Զօրի Բալայեանը Կորպաչովին՝ Ղարաբաղը գոնէ մտցուցէ’ք Ռուսիոյ կազմին մէջ. 1988

2137

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Չորրորդ գլուխ                         

                                    Հանդիպում Կորպաչովի հետ

Ղարաբաղեան Շարժման մէջ առանցքային էր անմիջական մասնակցութիւնը մտաւորականութեան ներկայացուցիչներուն` Զօրի Բալայեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Սուրէն Երեմեան, Լենդրուշ Խուրշուտեան, Մերի Քոչար, Վլատիմիր Պարխուտարեան, Արմէն Յովհաննիսեան, Հենրիկ Իգիթեան, Ռաֆայէլ Ղազարեան, Լենսէր Աղալովեան, Բագրատ Ուլուպապեան, Վաչէ Սարուխանեան, Ժաննա Գալստեան եւ ուրիշներ:

ՙԲալայեանի նշանակութիւնն առանձնայատուկ էր: Նախեւառաջ, անոր եռանդուն մասնակցութիւնը ՙկ’օրինականացնէր՚ միւս մասնակիցներն ու Շարժումն ընդհանրապէս, թոյլ կու տար չկասկածիլ անոր ոչ-լուսանցքային ըլլալուն եւ ՙմիջոցառման՚ պատկառելիութեան անհրաժեշտ պատրանք կը ստեղծէր: Անոր հանրաճանաչութիւնը, լայն կապերը ուրիշներու համար բաւական դժուար կազմակերպչական խնդիրներ լուծելու, տարբեր ակադեմիական եւ կրթական հաստատութիւններ մուտք ապահովելու հնարաւորութիւն կու տային՚,- կը գրէ Իկոր Մուրատեանը:

Երեւանի մէջ շատերը Բալայեանը արկածախնդիր կը սեպէին, նկատել կու տայ Մուրատեանը. ՙՍովորական դէպքերը գրեթէ որպէս պատմական նշանակութիւն ունեցող ներկայացնելու անվիճելի ունակութիւն ունէր ան: Ատիկա անջնջելի տպաւորութիւն կը ձգէր նոյնիսկ կրթուած հասարակութեան վրայ: Ան կրնար անարժէք մարդիկը որպէս ՙպատմական մեծ սխրանքներու՚ մասնակից ներկայացնել: Շարժման օրինականութեան համար կարեւոր նշանակութիւն ունէր մասնակցութիւնը Սիլվա Կապուտիկեանին, զոր այդ ժամանակ կրնար որեւէ մէկէն աւելի արմատական քայլեր կատարել՚:

Մոսկուայի մէջ կը գիտակցէին, որ Օփերայի հրապարակը հաւաքուած հարիւր հազարաւոր մարդիկը հանդարտեցնելու նպատակով պէտք է երկխօսութիւն սկսիլ անո’նց հետ, որոնց խօսքը հասկնալի եւ ընդունելի պիտի ըլլար Լեռնային Ղարարաղը պահանջող ժողովուրդին համար: Հանրահաւաքներու ամէն նոր օրը Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը կորսնցնէր վստահութիւնն ինչպէս ժողովուրդին, այնպէս ալ Քրեմլինի մէջ:

Ֆատէյ Սարգսեանը կ’ընդունի. ՙԲալայեանը եւ Կապուտիկեանը ժողովուրդին մէջ մեծ հեղինակութիւն ունէին, եւ անոնց հետ զրուցելը Կորպաչովին աւելի ձեռնտու էր: Կորպաչովը ժողովուրդին հետ կապ կը հաստատէր Բալայեանի եւ Կապուտիկեանի միջոցով՚:

Վլատիմիր Մովսիսեանն այսպէս կը մեկնաբանէ. ՙՄենք չկրցանք ժողովուրդի ճշմարիտ հարցադրումներուն պատասխանել, ուստի ժողովուրդին փայփայած գաղափարն արմատներ նետեց հոն, ուր այդ մասին ճշմարտութիւնը կ’ըսուէր: Մի՞թէ այդ Շարժման առաջնորդներն այնքան ուժեղ էին, որ կարենային հարիւր հազարաւոր մարդոց սիրտերը նուաճել: Ի հարկէ` ո’չ: Պարզապէս` գաղափա’րն էր ուժեղ՚:

Քաղբիւրոյին մէջ Ղարաբաղեան Շարժման դատապարտումը, Երեւան, Ստեփանակերտ եւ Պաքու պատուիրակութիւններ ղրկելու Քրեմլինի քայլը կիրքերը չեն հանդարտեցներ:

Ի՞նչ ընել:

Կարէն Բրուտենցը կը վկայէ. ՙԿորպաչովը համակրանքով կը վերաբերէր Ղարաբաղի հայոց վիճակին, բայց փակուղիէն դուրս գալու ելք չէր տեսներ: ՙԵս համաձայն կ’ըլլամ որեւէ որոշման, որուն շուրջ հայերն ու ատրպէյճանցիք կը պայմանաւորուին՚,- կ’ըսէր ան նեղ շրջապատի մէջ՚:

15 Փետրուար 1988ին Գրողներու Միութեան մէջ կազմուած էր յանձնաժողով մը` միութեան նախագահ Հրաչեայ Յովհաննիսեանի, Սերօ Խանզատեանի, Զօրի Բալայեանի, Վարդգէս Պետրոսեանի եւ Սիլվա Կապուտիկեանի անդամակցութեամբ, եւ որոշուած էր հեռագիր ղրկել Կորպաչովին:

ՙՀարկաւոր էր 2-3 էջի մէջ շարադրել Լ. Ղ. Ի. Մ.ի յառաջացման ողջ պատմութիւնը, անոր անտրամաբանական վիճակը, եօթանասունամեայ թնճուկին լուծման անհրաժեշտութիւնը: Կազմեցինք, ղրկեցինք՚,- կը գրէ բանաստեղծուհին:

26 Փետրուարին Կորպաչովը Քրեմլինի մէջ կ’ընդունի Բալայեանը եւ Կապուտիկեանը: Այս հանդիպման մասին իրենց յուշերուն եւ գիրքերուն մէջ գրած են զրոյցին բոլոր մասնակիցները, սակայն ամէն մէկը ներկայացուցած է զրոյցի ի’ր տարբերակը:

Կորպաչովի օգնական, ազգութեամբ հայ, հանդիպմանը ներկայ եղած Կէորկի Շահնազարովը կը գրէ, որ անիկա բարդ էր, անկեղծ, երբեմն կոշտ, բայց կ’ընթանար բարեկամական մթնոլորտի մէջ: Ըստ Շահնազարովի` Կորպաչովն ըսած է. ՙՂարաբաղի շուրջ կատարուողը կռնակէն դաշոյնի հարուած է: Ատրպէյճանցիները դժուար է զսպել: Ազգամիջեան հողի վրայ հակամարտութեանց քանի մը տասնեակ հաւանական աղբիւրներ ունինք երկրին մէջ, Ղարաբաղին օրինակը կրնայ մինչեւ այժմ բռնութեան դիմել չհամարձակողները խթանիչ գործողութիւններու մղել՚:

Կորպաչովն այսպէս կը ներկայացնէ. ՙԵրբ այստեղ` Կենտկոմին մէջ, զրուցեցի Կապուտիկեանի եւ Բալայեանի հետ, անոնց ըսի, թէ հարցին ամբողջ պատմութիւնը գիտենք, թէ ատիկա դժուար պատմութիւն է: Դեռ նախօրեակին ես Ալեքսանտր Նիքոլաեւիչին (Եաքովլեւ) յանձնարարեցի իմ անունէն խօսիլ Կապուտիկեանին հետ եւ ուշադրութիւն դարձնել, որ անոնք պէտք է հասունութիւն ցուցաբերեն, իրենց ծանրակշիռ խօսքն ըսեն, դէպքերուն անցանկալի զարգացումը կանգնեցնեն: Ան խօսած է Կապուտիկեանին հետ: Խօսակցութիւնը եղած է երկար, հեռաձայնին քով` լացով, հեկեկոցներով: Բայց եւ այնպէս ան (Կապուտիկեանը) խոստացեր է ատիկա ընել, անցանկալի հոլովոյթը կանգնեցնել, միեւնոյն ժամանակ մեղադրած, որ մենք կանգնած ենք ատրպէյճանցիներուն կողքին, յայտարարած է, որ իրենք ծայրայեղական չեն, սադրող չեն՚:

Կապուտիկեանը կը գրէ, որ Կորպաչովին հետ մէկ ժամէ աւելի տեւած խօսակցութիւնն ընթացած է ՙոչ-պաշտօնական, կարելի է ըսել` մտերմիկ մթնոլորտի մէջ՚: ՙՆստեցանք երկարուկ սեղանի մը շուրջը, ինչպէս կ’ըլլայ գրասենեակներուն մէջ: Միայն թէ այստեղ այդ սեղանն աւելի հասարակ էր, նեղ: Նստեցանք` ես եւ Զօրին` սեղանին մէկ կողմը, Եաքովլեւը եւ Շահնազարովը` մեր դիմացը: Սեղանին գլուխը Միխայիլ Սերկէեւիչն էր: Եւ որովհետեւ սեղանը շատ նեղ էր, ապա մեզ իրմէ բաժնող տարածութիւնը քիչ էր: Ասիկա ալ կը նպաստէր, որ պաշտօնականութիւնը պակաս ըլլայ՚:

Հայ բանաստեղծուհին յետագային հրապարակած իր գիրքին մէջ ամենայն մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ ինչպէս 1988ի փետրուարեան այդ հանդիպումը, այնպէս ալ անոր յաջորդած իրադարձութիւնները:

ՙ- Մեզի` հայաստանցիներուս համար,- շարունակեցի ես,- արտասահման երթալը Ղարաբաղ երթալէն աւելի դիւրին է: Ես հոն միայն 1959ին եղած եմ: Ինչպէս յետագային իմացայ` ինծի հետ հանդիպողները նեղած էին վերադարձէս յետոյ: Վախէն հոն չենք երթար, որովհետեւ Ատրպէյճանի ղեկավարները կ’ըսեն, թէ Հայաստանի մտաւորականներն են, յատկապէս գրողները, որ ջուրը կը պղտորեն, Ղարաբաղի մէջ անջատողական տրամադրութիւններ կը հրահրեն…

– Կ’ըսեն, թէ Տէմիրճեանը,- նկատել տուաւ Կորպաչովը,- իր ղեկավարութեան 15 տարիներուն ընթացքին Ղարաբաղ չէ եղած…

– Ճիշդ է, չէ եղած, եւ միայն Տէմիրճեանը չէ: Մեր բոլո’ր ղեկավարներն ալ անթոյլատրելի անտարբերութիւն ցուցաբերած են Լ. Ղ. Ի. Մ.ի նկատմամբ: Դրացի հանրապետութեան գործերուն միջամտելէ վախցած են: Միւս կողմէ` անոնք մեղաւոր չեն: Ղարաբաղի մէջ այնպիսի մթնոլորտ է, Հայաստանէն եկողներուն նկատմամբ այնպիսի հետապնդումներ կը կազմակերպեն, որ հոն երթալն անհնար է…

– Ղարաբաղ-Հայաստան կապերուն միջեւ եղած արգելքներն ուղղակի խայտառակութիւն են,- ըսաւ Կորպաչովը: Հարկաւոր է, որ հայաստանցիներն ազատօրէն երթան-գան, մշակութային փոխադարձ միջոցառումներ կազմակերպուին, Հայաստանը մասնակցի մարզի կեանքին:

– Մինչեւ որ մարզը չմիանայ Հայաստանին` այդ ամէնը գրեթէ անհնար է, Ատրպէյճանը չի ձգէր…

– Պէտք է Ատրպէյճանն ինքը հասկնայ: Իսկ ինչ կը վերաբերի մարզը Հայաստանին միացնելուն, հիմա ատիկա շատ դժուար է: Այդ տեսակ մօտ 19 հարց ունինք, որոնք բոլորն ալ լուծման կարիք ունին:

– Գոնէ մտցուցէ’ք Ռուսական Դաշնութեան կազմին մէջ:

Կորպաչովը զուարթօրէն ժպտաց.

– Այդ կարգի բոլոր ինքնավարութիւները կ’ուզեն Ռուսիոյ կազմին մէջ մտնել: Ատիկա ալ հնարաւոր չէ:

– Բայց մերն ուրիշ է, հրատապ, անյետաձգելի, վերջապէս` հաւատքի տարբերութեան հարց կայ,- դարձեալ պարզաբանեց Զօրին:

– Ամէն մէկն իր հարցը հրատապ ու ամէնէն կարեւորը կը նկատէ: Ըստ երեւոյթին` մենք պէտք է անոնց բոլորին համար ընդհանուր լուծում մը գտնենք, ազգային հարցերուն նուիրուած լիագումար նիստ հրաւիրենք, քննարկենք: Իսկ հիմա անհրաժեշտ է Ղարաբաղի եւ Երեւանի ժողովուրդը խաղաղեցնել:

– Բայց ինչո՞վ, գոնէ Ղարաբաղի խնդիրով զբաղող յանձնաժողով մը կազմեցէ’ք,- պնդեցինք մենք:

– Ամբողջ Քաղբիւրօն կը զբաղի Ղարաբաղով,- ժպտաց Կորպաչովը,- ատիկա քի՞չ է ձեզի համար…

– Քաղբիւրօն անհամար հոգեր ունի, այսօր կը զբաղի, վաղը կը մոռնայ: Եթէ Ղարաբաղը չմիացուի Հայաստանին` հոնտեղի ժողովուրդին վիճակը աւելի կը գէշնայ: Ատրպէյճանը հայոց պիտի չներէ իրենց այս ընդվզումներուն համար:

– Կը խոստանամ անձամբ զբաղիլ Ղարաբաղով: Ընկերային-տնտեսական խոշոր բարեփոխումներ պիտի ըլլան: Ղարաբաղի իսկական վերածնունդ պիտի ըլլայ: Ես այդ գործն անձամբ կը վերցնեմ հսկողութեանս տակ…

– Այդ մասին մենք կրնա՞նք հաղորդել մեր ժողովուրդին,- հարցուցի:

– Այո’, կրնա’ք…

– Այս գիշեր հեռաձայնեցին Երեւանէն,- շարունակեցի ես,- կ’ըսեն` Դուք չէք պատկերացներ, թէ ինչ կը կատարուի Երեւանի մէջ: Ամբողջ Հայաստանը մայրաքաղաքը լեցուած է: Բոլորը բորբոքուած` բանի մը կը սպասեն: Հեռաձայնողը յուզմունքէն ինքզինքը կորսնցուցած էր, կ’ըսէր. ՙԹող գայ Միխայիլ Սերկէեւիչը, այս ամէնը իր աչքով տեսնէ. եթէ ինքը չի կրնար գալ` թող կինը գայ, որդին գայ՚:

Կորպաչովը զուարթացաւ:

– Իսկապէս, թերեւս գա՞ք,- կէս լուրջ-կէս կատակ առաջարկեցի:

– Հիմա չեմ կրնար, բայց յետոյ կու գամ անպայման:

– Իսկ ե՞րբ:

– Այս տարուայ երկրորդ կէսին:

– Այս մասի՞ն ալ կրնանք յայտնել ժողովուրդին:

– Կրնա’ք:

Բանի մը կապակցութեամբ Զօրին ըսաւ.

– Երանի այնպէս ըլլայ, որ աշխարհի մէջ որեւէ սահման ու սահմանագիծ գոյութիւն չունենան ու մարդիկ ապրին իրենց համար, առանց երկիրներու բաժնուելու:

– Ո’չ,- կտրեցի ես,- ես ատոր համաձայն չե’մ:

Ըստ երեւոյթին` խօսքս շատ էր կտրուկ ու կրքոտ. Կորպաչովն ու Եաքովլեւը իրարու նայեցան: Կորպաչովն ըսաւ.

– Ես ալ համաձայն չեմ: Իւրաքանչիւր ազգ պէտք է իր երկիրը, իր մշակոյթը, իր լեզուն ունենայ…

– Այնուամենայնիւ, Ղարաբաղի հարցով թերեւս յանձնաժողո՞վ կազմուի,- նորէն հարցուց Զօրին:

– Մենք այդպիսի 19 հարց ունինք, ուրեմն 19 յանձնաժողո՞վ կազմենք…

– Իսկ ինչո՞ւ թաթարներուն համար կազմեցիք…

– Այնուամենայնիւ,- հարցուցինք,- մենք ի՞նչ խոստումով հանգստացնենք ժողովուրդը, ինչո՞վ մարենք, ինչպէս Դուք կ’ըսէք` հրդեհը:

Միշտ լուռ Շահնազարովն այդ պահին ըսաւ.

