութեան հիմնադրման 700-ամեակը

Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ արցախեան պատերազմի տարիներուն եղած լարուածութիւնը նուազեցաւ զինադադարի հաստատումէն ետք: Սակայն Անգարան չէր պատրաստուեր շրջափակման վերջ տալու եւ Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու` նեղացնելով իր արիւնակից ու դաշնակից Ատրպէյճանը, որ համոզուած էր` եթէ Թուրքիան սահմանը գոց պահէ, ապա Հայաստանը զիջումներու կ’երթայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ:

6 Փետրուար 1996-ին Տէմիրէլը հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Ալիեւի ու Տէր Պետրոսեանի հետ, որուն հետեւեցաւ Տէմիրէլի բանագնաց, դեսպան Այհան Քամելի այցը Պաքու եւ Երեւան: Ան Ալիեւին ու Տէր Պետրոսեանին փոխանցեց Տէմիրէլի ուղերձը, որով ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացն արագացնելու կոչ կ’ուղղուէր:

Լիպարիտեանը 12 Ապրիլին Անգարայի մէջ հանդիպեցաւ նախագահ Տէմիրէլի եւ վարչապետ Եըլմազի հետ: Լիպարիտեանը Տէմիրէլին յանձնեց Տէր Պետրոսեանի պատասխան ուղերձը: Լիպարիտեանը 13 Ապրիլին Անգարայէն օդանաւով հասաւ Կարս, այնուհետեւ թուրք-հայկական սահմանով` Կիւմրի:

Այս շրջանին, Թուրքիան աշխուժօրէն ներգրաւուած էր ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: Տէմիրէլի նախագահութեամբ, 28-30 Ապրիլ 1997-ին Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծ. Տ. Հ.ի անդամ երկիրներու գործարար խորհրդաժողովը, ուր ելոյթ ունեցաւ նաեւ Տէր Պետրոսեանը: Թուրքիոյ նախագահին նախաձեռնութեամբ կայացաւ Տէր Պետրոսեան-Ալիեւ հանդիպում մը: 29 Ապրիլին կայացաւ նաեւ առանձնազրոյց մը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ:

1997-ի ամրան հիմնադրուեցաւ Թուրք-Հայկական Գործարարութեան Զարգացման Խորհուրդը` թուրք եւ հայ գործարարներ Քաան Սոյաքի ու Արսէն Ղազարեանի համանախագահութեամբ: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործարարները, հայկական կողմէ` Ղազարեանը, թրքական կողմէ` Սոյաքը, 4 Օգոստոսին Երեւանի մէջ ստորագրեցին արձանագրութիւն մը, որ սկիզբ պիտի դնէր երկու երկիրներու գործարարներու աւելի արդիւնաւէտ եւ հեռանկարային համագործակցութեան փուլին: Նոյեմբերի վերջերուն, Հայաստանի Արդիւնաբերողներու Եւ Գործարարներու Միութեան պատուիրակութիւնն ընդունեցին Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Եալըմ Էրեզը եւ պետական նախարար Էյուպ Աշըքը:

Չնայած այս այցելութեանց, 1997-ի աշնան հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ լարուածութիւն ստեղծուեցաւ: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր վարչութիւնը կը պատրաստուէր քննարկելու 1999-ին տեղի ունենալիք պաշտօնական տարեդարձերուն ցանկը: Օրակարգի հարցերէն մէկը Օսմանեան Կայսրութեան հիմնադրման նշումն էր, զոր ներկայացուցած էր Թուրքիոյ մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշտական ներկայացուցիչը: Ասոր դէմ ընդվզեցան սփիւռքը, միջազգային հանրութեան որոշ ներկայացուցիչներ եւ Հայաստանի իշխանութիւնները:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.ը բողոքի նամակ յղեց ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնին` յորդորելով վերանայիլ կազմակերպութեան մօտեցումը եւ տեսակէտը Օսմանեան Կայսրութեան հիմնադրման 700-ամեակը նշելու հարցին մէջ. ՙՄեր դարաւոր կաթողիկոսութիւնը հաստատուած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ: 1921-էն ի վեր ան գաղթական դարձած է: Սիսի կաթողիկոսարանն ամբողջութեամբ կողոպտուած ու քանդուած է: Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններուն մէջ բռնութեանց, թալանի ու ջարդերու երկար շղթան, որոնք տեղի ունեցած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի բնորոշմամբ` ՙօսմանեան սքանչելի քաղաքական կառոյցի ու վարչական դրութեան՚ ներքոյ, հայ ժողովուրդի բնաջնջման եւ իր պատմական հողերէն աքսորին յանգեցուց: Օսմանեան Կայսրութեան նախաձեռնած եւ հրահրած ջարդերը, բռնութիւնները, գաղթերը յանգեցուցին շատ փոքրամասնութեանց, ազգային մշակոյթներու ամբողջական կամ մասնակի բնաջնջման՚:

Բրիտանա-Հայկական Միջխորհրդարանական Խումբը` նախագահ լորտ Շենոնի գլխաւորութեամբ, բողոք յղեց Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր գրասենեակի տնօրէն Ֆետերիքօ Մայորին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ քայլեր կը ձեռնարկէր, որպէսզի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանիին տակ Օսմանեան Կայսրութեան 700-ամեակը նշելու միջոցառում չկատարուի: Արտաքին գործոց նախարար Արզումանեանը մամլոյ ասուլիսի մը մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքահայ կազմակերպութեանց, մասնաւորապէս Հ. Յ. Դ.ին, այդ գործին մէջ դրած աւանդի համար: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կայացուց որոշում մը, զոր հայկական կողմն արդէն կը բաւարարէր: Փաստաթուղթն ունեցաւ նոր անուն` ՙՕսմանեան մշակութային եւ գիտական ժառանգութեան ձեւաւորման սկիզբի 700-րդ տարեդարձի եւ անոր բազմազգ երեսակներու տօնակատարութիւն՚:

Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4