Հայագիտական բնոյթի նոր հատորներ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

2349

Նոր հրատարակութիւններ

– Աբրահամեան Վիքթորիա (Abrahamyan Victoria), «Հայ գաղթականները ֆրանսական հոգատարութեան Սուրիոյ մէջ. Պետականազրկում եւ ազգակերտում Միջին Արեւելքի մէջ» (Armenian Refugees in French Mandate Syria: Statelessness and Nation Building in the Middle East), «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշար, խմբագիր՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, «I. B. Tauris» հրատարակչութիւն, Լոնտոն-Նիւ Եորք, 19 փետրուար 2026, 384 էջ (15,6 x 23,4 սմ.) (8 լուսանկար, լուսանկարներու, յապաւումներու, օգտագործուած աղբիւրներու եւ անուն-հասկացութիւններու ցանկեր) (անգլերէն): Գիրքը նուիրուած է «Սուրիոյ եւ Հայաստանի քաջ ժողովուրդին»։

Բալայեան Վահրամ (Ա. եւ Բ. հատոր), Բալայեան Մելանիա (Ա. եւ Բ. հատոր), Յովհաննիսեան Լեռնիկ (Ա. հատոր) եւ Սարգսեան Սլաւա (Բ. հատոր), «Արցախի Հանրապետութեան նիւթական մշակոյթի ժառանգութիւնը», Ա. եւ Բ. հատոր, համախմբագիրներ՝ Վալերի Աւանէսեան (Ա. եւ Բ. հատոր), Սլաւա Սարգսեան (Ա. հատոր), Լեռնիկ Յովհաննիսեան (Բ. հատոր), նախագծի համակարգող՝ Պարէտ Մարոնեան, հրատարակիչ՝ «Հոգեւոր Արցախ» հասարակական կազմակերպութիւն, Երեւան, 2025, 520 + 566 էջ (308 բնակավայրերու մէջ գտնուող 5658 պատմական յուշարձաններու նկարագրութիւն-պատկերագիրք, 5000-է աւելի լուսանկար եւ քարտէս, օգտագործուած գրականութեան ցանկ): Աշխատութիւնը հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը։ Նախագծին գանձատրումը կատարած է Պոսթոնի «Վահէ Ֆաթթալի հիմնադրամ»ը։

 Գալստեան Սեդա, «Զօրավար Անդրանիկ – 160», խմբագիրներ՝ Տիանա Գրիգորեան (նաեւ՝ ռուսերէնի եւ անգլերէնի թարգմանիչ) եւ Նժդեհ Երանեան, անգլերէնի միւս թարգմանիչներ՝ Արմինէ Փաչաճեան եւ Արամ Պրանսոն, Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2025 [փետրուար 2026], 128 էջ (Զօրավարին ժառանգութիւնը՝ լուսանկարներով՝ կեանքի դրուագներու եւ ՀՊԹ-ի մէջ պահուող անձնական արխիւի նիւթերու նկարագրութեամբ) (եռալեզու՝ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն):

Գրիգորեան Պէաթրիս եւ Քիպարեան Ժան-Փիեռ (Krikorian Béatrice, Kibarian Jean-Pierre) (կազմողներ), «Երկու արեւելագէտներ 19-րդ դարու այգաբացին – Վիքթոր Լանկլուայի՝ 1859-1869-ին գրած նամակները Մարի-Ֆելիսիթէ Պրոսսէին» (Lettres écrits entre 1859 et 1869, de Victor Langlois à Marie-Félicité Brosset), հրատարակիչ՝ ԱՆԻ մատենասիրական միութիւն (Socièté Bibliophilique ANI), Փարիզ, 2025, 250 էջ (Փարիզէն 1859-1869 տարիներուն Լանկլուայի յղած 138 նամակները Սանքթ Փեթերպուրկի մէջ բնակող իր հայրենակից արեւելագէտ-հայագէտ Պրոսսէին, տեղեկութիւններ Լանկլուայի Կիլիկիա ուղեւորութեանց, Օսմանեան Պետութեան հայոց, Վենետիկի մխիթարեաններուն հետ կապերուն եւ հայութեանն առնչուած այլ իրողութիւններու մասին) (ֆրանսերէն):

Եթքին Էրեն Եըլտըրըմ, Չելիք Ատնան եւ Մագսուտեան Նազան (Yetkin Eren Yıldırım, Çelik Adnan, Maksudyan Nazan) (համախմբագիրներ), «Կեանքեր՝ պատառիկներու մէջ – Հայկական ցեղասպանութեան ինքնապատմողական աղբիւրներ եւ կենսագրական մօտեցումներ» (Lives in Fragments: Self-Narrative Sources and Biographical Approaches to the Armenian Genocide), «Նոր ուղղութիւններ թրքագիտական ուսումնասիրութեանց մէջ» (New Directions in Turkish Studies) մատենաշար թիւ 4, «Պերկահն» (Bergahn) հրատարակչութիւն, Օքսֆորտ – Նիւ Եորք, 1 փետրուար 2026, 322 էջ (Գերմանիա եւ Ֆրանսա ապրող թուրք եւ քիւրտ հեղինակները՝ Հայոց ցեղասպանութեան, անոր իրողութեան եւ ուրացման մասին՝ վերապրողներու պատումներուն, կենսագրութեանց եւ ապրած հոգեխոցին ընդմէջէն, օգտագործուած գրականութեան եւ տպագրուած 20 լուսանկարներու ցանկեր, անուն-հասկացութիւններու ցանկ) (անգլերէն):

– Եոհաննէս Արմինէ (Johannes Armineh), «Մենք ենք, մեր սարերը» (We are Our Mountains), յառաջաբանը՝ Տիգրան Եկաւեանի, «Ֆոր այզ» (Four Eyes) հրատարակչութիւն, Փարիզ, փետրուար 2026, 224 էջ (21 x 29 սմ.) (1989-2023-ին Արցախէն առնուած սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր հարիւրաւոր լուսանկարներու ալպոմ) (երկլեզու՝ անգլերէն-ֆրանսերէն):

– Կարապետեան Սամուէլ եւ Աբրահամեան Էմմա, «Ղարադաղ», գիտական խմբագիր՝ Ռաֆֆի Քորթոշեան, խմբագիր եւ սրբագրիչ՝ Յասմիկ Յովհաննիսեան, անձնանուններու, տեղանուններու եւ առարկաներու ցանկերու կազմող՝ Շողինէ Յովհաննիսեան, «Հայաստանի պատմութիւն» մատենաշար թիւ 6, Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի հրատարակչութիւն, «Զանգակ» ՍՊԸ-ի տպարան, Երեւան, 2025 [փետրուար 2026], 496 էջ (ներկայիս Իրանի տարածքին մէջ գտնուող՝ Հայաստանի Պարսպատունիք (Ղարադաղ) գաւառի պատմութիւնն ու պատմա-ճարտարապետական յուշարձանները, Ղարադաղի գաւառի պատմական յուշարձաններու, օգտագործուած աղբիւրներու, հակիրճ բացատրութիւններով հարստացած անձնանուններու, տեղանուններու եւ անուն-հասկացութիւններու ցանկեր, լուսանկարներ): Հրատարակուած է Ժանեթ Միրզայեանի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ ծնողներուն՝ Յովհաննէս Մելիք-Ղասումեանի եւ Հայկանուշ Ապարեանի։ Դաշտային աշխատանքները իրականացած են Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնին, նախահրատարակչական աշխատանքները՝ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, «Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամ»ի եւ ՀԺՈՒ-ի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին աջակցութեամբ։

«Միսաք Մանուշեան – Օրատետրեր» (Missak Manouchian – Carnets), կազմող, խմբագիր եւ աշխատանքի համակարգող՝ Հուրի Վարժապետեան, «Diasporales» մատենաշար, «Փարանթէզ» (Paranthèses) հրատարակչութիւն, Մարսէյ, փետրուար 2026, 384 էջ (16,5 x 23 սմ.) (Երեւանի Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի Միսաք Մանուշեանի ֆոնտին մէջ պահուող՝ Միսաք Մանուշեանի 1927-1939 ժամանակաշրջանի օրատետրերու գրառումները, ընտրուած բանաստեղծութիւններ, նամակներ, վկայութիւններ Մանուշեանի մասին) (ֆրանսերէն):

Յակոբեան Արսէն եւ Մոլլիքա Մարչելլօ (Hakobyan Arsen and Marcello Mollica), «Հակամարտութիւն, տարածութիւն եւ անդրազգայնութիւն – Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմի ազգագրութիւն» (Conflict, Space and Transnationalism: An Ethnography of the Second Nagorno Karabakh War), «Քաղաքային մարդաբանութեան Փալկրէյվ ուսումնասիրութիւններ» (Palgrave Studies in Urban Anthropology) մատենաշար, մատենաշարի խմբագիրներ՝ Իթալօ Փարտօ (Italo Pardo) եւ Ճուլիանա Պ. Փրաթօ (Giuliana B. Prato), «Փալկրէյվ Մաքմիլլան» (Palgrave Macmillan) հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 21 հոկտեմբեր 2025, x + 391 էջ (2020-ի աշնանային պատերազմին եւ 2023-ի սեպտեմբերին Արցախի հայաթափման հետեւանքները արցախահայութեան ազգագրութեան եւ ինքնութեան մէջ, յառաջաբան, 9 գլուխ, օգտագործուած աղբիւրները՝ ըստ գլուխներուն, 1 լուսանկար, յատուկ անուններու եւ հասկացութիւններու ցանկ) (անգլերէն): Հեղինակները հատորը նուիրած են իրենց հայրերուն՝ Աշոտ Յակոբեանին ու Լիտիօ Մոլլիքային։

Սիրան Սեզա, «Նամականի, Բ. հատոր, Ա. եւ Բ. գիրքեր – Նամակագրութիւն սիրականներու եւ ամուսիններու հետ», կազմեց, ծանօթագրեց, թարգմանութեանց մէկ մասը կատարեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան, թարգմանութեանց մնացեալ մասը կատարեց Սեդա Թելեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, 2026, 496 + 496 էջ + 8 էջ լուսանկարներու ներդիր (14,9 x 20,7 սմ.) (մեկենասներուն եւ կազմողին խօսքերը, շուրջ 250 նամակ, 1550 ծանօթագրութիւն եւ բացատրութիւն, անձնանուններու, տեղանուններու եւ անուն-հասկացութիւններու ցանկեր): Նամականիին հատորները լոյս կը տեսնեն Սիրան Սեզայի որդիին եւ հարսին՝ Վահագն-Վիքթոր եւ Անի-Անահիտ Քիւփելեաններու մեկենասութեամբ:

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)