Պուազիզիի արտագաղթը

744

ԾԱՆՈԹ. – Յարութ Էքմանեանի այս հոդվածը լույս է տեսել ՍիվիլՆեթի կայքում, 2012-ի դեկտեմբերին:

Mohamed_Bouazizi

Մուհամատ Պուազիզին 26 ամեայ երիատասարդ մըն էր, Թունիսի Սիտի Պուզիտ նահանգի թերզարգացած շրջաններէն, ուր անգործութեան տոկոսը 30 առ հարիւր է: Հայրը, արտագնայ աշխատանքով Լիբիա մեկնած շինարարական բանուոր մը, Պուազիզիի երեք տարեկան հասակին մահացած է: Ան ունէր իրմէ փոքր վեց քոյրեր եւ եղբայրներ: Յաճախած է իր բնակած շրջանէն 19 քիլոմեթր հեռու մէկ սենեկանոց դպրոց մը, զոր առանց աւարտելու անցած է գործնական կեանքի՝ որպէս փողոցներու մէջ շրջիկ վաճառող: Անգործութեան պատճառով ան բանակ դիմած է որպէս կամաւոր, սակայն մերժուած: Ինչպէս նաեւ մերժուած են անոր զանազան տեղեր կատարած գործի դիմումները: Անոր ամսական մուտքը ընդամէնը 140 ԱՄՆ Տոլար էր, որուն միջոցաւ կը հոգար իր ընտանիքին ծախսերը եւ անգամ իր կրտսեր քրոջը համալսարանի ծախսերը: Պուազիզիի երազն էր ընդամէնը փոքր բեռնատար մեքենայ մը ունենալը՝ որպէսզի զարգացնէ իր շրջիկ վաճառողի գործը:

Ճիշդ երկու տարի առաջ, Դեկտեմբեր 17, 2010 թուականին, սովորական աշխատանքային օրուայ մը ընթացքին կին ոստիկան մը իր օգնականներով կը մօտենայ Պուազիզիին, կ’ապտակէ զինք, կը թքէ անոր վրայ, կ’առգրաւէ անոր ելեկդրոնային կշիռքի մեքենան եւ կը ջարդէ անոր անիւներով սայլը, որուն միջոցաւ ան կը շրջէր եւ կը վաճառէր կանաչեղէն եւ այլ ապրանքատեսակներ: Այս առաջին անգամը չէր, հակառակ անոր որ իր ապրած նահանգի օրէնքին համաձայն ան որեւէ օրէնք չէր խախտած եւ որեւէ պետական արտօնութեան պէտք չունէր այդ գործը կատարելու համար: Երբ անոր բողոքը նահանգապետին կողմէ մերժուեցաւ, ան սպառնաց ինքնահրկիզմամբ, եւ երբ տեսաւ, որ իր իրաւունքը եւ արժանապատուութիւնը վերականգնելու այլ յոյս չունի, իսկապէս ան կատարեց այդ քայլը եւ 18 օր ետք մահացաւ:

Պուազիզին դարձաւ Թունիսի բռնապետութեան դէմ յեղափոխութեան կայծը, որուն իշխանութիւնը իր մահէն տասը օր ետք տապալեցաւ եւ Թունիսի նախագահ Պէն Ալին Սէուտական Արաբիա փախաւ: Պուազիզիի ազատութեան եւ արժանապատուութեան սիրոյն կատարած զոհաբերութեան պատճառաւ ծայր առաւ «արաբական գարուն» կոչուող շարժումը, որ Միջին Արեւելքի մէջ շարք մը բռնապետներ գահընկեց ըրաւ եւ ամբողջ աշխարհի քաղաքական պատմութիւնը յաւերժ փոխեց:

Եկէք պահ մը ժամացոյցի սլաքները ետ դարձնենք եւ ենթադրենք, որ Պուազիզին Հայաստանի Տաւուշի մարզի Չինչին գիւղին մէջ ծնած ըլլար՝ նոյն ընտանեկան եւ տնտեսական ծանր պայմաններով, այս պարագային միակ տարբերութեամբ մը, որ հայրը Լիպիոյ փոխարէն Ռուսաստան մեկնած կ’ըլլար շինարարական աշխատանքի համար: Ոստիկանութիւնը ամէն օր կը խոչընդոտէ Պուազիզիի աշխատանքը, եւ օր մը ճարահատ Պուազիզին բոլոր օրինական կարգերուն դիմելէ եւ զանոնք սպառելէ ետք կը մեկնի մարզպետին մօտ եւ անոր միջամտութիւնը կը խնդրէ, որպէսզի կարենայ շարունակել, գոյատեւել: Մարզպետը հաւանաբար կը մերժէ զինք: Պուազիզին տուն կը վերադառնայ, ճամպրուկը կը հաւաքէ եւ կը մեկնի Ռուսաստան, խոպան, իր երկրին մէջ կորսնցուցած արժանապատուութիւնը օտար հողերու վրայ փնտռելու պատրանքով…

Յարութ Էքմանեան