ՌԱԿ Մամուլը համալրուեցաւ «Պայքար» շաբաթաթերթով. «Հայ Ձայն»

1589

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը վերահասու կը դառնանք, որ Ռամակավար Ազատական Կուսակցութեան մամուլը յետ այսու կը համալրուի Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի օրկան «Պայքար»ով :

1922-ին Մասաչուսեցի մէջ հիմնադրուած պարբերականը երկար տարիներ հանդիսացած է կուսակցութեան մտաւորականութեան կարեւորագոյն ամպիոններէն մին:

1 Յունուարին լոյս տեսած շաբաթաթերթի խմբագրականին մէջ կը կարդանք՝   «Լրատու միջոցներու համաշխարհայնացումը եւ ելեկտրոնային մամուլի աճումը դիմափոխեցին աւանդական մամուլին դերը, որ միանալով նիւթական միջոցներու սղութեան՝ շրջան մը ընդհատեցին «Պայքար»ի առաքելութիւնը: Այսօր, միեւնոյն այդ համաշխարհայնացումը եւ ելեկրոնային միջոցներու աճումը լայն հորիզոն կը բանան «Պայքար»ին, վերադառնալու իր առաքելութեան եւ իր գաղափարական խօսքը հասցնելու համայն հայութեան, սփիւռքի թէ հայրենիքի մէջ: «Պայքար» այս ձեւով կու գայ փոխարինելու ոչ այլ ոեւէ օրկան, որքան՝ վերադառնալու իր իսկութեան, իր դարաւոր առաքելութեան. ան լոյս պիտի տեսնէ տպագիր եւ ելետրոնային հրատարակութեամբ»:

«Պայքար»ի խմբագրական  մարմնին  մաս կը կազմեն ընկերներ՝ Երուանդ Ազատեան, Յակոբ Վարդիվառեան, Յակոբ Աւետիքեան, Տոքթ. Յարութիւն Արզումանեան, Զաւէն Գրիգորեան, Դոկտ. Աւետիս Եափուճեան, Վաչէ Սեմերճեան եւ ընկհ. Պայծիկ Գալայճեան:

Անդրանիկ թիւին մէջ  իր ողջոյնի խօսքը յղած է ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ ընկ. Վարդան Նազիրեան:

«Հայ Ձայն»