Նոր հրատարակութիւններ
– Աթանասեան Յարութիւն Գ., «Ատաբազարէն Տէր Զօր», խմբագիր, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Միհրան Մինասեան, «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026, 568 էջ (Մեծ Եղեռնէն վերապրողի 1919-ին գրած ականատեսի վկայութիւնները, մեծաքանակ ծանօթագրութիւններ, լուսանկարներ, քարտէսներ, յաւելուածներ):
– Գաթրճեան Աւօ/Աւետիս, «Սուրիահայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1912-2026)», խմբագիր՝ Ալպերթ Խառատեան, պատասխանատու խմբագիր՝ Արաքս Փաշայեան, «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026, 383 էջ (17 x 24 սմ.) (1868-2026 ժամանակաշրջանին Սուրիոյ մէջ լոյս տեսած 228 հայկական (հայերէն, հայատառ թրքերէն, հայերէն-արաբերէն) պարբերականի մանրամասն մատենագիտութիւնը, շուրջ 300 նկար): Հրատարակուած է ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով՝ Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի դրամաշնորհով։
– «Գուրգէն Եանիկեան – Երկեր – Ա. հատոր», կազմող՝ Սագօ Օգնայեան, ներածականը՝ Կարօ Վարդանեանի, հրատարակութիւն Լիբանանի «Սփիւռք» պարբերաթերթի, Երեւան, 2026, 398 էջ (16,5 x 23,2 սմ.) (ազգային հերոս Գուրգէն Եանիկեանի ընդարձակ կենսագրութիւնը, 27 յունուար 1973-ի վրիժառական արարքէն առաջ գործունէութիւնը, մահուան արձագանգները հայկական մամուլին մէջ, տպագրուած պատմուածքները, բանաստեղծութիւնները, հրապարակագրական էջերը, փաստաթուղթեր, սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ):
– Թէրզեան Պերճ, «Ինքնակենսագրութիւն եւ պատառիկներ յուշերէս», տպարան «Աֆրիքըն փրես», խմբագիրներ՝ Վաչէ Ղազարեան եւ տիկին Շաքէ Մարգարեան, հրատարակիչ՝ տիկին Սեդա Սամուէլեան-Թէրզեան, Գահիրէ, 2026, 134 էջ (17 x 24 սմ.) (եգիպտահայ գաղութ, մասնաւորապէս Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի նահապետի ինքնակենսագրութիւնն ու հասարակական եւ հրապարակագրական գործունէութեան յուշեր):
– Կեցոյեան Կառլոս Ն., «Ուրուկուէյ 1965 – Հայոց ցեղասպանութեան առաջին ճանաչումը», յառաջաբանը՝ Վանիա Մարգարեանի, սպաներէնէ թարգմանեց Յովիկ Բոդուկեան, խմբագիրներ՝ Գէորգ Եազըճեան, Արեւշատ Մինասեան եւ Շուշան Սիրուեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, մարտ 2026, 294 էջ (16,7 x 21 սմ.) (Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջինը ճանչցած պետութեան՝ Ուրուկուէյի համապատասխան օրէնքի գործընթացի ամբողջական պատմութիւնը, աղիւսակներ, ձեռնարկներու եւ որմազդներու լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու, գրականութեան եւ յապաւումներու ցանկեր)։
– Մումճեան Կարապետ Գ. (Moumdjian Garabet K.), «Հայեր եւ երիտթուրքեր –Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ սահմանադրականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1895-1908» (Armenians and Young Turks: The Armenian Revolutionary Federation and Constitutionalism in the Ottoman Empire 1895-1908), խմբագիր՝ Թամար Պոյաճեան, «Հայերը արդի եւ վաղ արդի աշխարհին մէջ» մատենաշար, մատենաշարի խմբագիր՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, Bloomsbury Publishing հրատարակչութիւն, Լոնտոն – Նիւ Եորք, 30 ապրիլ 2026, 312 էջ (15,5 x 23,2 սմ.) (ՀՅԴ-Իթթիհատ յարաբերութեանց պատմութիւնը մինչեւ 1908-ի օսմանեան յեղաշրջումը) (անգլերէն): Գիրքը ձօնուած է հանգուցեալ հեղինակի Նայիրի կնոջը եւ Յակոբ ու Բիւրակ որդիներուն։