– Դուք կրնաք մէջտեղ բերել Միխայիլ Սերկէեւիչի կոչին մէջ եղած հաւաստիացումը, որ ազգային հարցերուն նուիրուած լիագումար նիստը Ղարաբաղի հարցին ալ պիտի անդրադառնայ:

Երեւան վերադարձայ 27 Փետրուարի երեկոյեան` Զօրի Բալայեանի հետ միասին: Ծայր աստիճան յոգնած էի, սպառած: Այդ յոգնածութեան հետքերը միացան հոգեկան տարուբերումներու խտութեանը, մնացին նաեւ յաջորդ օրը, երբ անհրաժեշտ էր նորէն հանդէս գալ հանրահաւաքի ծովածաւալ բազմութեան, ինչպէս նաեւ հեռատեսիլի պաստառներուն առջեւ հաւաքուած ու Մոսկուայէն բերած լուրերուն սպասող ողջ ժողովուրդին առջեւ՚:

Կորպաչովին հետ հանդիպումը Բալայեանն այսպէս կը ներկայացնէ. ՙԱռջեւ գալով դրան մօտ, ան շատ ջերմօրէն ողջունեց Սիլվա Կապուտիկեանը: Եւ մեծ չարութեամբ նայելով ինծի` ըսաւ. ՙՍա այն Զօրի Բալայեա՞նն է, որ այսօր գիշերուան ժամը երկուին հեռաձայնով խօսեր է Իկոր Մուրատեանի հետ եւ բառացիօրէն ըսած հետեւեալը. ՙՀարկաւոր է նորէն դիմանալ: Ժողովուրդը չցրուե’ս՚: Մտածեցի` եթէ իմ ու Իկորի խօսակցութիւնն այսքան շուտ յայտնած են անոր, ուրեմն այս պետութիւնը դեռ շատ ամուր է, ուրեմն Պ. Ա. Կ.ը շատ ճիշդ կերպով կ’աշխատի: Իսկապէս, ես երկու-երեք ժամը մէկ կը խօսէի Իկորի հետ: Ան զիս կը տեղեկացնէր Երեւանի, իսկ ես զինք` Մոսկուայի զարգացումներուն մասին: Այդ գիշեր Իկորը բողոքեց, որ հազիւ կրնայ պահել ժողովուրդին: Նոյն հռետորները կը խօսին: Արդէն իրենք զիրենք կը կրկնեն, իսկ ատիկա վտանգաւոր է: Իկորը շուտ սկսաւ հասկնալ, որ մշտական հանրահաւաքները վտանգաւոր են՚:

Կորպաչովի խօսքերէն պարզ կը դառնայ, որ խորհրդային երկրին ղեկավարը նախապէս փափաք ունեցած է հանդիպելու միայն Կապուտիկեանի հետ. ՙԱյստեղ ան միացեր էր գրող, ՙԼիթերաթուրնաեայ Կազէթա՚յի թղթակից Բալայեանի հետ: Ազգայնական, ընդ որուն` վառ ազգայնական դէմք է: Տաղանդաւոր անձնաւորութիւն է: Անոնց (հայոց) շրջանին մէջ շատ յայտնի է եւ անսանձ, ինքնավստահ ու չափէն դուրս պաշտօնապաշտ: Կապուտիկեանը զայն յետոյ բերաւ, խնդրեց, որ թէկուզ հինգ վայրկեան ընդունիմ: Մտածեցի` ինչո՞ւ խուսափիլ, պէտք է օգտագործել (բոլոր հնարաւորութիւնները): Հանդիպեցայ: Զրոյցը շատ ծանր էր, զգացմունքային եւ լարուած: Բալայեանը կը հարցնէ` ի՞նչ ըսենք ժողովուրդին: Իրեն պատասխանեցի` պէտք է ըսել, որ մենք` Կենտկոմը, կառավարութիւնը իր ուշադրութեան կեդրոնը պիտի պահէ Ղարաբաղի մէջ յառաջացած եւ լուծումներ պահանջող հիմնախնդիրները: Անկեղծօրէն, մենք ալ պէտք չէ խուսափէինք անոնց հետ հանդիպումէն: Անոնք մտաւորականութեան խոշոր ներկայացուցիչներ են, որոնց խօսքը ժողովուրդը հաշուի կ’առնէ: Ի դէպ, երկուքն ալ համայնավար են: Ահա’ հայկական այդ թեւը, անկեղծօրէն, պէտք էր ՙպահել՚, հանգստացնել, որպէսզի ամբողջ ՙբանակը՚ Շարժմանը չմիանար՚:

Խորհրդային Միութեան ղեկավարին հետ հանդիպման արդիւնքներուն հայ գրողները տարբեր գնահատականներ տուած են: Զօրի Բալայեանը, ելոյթ ունենալով Գրողներու Միութեան մէջ, կը հասկցնէ, որ այս անգամ Ղարաբաղի հարցը լրջօրէն պիտի քննարկուի, եւ այդ նպատակով Կորպաչովին պէտք է շունչ քաշելու հնարաւորութիւն տալ:

Սիլվա Կապուտիկեանը հեռատեսիլային ելոյթին մէջ Կորպաչովի հետ զրոյցին աւելի զուսպ գնահատական կու տայ: 27 Փետրուարին, Շարժման կազմակերպիչ կոմիտէն որոշեց հանրահաւաքները եւ գործադուլները մէկ ամիս դադրեցնել:

Հրապարակախօս Բակուր Կարապետեանը կը գրէ, որ Մոսկուայէն նոր վերադարձած Բալայեանի ելոյթէն առաջ որոշուած էր, որ ան ժողովուրդի տուն երթալը եւ հանրահաւաքներուն մէկամսեայ դադարը կը յայտարարէ. ՙԵլոյթէն մէկ ժամ առաջ Զօրին հանդիպած էր հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Շահինեանին, որ ըսած էր, թէ Խ. Ս. Հ. Մ.ի ներքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալը հանրահաւաքները զէնքի միջոցով ցրելու առիթ կը փնտռէ: Ժողովուրդը լսեց եւ ենթարկուեցաւ Բալայեանի կամքին՚:

Բալայեանի եւ Կապուտիկեանի վերադարձին անհամբեր կը սպասէին Երեւանի մէջ: ՙԱնոնք եկան-ըսին, որ հանրահաւաքները պէտք է ցրենք, Կորպաչովի հետ խօսած ենք, ան բաներ մը խոստացեր է, պէտք է մէկ ամիս դադրեցնել հանրահաւաքները: Հրապարակը պարպուեցաւ, իսկ 27 Փետրուարին սումկայիթեան ջարդերն սկսան: Երբ մենք փորձեցինք դուրս գալ` զօրքերը հրապարակն արդէն գրաւեր էին՚,- գրողներուն քայլը կը քննադատէ Շարժման առաջնորդներէն Խաչիկ Ստամպոլցեանը:

Կապուտիկեանը կը գրէ. ՙԶօրին աւելի շուտ գնաց տեսագրութեան եւ յաջողեցաւ հեռատեսիլի կեդրոնէն վերադառնալով հանրահաւաքին ներկայ ըլլալ: Ես չկրցայ ելոյթ ունենալ: Մինչեւ այժմ ալ շատերը զիս եւ Բալայեանը կը մեղադրեն, թէ դուք Կորպաչովի մօտէն եկաք թեւաւորուած, շեշտեցիք, որ Կորպաչովն ըսաւ, թէ` այո’, ձեր պահանջն իրաւացի է, Ղարաբաղը ձերը կ’ըլլայ եւ այլն, եւ այլն: Ես չեմ գիտեր, թէ Զօրին հանրահաւաքին մէջ ի՞նչ ըսած, ինչպէ՞ս նկարագրած է մեր հանդիպումը, միայն գիտեմ, որ ան իր խօսքի վերջաւորութեան գոչած է մօտաւորապէս հետեւեալը, թէ մենք անպայման կը յաղթենք, մենք պիտի հասնինք Վան ալ, Մուշ ու Պիթլիս ալ եւ ուրիշ, այս կարգի թեւաւորող կոչեր՚:

