Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեան նախագիծը՝ 1992-1993թթ [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

1823

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասնիններորդ գլուխ, մաս երկրորդ

Հայաստանի նախագահը Թուրքիոյ մէջ

Չնայած յարաբերութեանց լարուածութեան, հայ եւ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաները հնարաւորութեան պարագային հանդիպելու եւ բանակցելու առիթը բաց չէին ձգեր: 3-7 Յունիս 1992-ին տեղի ունեցաւ Իզմիրի միջազգային համաժողովը` նուիրուած Թուրքիոյ տնտեսութեան: Հայաստանէն կը մասնակցէր փոխվարչապետ Հրանդ Բագրատեանը: ՙՎարչապետ Տէմիրէլի հետ հանդիպումը ես կը համարէի մեր այցելութեան ամենակարեւոր մասը: Մենք անոր յանձնեցինք նախագահ Տէր Պետրոսեանի նամակը, ուր երեք հիմնական հարց շօշափուած էր. հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններ չհաստատելու մտահոգութիւնը եւ մեր կարծիքն այդ առթիւ, Լ. Ղ.ի խնդրի մեր մեկնակէտը եւ հարցը կարգաւորելու մեր դիրքորոշումը, եւ երրորդ` Նախիջեւանի խնդիրը: Տէմիրէլին յանձնուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետին նամակը, որով ան Հայաստան կը հրաւիրուէր: Ես հանդիպեցայ նաեւ պետական նախարար Թանսու Չիլլերի հետ՚,- ըսած է Բագրատեանը:

14 Յունիս 1992-ին Ռիօ տը Ժանէյրոյի մէջ, բնապահպանական համաժողովի շրջանակներուն մէջ, կայացաւ Տէր Պետրոսեան-Տէմիրէլ հանդիպում մը, զոր, ըստ թրքական մամուլին, Հայաստանի նախագահին առաջարկով եղած է: ՙՁեզի հետ որպէս վարչապետ կամ նախագահ չեմ ուզեր խօսիլ, մէկ կողմ ձգենք դիւանագիտական պատշաճութիւնը: Պատերազմով եւ կռիւով որեւէ տեղ չէք կրնար հասնիլ: Հազար տարի ետք անկախ Հայաստան հաստատելու պատեհութիւն գտար, բայց այդ պետութիւնը թշնամութեան եւ պատերազմի վրայ մի՛ հաստատեր: Շուրջդ Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան կան: Եթէ բարեկամ չըլլաք այդ երկիրներուն հետ` ձեր կացութիւնը դժուարութեանց պիտի բախի՚,- ըսած է Տէմիրէլը:

Տէր Պետրոսեանը պատասխանած է. ՙՂարաբաղի հարցը ես կ’ուզեմ հաշտ ճամբով լուծել՚: Տէմիրէլը շարունակած է. ՙԵթէ հաշտութիւն կ’ուզես` հեռացի՛ր Շուշիէն ու Լաչինէն: Մեզի համար Նախիջեւանը առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի՚: Ապա Տէր Պետրոսեանն ըսած է, որ Հայաստանը կը ձգտի խաղաղութեան, եւ կը պատրաստուի խօսակցութիւնը շարունակելու Սթամպուլի մէջ` Ս. Ծ. Տ. Հ.ի շրջանակներուն մէջ: ՙՅարգելի՛ Տէր Պետրոսեան, Ձեզի հետ առանց դիւանագիտական ձեւակերպումներու կը խօսիմ: Ոյժի միջոցով հողի տէր դարձողները չեն կրնար անդորրութեան մէջ ապրիլ: Թուրքիոյ հետ դրացի էք, հետեւաբար պէտք է բարեկամաբար ապրիք՚:

Այս հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Չեթինն ու Յովհաննիսեանը: Վերջինս կը յիշէ. ՙԹուրքիոյ վարչապետը քարոզ կը կարդար: Միակողմանի սպառնալիքներ կ’ընէր, կ’ըսէր, որ հայերը պէտք է դասեր սորվին իրենց պատմութենէն, որ Թուրքիան պատրաստ է իր ձեռքը մեկնելու, բայց պիտի մեկնէր այն Հայաստանին, որ գիտէ իր չափն ու սահմանը, զոր անցեալը անցեալին ձգելու եւ Թուրքիոյ հետ նոր շրջան բանալու պատրաստ է: Խօսք եղաւ Ղարաբաղի մասին՚:

