Պատերազմը մեր տունը մտած է

1783

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Առաջին գլուխ 

Լարիսա Չախոյեանը 2006ի Փետրուարին` նախագահներ Ռոպէրթ Քոչարեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ Ռամպույէի հանդիպման նախօրեակին, թերթի միջոցով կը դիմէ Հայաստանի ղեկավարին եւ կը խնդրէ Ատրպէյճանի առաջնորդին հետ քննարկել նաեւ իր որդիին ու հարիւրաւոր միւս անհետ կորսուածներուն ճակատագիրը:

ՙԵս մօր սիրտով կը զգամ, որ որդիս կենդանի է, Պաքու կը գտնուի, ես ամէն երկվայրկեան կը զգամ, թէ անոր հետ ի’նչ կը կատարուի՚,- կը գրէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհին:

Վերջին անգամ որդին Պաքուի բանտէն ծնողներուն գրած է 1999ի Յուլիսին: ՙԶիս շուտ հանեցէ’ք այստեղէն: Ես ձեզ շատ կարօտցած եմ, կ’ուզեմ Հայաստան գալ, աշխատեցէ’ք, որ ատիկա շուտ ըլլայ: Բարեւեցէ’ք բոլոր քեռիներուն, հօրեղբայրներուն, Յասմիկին, Հովոյին, Արթուրին, Ռաֆոյին, Ժաննային, Համլէթին, Ժոժոյին եւ բոլոր զիս հարցնողներուն: Կը համբուրեմ՚,- կը գրէ Հայկն ու անդադար կը կրկնէ, թէ ծնողներուն օգնութեանը կը սպասէ:

Պառաւաքարէն տուն` Շիրակի մարզի Վահրամաբերդ գիւղ արձակուրդի գալու օրը Հայկը ճամբան կը շփոթէ եւ գերի կ’իյնայ Ղազախի Ճաֆարլու գիւղին մէջ: Գերուելէն երեք օր յետոյ Չախոյեանը իր ամուսինին հետ ոտքով կը կտրէ Հայկի անցած ճամբան, պատահած մարդիկը կը հարցուփորձէ, որդին կը նկարագրէ: Հայկը գտնելու, զայն տուն բերելու յոյսով ան տասնեակներով մարդոց` հայոց ու ատրպէյճանցիներու, նախագահներու ու եւրոպացի պաշտօնատարներու դիմած է: Հայկի հայրը եւ եղբայրը Թվեր մեկնած են. անոնք ռուսական տափաստաններուն մէջ կ’աշխատին` փակելու համար հազարաւոր տոլարներու հասնող պարտքերը, զորս անոնք ծախսած են Հայկը գերութենէն ազատելու յոյսով:

Չախոյեաններուն տունը պատերազմը մտած է ու չի հեռանար արդէն տասը տարիէ ի վեր: Անհետ կորսուածներուն ծնողները, յատկապէս մայրերը, անհնար է մխիթարել, անոնց հոգին խաղաղ չէ: ՙՈրդիիս` վասն Հայրենիքի զոհուած ըլլալուն թերեւս հաշտուէի, բայց հիմա ինչպէ՞ս ապրիմ, երբ Հայկը հոն` Պաքուի մէջ կը տառապի, ես` հոս: Ամուսինս ամէն օր կը հեռաձայնէ: Միւս որդիս համալսարանն աւարտելէ ետք Թվեր մեկնեցաւ: Չեմ դիմանար, բայց ուրիշ հնար չկար. սարսափելի պարտքերու տակ ինկանք՚:

Ամէն տարի Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն (Կ. Խ. Մ. Կ.) ուշադրութիւն կը հրաւիրէ անհետ կորսուածներու ճակատագիրներուն եւ անոնց ընտանիքներու տառապանքներուն վրայ` զանոնք աշխարհի մէջ տեղի ունեցող զինուած հակամարտութիւններուն հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական ամենալուրջ խնդիրներէն նկատելով£

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան զինադադարէն աւելի քան տասնհինգ տարի յետոյ հազարաւոր ընտանիքներ տակաւին տեղեկութիւն չունին անհետ կորսուած իրենց ազգականներէն: 1992էն ի վեր Կ. Խ. Մ. Կ.ն ջանքեր կը գործադրէ օգնելու հակամարտող կողմերու իշխանութեանց, որպէսզի անոնք կատարեն իրենց պարտաւորութիւններն ու բացայայտեն անհետ կորսուածներուն ճակատագիրը:

Լարիսա Չախոյեանն ատրպէյճանցի մայրերուն կը գրէ. ՙՁեզի կը դիմէ որդեկորոյս մայր մը, որ կը տառապի իր որդիի ճակատագիրին անորոշութենէն, սպաննիչ եւ անսահման կարօտէն: Ես գիտեմ, որ Ատրպէյճանի մէջ ալ ինծի նման դժբախտ շատ մայրեր կան, որոնք, արցունքն աչքերնուն, իրենց անհետ կորսուած որդիներէն լուրի մը կը սպասեն: Տարբեր ատեաններու դիմած եմ, Վրաստանի մէջ շատ ատրպէյճանցիներու հանդիպած եմ, շատերը խաբած ու կողոպտած են, շատերն ալ ուզած են օգնել, բայց չեն կրցած: Ես համերաշխութիւն կը յայտնեմ ատրպէյճանցի որդեկորոյս մայրերուն, միայն մենք կը հասկնանք զիրար, չէ՞ որ նոյն սարսափներուն մէջն ենք: Եկէ’ք հասնինք անոր, որ մեր առջեւ բացուին սահմաններն ու փակ դուռերը, փնտռե’նք, գտնե’նք մեր երախաները՚:

Նոյն բովանդակութեամբ նամակներ կրնան գրել նաեւ որդեկորոյս հարիւրաւոր ատրպէյճանցի մայրեր` Չախոյեանին ու հարիւրաւոր հայ մայրերու:

Իրաւապաշտպան Լարիսա Ալավերտեանը կը հաւատայ, որ Ատրպէյճանի հայ պատանդներուն եւ գերեալներուն մէջ ողջեր կան: Ան կը բերէ Նելսոն Մնացականեանի պարագան. վերջինս վերադարձած է 1998ին` ատրպէյճանցիի մը տան մէջ չորս տարիէ աւելի պահուելէ ետք: Հակամարտութեան սկիզբէն ի վեր Ատրպէյճանէն աւելի քան 1800 հայ պատանդ ու ռազմագերի վերադարձած է, իսկ հայկական կողմը մօտ 3,5-4 հազար ատրպէյճանցի վերադարձուցած է:

Ալավերտեանը կը կարեւորէ իր ղեկավարած կազմակերպութեան ջանքերով պատանդներու եւ ռազմագերիներու վերադարձի յատկապէս երկու դէպք: Առաջին` ատրպէյճանցիք ղարաբաղեան կողմին կը յանձնեն մէկ անգամէն 20 երախաներ, որոնց մէջ էր երեքամեայ աղջնակ մը: Մարաղայի մէջ անոր ընտանիքը պատանդ վերցուած էր, երախան մանկատան մէջ մեծցած էր եւ ատրպէյճաներէն կը խօսէր: Երկրորդ` 1994ի Սեպտեմբերին վերադարձուած են ատրպէյճանցի 27 մայրեր ու երախաներ:

ՙԱնոնք կը պահուէին Ստեփանակերտի մանկապարտէզին եւ մանկական հիւանդանոցին մէջ, ուր կը մնային նաեւ Մարտակերտէն փախստական հայերը: Պէտք էր տեսնել, թէ հայ եւ ատրպէյճանցի երախաներն ու կանայք ինչպէս կը բաժնուէին իրարմէ: Յաճախ պատշաճ ուշադրութիւն չի դարձուիր մարդկային կեանքի պատմութիւններուն: Ես համոզուած եմ, որ այդ մարդիկ մինչեւ կեանքի վերջը իրարու հանդէպ պիտի տածեն նոյն դժբախտութեան մէջ յայտնուած մարդու զգացումները: Պատերազմին սպաննուած Կորիւն Առաքելեանի մայրը այդ պատանդներուն սնունդ կը տանէր՚,- կ’ըսէ Ալավերտեանը:

Ռազմագերիներու եւ պատանդներու հարցերով զբաղող կազմակերպութեանց աշխատակիցներն անելանելի վիճակի մէջ յայտնուած ծնողներուն խորհուրդ կու տան գործարքներու մէջ չմտնել: Ալավերտեանը, սակայն, կը յիշէ դէպքեր, երբ ծնողները գործարքներու մէջ մտած են եւ իրենց որդիները` վերադարձուցած:

ՙԶաւեշտալի դէպք մը տեղի ունեցած է 1995ին` Իջեւանի սահմանային հատուածին մէջ. ատրպէյճանցիք պատանդի հօրը կ’առաջարկեն որոշակի գումար մը բերել եւ որդին ստանալ: Հայրը չէր կրցած հաւաքել պահանջուած գումարը եւ որոշած էր պակասի փոխարէն յանձնուիլ որդիին վերադարձին դիմաց: Ատրպէյճանցիք գումարը վերցուցած էին, տղան վերադարձուցած, սակայն հայրը չէին տարած՚:

Պատերազմը մտած է Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի գրեթէ իւրաքանչիւր բնակավայր, այս կամ այն ձեւով` գրեթէ ամէն տուն: Կան ընտանիքներ, որոնց պատերազմը կրկնակի հարուած հասցուցած է: Պատերազմը Տաւուշի մարզի Ոսկեւան գիւղին մէջ բնակող Խաչիկեաններուն ընտանիքը երեք անգամ մտած է:

Սոնիկ Խաչիկեանի որդին պատանդ վերցուելէ ետք հայերը ատրպէյճանցի հովիւ մը պատանդ կը վերցնեն` փոխանակելու համար: Ատրպէյճանցի պատանդը Խաչիկեաններու տան մէջ` նկուղը կը պահէին:

ՙՍիրտը կոտրուած մարդ էր, կը վախնար: Ես էի, որ ամէն առտու հաց կու տայի: Ան կը պատմէր, որ 10 զաւակ ունի, աւագը կը ծառայէ բանակին մէջ: Թէյին մէջ շաքարը քիչ կը լեցընէր, կը վախնար՚,- հեկեկալով կը պատմէ կեանքի մայրամուտին մօտեցած կինը:

Անոր որդին` Խաչիկը, պատանդ վերցուած է դեռ Խորհրդային Միութեան ժամանակ, ատրպէյճանաբնակ Բաղանիս-Այրում գիւղին մէջ: Ան կը պատմէ, որ անցնող տարիներուն ընթացքին որդիէն որեւէ տեղեկութիւն չէ եկած: Պատանդ տարուելու առաջին տարիներուն Խաչիկի եղբայրը եւ հօրեղբայրը քուն ու դադար չեն ունեցած եւ բոլոր հնարաւորութիւններուն դիմած են, բայց` ապարդիւն:

ՙԻ՞նչ կը կարծէք, 1990ին պատանդ տարուած մարդը հնարաւո՞ր է ողջ գտնել՚,- կու լայ 80էն աւելի տարիք ունեցող որդեկորոյս մայրը: Մերինները ատրպէյճանցին բռնած եւ մեզի տուած էին, որպէսզի փոխանակենք Խաչիկին հետ: Բայց քանի մը ամիս պահելէ ետք, կրտսեր որդիս զայն տարաւ սահման ու ազատ ձգեց: Միայն խնդրեցինք, որ երթայ եւ փորձէ Ատրպէյճանի մէջ տեղեկութիւններ հաւաքել Խաչիկի մասին ու մեզի ձեւով մը տեղեկացնէ՚:

Բաղանիս-Այրում ատրպէյճանական գիւղը խրուած էր հայկական Ոսկեպար, Ոսկեւան եւ Բաղանիս գիւղերուն միջեւ: Բաղանիս-Այրումով կ’անցնի Երեւան-Իջեւան-Նոյեմբերեան-Թպիլիսի մայրուղին: Հայկական ոյժերը 90ականներուն սկիզբները վերահսկողութեան տակ առին այդ եւ դրացի ատրպէյճանական Աքսիպարա գիւղը: Պատերազմի տարիներուն եւ 1994ի զինադադարէն յետոյ այս տարածքներուն մէջ տասնեակներով մարդիկ սպաննուած են նշանառուներու գնդակներէն: Այս տարածքներն ականապատուած են, մերձակայ գիւղերը ռմբահարուած են մօտակայ բարձրունքներէն:

Պատանդ տարուած Խաչիկ Խաչիկեանի միջնեկ որդին` Վաչիկը, տնամերձ այգիին մէջ կը գտնէ ականանետի չպայթած փամփուշտ մը, տուն կը բերէ եւ դանակով հետը կը խաղայ: Փամփուշտի պայթիւնէն դպրոցականը ձեռքն ու աչքը կը կորսնցնէ: Քանի մը տարի առաջ, Խաչիկի կրտսեր որդին` Սասունը սահմանամերձ շրջանին մէջ ցանուած ականներէն մէկուն . պայթիւնէն տեղւոյն վրայ կը կորսնցնէ ոտքը, արիւնաքամ, սողալով կը հասնի ճամբայ եւ անցնող մեքենաներէն օգնութիւն կը խնդրէ:

Ականներու պայթիւնները, ռմբահարումներն ու պատանդառումները առաջինը սահմանամերձ տարածքներուն բնակիչները կը հարուածեն: Խաչիկեաններուն ընտանիքը անոնցմէ ընդամէնը մէկն է: Պատերազմն ու ողբերգութիւնը սահմաններ եւ ազգութիւն չեն ճանչնար:

Ոսկեւանին դրացի Բաղանիս հայկական գիւղին մէջ կը բնակի Լալա Սահակեանը կամ Համավախ Սաֆար կըզը Ատիկէօզալովան (օրիորդական անունն է): Ան կը յիշէ ամուսինին` Դերենիկ Սահակեանի սպանութիւնն իրենց տան այգիին մէջ` 1992ի ամառը, մեղուի փեթակին մօտ:

ՙԴիակը կը պահէինք նկուղին մէջ, որովհետեւ ատրպէյճանցիք կրակ կը թափէին գիւղին վրայ: Քանի մը դրացիներով Դերենիկը տարին, թաղեցին՚,- կ’ըսէ Լալան:

Դերենիկ եւ Լալա Սահակեաններու որդին` Անդրանիկը կ’երթայ բանակ` Մեղրի, ապա իր ցանկութեամբ` Ղարաբաղ: Հորատիզի մէջ կը վիրաւորուի ու ոտքը կը կորսնցնէ: Հիմա Անդրանիկը Բաղանիսի մէջ կօշկակար է: Այս արհեստը պատերազմէն յետոյ սորված է: Ամուսնացած է, երկու որդի ունի: Բաղանիսի միւս ընտանիքներուն նման` Սահակեանները դժուար կ’ապրին: Տարիներ առաջ, պատերազմի հաշմանդամ Անդրանիկին օգնութիւն կու տային: Ան պարգեւատրուած է ՙԱրիութեան մետալ՚ով: Բայց Սահակեաններուն ընտանիքը դրամ չ’ուզէր, խաղաղութի’ւն կ’ուզէ:

Բաղանիսի հողատարածքները սահմանին մօտ են: Այստեղ պատերազմը շատ ընտանիքներու է դժբախտութիւն բերած: Հիմա ալ գիւղացիները հողը վախով կը մշակեն: Սահման կոչուածի մասին իւրաքանչիւրն իր պատկերացումներն ունի: Անդրանիկի մօր` Լալայի համար (ան հայերէնը շեշտադրումներով կը խօսի, ճիշդ է, կիսով չափ մոռցած է հարազատ ատրպէյճաներէնը, որովհետեւ վերջին անգամ այդ լեզուով խօսած է 1990ին) սահմանը միայն իր հօրական աւերուած տունը չէ: Այս դժբախտ ատրպէյճանուհին իր կեանքին մէկ մասը եւ հարազատները սահմանին այն կողմը ձգած է:

Լալան Դերենիկի հետ ամուսնացած է 1966ի ամառը, երբ ընդամէնը 19 տարեկան էր ու հայերէն բառ մը չէր գիտեր: Դերենիկը Երեւանի մէջ բաժնուած էր իր հայ կնոջմէ, վերջինիս մօտ ձգած էր 3 երախաները, իսկ 4րդը` Գառնիկը, իր հետ բերած հայրական տուն:

ՙՄենք` 2 քոյր ու 12 եղբայր, Բաղանիս-Այրում գիւղին մէջ կ’ապրէինք: Օր մը Դերենիկն իր մեքենայով զիս Ղազախի շուկայ տարաւ` իբր թէ առեւտուր ընելու: Շուկայէն զիս իրենց տունը բերաւ: Դերենիկը 45 տարեկան էր, Գառնիկը` 5րդ դասարանի աշակերտ. միասին պահեցինք, բանակ ղրկեցինք: Վերադառնալէն ետք Երեւան` հարազատ մօր մօտ գնաց՚,- կ’ըսէ Լալան:

Բաղանիսցիները խաղաղութիւն կ’ուզեն, որովհետեւ կ’ուզեն ապրիլ, հող մշակել եւ չսպաննուիլ իրենց հողին մէջ: Խաղաղութիւն կ’ուզէ նաեւ ատրպէյճանուհի Լալան, որ Դերենիկին հետ ամուսնանալէն ետք 3 զաւակ ունեցած է: Խաղաղութիւնը զայն կրնայ կապել իր անցեալին ու ազգականներուն հետ, զորս սահմանին այն կողմը ձգած է:

ՙԱղջիկս` Արմինէն, ատրպէյճանցիի հետ ամուսնացուցած եմ պատերազմէն առաջ: Վերջին անգամ 1988ին հանդիպած ենք: Ատկէ յետոյ թէ’ աղջիկէս եւ թէ’ հայրական ընտանիքէս տեղեկութիւն չունիմ: Եղբայրներս թերեւս սպաննուած են պատերազմի ատեն, չեմ գիտեր, կը կարօտնամ: Շատ կ’ուզեմ երազիս մէջ տեսնել ազգականներս, բայց անոնք երազիս չեն գար՚,- կը տխրի Լալան:

Նոյեմբերեանի տեղական հեռատեսիլի ընկերութիւնը տարիներ առաջ այս ատրպէյճանուհիին մասին ռեփորթաժ մը պատրաստած էր: Սոնիկ Խաչիկեանը կը ճանչնայ Լալան եւ տեսած է անոր մասին պատրաստուած հեռատեսիլային նիւթը: ՙԴժբախտ կին՚,- կ’ըսէ ան:

Ղարաբաղեան պատերազմը 1994ի մայիսեան զինադադարով մտած է նոր փուլ` ՙոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն՚: Ռազմական գործողութեանց երեք տարիներու ընթացքին հակամարտութեան կողմերը տուած են մօտ 20 հազար սպաննուած, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ալ վիրաւորուած են: Փախստականներուն եւ տեղահանուածներուն ընդհանուր թիւը մէկ միլիոնը կ’անցնի: Յատկապէս տուժած են Լեռնային Ղարաբաղը եւ վարչականօրէն Ատրպէյճանին պատկանող, ղարաբաղեան ոյժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջանները, որոնց ընդհանուր մակերեսը գրեթէ կրկնակի կը գերազանցէ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին տարածքը:

Հայերը եւ ատրպէյճանցիները չափազանց սուղ գին վճարած են: Վրէժ Պապայեանն այս պատերազմին իր մարմնին ուղիղ կէսը տուած է: Լեռնային Ղարաբաղի Բերդաշէն գիւղի դպրոցի ուսուցիչը 1993ի Յուլիսին Աղտամի մօտակայքը հակահրասայլային ականի մը վրայ կը պայթի, աջ ոտքն ու աջ ձեռքը կը կորսնցնէ, ձախ ոտքէն եւ աչքէն կը վիրաւորուի: Երբ իրմէ տպագրութեան համար նկար մը խնդրեցի, պարզուեցաւ, որ Վրէժը ինքնաձիգ զէնքով կամ զինուորական համազգեստով նկար չունի:

Ուսողութեան` պատերազմին երեք տարի մասնակցած ուսուցիչի վկայականը անոր այսօրուայ մարմնական վիճակն է:

Վրէժը ամուսնացած չէ, պատերազմը խանգարած է: ՙՅետոյ հասկցայ, որ պատերազմին մէջ անմեղ մարդիկ կը տուժեն: Ղարաբաղեան պատերազմը ազգային-ազատագրական էր, անոր մասնակցելու մենք ստիպուած էինք, որովհետեւ այլընտրանք չկար. կա’մ պէտք է տուն-տեղ ձգէինք, փախչէինք, կա’մ ալ պատերազմէինք: Կա’մ պէտք է մեզ սպաննէին, կա’մ մենք սպաննէինք զանոնք: Պատերազմը յաղթեցինք շատ ծանր գնով. ամէն պարագայի` ազատութիւն ձեռք բերինք, բայց յաղթանակած ժողովուրդն արժանի չէ ներկայիս կեանքին ու ապրուստին՚,- կ’ըսէ ան:

Ատրպէյճանուհի Էլմիրան կը խոստովանի, որ հաւասարապէս տուժած է ատրպէյճանցիներէն եւ հայերէն: Մօտ 40 տարի առաջ ան Պաքուի մէջ ծանօթացած է ապագայ հայ ամուսինին, եկած, հաստատուած Բերդաշէն: Անոր երիտասարդ որդին կամաւոր մեկնած է ռազմաճակատ` Հայրենիքը պաշտպանելու եւ զոհուած: Հայ երիտասարդ մը Էլմիրայի 17ամեայ դուստրը խանդի հողի վրայ սպաննած է: Բայց այս կնոջ անձնական, ընտանեկան ողբերգութիւնն այսքանով չ’աւարտիր:

Ան Պաքուի մէջ ձգած է իր երկու քոյրերը, որոնց հետ վերջին անգամ նամակագրական կապ ունեցած է 2001ին` Կ. Խ. Մ. Կ.ի օգնութեամբ, իսկ վերջերս իմացեր է, որ մայրը մահացեր է: Տիկին Էլմիրան կ’ապրի ապագայով, քանի որ միայն այդ ձեւով է հնարաւոր ճակատագիրին հարուածները մեղմել: Ան իր ընտանիքին մէջ սիրուած կին է, մայր ու մեծ մայր: Սակայն անիրականանալի թուացող փափաք մը հանգիստ չի տար անոր. ՙԿ’երազեմ քոյրերս տեսնել՚:

Իսկ ահա’ Թամարա մեծ մայրիկի ամուսինն էր ատրպէյճանցի: Անոր դժբախտութեան աւելցած են մինակութիւնն ու ծերութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի Խաչէն գիւղը բնակող այս կինը միակ դուստրը ատրպէյճանցիի հետ ամուսնացուցած է: Պաքուի մէջ համալսարանն աւարտելէն ետք, դուստրը բանասէր ամուսինին հետ գիւղ կը վերադառնայ եւ դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն կ’ընէ: Տարիներ յետոյ ան հիւանդութենէն կը մահանայ, երկու երախաները որբ կը ձգէ` Թամարայի խնամքին: Պատերազմին պատճառով, ատրպէյճանցի հայրը կը հեռանայ Խաչէնէն` մանկահասակ երախաներուն` 12ամեայ Էմինի եւ 10ամեայ Լիլիայի հետ: Երկար ժամանակ Թամարան թոռներէն տեղեկութիւն չունէր եւ միայն վեց տարի առաջ նամակ ստացած է:

ՙԹիֆլիսի մէջ ազգականներ ունինք, անոնց միջոցով Էմինը նամակ մը եւ երկու նկար ղրկած է: Ասիկա անոնցմէ իմ ունեցած միակ բանն է: Օր ու գիշեր այդ նկարներուն հետ կը զրուցեմ: Նամակին մէջ գրուած էր, որ դպրոցը վերջացնելէն ետք Էմինը ղրկած են հօրեղբօր մօտ` Պաքու` ուսում ստանալու: Հոն ամուսնացեր է եւ արդէն զաւակ ունի: Լիլիայի մասին խօսք չկար: Թէ ո՞ւր է կամ ի՞նչ պատահած է անոր` ինծի յայտնի չէ: Ես շատ մտահոգուած եմ Լիլիայի համար՚,- կ’ըսէ ծեր կինը եւ կ’երազէ միւս աշխարհ երթալէն առաջ թոռները մէկ անգամ տեսնել:

Ուսողութեան ուսուցիչ Վրէժ Պապայեանը, ատրպէյճանուհի Էլմիրան, կօշկակար Անդրանիկ Սահակեանը, անհետ կորսուած Հայկ Գալստեանը եւ Խաչիկ Խաչիկեանը, վերջինիս հաշմանդամ երկու որդիները, Վահրամաբերդի մէջ զինուոր որդին սպասող Լարիսա Չախոյեանը, Թվեր աշխատելու գացած անոր ամուսինն ու որդին, Թամարա մեծ մայրիկը, ազգականները երազին մէջ սպասող Համաւախ Սաֆար կըզը Ատիկէօզալովան եւ Սոնիկ Խաչիկեանն այս պատերազմի ողբերգական, բայց նաեւ սովորական կերպարներ են:

Հազարաւոր այսպիսի դժբախտ մարդոց կարելի է հանդիպիլ Ատրպէյճանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ: Երբեք չյայտարարուած ու չվերջացած այս պատերազմը տասնեակ հազարաւոր հայոց ու ատրպէյճանցիներու կեանքը տակնուվրայ ըրաւ: Երկու դրացի ժողովուրդները, անոնց ղեկավարները արիւնահեղութենէն, զանգուածային տեղահանումներէն, բնակավայրերու աւերումէն չյաջողեցան խուսափիլ: Այսօր ալ` ռազմական գործողութիւնները վերջանալէն աւելի քան 15 տարի յետոյ, հայերն ու ատրպէյճանցիները իրարու լեզուները չեն հասկնար:

 

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

ՐԱՖՖԻ Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ, Հայաստանի արտաքին գործոց առաջին նախարար (1991-1992), այս գիրքին մասին կը գրէ. “Բաւական լուրջ եւ համապարփակ հետազօտութիւն մըն է` համեմուած փաստական նիւթի, առանցքային դէմքերու ու դէպքերու ճշմարտացի վերաիմաստաւորմամբ, փորձագէտ-լրագրողի ուշագրաւ, անկողմնակալ դիտազննումներով: ՙԿանաչ Ու Սեւ՚ փաստա-վաւերագրական իրապատումը հաստատապէս եկաւ լրացնելու եւ հարստացնելու Արցախեան Գոյամարտի պատմութեան գանձարանը` իր պատուաւոր ու մնայուն տեղն զբաղցնելով մեր ժողովուրդի` արդարութեան եւ ազատութեան համար հերոսական պայքարի տարեգրութեան մէջ: Հեղինակը յաջողած է ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան յենքին ուրուագծել պատերազմին բերած արհաւիրքներու, զինուած առճակատման հանգուցալուծման ուղիի որոնումներու, անոր հետ կապուած միջազգային ջանքերու, մարդոց յոյսերուն ու յուսախաբութիւններուն ողջ համայնապատկերը: Կը հաւատամ, որ առանց Թաթուլ Յակոբեանի այս գիրքին` շատ կարեւոր երանգ մը պիտի պակսէր արցախեան նիւթի գունապնակէն”: