Հայագիտական Նոր Հրատարակութիւններ. Ներկայացնում է Գէորգ Եազըճեանը

1503

Այսուհետ սփիւռքահայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար պիտի ղրկենք մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

Տուեալներուն եւ ամբողջ ցանկերուն հրապարակումն ու արտատպումը թոյլատրուած են՝ պատրաստողի անուան յիշատակման պարտադիր պայմանով:

Ազնաւորեան Զարեհ Արք.,«ԶԱստուած Տեսնել», կազմող` Յակոբ Քորթմոսեան, խմբագիր` Գէորգ Եազըճեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2014, 544է (17 x 24 սմ.) (երջանկայիշատակ Զարեհ Սրբազանի աստուածաբանական-մեկնողական, քարոզախօսական, Մեծ Եղեռնի նահատակներու սրբադասման, եկեղեցական երաժշտութեան եւ զանազան բնոյթի գրութեանց ընտրանի):

– Ազնաւորեան Զարեհ Արք., «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», «Առաջաբան»ը` Մակար Եպս. Աշգարեանի, ներածական խօսքը` Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի, Թեհրանի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի հրատարակութիւն, Թեհրան, 2015, 768 էջ (Ա-5) (երջանկայիշատակ Զարեհ Սրբազանի դասախօսութիւններէն գրառուած` Աստուածաշունչ Մատեանի մեկնողական գրականութիւն):

– Ալպօյաճեան Արշակ, «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ – Տեղագրական, Պատմական Եւ Ազգագրական Ուսումնասիրութիւն», Ա. Եւ Բ. հատորներ, Բ. հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Ժիրայր Դանիէլեան, «Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» մատենաշար թիւ 10 եւ 11, Անթիլիաս, 2015:

– Աղպաշեան Պարոյր, «Երեւանի Պետական Համալսարան (95-ամեակ) – Երախտաւոր Դասախօսներ (Դիմանկարային Հպումներ)», տպարան «Զինքոկրաֆ Քեսթէնեան», Պէյրութ, 2015, 104 էջ (17 x 24սմ.) (հեղինակին՝ 1960-ականներու երկրորդ կէսին Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Բաժանմունքին մէջ ուսանողական տարիներու յուշեր՝ առնչուած իր դասախօսներուն եւ վերջիններուս կենսագրական տուեալները, լուսանկարներ):

– Այվազեան Արմէն, «Հայ-Պարսկական 449-451 Թուականներու Պատերազմը. Արշաւանքները Եւ Ճակատարամարտերը», «Ոսկան Երեւանցի» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 516 էջ + քարտէսներ (15.1 x 22.8 սմ.) (գիտական կոթողային աշխատութիւն, օգտագործուած գրականութեան, անձնանուններու, տեղանուններու եւ այլ ցանկեր) (ռուսերէն):

– Գալուստեան Գրիգոր Հ., «Մարաշ Կամ Գերմանիկ Եւ Հերոս Զէյթուն», Գ. հրատարակութիւն, «Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» մատենաշար թիւ 9, խմբագիր` Ժիրայր Դանիէլեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2015, 1135: Մեկենասներ` Տէր եւ Տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեան:

– Գուլակեան Յասմիկ, «Չիւրացուած Դասեր», Երեւան, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան Հիմնարկի հրատարակութիւն, «Մեսրոպ Արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 134, 2015, 384 էջ (Ա-5) (հրապարակախօսութիւն ու հայրենի եւ սփիւռքահայ մտաւորականներու հետ հարցազրոյցներ` ազգային, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած մտահոգիչ հարցերու մասին):

– Զաքարեան Անուշաւան, «Արեւմտահայ Իրականութիւնը Ռուս Հրապարակախօս Տ. Օլկենինի Գնահատմամբ», Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2104 (Ա-5) (Անթուան Պերեզովսքի-Օլկինսքիի 1913-ի առաջին կէսին Հայաստանի արեւմտեան հատուած ուղեւորութեան տպաւորութիւնները, թղթակցութիւնները եւ անոր «Անհետացող Հայաստան» դասախօսութեանց շարքը):

– Կիւզելեան Ասատուր, «Կը Խօսին Նամակները – Նամակագրութիւն Ասատուր Կիւզելեան-Սիմոն Սիմոնեան Եւ Ասատուր Կիւզելեան – Վահրամ Մավեան», Պէյրութ, 2014, 504 էջ (16.5 x 23.4սմ.) (լոնտոնաբնակ վաստակաշատ մանկավարժի եւ խմբագիրի 1950-1980-ական թուականներուն փոխանակած նամակները սփիւռքահայ գրականութեան եւ մշակոյթի երկու մեծ գործիչներուն հետ, լուսանկարներ, ծանօթագրութիւններ, հայատառ օտար բառերու բառարան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

– Կոզմոյեան Ռոմէն, «Իմ Կեանքի Հաւատամքը», «Մուղնի» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2015, 280 էջ(13.5 x 21.7սմ.) (Լիբանանի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպանատան աշխատակից, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի բաժնի վարիչ, այնուհետեւ՝ նախագահի տեղակալ անհատի հարուստ յուշերու ընտրանին):

– «Հայ Գրատպութիւն Եւ Գրքարուեստ – Հանրագիտարան»,  Հայկական Հանրագիտարանի Խմբագրութեան հրատարակութիւն, Երեւան, 2015, 1120 էջ (17 x 24 սմ.) (հեղինակներ, տպարաններ, պարբերականներ, հրատարակչատուներ եւ այլք, պատկերազարդ):

– «Հայոց Հոգեւոր Եւ Կրթական Կեանքը Պուլկարիոյ Մէջ», զեկուցումներու ժողովածու, Սոֆիա, 2016 (2014 թ.ին կայացած գիտաժողովի զեկուցումներ եւ նիւթեր) (պուլկարերէն):

– Միսաքեան Շաւարշ, «Տերեւներ Դեղնած Յուշատետրէ Մը», խմբագիր` Արփի Թոթոյեան, «Փարանթէզ» հրատարակչութիւն, Մարսէյ – Ֆրանսա, 2015, 127 էջ (17 x 24 սմ.) (1935-ին «Յառաջ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յուշագրութիւնը` Գրիգոր Պըլտեանի «Պակսող Բառը» վերջաբան-յաւելուածով):

– Չոլաքեան Յակոբ, «Քեսապ», խմբագիր` Ժիրայր Դանիէլեան, «Արեւմտեան Հայաստանի Եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» մատենաշար թիւ8, Անթիլիաս, 2015, 1384 էջ (20 x 27.8սմ.) (կոթողային աշխատութիւն Քեսապի պատմութեան, ազգագրութեան, բանահիւսութեան, բարբառին եւ այլ մարզերուն  մասին, անձնանուններու, տեղանուններու եւ ուրիշ ցանկեր, լուսանկարներ, երգերու նօթաներ):

– Պապեան Կորիւն Արք., «Ուսումնասիրական Յօդւածաշարք», Սպահանի Հայոց Թեմի Կրօնական Խորհրդի հրատարակութիւն, Նոր Ջուղա, 2015, 123էջ (17.4 x 24.1սմ.) (պատմա-բանասիրական երեք բարձրարժէք ուսումնասիրութիւններ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանքի տպարանի հիմնադիր Խաչատուր Վրդ. Կեսարացիի, անոր աշակերտ ու գործի շարունակող Յովհաննէս Վրդ. Ջուղայեցի-Քթռէշենցի կեանքին ու գործունէութեան, վասն կրօնի դաւադրութեամբ զոհուած պարսկահայ երիտասարդ Ռոստոմ Խան Էնակոլոփեանցի նահատակութեան հանգամանքերուն մասին, գունաւոր լուսանկարներ):

– Սիմոնեան Աշոտ, «Զանգեզուրի Գոյամարտի Հերոս Խաչատուր Մալինցեան», «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2014, 120 էջ (Ա-5) (Հ. Հ.ի բանակի գնդապետ, Զանգեզուրի հայկականութեան համար պայքարած, գրեթէ ամբողջովին անյայտ գործիչի կեանքն ու գործունէութիւնը, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ):

– Սիմոնեան Ռուբէն, «Անդրանիկ 150 – Մասունքներ»,«Նոյեան Տապան Հոլտինկ», 2015, 120 էջ(Ա-5)(անյայտ կամ շատ քիչ յայտնի էջեր ազգային հերոսի կեանքէն ու գործունէութենէն, լուսանկարներ):

– Վարդումեան Յովիկ, «Ուխտեալները», «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2015, 216 էջ (Ա-5) (Եդեսիա-Ուրֆայի 1915-ի հերոսական ինքնապաշտպանութեան նիւթով գեղարուեստական վէպ): Հրատարակուած է պետական աջակցութեամբ:

– «Ցեղասպանութենէն Վերապրող Հաճընի Հպարտ Զաւակ Ասատուր Չալեանի Յուշերը», հայերէն բաժինի խմբագիր` Աբօ Պօղիկեան, անգլերէն բաժինի խմբագիր` Արա Խաչատուրեան, «Ասպարէզ» օրաթերթի հրատարակութիւն, Լոս Անճելոս, 2015, 193 էջ (15 x 22.4 սմ.) (երկլեզու` անգլերէն եւ հայերէն նոյնական բովանդակութեամբ, լուսանկարներ, Չալեան գերդաստանի տոհմածառը):

– Քասունի Երուանդ Հ., «Կանխորոշուած Ցեղասպանութիւն – Հետազօտութիւն Գէորգ Մեսրոպի «Թրքահայերն Ու Թուրքերը» Փաստաթուղթերու Տուեալներով», Պէյրութ, 2015:

– Օշական Յակոբ, «Համապատկեր Հայ Գրականութեան», Բ. հրատարակութիւն, Գ. հատոր՝ «Կրտսեր Ռոմանթիգներ», խմբագիր՝ Վարուժան Արք. Հերկելեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ»ի թիւ 82, Անթիլիաս, 2015:

 

Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան