Քոչարեանի ու Ալիեւի միջեւ հանդիպում յիշարժան կղզիին մէջ. Դէպի Փարիզ ու Քի Ուէսթ

8566

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Երեսունհինգերորդ գլուխ

Ամերիկացի հրաշալի գրող Էռնէսթ Հեմինկուէյը Ֆլորիտայի Քի Ուէսթ կղզիին մէջ գրած է ՙՀրաժեշտ Զէնքին՚ անկրկնելի ստեղծագործութիւնը: Տասնամեակներ յետոյ այստեղ փորձ պիտի ըլլար գտնելու ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորելու բանալին: Քի Ուէսթն ամերիկացի համանախագահ Քերի Քավանոյի հայրենի քաղաքն էր, նաեւ անոր մտայղացումն էր Քոչարեանի ու Ալիեւի միջեւ այս յիշարժան կղզիին մէջ հանդիպում կազմակերպելը:

Հերրի Թրումընի 1890ին կառուցուած Փոքրիկ Սպիտակ Տունը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հիւընկալեց 3-6 Ապրիլ 2001ին: Փայտեայ կրկնայարկը 1946ին Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Թրումընի հանգստավայրը դարձած էր, ատոր համար ալ շինութիւնը Փոքրիկ Սպիտակ Տուն անունն ստացած էր: Նման կարեւոր միջոցառում մը Քի Ուէսթն առաջին անգամ չէր հիւրընկալեր: 1948ին Թրումընը Տուայթ Այզընհաուըրի հետ ռազմական քննարկումներ կատարած է, իսկ 1961ին, ՙԽոզերու Ծովախորշ՚ի դէպքերուն ժամանակ, Փոքրիկ Սպիտակ Տունը հիւրընկալած է Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ճոն Քենետին եւ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Հէրըլտ Մաքմիլանը: Նախագահ Ճիմի Քարթըրը 1976ի ամանորը ընտանեօք հոս դիմաւորած է:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները ղարաբաղեան կարգաւորման հեռանկարը կը փնտռէին ՙբանակցութիւններ մօտակայքը՚ (approximity talks) ձեւաչափով (երբ նախագահներն իրարու հետ ուղղակիօրէն չեն բանակցիր, այլ` կողք-կողքի սենեակներու մէջ բանակցութիւններ կը վարեն միջնորդներու հետ, վերջիններս կը լսեն կողմերուն պահանջներն ու մտահոգութիւնները եւ կարգաւորման առաջարկութիւն կը կազմեն այդ յենքով): Քոչարեանին եւ Ալիեւին սատարելու նպատակով պետական քարտուղար Քոլին Փաուելը Քի Ուէսթ եկած էր:

Ֆլորիտայի հանդիպումը պարապ տեղը չէր կազմակերպուած. մինչ այդ տեղի ունեցած էին հակամարտութեան գօտի համանախագահներու այցեր, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու բանակցութիւններ: Քոչարեանը եւ Ալիեւը հանդիպումներ ունեցած էին 2000ի Յունիսին` Մոսկուայի, Օգոստոսին` Եալթայի, Սեպտեմբերին` Նիւ Եորքի եւ Նոյեմբերին` Մինսքի մէջ:

Դեկտեմբերին միջնորդները տարածաշրջան եկան: Ամերիկացի եւ ֆրանսացի Քերի Քաւանօն ու Ժան-Ժաք Կայարտն Անգարայի մէջ հանդիպած էին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Իսմայիլ Ճէմի հետ, ապա Նախիջեւանով (Հայաստան-Նախիջեւան սահմանին անոնց միացած էր ռուս միջնորդ Նիքոլայ Կրիպքովը) եկած Երեւան, հանդիպած Քոչարեանի, ապա Պաքուի մէջ` Ալիեւի հետ:

ՙՆախիջեւան այցելութիւնը այս շրջանի տնտեսութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը հաստատելու նպատակ ունէր: Մենք հատեցինք Ատրպէյճանի հետ Թուրքիոյ սահմանը, եւ կրնանք հաստատել, որ այս ճամբան փոխադրական կապ է ամբողջ տարածաշրջանին համար: Մեր կանգնած տեղէն քիչ մը անդին կ’անցնի Հայաստանը Ատրպէյճանին միացնող երկաթուղագիծը: Սա նաեւ ճամբայ մըն է, որով Հայաստանը Իրանէն ապրանք կը ներմուծէ: Այսօր այդ ապրանքը Հայաստան կը մտնէ Մեղրիով, բայց աւելի սուղ է, քան կրնայ ըլլալ Նախիջեւանով մտնելու պարագային՚,- ըսաւ Քաւանօն:

Ամերիկացի համանախագահն ամէն առիթով կ’ընդգծէր Անգարայի կարեւորութիւնը ինչպէս ղարաբաղեան կարգաւորման, այնպէս ալ տարածաշրջանի տնտեսական հեռանկարին առումով:

Իրանը ոգեւորուած չէր: Թեհրանը մտահոգուած էր ինչպէս համանախագահներու ընտրած ուղիէն, այնպէս ալ Ֆլորիտայի հանդիպումէն: Քաւանօն Քի Ուէսթի մէջ յայտարարեց, որ բանակցութեանց մանրամասնութիւններէն անհրաժեշտ է տեղեակ պահել Թեհրանը: Ենթադրութիւններ եղան, որ հաւանաբար սեղանի վրայ է տարածքներու փոխանակման նորացուած տարբերակը, ինչը բացայայտօրէն կը շօշափէր նաեւ Իրանի շահերը: Ամերիկացի եւ ֆրանսիացի միջնորդներուն ընտրած ուղիով ոգեւորուած չէր նաեւ Մոսկուան:

Համանախագահներուն յաջորդ այցը տեղի ունեցաւ 2001ի Մայիսին` քիուէսթեան բանակցութիւններէն յետոյ: Այս անգամ եւս անոնք ընտրած էին ոչ-նուազ ուշագրաւ ճամբայ մը` Պաքուէն Պարտա, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան սահմանը հատելով` Ղարաբաղ, յետոյ Շուշիէն ուղղաթիռով Սպիտակ, հոնկէ` Հայաստան-Թուրքիա սահման:

ՙՄենք այս ճամբան առաջին անգամ ընտրած ենք: Միշտ Ատրպէյճանէն Հայաստան, ապա Ղարաբաղ կ’երթայինք: Այս անգամ որոշեցինք Ատրպէյճանէն Ղարաբաղ գալ: Թուրքիոյ սահմանն արդէն բաց է: Անցնող Դեկտեմբերին բացած ենք՚,- ըսաւ միւս համանախագահներուն հետ շփման գիծին Պարտա-Աղտամ հատուածը նոր հատած Քաւանօն:

Ըստ անոր` կողմերը 2001ին անհաւատալիօրէն մօտ էին կարգաւորման, սակայն վերջին պահին, ինչպէս կ’ակնարկէին միջնորդներն ու բանակցութեանց մօտիկ կանգնած դիւանագէտները, Ալիեւը ցաւալի փոխզիջումներու չգնաց:

24 Յունուար 2001ին նախագահ Շիրաքը Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Ալիեւը: Յաջորդ օրը Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Խորհուրդին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անդամակցութեան պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ էին երկու երկիրներուն նախագահները: 26 Յունուարին, Շիրաքի միջնորդութեամբ, Փարիզի մէջ հանդիպում մը կայացաւ Քոչարեանի եւ Ալիեւի միջեւ:

Շիրաքը երկու նախագահները դիմաւորեց Էլիզէի պալատի մուտքի աստիճաններուն վրայ, առանձին-առանձին, հինգ վայրկեան տարբերութեամբ: Դարպասներէն մինչեւ պալատի աստիճաններ տարածութիւնը` ընդամէնը 30 մեթր խճապատ հատուածը, Ալիեւը դժուարութեամբ կը յաղթահարէր: Մօտ տարածութեան վրայ լսելի էր անոր հեւքը, տարիքին գումարուած էին հիւանդութիւնները:

Էլիզէի պալատին մէջ քանի մը ժամ տեւած բանակցութեանց վերջաւորութեան լրագրողները Ալիեւին եւ Քոչարեանին հարցուցին, թէ ի՞նչ էական տարբերութիւններ կան նախագահներու առաջին եւ տասնչորսերորդ հանդիպումներուն միջեւ, եւ հնարաւո՞ր է արդիւնքներ ակնկալել, երբ հակամարտութեան հիմնական կողմը` Ղարաբաղը գործընթացին չի մասնակցիր:

ՙՄենք չենք հանդիպիր պարզապէս հանդիպելու համար: Մենք իսկապէ’ս կը փափաքինք գտնել լուծումը: Հանդիպումէ հանդիպում մենք զիրար աւելի լաւ կը հասկնանք: Յոյսով եմ, որ հանդիպումներուն թիւը հարիւրի չի հասնիր, բայց կը դժուարանամ ըսել թէ ո’րերորդ հանդիպման ժամանակ փոխընդունելի լուծման կը հասնինք: Առայժմ նախագահ Քոչարեանի հետ միայն կը քննարկենք հարցերը: Կը կարծեմ, որ երբ որեւէ որոշակիացման յանգինք` այդ ժամանակ կրնան երրորդ, չորրորդ, հինգերորդ կողմեր ըլլալ՚,- ըսաւ Ալիեւը:

Ըստ Քոչարեանի` ՙԱռաջին հանդիպումներուն ընթացքին մենք զիրար կ’ուսումնասիրէինք, յետագայ հանդիպումներուն ընթացքին` կը ջանայինք հասկնալ զիրար, այժմ կը փորձենք հիմնախնդիրը լուծել: Տեղեակ ըլլալով երրորդ կողմի դիրքորոշման եւ մօտեցումներուն` ես կը փորձեմ զանոնք արտայայտել, թէեւ համամիտ եմ, որ խնդիրի լիարժէք լուծման կարելի է հասնիլ միայն երրորդ կողմին մասնակցութեամբ՚:

Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ, Փարիզի մէջ 4 Մարտին տեղի ունեցաւ Քոչարեան-Ալիեւ նոր հանդիպում մը` երկժամեայ առանձնազրոյցը: Յաջորդ օրը կայացան Շիրաք-Ալիեւ, Շիրաք-Քոչարեան, ապա Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն բանակցութիւնները` Ֆրանսայի նախագահին մասնակցութեամբ: Փարիզէն Պաքու վերադառնալով` Ալիեւը յայտարարեց, թէ Հայաստանը Ղարաբաղի անկախութիւնը կ’ուզէ:

Մարտի կէսերուն Ալիեւը պաշտօնական այցով գնաց Թուրքիա, ուր հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման յոյս յայտնեց: 1 Ապրիլին Քի Ուէսթ երթալու ճամբուն վրայ, ՙՊինա՚ օդանաւակայանին մէջ, Ալիեւն ըսաւ, թէ հակամարտութեան լուծման համար պատրաստ է բանակցութեանց երթալու որեւէ վայր, նոյնիսկ` Անթարքթիտա: Ապրիլին, Թրումընի Փոքրիկ Սպիտակ Տան մէջ, պետական քարտուղար Փաուըլն առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Քոչարեանի եւ Ալիեւի հետ` համանախագահներուն մասնակցութեամբ:

ՙԱշխատանքը հոս (Քի Ուէսթի մէջ) կառուցուեցաւ երկու նախագահներու 25 Յունուարի եւ 4-5 Մարտի փարիզեան քննարկումներուն վրայ, որոնք անցան նախագահ Շիրաքի հովանիին տակ: Նախագահները խնդիրը փոխզիջումային հիմքով լուծելու բարի կամք եւ մեծ նուիրուածութիւն դրսեւորեցին: Համանախագահները ներկայիս կը պատրաստեն նոր, համապարփակ առաջարկութիւն մը, զոր կը շօշափէ նախագահներուն առանձնացուցած խնդիրներն ու կարիքները՚,- կ’ըսէր համանախագահներու 6 Ապրիլի հաղորդագրութիւնը:

Ֆլորիտայէն տունդարձի ճամբուն վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները Սպիտակ Տան մէջ առանձինն ընդունեց եւ անոնց հետ կարճատեւ զրոյցներ ունեցաւ նախագահ Ճորճ Պուշը: Փարիզի մէջ 10 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Շիրաքի հանդիպումը Քոչարեանի հետ: 12 Ապրիլին Քոչարեանը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Փութինի հետ, հեռաձայնով զրուցեցին նաեւ Շիրաքն ու Պուշը:

Օսկանեանը կ’ըսէ, թէ Քի Ուէսթի առաջարկներով, Ղարաբաղը մէկ անգամէն, ստորագրման պահէն, Հայաստանի տարածք կը դառնար Լաչինի միջանցքով:

ՙԼաչինն ալ նոյն կարգավիճակը կ’ունենար, իսկ անոր դիմաց բանակցութիւններ կ’ընթանային, որ Հայաստանը թոյլ տայ Ատրպէյճանին ազատօրէն օգտագործելու իր տարածքով անցնող ճամբան` Նախիջեւանի հետ հաղորդակցելու համար: Ասիկա էր նոր տարրը, որ կը փոխհատուցէր Ղարաբաղը Լաչինի միջանցքով Հայաստանին միացնելու գաղափարը: Բայց ատիկա տարածք տալուն համազօր չէր: Ազատօրէն օգտագործելով այդ ճամբան` Ատրպէյճանը կ’ապահովէր իր կապը Նախիջեւանի հետ, այլ ո’չ թէ գերիշխան տարածք կը տրամադրուէր Ատրպէյճանին՚:

Յետագային ես կարդացի ոչ-պաշտօնական, անգլերէնով շարադրուած այն փաստաթուղթը, զոր ընդունուած է քիուէսթեան անուանել: Փաստաթուղթին մէջ սեւով ճերմակի վրայ գրուած էր, որ Ատրպէյճանը Նախիջեւանի հետ կապուելու համար ՙգերիշխան անցում՚ (sovereign passage) կը ստանայ Հայաստանի հարաւը:

2 Մայիսին Քաւանօն յայտարարեց, որ պայմանաւորուածութեան համաձայն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն յաջորդ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Ժնեւի մէջ, 15 Յունիսին, եւ Քի Ուէսթի նման օգտագործուելու է ՙբանակցութիւններ մօտակայքը՚ ձեւաչափը: Ամերիկացի միջնորդը գնաց Պաքու` Ալիեւի ետքիուէսթեան տրամադրութիւնները շօշափելու համար:

Մինսքի Խումբի միջնորդները 18-21 Մայիսին տարածաշրջան այցելեցին: Պաքուի մէջ պարզ դարձաւ, որ Ատրպէյճանը պատրաստ չէ Քի Ուէսթի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու, հետեւաբար` Ժնեւի մէջ ծրագրուած բանակցութեանց նոր փուլին կազմակերպումն անիմաստ է:

Համանախագահները Ատրպէյճանէն Ղարաբաղ հասան` հատելով շփման գիծը: Սահմանի ականազերծման ընթացքին ատրպէյճանցի սպան անուշադրութեան պատճառով կորսնցուցած էր ոտքը, ինչն աւելի էր յուսահատեցուցած միջնորդները, որոնք նախօրեակին Պաքուի մէջ չյուսադրող բանակցութիւններ վարած էին Ալիեւի հետ:

Թոմաս տը Վաալը կը ներկայացնէ այդ հանդիպման առաջին վայրկեանները:

ՙՆախագահ Ալիեւը դժգոհ էր: Ան նստած էր երկար սեղանին կեդրոնը` դրանիկներով շրջապատուած, ու հեռատեսիլային բազմաթիւ խցիկներուն կը նայէր: Քաղբիւրոյի եւ Պ. Ա. Կ.ի վեթերան նախագահն ծերացած ու հիասթափած արքայի դերը կը խաղար այժմ… Ալիեւը հիւծուած տեսք ունէր, եւ բարերարի ժպիտը դէմքին սկսաւ բառային մենամարտն արտասահմանցի երեք միջնորդներուն հետ` մերթ ընդ մերթ հայեացք ձգելով խցիկներուն վրայ: Յստակօրէն կ’երեւէր, թէ խորհրդակցութիւնները ցանկալի ընթացք չէին ունեցած: Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ Ալիեւը, ըստ էութեան, պատրաստ էր Ղարաբաղը յանձնելու Հայաստանին` բանակցային սեղանի շուրջ ուրիշ զիջումներու դիմաց, ինչը, սակայն, նզովք էր մարդոց այն խումբին համար, որու խորհուրդին կարիքն ունէր ան Քի Ուէսթէն յետոյ:

Ռուս դեսպան Կրիպքովն ուշացումով շնորհաւորեց նախագահի ծննդեան 78ամեակը: ՙՇնորհակալ եմ շնորհաւորանքի համար, բայց…՚,- Ալիեւը դադար տուաւ: ՙԻսկական ծննդեանս տօնը կու գայ, երբ մենք խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրենք, երբ մեր հողերն ազատագրուած ըլլան: Ուստի, այս հարցով իմ զբաղած բոլոր տարիներուն ընթացքին որեւէ տօն չէ եղած ինծի համար, առաւել եւս` ծննդեանս օրը: Ես մոռցած էի ծննդեան տարեդարձս, որովհետեւ ուղեղս միշտ այս հիմնախնդիրով զբաղած է՚,- շարունակեց ան:

Ծանրակշիռ, հանդիսաւոր կեցուածքը կը ստիպէր հաւատալ անոր՚:

Ղարաբաղեան կողմը շփման գօտիի հայկական հատուածին մէջ սեղան բացած էր: Բոլորը բաժակ բարձրացուցին խաղաղութեան համար, սակայն անոնց դէմքերէն չէր երեւեր, թէ խաղաղութեան մօտ ըլլալուն կը հաւատան: Նախաճաշէն յետոյ խումբը Աղտամի մզկիթն այցելեց: Մէկ տարի առաջ Քաւանօն մզկիթէն քար մը նուէր տարած էր Ալիեւին` Յաղթանակի Տօնի եւ անոր ծննդեան տարեդարձին առթիւ:

ՙՅոյսով եմ, որ այդ մզկիթն առաջինը կը վերականգնուի գրաւեալ տարածքներու ազատագրումէն յետոյ՚,- ըսած էր Քաւանօն: Ստացած նուէրէն յուզուած եւ արտասուալից աչքերով Ալիեւը շնորհակալութիւն յայտնած էր Քաւանոյին` ըսելով, թէ յոյս ունի անոր հետ այցելելու Աղտամ` ազատագրումէն յետոյ:

Աղտամէն միջնորդները գացին Մարտակերտ, ուր հանդիպեցան շրջանի ղեկավարութեան հետ, ապա շարունակեցին դէպի Գանձասար: Մութը կ’իյնար, երբ Գանձասարէն իջանք Վանք գիւղը, ուր գործարար Լեւոն Հայրապետեանը միջնորդներու պատուին ընթրիք տուաւ: Խորովածը ճիշդ պահուն էր: Կենացի ժամանակ Հայրապետեանը կատակով հարցուց. ՙԵրեք երկիրներէն առաջինը որո՞ւն անունը նշեմ՚: Քաւանօն զուարճախօսութեամբ նկատել տուաւ. ՙՀայերէնի մէջ մեր պետութեան անունը այբուբենի առաջին տառով կը սկսի՚: Բոլորը, այդ թուին` ռուս միջնորդ Կրիպքովը, ծիծաղեցան:

Ստեփանակերտի մէջ Լ. Ղ. Հ.ի ղեկավարութեան հետ հանդիպումներէն յետոյ յաջորդ առտու միջնորդները գացին Շուշի, ուր մարդիկ ուղղակիօրէն կը գրոհէին համանախագահներուն վրայ` ըսելով, որ թոյլ չեն տար ատրպէյճանցիներու վերադարձը քաղաք: Պարզ էր, որ բողոքի գործողութիւնը մէկնումէկը կազմակերպած էր: Այրուած ու աւերակներու վերածուած այս քաղաքին մէջ երբեք այդքան մարդ չէի տեսած:

Երբ արդէն ուղղաթիռ կը բարձրանայինք, Քավանոյին յիշեցուցի մինչեւ տարեվերջ խաղաղութեան հասնելու հաւանականութեան վերաբերեալ անոր լաւատեսութիւնը: ՙԵս մտահոգուած եմ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բնակիչները փոխզիջումներու պատրա՞ստ են: Շատ դժուար է փոխզիջումներու հասնիլ, որովհետեւ պատերազմին վէրքերը թարմ են, յիշողութիւնները` ծանր: Այդ մասին մենք այսօր լսեցինք Շուշիի մէջ, նախօրեակին` Ատրպէյճանի փախստականներու ճամբարին մէջ՚,- ըսաւ ան:

Ուղղաթիռին մէջ ֆրանսացի համանախագահ Ֆիլիփ տը Սիւրմէնի օգնականը քանի մը անգամ հարցուց. ՙԿրնա՞ս բացատրել, թէ ինչու հայոց եւ ատրպէյճանցիներու կողք-կողքի բնակիլը հնարաւոր չէ Շուշիի մէջ՚:

Գլխու շարժումով բացատրեցի, որ չեմ կրնար:

Մօտ մէկ ժամ յետոյ ուղղաթիռը վայրէջք կատարեց Վանաձոր-Սպիտակ հատուածի հարթ վայրի մը մէջ, ուրկէ համանախագահները սահմանային Ախուրեան կայարան գացին: Շիրակի մարզպետը կը պատմէր, թէ երկաթուղագիծին վերագործարկումը ինչ օգուտ կը բերէ: Կրիպքովը լուռ էր, տը Սիւրմէնը` չէզոք, ոգեւորուած կը խօսէր Քաւանօն:

ՙՀոսկէ ընդամէնը երկու քիլոմեթր հեռու Թուրքիան է: Երկու դրացիներուն միջեւ շփում չկայ, եւ մեծ տխրութեամբ պէտք է նշեմ, որ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ վերջին շփումները 1915ին եղած են: Երկաթուղագիծը կարճ ժամանակով բացուեցաւ, բայց ղարաբաղեան հակամարտութեան պատճառով կրկին փակուեցաւ: Երկաթուղագիծին բացումը կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենայ ողջ տարածաշրջանին համար, բայց անոր անպայմանօրէն պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիրը նախորդէ՚:

Կիւմրիէն համանախագահները ինքնաշարժներով գացին Երեւան: Յաջորդ օրը նախագահ Քոչարեանի հետ հանդիպումէն յետոյ ամերիկացի միջնորդն ըսաւ. ՙԽաղաղութեան ճանապարհը ոչ-միշտ է հարթ եւ նման է Լաչինի ճամբուն, ուր շարք մը խոչընդոտներ կան՚:

Ֆիլիփ տը Սիւրմէնը 28 Մայիսին յայտարարեց, թէ Ժնեւի մէջ նախատեսուած հանդիպումը կը յետաձգուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն խնդրանքով: Ակներեւաբար, հանդիպումը չկայացաւ Ատրպէյճանի պատրաստ չըլլալուն պատճառով: Այս փաստը անուղղակիօրէն հաստատեց Ալիեւը: 29 Մայիսին ան յայտարարեց, որ ՙեռանախագահները Ղարաբաղի համար անկախ կարգավիճակ կը պահանջեն՚, բայց ՙԱտրպէյճանի դրացնութեամբ չի կրնար հայկական երկրորդ պետութիւն մը ըլլալ՚:

31 Մայիսին Ա. Պ. Հ.ի Մինսքի գագաթաժողովին Փութինի միջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ Քոչարեան-Ալիեւ հանդիպում մը, որ չէր կրնար յառաջընթաց ապահովել, քանի որ բանակցութիւնները փակուղի մտած էին արդէն:

10-13 Յուլիսին, եռանախագահներն ու Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վեաչեսլաւ Թրուպնիքովը Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի մէջ բանակցութիւններ վարեցին Քոչարեանի, Ղուկասեանի եւ Ալիեւի հետ: Միջնորդները Շուշիէն ուղղաթիռով հասան Ֆիզուլի, եւ նախքան շփման գիծն անցնիլը, համատեղ յայտարարութիւն մը տարածեցին` կողմերուն յորդորելով վերջ տալ հակամարտութիւնը ռազմական միջոցով լուծելու անպատասխանատու կոչերուն:

Նախքան ուղղաթիռ բարձրանալը` համանախագահներն ու Ղարաբաղ առաջին անգամ այցելող Թրուպնիքովը շրջեցան Շուշիի մէջ, այցելեցին Ղազանչեցոց եկեղեցի, պարսկական մզկիթ եւ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձան: Ի տարբերութիւն նախորդ բողոքի ցոյցին, շուշեցիները որեւէ կերպ չարձագանգեցին համանախագահներու այցելութեան: Միջնորդներն ալ մոռցած էին Շուշին ատրպէյճանցիներով բնակեցնելու մտադրութիւնները: Հակամարտութիւնը կարգաւորելու վերջին ամիսներու անոնց լաւատեսութեան փոխարինած էր յոռետեսութիւնը:

Քիուէսթեան փակուղիէն մինչեւ մահը Ալիեւը վեց անգամ ալ հանդիպեցաւ Քոչարեանի հետ, սակայն պարզորոշ էր, որ անոր իշխանութեան օրօք այլեւս անիմաստ էր ճեղքում ակնկալել բանակցութեանց մէջ: 2001ի Օգոստոսին Սոչիի եւ Նոյեմբերին` Մոսկուայի հանդիպումներէն յետոյ մօտ տասը ամիս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներն ՙընդմիջում՚ կը վերցնեն:

Քոչարեանի եւ Ալիեւի միջեւ 2002ի առաջին շփումը տեղի ունեցաւ Երասխ-Սադարակ հատուածին մէջ, 14 Օգոստոսին, առանց միջնորդներու: Յատկապէս պատրաստուած վրանին մէջ նախագահները չորս ժամ բանակցեցան: Ապա Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները հանդիպեցան Հոկտեմբերին` Քիշնեւի մէջ: Քոչարեանի եւ հայր Ալիեւի վերջին երկկողմ շփումը կայացաւ Նոյեմբերին` Փրակայի մէջ:

2001ի տարեվերջին պաշտօնական այցով Թեհրան գտնուող Հայաստանի նախագահն ՙԱրարատ՚ մարզաւանին մէջ իրանահայութեան հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց. ՙՂարաբաղը երբեք չէ եղած անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ եւ երբեք պիտի չ’ըլլայ՚:

Յետագայ տարիներուն ալ Քոչարեանը բազմիցս կրկնեց այդ միտքը, իսկ 2004ի Յունիսին Սթրազպուրկի ելոյթին մէջ ըսաւ. ՙԽորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով նախկին Խորհրդային Ատրպէյճանի տարածքին ձեւաւորուեցան երկու անկախ պետութիւններ` Լ. Ղ. Հ.ն եւ Ատրպէյճանը: Այդ պետութեանց գոյութեան իրաւական հիմքերը նոյնական են: Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը Ղարաբաղի հետ ընդհանուր բան չունի՚:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):