– «Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ – Տարեգրութիւն եւ կենսամատենագիտութիւն», Ա. հատոր՝ (1947-1995), կազմողներ՝ Գոհար Սարգսեան եւ Անուշ Մակարեան (Երեւան), Սօսի Սագայեան (Լիբանան), պատասխանատու խմբագիր՝ Շահան արք. Սարգիսեան, մատենագիտական խմբագիր՝ Մայա Գրիգորեան, «Զանգակ» հրատարակչութիւն (Երեւան), Անթիլիաս, 2025 [փաստական՝ 2026], շուրջ 630 մեծադիր էջ (համառօտագրութիւններու եւ յապաւումներու, անձնանուններու, տեղանուններու, եկեղեցիներու, օգտագործուած գրականութեան եւ ուրիշ բազմաթիւ ցանկեր): Մեկենաս՝ տիկին Սրբուհի Մսըրլեան՝ ի յիշատակ իր ծնողաց՝ Նահապետի եւ Կիւլիզարի։ Գիրքը ձօնուած է Արամ Ա.ի հայրապետական գահ բարձրանալու 30-ամեակին։
– «Շահէ Տէր Գէորգեան – Նամականի եւ այլ նիւթեր», կազմող՝ Կարինէ Քիւրքճեան-Տէր Գէորգեան, խմբագիր եւ ծանօթագրութեանց հեղինակ՝ Գէորգ Եազըճեան, վերստուգող սրբագրիչ՝ Հրաչ Սեփեթճեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2026, 376 էջ (16,5 x 23,5 սմ.) (Երեւանի Փոլիթեքնիք հիմնարկէն շրջանաւարտ հալեպահայ վաղամեռիկ ճարտարապետ Շահէ Տէր Գէորգեանի, նաեւ կնոջ՝ Կարինէի՝ ամուսինին առնչուած նամականին, Շահէի ու անոր մասին տարբեր գրութիւններ, յուշարձաններու յատակագիծեր, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ հարիւրաւոր լուսանկարներ, 625 ծանօթագրութիւն, անձնանուններու ցանկ):
– Շառոյեան Լեւոն, «Հայ գիրի եւ մշակոյթի տարօնցի սպասաւորներ», Ա. հատոր, Հալէպ, 2025 [փաստական՝ 2026], 320 էջ (17 x 24 սմ.) (Տարօնի ծնունդ վաստակաւոր դէմքերու ներկայացում, բազմաթիւ պատկերներ): Հատորը լոյս տեսած է Տարօն-Տուրուբերանի հայրենակցական միութեան Հալէպի վարչութեան հովանաւորութեամբ։
– Ուզունեան Հայկաշէն (Ouzounian Haygashen), «Յուշամատեան Մելգոնեան կրթական հաստատութեան» (The Annals of the Melkonian Educational Institute), Ա. Մ. Ն., 2026 (առաջին անգամ Երեւանի մէջ 2004-ին հայերէնով լոյս տեսած գիրքին թարգմանութիւնը) (անգլերէն):
– Սարգսեան Արմէն Եուրիկի, «Ղարաբաղի բարբառի բառարան», Գ. հրատարակութիւն, Երեւան, 2026 (վերահրատարակութիւն 2013-ին առաջին անգամ լոյս տեսած ու սպառած, 2019-ին վերահրատարակուած, սակայն տպաքանակը Ստեփանակերտի մէջ ատրպէյճանցիներու գերութեան մէջ մնացած արժէքաւոր հատորին):
– Սարգսեան Արմէն Շաւարշի, «Շամուտ», խմբագիր՝ Անահիտ Կարապետի Խանումեան-Սարգսեան, հեղինակային հրատարակութիւն, «Ասողիկ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2025 [փաստական՝ ապրիլ 2026], 504 էջ (17,5 x 24,2 սմ.) (հեղինակի ծննդավայրի՝ Լոռիի մարզի Շամուտ գիւղի հիմնադրման պատմութիւնը, հիմնադիր տոհմերը, բնակիչներուն տոհմագրութիւնը, ամբողջական ազգագրութիւնն ու բանահիւսութիւնը, բազմաթիւ տոհմածառեր, գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ լուսանկարներ)։ Հեղինակը հատորը նուիրած է «ապրած-գնացած, բայց իրենց բարի գործերով սերունդների յիշողութեան մէջ յաւերժացած շամուտցիներին»։
Պատրաստեց
Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)












