Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

901

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէհայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

Արսէնեան Մարիա, «Հայոց տաճարային ճարտարապետութիւնը Ուքրաինայի տարածքին», Քիեւ, 2019 (ռուսերէն):

Բարխուդարեանց Մակար եպս., «Արցախ», Ստեփանակերտ, 2019 (վերահրատարակութիւն երկրագիտական նոյնանուն հատորին):

Գատեան-Կոփիկեան Սիւզըն, «Հայկական առածներ եւ ասացուածքներ», նկարներու հեղինակ՝ Սիւզըն Քոլիեր Պոլթ, Միչիկընի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Ա. Մ. Ն., 1 մայիս 2019, 223 էջ (19 x 22,9 սմ.) (Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ տարբեր շրջաններէ Ա. Մ. Ն., մասնաւորաբար Միչիկընի նահանգի Տիթրոյթ քաղաքի մերձակայ Տելրէյ բնակավայրը գաղթած հայոցմէ տասնամեակներու ընթացքին հաւաքուած բանահիւսական նիւթեր, գունաւոր գծանկարներ) (անգլերէն):

Եունանեսեան Իսաք, «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը», «Նաշրէ մոարեֆ» հրատարակչութիւն, Թեհրան, 275 էջ (Եէյլի համալսարանի փրոֆեսոր Ճի. Ուինթըրի համանուն գիրքէն հրապարակումներու ընտրանիի թարգմանութիւնը Ի. Եունանեսեանի աշխատասիրութեամբ, նաեւ՝ Եունանեսեանի հեղինակած երկու յօդուած) (պարսկերէն):

Թումանեան Յովհաննէս, «Թմկաբերդի առումը», հայերէնէ թարգմանեց Գալինա Իզապէլլա Ֆիօլա, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 32 էջ (հայերէն եւ լեհերէն): Լոյս տեսած է Լեհաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութեամբ:

(Խմբագրական խորհուրդ), «Երեւանի պետական համալսարան – 100. Կենսագրական հանրագիտարան», երկրորդ, լրամշակուած հրատարակութիւն, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 750 էջ (17,2 x 24,6 սմ.) (Ե. Պ. Հ.ի դասախօսներու, գիտաշխատողներու եւ Արցախեան գոյամարտին զոհուած ուսանողներու կենսագրութիւններ՝ լուսանկարներով, օգտագործուած յապաւումներու ցանկ):

Հարպոյեան Կարպիս, «Խճանկար Հայկական ցեղասպանութեան», յառաջաբանը՝ Սարգիս Մահսերէճեանի, Մոնթրէալ, 2019, 500 էջէ աւելի (Մեծ Եղեռնի զանազան ծալքերուն մասին, ականատեսներու վկայութիւններ, բազմաթիւ լուսանկարներ): Հատորը լոյս տեսած է Սոնա Մէյվալեան-Կիւրիւնեանի մեկենասութեամբ:

Սմբատեան Գրիշա, «Սիւնիք – Պատմութիւն եւ յիշողութիւն», «Սիւնիք – Վայոց Ձորի հոգեւոր եւ պատմա-մշակութային ժառանգութիւն» մատենաշարի 6-րդ գիրք, խմբագիր՝ Հրանոյշ Խառատեան, «Անտարես» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 744 էջ (17,5 x 24,7 սմ.) (խմբագիրի եւ հեղինակի ներածական գրութիւններ, այսօրուայ Սիւնիքի մարզի պատմութեան առնչուած բազմաթիւ յուշագրութիւններ, փաստաթուղթեր ու այլ նիւթեր, բազմաթիւ լուսանկարներ, հեղինակի յիշատակարանը, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): «Գրքի հրատարակութիւնը հովանաւորել են Արմէն Յովհաննէսի Ղուկասեանը, Էդուարդ Վաղինակի Մուսայէլեանը»: Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր վաղամեռիկ կնոջ՝ «Լաուրայի լուսաւոր յիշատակին»:

«Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցու պատմութեան – Գիրք Ի. – Ս. Էջմիածինը եւ հայոց գրերի գիւտի 1500 ու տպագրութեան 400 ամեակների տօնակատարութիւնը 1912-1913 թթ. – Փաստաթղթերի ժողովածու», կազմող՝ Գոհար Աւագեան, խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի համատեղ հրատարակութիւն, Ս. Էջմիածինի տպարան, Վաղարշապատ, 2019 (փաստաթուղթերու ժողովածու ըստ Հայաստանի Ազգային արխիւի նիւթերուն, անձնանուններու, տեղանուններու եւ հրապարակուած փաստաթուղթերու ցանկեր): «Հրատարակւում է երաշխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական խորհրդի եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի Գիտական խորհրդի որոշմամբ»:

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան