«ՀՅԴ-ն Յառաջիկայ Արտահերթ Ընտրութիւններուն Առանձին Պիտի Մասնակցի». Արմէն Ռուստամեան

703

Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ն առանց դաշինքի պիտի մասնակցի յառաջիկայ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն: «Ինչպէս գիտէք` տեղի ունեցած է Գերագոյն ժողով, ուր որոշուած է, որ ՀՅԴ-ն պիտի մասնակցի այս ընտրութիւններուն: Մենք ունինք մեր ըսելիքը, մտահոգութիւնները: Կը տեսնենք որոշակի վտանգներ ներկայ փուլին, եւ այդ առումով, որպէս ընդդիմութիւն, պիտի մասնակցինք ու ներկայացնենք ժողովուրդին մեր մօտեցումներն ու ըսելիքները: Վստահ եմ, որ, անկախ արդիւնքներէն, ասիկա պիտի ըլլայ  ուղղորդիչ երկրին համար, ասիկա պիտի ըլլայ ահազանգ բոլոր անոնց, որոնք չեն տեսներ այն վտանգները, որոնք յառաջացած են այս փուլին: Ատիկա պիտի ըլլայ կոչ բոլորին, որ տեսնեն` ազգային պետական շահերէն բխող ուղղութիւնն ու գործընթացը ի՛նչ պիտի ըլլայ, եւ մենք ասիկա պիտի ընենք մեր ամբողջ խումբով», ըսաւ ան:

Ըստ Ռուստամեանին, ճիշդը այն է, որ ՀՅԴ-ն առանձին մասնակցի ընտրութիւններուն: «Միշտ այդպէս եղած է, Դաշնակցութիւնը առանձին մասնակցած է ընտրութիւններուն: Դաշնակցութիւնը քաղաքական դաշտին մէջ ունի իր առանձնայատկութիւնները, եւ ունենալով այդ առանձնայատկութիւնները` մենք կը գերադասենք այս անգամ ալ առանձին մասնակցիլ ընտրութիւններուն», եզրափակեց ան:

Աղբյուրը՝ ԱԶԴԱԿ