Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1632
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

Թոքաթ[եան] Յովսէփ, «Վանի անհետացած աշխարհը», «Ինքիլափ» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2023, 528 էջ (23 x 32 սմ.) (Վանի շրջանի աշխարհագրութեան, ազգագրութեան եւ մշակութային իւրայատկութիւններու ուսումնասիրութիւն) (երկլեզու՝ հայերէն եւ թրքերէն):

«Հայաստանի պատմական մշակութային ժառանգութիւնը», Երեւան, 2023 (հայկական պատմա-մշակութային գանձերը օտարներուն ծանօթացնող հրապարակումներու ժողովածու) (անգլերէն): Լոյս տեսած է ՀՀ-ի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան «Հայ մշակոյթը հանրահռչակող օտարալեզու գրականութեան հրատարակում» դրամաշնորհի ծրագրի ծիրին մէջ:

– Հայունի [Թոփալեան] Մեսրոպ վրդ., «Դանիէլ Վարուժան՝ հոգեկանութեան ծիրէն ներս», «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենաշար թիւ 17, հրատարակութիւն «Փոմիկրավիւր» տպարանի, Այնճար, 2022:

Մինասեան Սարգիս, «Լուսարձակ վերջին քառասնամեակի վրայ», «Երեւան փրինթինկ», Լոս Անճելոս, 2022, 355 էջ (15 x 23 սմ.) (1988-2022 ժամանակաշրջանին հեղինակուած շուրջ 50 խմբագրականներու եւ յօդուածներու ժողովածու): Հեղինակը ժողովածուն ձօնած է իր տիկնոջ՝ Զարմուհի Ճինկէօզեան-Մինասեանին։

«Նկարիչ ստեղծագործողներ նահատակուած 2020 թուականի Արցախեան պատերազմին», կազմող, նախաբանի եւ նահատակ նկարիչները ներկայացնող շարադրանքի հեղինակ Արա Հայթայեան, Երեւան, 2022 (2020-ի աշնանային պատերազմի նահատակ 18 երիտասարդ գեղանկարիչներու կենսագրութիւնը, արուեստը, գունաւոր լուսանկարներ անոնց ստեղծագործութիւններէն): Պատկերագիրքը լոյս տեսած է «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի մեկենասութեամբ:

– Պաղտասարեան Կորիւն վրդ., «Երուսաղէմի հայկական թաղամասի գաղտնիքները», Գ. մաս, խմբագիր՝ Յասմիկ Գուլակեան, «Լուսակն» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2022, 84 էջ (14,6 x 20,3 սմ.) (Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքին առնչուած 20 պատմութիւններ, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ): Հրատարակուած է Յարութիւն Ատոմեանի մեկենասութեամբ:

Պետրոսեան Աշոտ, «Բաշքենդ-Արծուաշէն», Բ. գիրք, խմբագիր՝ Լիպարիտ Շուշանեան, «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 408 էջ + 16 էջ սեւ-ճերմակ լուսանկարներու ներդիր (14,5 x 20,3 սմ.) (1992-ին թշնամիին «նուիրուած» Արծուաշէն գիւղին պատմութիւնը Բ. աշխարհամարտի սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը): Լոյս տեսած է Հ. Աթանաս վրդ. Մովսիսեանի օրհնութեամբ, Շալիկո Մանուչարեանի ու Կամո Խեչոյեանի հովանաւորութեամբ::

Պօտուռեան Գառնիկ Կ., «Տարագրի յուշեր 1915-1917», խմբագիր, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութիւններու հեղինակ՝ Միհրան Ա. Մինասեան, «Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածների յուշագրութիւններ» մատենաշար թիւ 8, «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ» հիմնադրամի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 528 էջ (15,1 x 21,1 սմ.) (Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վկայ պարտիզակցի հեղինակին նկարագրութիւնը իր ծննդավայրին եւ տարագրութեան ճանապարհին իր տեսածներուն, հեղինակին կենսագրութիւնը, 677 ծանօթագրութիւն, 6 յաւելուած, օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան, լուսանկարներու եւ քարտէզներու, անձնանուններու, տեղանուններու եւ յատուկ անուններու ցանկեր): Տպագրութիւնը երաշխաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական խորհուրդը:

Տէրեան Յակոբ, Ո՞ւր Կ’երթայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին», Բ. տպագրութիւն, Նիւ Եորք, 2022, 200 էջ (15 x 23 սմ.) (երկլեզու (հայերէն եւ անգլերէն) (Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի կացութեան եւ դիմագրաւած խնդիրներուն քննադատական քննարկումը, գիրքին վերաբերեալ զանազան անձնաւորութիւններէ ստացուած նամակներ):

– Տէրեան Յակոբ, «Ցոլքեր Ոսպնեակիս Ընդմէջէն», Նիւ Ճըրզի, 2023, 294 էջ (15 x 23 սմ.) (յօդուածներ, բարոյական մտորումներ, կրօնական խոկումներ, յուշեր հայրենական եւ սաղիմական այցելութիւններու մասին, թրքական ուրացումներու մերկացում եւ դատապարտում, ինչպէս նաեւ Հայրենիքին մէջ հայոց լեզուի անաղարտութեան պահպանման վերաբերեալ սրտցաւ նշումներով յօդուածներ, հեղինակին ինքնակենսագրութիւնը, լուսանկարներ):

Տէրմարգար Սալիմ, «Հայեր եւ կաթողիկէներ. Ազատագրութենէ մինչեւ հերձուած. Հակասական ինքնութիւն մը ազգերու զարթօնքի շրջանին (1809-1888)», «Սերֆ Փաթրիմուան» հրատարակչութիւն, Փարիզ, յունիս 2022, 852 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (ֆրանսերէն): Հրատարակութիւնը հեղինակի դոկտորական ատենախօսութեան ընդլայնուած տարբերակն է:

Քիւրքճեան Արմէն, «Համառօտ պատմութիւն Համշէնի եւ համշէնահայութեան», անձնական հրատարակութիւն, Թորոնթօ, 2023, 58 էջ (բազմաթիւ սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր քարտէսներ, լուսանկարներ, փաստաթուղթեր եւ այլ նիւթեր, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ):

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)