Իսկ մինչ այդ` 26 Փետրուարի երեկոյեան, հայկական եւ ատրպէյճանական հեռատեսիլէն ընթերցուած էր Կորպաչովի դիմումը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն, իսկ յաջորդ օրը` տպագրուած էր մամուլին մէջ: ՙՁեզի կը դիմեմ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած իրադարձութեանց կապակցութեամբ: Բարձրացուած է ինքնավար մարզը Ատրպէյճանական Խ. Ս. Հ.էն Հայկական Խ. Ս. Հ.ի կազմ փոխանցելու հարցը: Խորհրդային Միութեան Կոմունիստական Կուսակցութեան Կենտկոմն անհանգստացած է իրադարձութեանց նման զարգացումէն, որ յղի է ամենալուրջ հետեւանքներով: Մենք տարբեր գաղափարներու եւ առաջարկութեանց քննարկումէն խուսափելու կողմնակից չենք, բայց ատիկա հարկ է ընել հանգիստ, ժողովրդավարական հոլովոյթով եւ օրինականութեան շրջանակներուն մէջ` թոյլ չտալով, որ նուազագոյն իսկ չափով վնասուի մեր ժողովուրդներուն միջազգային համախմբուածութիւնը: Կարելի չէ’ ժողովուրդի ճակատագիրի անչափ լուրջ հարցերը տարերքի եւ յոյզերու կամքին ենթարկել՚:

Կորպաչովը քաղաքացիական հասունութիւն ու համբերութիւն հանդէս բերելու, բնական կեանքին ու աշխատանքին վերադառնալու եւ հասարակական կարգը պահպանելու կոչ կ’ընէ հայ եւ ատրպէյճանցի ժողովուրդներուն: Հայաստանի մէջ հանրահաւաքները կը դադրեցուին: Սակայն այդ դադարը կը գործածեն ուրիշ տեղ եւ ուրիշ ձեւով: Սումկայիթի մէջ կը սկսին հայկական ջարդերը, որոնք երեք օր կը շարունակուին:

Այսօր` իրադարձութիւններէն աւելի քան երկու տասնամեակ յետոյ, դիւրին է գնահատական տալ` արդարացուա՞ծ էր արդեօք երկու գրողներուն կեցուածքը: Եթէ ցոյցերը շարունակուէին` Մոսկուան տեղի պիտի տա՞ր, Հայաստանին պիտի նուիրէ՞ր Ղարաբաղը: Անկասկած, միշտ ալ վտանգ կար, որ խորհրդային զօրքերը կրնան դիմել հանրահաւաքները ցրելու ուժային տարբերակին, ինչին դիմած էին ու դիմելու էին թէ’ նախորդող եւ թէ’ յաջորդող տարիներուն` Ալմաթի, Վիլնիւս, Թպիլիսի` հրասայլերու թրթուռներուն տակ անմեղ մարդիկը ճզմելով:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

ՎԻՆՍԵՆԹ ԼԻՄԱ, The Armenian Reporter շաբաթաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր. “Թաթուլ Յակոբեանը Կովկասի ամենայարգուած լրագրողներէն եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան առաջատար փորձագէտներէն է: Այդ համարումը ան շահած է իր արդարամտութեամբ եւ անդադար ճամբորդելով ու զրոյցներ վարելով բոլորին հետ` անոնք պարզ գիւղացինե՞ր ըլլան, թէ՞ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Անոր գաղտնիքը, զոր կ’արտացոլայ նաեւ ՙԿանաչ Ու Սեւ՚ այս հատորին մէջ, այն է, որ յիշելն այլեւս ձեռնտու չեղող փաստերն ու իրողութիւնները մոռացութեան չի մատնէր: Իրազեկ եւ լաւատեղեակ ըլլալու յաւակնող մարդը չի’ կրնար խուսափիլ այս գիրքի օգտագործումէն, ան այս աշխատութեանը ծանօթանալու պարտաւոր է: Բարեբախտաբար, ատիկա հաճելի պարտականութիւն մըն է, քանի որ հեղինակը պատմիչի մեծ ձիրք ունի:”: