7 Մայիս 1992ի երեկոյեան հայկական ջոկատները դէպի Շուշի կը շարժէին: Բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեանը նկարահանած դրուագ մը կը յիշէ. ՙՄինչեւ հիմա մարմինս կը փշաքաղուի: Քանի որ հայոց եւ ատրպէյճանցիներու զգեստներուն գոյները նոյնն էին, մերոնց մէջքին վրայ վիրակապով կամ բանով մը գիծ կը քաշէին, որպէսզի իրարմէ տարբերակեն: Տղաներն այդ գիծերը խաչաձեւ կ’ընէին, որովհետեւ խաչն ամենապարզ երկրաչափական տեսքն է: Երբ հրամանը հնչեց` բոլորը կանգնեցան: Կը պատկերացնե՞ս, 400 հոգի, կանգնած մթնշաղին, եւ բոլորի մէջքին վրայ` խաչ, եւ այդ մարդիկ զոհուելու կ’երթային: Ատիկա խաչակիր արշաւ էր, եւ զմայլելին ան էր, որ ատիկա յատուկ չէր եղած՚:
Շուշիի գործողութեան մշակմանը ղարաբաղեան հրամանատարութիւնը ձեռնամուխ եղած էր Խոճալուէն անմիջապէս յետոյ: 28 Ապրիլին որոշուած էին յարձակման հիմնական ուղղութիւնները: Գրոհը պէտք է սկսէր 4 Մայիսին, սակայն անսպասելի ձիւնին պատճառով քանի մը օրով կը յետաձգուի: 7 Մայիսին ղարաբաղեան ոյժերը գրոհն սկսան չորս ուղղութիւններով: Գործողութիւնը կը ղեկավարէր Ղարաբաղի ինքնապաշտպանական ոյժերու հրամանատար Արքատի Տէր Թադեւոսեանը:
Զօրակայանը տեղակայուած էր Շօշ գիւղի դրացնութեամբ: Նոյնինքն Շօշէն կը սկսէր գրոհին արեւելեան ուղղութիւնը, զոր կը ղեկավարէր Ղարաբաղի ինքնապաշտպանական ոյժերու առաջին հրամանատար Արքատի Կարապետեանը: Հիւսիսային` Ստեփանակերտ-Շուշի ուղղութեան հրամանատարը Վալերի Չիթչեանն էր, հիւսիս-արեւմտեանինը (Ճանհասան-Քէօսալար)` Սէյրան Օհանեանը: Եուրի Յովհաննիսեանը ղեկավարած է ՙ26՚ի յենակէտի (կը գտնուէր Ստեփանակերտի մերձակայ Կրկժան գիւղին մօտ) պահեստազօրի ռազմական գործողութիւնը: Հարաւային կամ Լաչինի ուղղութեան հրամանատարը Սամուէլ Պապայեանն էր:
Պապայեանը կը վկայէ. ՙԳործողութեան մասնակիցներն իրենց վրայ վերցուցած են կրակը, եւ վե’րջ: 8 Մայիսի կէսօրէն ետք ատրպէյճանցիք հեռացան քաղաքէն, իսկ 9 Մայիսի առտուն հոն որեւէ ատրպէյճանցի չկար: Քաղաքին մէջ դիմադրութիւն, մարտեր չեն եղած: Հայկական ոյժերը Շուշիի մէջ ատրպէյճանցի զինուոր չեն տեսած: Շուշիի մէջ գերի ինկած են միայն նկուղներուն մէջ պահուըտածները, որոնք տեղեակ չէին, թէ ի՞նչ կը կատարուի: Հայ զինուորը մէկ մեթր առջեւ չէ գացած այն հրասայլէն, զոր կրնաք տեսնել` Շուշի այցելելով՚:
Հայերն ամէն տարուայ 9 Մայիսին Շուշիի ազատագրման տարեդարձը կը նշեն: Միջոցառումները կը սկսին Ստեփանակերտի յուշահամալիրէն, կը շարունակուին դէպի բերդաքաղաք տանող ոլորաններէն մէկուն քովը, պատուանդանին դրուած հրասայլ-յուշարձանին մօտ կարճ կանգառէ յետոյ: 2000ին այդ միջոցառման ներկայ եղած է բրիտանացի հեղինակ Թոմաս տը Վաալը:
Յուշարձանին դիմացը կանգնած էին զոհուած հերոսներուն ազգականները: 442 թիւը կրող հրասայլին մէջ մարտի ժամանակ եղած երեք մարդոցմէ փրկուած էր հրամանատար Գագիկը: Հրասայլին քովը կանգնած էին հրասայլի վարորդ Աշոտի այրին` Սթելլան եւ տասնամեայ որդին` Յովհաննէսը: Սթելլան գունատ էր, դժբախտ եւ անհեթեթօրէն երիտասարդ: Նշանառու Շահէնին մեծ մայրը սեւ լաչակով էր ու ձեռքի սպիտակ թաշկինակով անդադար կը չորցնէր աչքերը: Յետոյ սկսաւ բարձրաձայն հեկեկալ` բռունցքները հրասայլին զարնելով:
Շուշիի ազատագրման տօնական միջոցառումները սովորաբար կ’աւարտին 1887ին կառուցուած Ղազանչեցոց եկեղեցիին մէջ մատուցուող պատարագով: 9 Մայիս 1992ի առտուն հայերը քաղաք մտած էին: Նկարահանուած նկարներէն կ’երեւի, թէ ինչպէս երջանկութենէն փայլող դէմքերով զինուորականները ՙԿրատ՚ի արկերը եկեղեցիէն դուրս կը բերէին ու, ինքնաձիգները վեր պարզած, շուրջպար կը բռնէին:
Ղարաբաղեան պայքարի տարեգիրներէն Սամուէլ Շահմուրատեանն օրագիրին 11 Մայիսի էջին մէջ կը գրէ. ՙՔաղաքը հիմնականին մէջ լաւ պահպանուած է, բայց քիչ չեն սեւցած փլատակները, հոս-հոն մեծ հրդեհներ են, ծուխը բռնած է երկինքը: Ցեխ, ծուխ, բեռնատարներու աղմուկ, թալա’ն, թալա’ն… Կը կրեն, կը կրեն. ինքնաշարժներով, սայլակներով, ուսի վրայ, ձեռքին, նոյնիսկ` էշով, ձիով, կը կրեն` ինչ որ պատահի. հագուստ, կահոյք, գորգեր, հեռատեսիլ, սառնարան, սննդամթերք, էլեկտրաջահեր, ամանեղէն, տաշտեր, ահա’ բարձր բարձած բեռնատարը դաշնամուր տարաւ: Հպարտ-ուրախ են ազատամարտիկները: Հաւաքուած են եկեղեցիին մէջ եւ շուրջը: Երգ, պար, կրակոցներ: Եկեղեցիի բակին մէջ մատաղ կ’ընեն, ոչխարը մորթեցին ու սկսան արիւնով խաչ քաշել մէկը միւսի ճակատին: Ազատամարտիկները յաղթած են, մնացածները թալանով զբաղած են՚:
Խզմալեանն այսօրուայ պէս կը յիշէ. ՙՇուշին մերոնք հրկիզեցին, վախ կար, չէին հաւատար, որ մեզի կը մնայ, եւ գիւղացիներուն մօտ կար հաւատամք, որ ատրպէյճանցին վառուած տան մէջ չ’ապրիր, այսինքն` կը վառեն, որ ատրպէյճանցին ետ չգայ, կը հասկանա՞ս: Կը յիշեմ հարիւրապետ մը, որ կը վազէր, կը պոռար. ՙԱպուշնե’ր, ի՞նչ կ’ընէք, ասիկա ձե’րն է, հոս ապրելո’ւ պիտի գաք՚:
Տէր Թադեւոսեանը կը պատմէ, որ, իրաւամբ, շրջափակման մէջ առնելով Շուշին, կը կարեւորուէր քաղաքին մէջ մնացածներուն մէջ խուճապ յառաջացնելու հարցը, որպէսզի ատրպէյճանցիք հեռանան առանց մարտեր մղելու: Այդ նպատակով նախապէս ոչնչացուած էին Շուշիի եւ Ստեփանակերտի շրջակայքի ատրպէյճանական բնակավայրերը, բերդաքաղաքը շրջափակման մէջ էր. ՙՇուշիէն առաջ եղած էին Կրկժանը, Մալիպէյլուն, Խոճալուն: Այսինքն` կար յաջորդականութիւն, թէ ո’ր բնակավայրը կ’ազատագրենք՚:
Չեչէն դաշտային հրամանատար Շամիլ Պասաեւը 1990ականներուն Ղարաբաղ գացած էր սրբազան պատերազմի` ճիհատի: Անոր մուճահէտները Շուշիէն վերջին հեռացածներէն են: Պասաեւը 2000ի Յուլիսին Չեչէնիոյ լեռներուն մէջ ատրպէյճանցի լրագրողին կը հաւաստիացնէր, որ Շուշին շրջափակման մէջ ինկաւ ատրպէյճանական բանակին մէջ կարգուկանոն եւ ղեկավարութիւն չըլլալու պատճառով:
ՙՀոն 4 մուճահէտ եւ 11 ատրպէյճանցի մնացած էր: Գրեթէ բոլորը լքեցին քաղաքը, բայց 15 հոգիով մէկուկէս օր կը պաշտպանէին, իսկ 2.800 հոգինոց կայազօրն ամէն ինչ ձգեց ու փախաւ: Եթէ մէկը կը փախչէր զրահամեքենայով` ան հերոս էր, որովհետեւ շատերը նաեւ ծանր զրահամեքենաները կը ձգէին…, Պաքու կ’երթային: Շուշին պաշտպանած մուճահէտներէս երեքը դեռ ողջ են: Շուշին պարզապէս լքուեցաւ: Մօտ 700 հայեր սկսան գրոհը, եւ ատիկա միայն արտաքին փայլն էր, խաբուսիկ բան մը: Նման ուժեղ կայազօրով եւ այդքան զէնքով, յատկապէս նկատի ունենալով Շուշիի դիրքը, հարիւր հոգին կրնար դիւրութեամբ ամբողջ տարի մը անառիկ պահել քաղաքը: Որեւէ կազմակերպուածութիւն չկար: Այսօր կարելի է զօրավար մը կամ նախարար մը ձերբակալել եւ ըսել` դո’ւն դաւաճանեցիր, դո’ւն յանձնեցիր, դո’ւն ծախեցիր: Պարապ խօսակցութիւններ են: Որեւէ ղեկավարում չկար, որեւէ մէկը որեւէ բանի համար պատասխանատու չէր՚:

Յետագային Պաքուն շրջանառութեան մէջ դրաւ այն վարկածը, թէ հայկական ոյժերը Շուշին ո’չ թէ գրաւած են, այլ` առանց կռիւներու զայն ստացած` ատրպէյճանական ռազմական հրամանատարութեան եւ քաղաքական իշխանութեան դաւաճանութեան պատճառով: Ճիշդ այդ վարկածով կ’ընթանար պաշտպանութեան նախկին նախարար Ռահիմ Ղազիեւի դատավարութիւնը: Անշուշտ, իրականութեանը մօտ են այն պնդումները, որ Շուշիի մէջ մարտեր չեն ընթացած, իսկ նկարահանումները ո’չ թէ Շուշիի, այլ` քաղաքի մատոյցներուն մէջ եղած են:
Ռազմական գործողութեան ժամանակ ղարաբաղեան կողմը տուած է 58 զոհ, որոնցմէ ո’չ մէկը` Շուշիի մէջ: Հայերը հակառակորդին թոյլ տուած են հեռանալ Շուշի-Լաչին ճամբայով:
Շուշին դաւադրաբար յանձնելու ամբաստանութեամբ մեղադրուող Ղազիեւը դատավարութեան ընթացքին հաստատած է, որ 1992ի Մայիսին Շուշիի եւ շրջակայքին մէջ տեղակայուած էր 2500-3000 զինուոր, Թէ.-72 տեսակի 3 հրասայլ, Թէ,-55 տեսակի մէկ հրասայլ, 12 հրասայլ, 3 Պէ. Էմ.-21 տեսակի համազարկային ՙԿրատ՚ համակարգ 6000 արկով, 3 թնդանօթ, 4 միաւոր ՙԱլազան՚ համակարգ, 30 միաւոր ՙԻկլա՚ եւ ՙՍթրելա-2՚ զենիթա-հրթիռային համալիր, 20 միաւոր 82 մմ.նոց ականանետ, 50 միաւոր ձեռքի ականանետ, աւելի քան 5 միլիոն ռազմամթերք:
Սամուէլ Պապայեանը կը պատմէ. ՙՇուշին գրաւեցինք մարտավարութեամբ, ո’չ թէ պարզապէս բիրտ ուժային եղանակով: Փորձեցինք հակառակորդը վերցնել օղակի մէջ, եւ երբ օղակն արդէն կը փակուէր ու շրջափակման մէջ մնալու վտանգ կար` ատրպէյճանական զօրքի եւ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ խուճապ սկսաւ: Սա’ էր հիմնական պատճառը, որ հակառակորդը լքեց Շուշին: Նոյն մարտավարութիւնը կիրառուած է նաեւ միւս գործողութեանց ժամանակ: Մենք հնարաւորինս խուսափած ենք դէմ առ դէմ պատերազմ մղելէ եւ մարտավարական քայլերու դիմած ենք. հարուածած ենք այն ուղղութիւններով, ուր հակառակորդը մեզ չէր սպասեր, մշտապէս փորձած ենք զգացնել տալ, որ եթէ թշնամին երկու ժամ շուտ չհեռանայ դիրքերէն` շրջափակման մէջ պիտի իյնայ: Այս մարտավարութեան շնորհիւ, անհամեմատ նուազ կորուստներ ունեցած ենք, թէեւ, սովորաբար, յարձակող, ազատագրող կողմին կորուստները շատ կ’ըլլան՚:
Զրահամեքենաները 7-լոյս 8 Մայիսի գիշերը հեռացած են Շուշիէն: Դասակի հրամանատար Թարլան Զուլֆուկարովը խոստովանած է, որ մարտական մեքենաները 8 Մայիսին լքեցին քաղաքը: Նոյն օրը առտուն Էլպրուս Օրուճեւը, որու զօրագունդին վրայ էր դրուած քաղաքին պաշտպանութիւնը, Զարիսլուի ուղղութեամբ երկու հրասայլ եւ երկու զրահամեքենայ կ’ուղարկէ, որոնք կ’ոչնչացուին, անձնակազմը կը սպաննուի, ինչը Շուշիէն խուճապային փախուստի նոր ալիք կը յառաջացնէ: Նոյն օրը երեկոյեան Օրուճեւը զինուորականներու երկու ՙՔամազ՚-ներով կը մօտենայ ՙանցարգել՚ներուն եւ կը հրամայէ հեռանալ քաղաքէն: Ան իր հրամանը կ’արդարացնէ անով, որ հայերը Շուշի արդէն մտած են ու քաղաքային բանտին շրջակայքը դիրքաւորուած: Քանի մը տասնեակ զինուորներու ցուցումներէն պարզուած է, որ անոնց որոշ մասը մերժած է դիրքերը լքել:
ՙՔաղաքէն 8 զինուորներու եւ Օրուճեւի հետ հեռացած վերջին անձն էի: Օրուճեւը ամբողջ քաղաքը շրջեցաւ, եւ համոզուելով, որ մէկը չէ մնացած, ինծի հրամայեց արագօրէն հեռանալ՚,- խոստովանած է Շուշիի ոստիկանութեան բաժանմունքի աշխատակից Շիւքիւր Ռասուլովը:
Տէր Թադեւոսեանը Շուշիի ազատագրումը նախեւառաջ կը նկատէ ո’չ թէ յաղթանակ, այլ` յաջողութիւն, զոր ունէր իր առաջին դէմքերը. ՙԱշոտ Ղուլեան, Վալերի Չիթչեան, Եուրի Յովհաննիսեան, Վլատիմիր Բալայեան: Մէկու մը անունն ալ նշեմ, ողջ-առողջ է, որ պէտք է բարձրագոյն պարգեւի արժանանար. ան Վալերի Բալայեանն է, որ խորհրդարանին մէջ Պաշտպանութեան Հարցերու Յանձնաժողովի նախագահն էր, բայց նաեւ ռազմական գործողութիւնները կը ղեկավարէր: Օրինակ, Մալիպէյլուն ան ազատագրեց: Շուշին ազատագրելու ժամանակ Պապայեանի ուղղութեան մէջ ան կարեւոր դեր խաղցաւ: Անոր հետ Սէֆիլեանն էր: Ժիրայրը գիտենք, ան հերոս է, յետոյ զայն դատեցին, բայց Բալայեանը ոչ ոք գիտէ: Պէտք է ճանչնալ բոլորը, միայն այդպէ’ս կ’իմանանք ճշմարտութիւնը: Կեանքը դաժան է: Երբեք չեմ մոռնար երիտասարդ մը` Դաւիթաշէնի Արսէնը` լուռ, խաղաղ տղայ մը: Անգամ մը, երբ մենք իսկ ուտելու բան մը չունէինք, կին եւ երախայ գերիներուն ան հաց ու շաքար տարած էր: Այդպիսի’ մարդը կրնայ հերոսութիւն ընել՚:
Ճաշկերոյթ Սպահանի մէջ
8 Մայիսին, Սպահանի մէջ` Շահ Ապպասի ժամանակները կառուցուած պանդոկին մէջ կը շարունակուէր Հայաստանի նախագահի պատուին ճաշկերոյթը:
Տէր Պետրոսեանի խորհրդական Վահան Փափազեանը կը յիշէ. ՙԻնծի մօտեցաւ արտաքին գործոց նախարար Վելայաթին եւ ըսաւ, որ իրանական կողմը լուր ստացած է, թէ հայկական ոյժերը Շուշի կը մտնեն: Ատիկա 8 Մայիսին էր: Ըսի, որ տեղեակ չեմ եւ որեւէ յստակ բան չեմ կրնար ըսել: Վելայաթին հարցուց` հնարաւոր չէ՞ Երեւան հեռաձայնել: Այլեւս չէի կրնար խուսափիլ: Իրանական կողմը հեռաձայնային կապ ապահովեց, կապուեցայ Շահէն Գարամանուկեանի հետ: Կը հարցնեմ` Շահէ’ն, ի՞նչ կայ, կը պատասխանէ` ամէն ինչ լաւ է, մի’ անհանգստանաք: Ապա մօտեցայ Տէր Պետրոսեանին ու ներկայացուցի վիճակը: Նախագահը շատ հանգիստ կերպով ընդունեց, ան գիտէր, որ իրադարձութիւնները կրնան համընկնիլ: Մենք պարսիկներուն առջեւ անյարմար վիճակի մէջ յայտնուեցանք: Ըսինք, որ մեզի համար ալ անսպասելի էր, Երեւան վերադառնալէ ետք հնարաւոր կ’ըլլայ մանրամասնութիւնները ճշդել: Հայկական պատուիրակութիւնը ճանապարհելու պաղ արարողութիւն մը եղաւ, ինչը բնական էր, քանի որ պարսկական կողմը բաւական անյարմար վիճակի մէջ յայտնուած էր: Ասիկա կարելի է մինչեւ իսկ դիւանագիտական փոքր գայթակղութիւն որակել՚:

Հայաստանի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը 6 Մայիսին գացած էր Թեհրան, եւ մէկ օր յետոյ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնակատար Եաղուպ Մամէտովը Իրանի նախագահ Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանիի միջնորդութեամբ Թեհրանի մէջ ստորագրած էին ղարաբաղեան կարգաւորման` 8 կէտէ կազմուած համատեղ յուշագիր մը: Փաստօրէն, իրանցիներու` զինադադար հաստատելու հերթական փորձը տապալեցաւ ստորագրման պահէն. հայերը դէպի Շուշի կը շարժէին:
Ժիրայր Լիպարիտեանն իրանական միջնորդութեան ձախողման անմիջական պատճառը կը սեպէ Շուշիի գրաւումը, իսկ աւելի խորունկ պատճառը կողմերուն` բանակցութեանց պատրաստ չըլլալը, ուստի` իւրաքանչիւր միջնորդութիւն ձախողելու էր: Իրադարձութեանց յետագայ ընթացքն ալ այդ ապացուցեց:
Լիպարիտեանը կը դժուարանայ ըսել, թէ Ռուսիան եւ Ե. Ա. Հ. Խ.ն մտահոգուա՞ծ էին միջնորդութեամբ Թեհրանի հնարաւոր յաջողութիւններով. ՙԵս իրանական միջնորդութեանը որեւէ ուղղակի եւ բացայայտ ընդդիմութիւն չեմ յիշեր: Բայց Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ա. Մ. Ն.ի գործադրած դիւանագիտական ջանքերը ցոյց կու տային, որ անոնք իրանական միջնորդութենէն այնքան ալ գոհ չէին, այդ երկիրներէն ամէն մէկը Իրանի ջանքերը չէզոքացնելու սեփական պատճառներն ունէր: Ակնյայտօրէն, վերոնշեալ երկիրներէն որեւէ մէկը չէր փափաքեր իրանական ազդեցութեան ընդլայնումն այս տարածաշրջանին մէջ, ինչ որ հաւանական էր իրանական միջնորդութեան յաջողութեան պարագային՚:
5 Մայիսին Մարիօ Ռաֆայելլին 13 հոգինոց խումբով մը եկած էր Երեւան ու Տէր Պետրոսեանի հետ հանդիպած: Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչ Մանուէլ Սարգսեանը կը պատմէ, որ Մինսքի Խորհրդաժողովի ներկայացուցիչները Հայաստանէն Շուշի երթալու փափաք յայտնեցին:
ՙԸսին, որ այնտեղ վտանգ կայ: 7 Մայիսին անոնք պէտք է Աղտամի հատուածը հատէին եւ Շուշի ուղեւորուէին: Մենք խոչընդոտեցինք, անոնք Աղտամէն ետ դարձան, Ատրպէյճանով վերադարձան Երեւան: Շուշին վերցնելու օրը ելոյթ ունեցայ հայկական հեռատեսիլէն, ըսի, որ Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն Խորհուրդի որոշմամբ, ղարաբաղեան բանակը քաղաքը վերցուցած է Ստեփանակերտը պաշտպանելու նպատակով: Շուշիի հարցը Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ խոշորագոյն վէճերէն մէկը դարձաւ: Իրանը կը գտնէր, որ ատիկա Թեհրանի դէմ արեւմտեան դաւադրութիւն եղած է: Բայց իրականին մէջ այդպէս չէ: Մենք Շուշիի գործողութիւնը պարտադրուած սկսանք 7 Մայիսին՚:
Թեհրան. ՙՄեհրապատ՚ օդանաւակայան
8 Մայիսին Իրանի նախագահ Ռաֆսանճանին ճամբու կը դնէր Տէր Պետրոսեանը եւ Մամէտովը: Վերջինս Շուշիի անկման լուրը Պաքու վերադառնալէն անմիջապէս առաջ ստացած էր. ՙԱյո’, այդ լուրն ինծի փոխանցեցին օդանաւակայանին մէջ: Անմիջապէս կապուեցայ Ռաֆսանճանիի հետ: Անոր տրամադրութիւնը շատ ինկաւ, ան խոստացաւ անմիջապէս կապուիլ Տէր Պետրոսեանի հետ` հանգամանքները պարզելու համար: Որոշ ժամանակ յետոյ երբ ես կրկին կապուեցայ Ռաֆսանճանիի հետ` ինծի հաղորդեց, որ Տէր Պետրոսեանն այդ մասին բան չի գիտէր, ու կատարուածի մասին տեղեկութիւններ ստանալու մտադիր է Երեւան վերադառնալէն ետք՚:
Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ Արա Սահակեանը պատուիրակութեան կազմին մէջ Թեհրան կը գտնուէր: Երբ հարցուցի` կը յիշէ՞ Շուշիի լուրն առնելէն ետք Տէր Պետրոսեանի առաջին արձագանգը, Սահակեանը պատասխանեց. ՙԻնծի համար այնքան կարեւոր չէր Տէր Պետրոսեանի, որքան կարեւոր եւ յատկանշական էր Ռաֆսանճանիի եւ Մամէտովի արձագանգը: Տէր Պետրոսեանին տեղեկացուց Փափազեանը: Ան լուրն ընդունեց շատ անխռով կերպով: Վերջին դատաստանի օրն ինկաւ Մամէտովը, պարզապէս անոր թեւերը մտած բարձրացուցին օդանաւի շարժասանդուղքը: Առաջինը Մամէտովը կը մեկնէր: Ծանր էր հարուածը նաեւ Ռաֆսանճանիի համար: Ան հասկցաւ, որ իր խաղաղարար նախաձեռնութիւնը ձախողեցաւ՚:
Նախագահ Տէր Պետրոսեանի` Շուշիի ազատագրմանը համընկած Թեհրան այցը յետագային առիթ դարձաւ պնդումներու, թէ Հայաստանի ղեկավարը Ղարաբաղի մէջ իրականին մէջ կատարուողներէն տեղեակ չէ եղած: Զուտ արտաքին քարոզչական իմաստով այդ հաստատումները Հայաստանի պետական շահերէն կը բխէին: Ներհայկական իմաստով` նման պնդումները Տէր Պետրոսեանն ու անոր շրջապատը, ինչպէս նաեւ ռազմական գործողութեանց մասնակից բարձրագոյն զինուորականութիւնը անազնիւ վերաբերմունք եւ պատմական կեղծարարութիւն կը սեպեն:
Երբ Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատար Կէորկի Պետրոսեանէն փորձեցի ճշդել Շուշիի ազատագրման` Հայաստանի ղեկավարութեան տեղեկացուած ըլլալը, ան պատասխանեց. ՙԵս Շուշին վերցնելու լուրը Տէր Պետրոսեանին պաշտօնապէս չեմ տեղեկացուցած: Բայց Հայաստանի նախագահն ուրիշ խողովակներէ կը տեղեկանար: Մեր` Շուշին վերցնելն ու Թեհրանի բանակցութիւնները պարզապէս պատահականօրէն համընկած են՚:

Սամուէլ Պապայեանը կ’ըսէ, որ Տէր Պետրոսեանը Շուշիի ազատագրման գործողութենէն տեղեակ էր. ՙԱնիկա նախատեսուած էր սկսիլ դեռ Ապրիլին, բայց խնդիրներ կային, օրինակ` զէնքի եւ զինամթերքի պակասութիւնը: Միայն Շուշիով հարց չէր լուծուեր, պէտք էր պահել նաեւ Աղտամի եւ Մարտակերտի ուղղութիւնները: Այդ իսկ պատճառով, որոշեցինք գործողութիւնն սկսիլ զէնքի ու զինամթերքի պակասը լրացնելէն ետք միայն: Պէտք էր նաեւ հետախուզական քանի մը ճշդումներ կատարել: Անհրաժեշտ էր Քիրս սարի բարձրունքներուն վրայ դիրքաւորուիլ, ու թէեւ այդ տարի ձիւնն առատ էր եւ դժուարութիւններ յառաջացան` յաջողեցանք դիրքաւորուիլ եւ օղակի մէջ վերցնել: Ասոնք եղած են հիմնական խոչընդոտները, որոնց հետեւանքով գործողութիւնը յետաձգուած է եւ գործողութեանց սկիզբը պատահականօրէն համընկած է Տէր Պետրոսեանի Թեհրան երթալուն հետ՚:
Յատուկ Ծրագիրներու Պետական Վարչութեան պետ Վահան Շիրխանեանը կը վկայէ, թէ Տէր Պետրոսեանը պատերազմող երկրի նախագահ էր բառին ամենալայն իմաստով: Ան Շուշիի գործողութիւնը քիչ մը ուրիշ կերպ կը մեկնաբանէ. ՙԽնդիրը պատերազմին մէջ յաղթելն էր: Բոլորս եւ առաջին կարգին` Վազգէն Սարգսեանը ասոր կը ձգտէինք եւ կը հաւատայինք: Իսկ յաղթանակել առանց Շուշիի ազատագրման` պարզապէս հնարաւոր չէր: Հայ զինուորականներէն լաւագոյնները մասնակցած են գործողութեան մշակման ու իրականացման: Ճիշդ է նաեւ, որ Ղարաբաղի բանակն է Շուշին ազատագրած: Արցախը չէր կրնար ազատագրուիլ, եթէ չ’ազատագրուէր Շուշին, Արցախը չէր կրնար գոյատեւել, եթէ չ’ազատագրուէր Լաչինը՚:
Արա Սահակեանը աւելի բան գիտէ. ՙԳոյութիւն ունի փաստաթուղթ ու ատոր տակ դրուած ստորագրութիւն, որ այս հարցին վերաբերեալ արհեստականօրէն ստեղծուած բոլոր կնճիռները կը լուծէ: Շուշիի ազատագրման հարցով կրնաք փակագիծ մը բանալ. (Հայաստանի) Անվտանգութեան Խորհուրդը Շուշին ազատագրելու եւ Լաչինի միջանցքը բանալու` Հայաստան-Ղարաբաղի ցամաքային կապ ստեղծելու յանձնարարութիւնը ձեւակերպած է իբրեւ քաղաքական պատուէր եւ տուած է զինուորականութեան: Խորհրդային կրթութիւն ստացած հայ զինուորականութիւնը ներկայացուց, թէ անհրաժեշտ է այսքան զինուոր, արկ, զրահամեքենայ, այսքան կորուստ կ’ունենանք եւ այլն: Ըստ այդ թուաբանութեան` մենք չէինք կրնար այդ ժամանակ մեր ունեցած ոյժերով խնդիրը լուծել: Հետեւաբար` խնդիրը դրուեցաւ ո’չ թէ ակադեմական զինուորականութեան, այլ` ջոկատներուն, Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ոյժերուն եւ Վազգէն Սարգսեանի ու անոր ենթարկուող ջոկատներուն մակարդակով: Ու անոնք իրականացուցին չափազանց քիչ կորուստներով՚:
Շուշին ազատագրելու օրերուն ղարաբաղեան կողմը ո’չ զինամթերք ունէր, ո’չ պարէն, իսկ 200 պահեստային մարտի դաշտ երթալու համար իրենց մահացած ընկերներուն զէնքը կը սպասէին, կ’ըսէ Տէր Թադեւոսեանը. ՙՍտեփանակերտն արդէն չկար, ՙԿրատ՚ը իւրաքանչիւր քառակուսի մեթրը կը ռմբակոծէր: Քաղաքը կը մեռնէր, եւ անոնց համար տարբերութիւն չկար` այսօ՞ր, թէ՞ վաղը կը մեռնին: Շուշիի գրաւումը արցախցիներուն կենաց-մահու խնդիրն էր: Այսինքն` ենթականերս, հրամանատարներս ՙստիպեցին՚ նման որոշում կայացնել: Ես Սերժ Սարգսեանի Պաշտպանութեան Կոմիտէին կ’ենթարկուէի: Անոր հարցուցի` գրաւե՞նք, ան ըսաւ` պիտի գրաւե’նք՚:
Տէր Թադեւոսեանը կ’ընդգծէ, որ Շուշին վերցնելու պատրաստ չէին: ՙՇուշին քաղաք չէր, մեր կռուի դաշտը 40 քմ. էր: Թշնամին 2500 հոգի ունէր, լաւապէս պատրաստուած էր: Մենք 3500 մարդ ունէինք: Անկեղծօրէն` Հայաստանէն ըսին, գրեցին, ունիմ այդ գրութիւնը, որ մենք պատրաստ չենք, երեք անգամ աւելի պէտք է ունենալ. թշնամին 2500 հոգի ունէր, մենք 7500 հոգի պէտք է ունենայինք: Համաձայնեցայ: Ատիկա ճշմարտութիւն էր, բայց անոր տակ բան մը կար: Հասկցայ, որ Շուշին գրաւել չէին ուզեր, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը ղեկավարէր Ղարաբաղի մէջ՚:
Վահան Փափազեանը նկատել կու տայ, որ այդ դէպքերէն մէկուկէս տասնամեակ յետոյ ալ կարելի չէ փակագիծերն ամբողջութեամբ բանալ. ՙՏեղեակ էի Շուշիի ազատագրման գործողութեան, զոր շատոնց կը նախատեսուէր ու կը ծրագրուէր: Ժամկէտներէն տեղեակ չէի: Նախագահ Տէր Պետրոսեանի Թեհրան այցը ես նախապատրաստած եմ, եռակողմ հանդիպումէն մէկ շաբաթ առաջ գացած էի Թեհրան: Իրանն իր միջնորդական առաքելութեան շատ լրջօրէն կը մօտենար: Անոնք կը կարծէին, որ իրենց հեղինակութիւնը կրնան լրջօրէն բարձրացնել նման միջնորդութեամբ, եւ եթէ յաջողէին` ատիկա իրականութիւն կը դառնար: Այցի ընթացքին պատրաստուեցաւ զինադադարի վերաբերեալ փաստաթուղթ մը, երբ տեղի ունեցան Շուշիի դէպքերը: Անկասկած, մենք իրանցիները ծանր վիճակի մէջ դրինք: Դուրս եկաւ որ, եթէ կոպիտ արտայայտուելու ըլլամ, հայերն ու պարսիկները դաւադրութիւն կազմակերպեցին Ատրպէյճանի հանդէպ: Հայ-իրանական յարաբերութիւնները որոշ չափով նահանջ ապրեցան, բայց երկու-երեք ամիս յետոյ Տէր Պետրոսեանի կողմէ Ռաֆսանճանիի անունով շարադրանք մը պատրաստեցինք, ես յատուկ առաքելութեամբ Թեհրան գացի: Զիս ընդունեց փոխնախագահ Հապիպին, որուն ալ փոխանցուեցաւ Հայաստանի նախագահին ուղերձը, եւ ասորմով դիւանագիտական սառեցումը յաղթահարուեցաւ՚:

8 Մայիսի ուշ երեկոյեան Տէր Պետրոսեանը Թեհրանէն վերադարձած էր: Յաջորդ օրը ան կ’ընդունի Մարիօ Ռաֆայելլին, ինչպէս նաեւ` հեռաձայնային զրոյցներ կ’ունենայ նախագահներ Պուշի եւ Ռաֆսանճանիի, իսկ քանի մը օր յետոյ` Ֆրանսայի նախագահ Միթերանի հետ: Հայաստանի նախագահը 9 Մայիսին նամակով մը կը դիմէ Մ. Ա. Կ.ի Անվտանգութեան Խորհուրդին` արտահերթ նիստ հրաւիրելու խնդրանքով: Տէր Պետրոսեանը Մ. Ա. Կ.ին կը յորդորէ Ղարաբաղ ղրկել խաղաղարար ոյժեր եւ ՙուրիշ միջոցներ ձեռնարկել` պարտադրելու Ատրպէյճանին վերանայելու տնտեսական շրջափակումը, հաստատելու խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն՚:
Թուրքիան բաւական կոշտ կերպով արձագանգեց Շուշիի դէպքերուն: Վարչապետ Սուլէյման Տէմիրէլը կառավարութեան արտակարգ նիստին յայտարարեց, թէ Շուշիի մէջ տեղի ունեցածը ՙհայոց հերթական ահաբեկչութիւնն է ատրպէյճանցիներուն նկատմամբ՚: Տէմիրէլը ՙիսկական աղէտ՚ որակեց Շուշիի անկումը, եւ ընդգծեց, որ Թուրքիան չի կրնար այլեւս մնալ կողմնակի դիտորդի դերին մէջ, երբ ՙակնբախ է հակամարտութիւնն ուժային ճանապարհով լուծելու փորձը՚: Նախկին վարչապետ Պիւլէնթ Էճեւիտը հայկական ոյժերուն հակահարուած տալու համար արտայայտուեցաւ Նախիջեւան թրքական զօրքեր մտցնելու օգտին:
ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն
Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):
