Տէր Պետրոսեանը 26 Յունիս 1992-ին մասնակցեցաւ Ս. Ծ. Տ. Հ.ի եզրափակիչ հռչակագիրի ստորագրման: Սթամպուլի մէջ ան հանդիպեցաւ վարչապետ Տէմիրէլի հետ: Քննարկուեցան երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու ղարաբաղեան խնդիրը: Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի նախագահը շեշտեց, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններով պէտք չէ պայմանաւորուին:

23 Օգոստոսին Երեւան ժամանեց երեք հոգինոց թրքական պատուիրակութիւնը` արտաքին գործոց նախարարի տեղակալի օգնական, աւագ դեսպան Պիլկին Ունանը, Ա. Գ. Ն.ի Կովկասի Բաժինի պետ Ճանտան Ազերը եւ նոյն բաժինի քարտուղար Վուրալ Ալթայը: Պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նախագահի խորհրդական Լիպարիտեանի, ոյժանիւթի նախարար Սեպուհ Թաշճեանի, փոխվարչապետ Հրանդ Բագրատեանի, վարչապետ Խոսրով Յարութիւնեանի եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Նաւասարդեանի հետ:

ՙԱնոնք առաջարկեցին, որ թերեւս նպատակայարմար է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ճանչնան իրարու անկախութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը: Մենք յիշատակեցինք իրենց իսկ մօտեցումը, թէ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման հարցը պէտք է համակարգուած ըլլար Արցախի հիմնախնդրին հետ: Ուստի, մենք ինչպէ՞ս կրնանք ճանչնալ հողային ամբողջականութիւնը պետութեան մը, զոր այդ սկզբունքը կը գործածէ իր հողին վրայ ապրող ժողովուրդի տեղահանման, ոչնչացման համար կամ ալ իրեն թոյլ կու տայ ոտնձգութիւններ կատարել Հայաստանի սահմաններուն վրայ: Անշուշտ, թուրքերն ասիկա չհաւնեցան՚,- ըսած է Լիպարիտեանը: ՙԱրցախէն բացի անոնք նշեցին նաեւ շարք մը հարցեր, որոնք կ’ազդեն երկկողմ յարաբերութեանց վրայ: Այնպիսի հարցեր, ինչպիսիք են, ըսենք Ցեղասպանութիւնը, պահանջատիրութիւնը եւ այլն, աւելի ուշ կը բարձրացուին: Թրքական պատուիրակութիւնն այս հարցերը դրաւ ընդհանուր ձեւով: Պատասխանեցինք, ըսելով, որ այն, ինչ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ պահանջած, կարիք չունի յայտարարելու, որ չի պահանջեր՚:

21 Սեպտեմբեր 1992-ին Նիւ Եորքի Մ. Ա. Կ.ի կեդրոնակայանին մէջ Տէր Պետրոսեանը հանդիպեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ, որմէ ետք Չեթինն ընդգծեց. ՙՀայաստանի եւ մեր կապերուն մայր երակը Ատրպէյճանի հարցն է: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութեանց զարգացումը դժուարութեանց պիտի բախի, քանի դեռ Ղարաբաղի մէջ կայուն հրադադար չէ հաստատուած: Անհրաժեշտ է, որ հայերը ատրպէյճանական հողերէն հեռանան, եւ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը իր վերջնական լուծումը գտնէ Մինսքի Խորհրդաժողովի շրջանակներուն մէջ՚:

Հայաստանի ղեկավարութեան համար ակնյայտ էր, որ Թուրքիան չէզոքութիւն պահպանելու ունակ չէ` թէկուզ արտաքնապէս: Տէր Պետրոսեանը նկատել կու տար, որ թէեւ անցած չորս տարիներուն ընթացքին ՙմենք յաջողեցանք յաղթահարել գոյութիւն ունեցող հոգեբանական արգելքները, յաջողեցանք մեր ժողովուրդին ներշնչել, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց մէջ մենք պարտաւոր ենք առաջնորդուիլ միայն ու միայն պետական շահերով, իրատես քաղաքականութեան սկզբունքներով՚, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները շատ բարդ կ’ընթանան: Հայաստանի նախագահին խօսքերով` ՙԹուրքիան իր արիւնակիցներու բախտին նկատմամբ չէր կրնար անտարբեր մնալ՚:

ՙԲացի պաշտօնական քաղաքականութենէն, Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունի հասարակական կարծիք, ինչպէս նաեւ ընդդիմադիր ոյժեր, որոնք քաղաքական վարկ ձեռք բերելու նպատակով կը շահարկեն Լ. Ղ.ի հարցը, զոր կարծէք թէ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական հարց կը դառնայ աստիճանաբար: Բոլոր կուսակցութիւնները, քաղաքական գործիչները, մէկը միւսէն առաջ անցնելով, կը փորձեն ապացուցել իրենց նախանձախնդրութիւնը ատրպէյճանցի ցեղակիցներու մղած պայքարին նկատմամբ: Ինչ խօսք, ասիկա վտանգաւոր միտում է: Առայժմ թրքական կառավարութիւնը կրնայ հաւասարակշռել այս ճնշումը եւ երկրին իրական շահերով կ’առաջնորդուի: Այդուհանդերձ, թրքական կառավարութիւնը լուրջ ճնշման կ’ենթարկուի եւ այդ պատճառով ստիպուած է որոշ զիջումներ կատարելու հասարակական կարծիքին, իսկ միջազգային ասպարէզին մէջ` աջակցելու Ատրպէյճանի դիւանագիտական քարոզչական ջանքերուն՚,- ըսած է Տէր Պետրոսեանը:

Հայաստանի նախագահն արդէն բացայայտօրէն կը յայտարարէր, որ Թուրքիան սկսած է նախապայմաններ առաջադրել. ՙԱտիկա տեղի ունեցաւ թէ՛ Ե. Ա. Հ. Խ.ի եւ թէ՛ դեսպան Վուրալի Հայաստան կատարած վերջին այցելութեան ժամանակ: Ես ստիպուած էի դեսպանին բացայայտօրէն ըսել հետեւեալը. դուք կ’ուզէք օգտուիլ ստեղծուած դրութենէն եւ տեսնելով, որ նախկին միութենական հանրապետութեանց անվտանգութեան համակարգը խախուտ է, եւ մտածելով, որ մենք շատ թուլցած ենք, կը փորձէք մեզմէ քաղաքական որոշ յայտարարութիւններ փրցնել։ Փորձ եղաւ անոր բացատրելու, որ ասիկա իրատեսական մօտեցում չէ, եւ ատոր վերջնական արդիւնքը պարզապէս կ’ըլլայ հայ-թրքական յարաբերութեանց վիժեցումը՚:

Րա‎ֆֆի Յովհաննիսեանի խօսքերով` Հայաստանը կը ձգտէր կարգաւորելու յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ` առանց մոռնալու ՙդառն անցեալը, սակայն մեր պետութեան այդ քայլն անհրաժեշտ վերաբերմունքի չարժանացաւ թրքական կողմէն՚: ՙՀայ ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ իր անցեալը, բայց որպէս պետութիւն, որպէս պետականութիւն կրող ժողովուրդ, պատրաստ է կանոնաւորելու իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ` առանց որեւէ քաղաքական նախապայմանի: Եթէ թրքական կողմն ըմբռնումով չվերաբերի, շարունակէ պայմաններ դնել եւ պտոյտներ կատարել պատմութեան մէջ, մենք պարտաւոր ենք բանալ ողջ թղթապանակը եւ քննարկել մեր երկու ժողովուրդները յուզող բոլոր խնդիրները: Թուրքիան չկրցաւ իր չէզոքութիւնը պահպանել նաեւ ղարաբաղեան խնդրին մէջ: Եթէ սկիզբը գոնէ երեւութապէս կը պահպանէր այդ չէզոքութիւնը, այսօր իր արարքներով ու յայտարարութիւններով ցոյց կու տայ, որ ինքն անկողմնակալ չէ եւ չի կրնար ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ անաչառ միջնորդի դեր խաղալ՚:

Րաֆֆի Յովհաննիսեանի հրաժարականը

Րաֆֆի Յովհաննիսեանը 16 Հոկտեմբեր 1992-ի առտուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հակիրճ յայտարարութիւն մը ըրաւ: Ան հաւաքուածներուն հաղորդեց, որ նախագահ Տէր Պետրոսեանի խնդրանքով հրաժարական կու տայ: Յովհաննիսեանը չմանրամասնեց դրդապատճառները, միայն ըսաւ, որ կը հեռանայ ՙանաւարտ աշխատանքի զգացումով՚, սակայն, միւս կողմէ` ՙնախընտրեցի հաւատարիմ մնալ սկզբունքներուս եւ այն ուղիին, զոր, հաւատացած եմ, էական է Հայաստանի համար՚: ՙՄենք տակաւին երկար, դժուար ճանապարհ պիտի կտրենք միասին, մինչեւ որ մեր հայրենիքը, հզօր ու յաղթական, հասնի խաղաղութեան եւ արդարութեան զոյգ կատարներուն՚: Յաջորդ օրը թերթերը տպագրեցին նախագահի հրամանագիրը, ուր կ’ըսուէր. ՙՐաֆֆի Յովհաննիսեանին, իր դիմումի համաձայն, ազատել արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն՚:

Յովհաննիսեանի հրաժարականին առիթը Սթամպուլի մէջ անոր ունեցած ելոյթն էր, մինչդեռ պատճառներն աւելի խոր էին: Տէր Պետրոսեանն այսպէս մեկնաբանած է. ՙՍկիզբի չորս ամիսներուն ընթացքին, երբ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է շատ աշխոյժ արտաքին քաղաքականութիւն վարեր, երբ տեղի կ’ունենային անկախութեան ճանաչման, միջազգային կազմակերպութեանց անդամագրուելու գործընթացները, Յովհաննիսեանն իր պարտականութիւնները փայլուն կերպով կատարեց: Բայց անկէ ետք անոր մօտ սկսաւ որոշ խզում Հայաստանի նախագահի արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքներէն: Ատիկա առաջին կարգին կը վերաբերէր մեր դրացիներուն հետ ունեցած յարաբերութեանց հարցին: Ատոր ամենացայտուն օրինակը Սթամպուլի մէջ անոր ելոյթն էր, որուն ես չէի կրնար համաձայնիլ ո՛չ ամբողջութեամբ, ո՛չ ալ իւրաքանչիւր դրոյթի` առանձինն վերցուցած: Ատիկա նախ եւ առաջ ուղղակիօրէն կը հակասէր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքին` դրացիներու հետ յարաբերութեանց կարգաւորման: Սա Թուրքիոյ դէմ ուղղուած ելոյթ չէր, այլ` Արեւելքի բացարձակ մերժում եւ արեւմտամէտութեան ցցուն օրինակ՚:

Մինչդեռ Յովհաննիսեանի խօսքերով` Սթամպուլի ելոյթը պարզապէս պատրուակ էր եւ ինքն ամենեւին չէ զղջացած ատոր համար: Ան համաձայն չէ ՙայդ ելոյթը Արեւելքի դէմ էր՚ բնութագրելուն` զայն ՙանարդար՚ սեպելով: Աւելին, ՙառաջին այցերս Իրան եւ արաբական երկիրներ եղած են՚:

10 Սեպտեմբերի 1992-ին Սթամպուլի մէջ` Եւրոպայի Խորհուրդի համաժողովի իր ելոյթին մէջ, Յովհաննիսեանը բաւական կոշտ կերպով արտայայտուած էր Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան նկատմամբ: ՙՑեղասպանութենէն առաջ Կ. Պոլիսը առանձնայատուկ դեր կը կատարէր արեւմտահայ մշակութային վերածնունդին մէջ: Հակառակ Ցեղասպանութեան ողբերգութեան, նախագահ Տէր Պետրոսեանը հետեւողականօրէն հետամուտ եղած է Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելուն: Թուրքիան մերժած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու եւ հայ-թրքական սահմանը բանալու վերաբերեալ հայկական նախաձեռնութիւնները: Թուրքիան երբեմն վիժեցուցած է դէպի Հայաստան մարդասիրական օգնութեան փոխադրումը եւ չէ կրցած չէզոքութիւն պահել Լ. Ղ.ի հարցին մէջ: Ատրպէյճանի մէջ թուրք զինուորական խորհրդականներ եւ սպաներ կը գտնուին, բազմաթիւ տեղեկութիւններ կան Թուրքիայէն Ատրպէյճան զէնքի հոսքի մասին՚,- ըսած էր Յովհաննիսեանը, դառնալով նորանկախ Հայաստանի առաջին բարձրաստիճան պաշտօնեան, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշատակած էր նման մակարդակի խորհրդաժողովի մէջ, այն ալ, ինչը յատկանշական է, Թուրքիոյ մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի ելոյթն Թուրքիոյ դժգոհութեան արժանացաւ: Չեթինը յայտարարեց, որ Եւրոպայի Խորհուրդի համաժողովն այն տեղը չէ, ուր ՙանհիմն պնդումներ՚ հնչեն: Եւրոպայի Խորհուրդին մէջ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ Սէօնմէզ Քէօքսալն ընդգծեց, թէ Յովհաննիսեանի հրահրիչ ու յարձակողական ելոյթը չի կրնար Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութեանց ձգտող երկրի քաղաքական կամքի արտայայտութիւն ըլլալ:

Անգարան գոհունակութեամբ արձագանգեց Յովհաննիսեանը պաշտօնանկ ընելու Երեւանի որոշման: ՙԹուրքերը չէին պահեր, որ ատիկա իրենց վերջին շրջանի խնդիրներէն մէկն էր` տարանջատել, օտարել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը արտաքին քաղաքականութենէն եւ իր պաշտօնական ծառայութենէն: Կը կարծեմ, թէ նաեւ թրքական որոշ ազդեցութիւն մը կար հրաժարականի հարցիս մէջ: Ժամանակին ըսած եմ` եթէ Հայաստան-Թուրքիա երկկողմ յարաբերութեանց վճարելիք գինը Րաֆֆին էր, կը կարծեմ` Հայաստանը շատ աւելի մեծ փոխարժէք պէտք է ստանար՚,- կ’ըսէ Յովհաննիսեանը:

Հայաստանի ղեկավար շրջանակներուն մէջ Յովհաննիսեանի ելոյթը քննադատութեան արժանացաւ` դառնալով անոր հրաժարականի առիթն ու պատճառներէն մէկը: ՙԿար միջգերատեսչական մրցակցութիւն մէկ կողմէ Ա. Գ. Ն.ին, միւս կողմէ` նախագահականին միջեւ: Արտաքին քաղաքականութեան երկփեղկուածութիւն յառաջացաւ, եւ 1992-ի ամառէն Ժիրայր Լիպարիտեանը դարձաւ նախագահականի կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքականութիւնն սպասարկողը՚,- կը յիշէ Յովհաննիսեանը: Անոր խօսքերով` Լիպարիտեանը միշտ չէ, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէր հայ-թրքական շփումներու ընթացքին մասին. ՙԹուրքիոյ հարցը այս միջգերատեսչական մրցակցութեան նուրբ հարցն էր` լակմուսի թուղթերէն մէկը՚:

Տէր Պետրոսեանը կ’ըսէ, որ Յովհաննիսեանը կոպիտ սխալ թոյլ տուաւ. ՙՀայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ ան մտցուց երկու փաստարկ, որոնք բացարձակապէս անհարկի էին թէ՛ այն ժամանակ եւ թէ՛ այսօր. դրաւ Հիւսիսային Կիպրոսի հարցը, անոր համար մեղադրեց Թուրքիան, եւ Քրտական Խնդիրը: Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը շատ լուրջ եղած է, մշակուած են սկզբունքներ, որոնցմէ կարելի չէր շեղիլ: Ելոյթը հետս չէր համաձայնեցուած: Ո՞վ թոյլ տուած էր նման փաստարկներ մտցնել մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Այսօր ալ ան վտանգաւոր է: Անոր հրաժարականին գլխաւոր պատճառն ասիկա եղած է: Ես հրապարակայնօրէն ուրիշ կերպ մեկնաբանած եմ, բայց ես ասիկա չէի կրնար ըսել այդ ժամանակ, որովհետեւ անոր վրայ անգամ մըն ալ ուշադրութիւն պիտի հրաւիրէի՚:

Սթամպուլի իր ելոյթին մէջ քրտական եւ կիպրական հարցերուն շուրջ Յովհաննիսեանն ըսած էր. ՙԵւրախորհրդարանը վերահաստատած է Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու կացութեան վերաբերող որոշում մը, զոր Թուրքիոյ ժողովրդավարացման համար նախահիմք նկատած է Քրտական Հարցի խաղաղ կարգաւորումը: Անշուշտ, Կիպրոսը շատ տարբեր պարագայ է յատկապէս այն պատճառով, որ թրքական համայնքին պահանջները կը քաջալերուին օտար բանակի տարածքային գրաւման փաստով: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գրաւման բանակ չկայ՚:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարարներէն Վարդան Օսկանեանը, որ 1992-ին արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան մէջ միջին աստիճանի պաշտօնեայ էր, Յովհաննիսեանի ելոյթը որակած է ՙլաւ, բնական պոռթկում Թուրքիոյ հողին վրայ՚, սակայն միւս կողմէ` ՙայդ օրուայ պայմանները քիչ մը ուրիշ էին եւ հակասութեան մէջ մտաւ՚ Հայաստանի 1992 թուականի քաղաքականութեան հետ: ՙԽոսրով Յարութիւնեանը վարչապետ էր այդ օրերուն, եւ ես լաւապէս կը յիշեմ` նոյն օրը, երբ Յովհաննիսեանը ելոյթ կ’ունենար, մենք Թուրքիոյ վարչապետին նամակ կը ղրկէինք` խնդրելով Հայաստանը ցորենով ապահովել: Նամակը գրած էր Յարութիւնեանը, ես անգլերէնի թարգմանած էի՚:

Տարիներու հեռաւորութենէն` Յովհաննիսեանն իր սթամպուլեան ելոյթը կը շարունակէ արդարացի սեպել: ՙՄենք ամէն օր կը տեսնէինք Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ վարքը: Դիւանագիտութիւնը, այո՛, բանական, տրամաբանական հնարաւորութեանց արուեստ է, բայց ո՛չ միայն այդքան: Դիւանագիտութիւնը նաեւ ազգային շահերդ ներկայացնելու հրամայականն է, ընդհանուր առմամբ` դիւանագիտական շոյող լեզուով, բայց մէկ-մէկ նաեւ զինանոցդ աւելի դիպուկ կերպով գործածելով: Ես կը գտնեմ, որ պահը հասունցած էր արդէն: Թրքական սպառնալիքները, պոյքոթները, օդանաւեր իջեցնելը, քաղաքացիները նեղելը, սահման գոցելը, վեթօ դնելը սովորութիւն դարձած էր: Այդ ելոյթին մէջ հնչեց ՙՑեղասպանութիւն՚ եզրը, յառաջ քաշուեցաւ Ցեղասպանութեան ժառանգութեան խնդիրը՚:

Համաժողովի աւարտէն ետք Յովհաննիսեանը օդանաւով Կարին կը հասնի: ՙԵս մօրական կողմէ Կարնոյ դաշտի Ձիթող գիւղէն եմ, հոն եղած էի 20 տարի առաջ, եղբօրս հետ: Ձիթող այցելելու եւ մեծ հօրս տան նոր տիրոջը մեծ հօրս կողմէ ծաղիկ նուիրելու խնդրանքս մերժուեցաւ: Տեղական իշխանութիւններն ըսին, որ հնարաւոր չէ այցելել` թէքնիք պատճառներով: Ապա Ալիճան-Մարգարա կամուրջով անցայ Արաքսը դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն: Անասելի զգացում էր: Կու գաս Հայկական Բարձրաւանդակէն, քու ժառանգութենէդ` քու հայրենիքէդ դէպի քու հանրապետութիւնդ՚:

Թրքական հաց

1992-ին Հայաստանը արտաքին աշխարհի հետ կապող միակ աշխատող հաղորդակցութիւնը աբխազական երկաթուղին էր: Ճիշդ է, թէ հայ-թրքական սահմանը դեռ շրջափակուած չէր, սակայն երկու սահմանադուռերը` Կարս-Կիւմրի եւ Ալիճան-Մարգարա, կը բացուէին որոշ պարագաներու միայն: Խորհրդային տարիներուն Նախիջեւանով կ’անցնէին Հայաստանի համար կենսական ճամբաները, առաջին կարգին` Երեւան-Պաքու, Երեւան-Կապան, Երեւան-Ճուլֆա-Թաւրիզ երկաթուղիները: Հայաստանը ցամաքային կապով` Արաքս գետի վրայով, կապեր կը հաստատէր Իրանի հետ:

Հայաստանը Եւրամիութեան վարկով պէտք է հաց գներ: Վարչապետ Խոսրով Յարութիւնեանը հացամթերումներու նախարարէն կը տեղեկանայ, որ հացի քանի մը օրուայ պաշար կայ միայն: ՙԻնծի համար շատ անսպասելի էր: Այդ պահէն սկսաւ մեր կռիւը հացի համար: Ես` որպէս վարչապետ, կ’ընկճուէի, երբ իրիկունը քաղաքը պտըտելու դուրս կու գայի եւ հացի հերթերը կը տեսնէի: Շատ ճնշող էր: Երբ գոցուեցաւ Աբխազիոյ երկաթուղին, վիճակն աւելի բարդացաւ: Բեռնատար օդանաւեր չունէինք: Օդային փոխադրումներու մարզը սարսափելի վիճակի մէջ էր, կամայականութիւններ` ինչքան ըսես: Ապրանքը կու գար, վարէն կը սակարկէին` մինչեւ որ այսքան գումար չտաք, վայրէջքի հնարաւորութիւն չենք տար՚,- կը յիշէ Յարութիւնեանը:

Տէր Պետրոսեանը կը կապուի վարչապետ Տէմիրէլի հետ եւ կը քննարկեն Թուրքիոյ տարածքով ցորեն ներկրելու հնարաւորութիւնը: Տէմիրէլը դրականօրէն կը պատասխանէ: Հայաստանի նախագահը վարչապետին կարգադրութիւն կ’իջեցնէ իր թուրք գործընկերոջ անունով նամակ պատրաստել: Յարութիւնեանը կը յիշէ Տէմիրէլին գրած նամակին բովանդակութիւնը. ՙԵս եւ Դուք հնարաւորութիւն ունինք մեր ժողովուրդներուն ապացուցելու, որ կրնանք նաեւ համագործակցիլ, եկէ՛ք փորձենք այդ հնարաւորութիւնը բաց չձգել՚: 21 Սեպտեմբերին Յարութիւնեանը դրական պատասխան կը ստանայ Տէմիրէլէն. ՙԿառավարութիւնս սկզբունքօրէն համաձայն է օգնութիւն ցոյց տալու հացահատիկի պաշարները լրացնելու հարցին մէջ: Մենք պատրաստ ենք ընդունելու Ձեր պատուիրակութիւնը` հացահատիկի տեղափոխման միջոցներու, քանակի, ձեւակերպումներու եւ ժամկէտներու վերաբերեալ հարցերը քննարկելու համար՚:

Պետական նախարար Գագիկ Շահպազեանը 7 Հոկտեմբերին մեկնեցաւ Անգարա` քննարկելու համար հացահատիկը Թուրքիայէն Հայաստան հասցնելու ուղիները: Շահպազեանը տարիներ ետք պատմած է. ՙԱնգարայի մէջ արժանացանք թէեւ քաղաքավարի, բայց շատ պաղ ընդունելութեան: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի, գիւղատնտեսութեան նախարարի, ինչպէս նաեւ զանազան վարչութեանց ղեկավարներու հետ բանակցութեանց շնորհիւ թրքական կողմը համաձայնեցաւ վերսկսիլ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը, պայմանով, որ թրքական վակոնները պէտք է անմիջապէս վերադառնան Ախուրեանի մէջ բեռնաթափումէն ետք՚: Խորհրդային Միութեան փլուզումով դադրեցուած էր երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Կարսի եւ Կիւմրիի միջեւ: ՙՀաշուած օրերու ընթացքին Հայաստանի մէջ հսկայական աշխատանք կատարուեցաւ, վերակառուցուեցաւ Ախուրեանի կայարանը` զայն հացահատիկի ընդունման յարմարցնելով: Իսկ ընդդիմադիրները կը շարունակէին մոլեգնիլ` չնայած իրենք ալ այդ հացը ախորժակով կ’ուտէին՚:

ՙՃումհուրիյէթ՚ը 9 Հոկտեմբերի թիւի ՙՊաքուն Իր Համաձայնութիւնը Կու Տայ Երեւանին Տրամադրուելիք Աջակցութեան՚ յօդուածին մէջ գրած է. ՙՀայաստանէն պատուիրակութիւն ժամանած է Անգարա` բանակցելու Թուրքիոյ կողմէ Երեւան ղրկուելիք 100 հազար թոն հացահատիկի առաքման շուրջ: Թրքական կառավարութիւնը նախապէս խորհրդակցած է Ատրպէյճանի հետ, որ տուած է իր համաձայնութիւնը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ իր աջակցութիւնն աւելի կրնայ ըլլալ, եթէ Հայաստանը վերջ տայ Ղարաբաղի մէջ իր գրաւումներուն: Թրքական օժանդակութիւնը քաղաքականութեան փոփոխութիւն չ’ենթադրեր: Այնքան ժամանակ, որ Հայաստանը հողային իր պահանջատիրութենէն եւ ցեղասպանութեան պնդումներէն չէ հրաժարած եւ Թուրքիոյ գրաւոր երաշխիք չէ տուած, դիւանագիտական յարաբերութիւններ չեն կրնար հաստատուիլ: Հայաստանը թէեւ կը յայտնէ, որ նման պահանջատիրական հետապնդումներէն հրաժարած է, սակայն կը մերժէ համապատասխան գրաւոր յանձնառութիւն ստանձնել՚:

10 Հոկտեմբեր 1992-ին Անգարայի մէջ պայմանագիր կը ստորագրուի Հայաստանի պարէնի եւ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութեանց միջեւ. Թուրքիան Հայաստանին 100 հազար թոն հացահատիկ պիտի տրամադրէր փոխարինաբար: Ապա տեղի կ’ունենայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ վարչապետներուն հեռաձայնային զրոյցը: ՙԴրական զրոյց էր: Թուրքիան համաձայնեցաւ մեր ապագայ վարկին դիմաց իր ներքին պաշարներէն Հայաստանին հաց տալ, պայմանով, որ ատոր փոխարէն յետագային հաց ստանայ Եւրամիութենէն՚,- կը յիշէ Խոսրով Յարութիւնեանը:

16 Նոյեմբերին կտրօններու դրութիւն կը մտցուի եւ հացի հերթերը կը վերանան: Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատը 6 հազար թոն հացահատիկ նուիրած էր, զոր Հայաստան կը հասնի նոյնպէս Թուրքիոյ տարածքով: Ատիկա 12 օրուայ հաց էր: ՙՑորենը 1992-1993-ին Թուրքիոյ ճամբով եկաւ, ուրիշ ճամբայ չունէինք: Բայց կանգնեցուցին. 100 հազար թոն պիտի գար, 52 հազարը եկաւ՚,- կ’ըսէ Լիպարիտեանը, որ 1992-1997-ին եղած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց գլխաւոր բանագնացը:

Րաֆֆի Յովհաննիսեանը ցորենի առաքումը Հայաստանի ծաւալած վճռական քաղաքականութեան հետեւանք կ’որակէր: ՙԱտիկա մենք կը նկատենք բարի կամքի արտայայտութիւն, բայց ոչ օգնութիւն, որովհետեւ Թուրքիան փոխադրութեան համար կը պահանջէ հատուցում, զոր պէտք է տանք կա՛մ յաւելեալ ցորենով, կա՛մ տարադրամով: Այնպէս որ, ատիկա օգնութիւն չէ, ատիկա իր համար շահ է, բայց մենք կը նկատենք բարի կամքի արտայայտութիւն, կ’ողջունենք նման քայլն ու այն տրամադրութիւնը, զոր կամաց-կամաց կը ծնի Թուրքիոյ մէջ՚:

Յետագային Յովհաննիսեանն ըսած է, որ Հայաստանի վարչապետին խնդրանքով, ինքը Իրանի նախագահ Հաշեմի Ռաֆսանճանիի հետ Ճաքարթայի մէջ լուծած էր հացի խնդիրը: ՙՑորենը պէտք է Իրանով եւ ո՛չ թէ Թուրքիայով գար, պէտք է գար ո՛չ թէ թրքական ցորենը, այլ` եւրոպականը՚:

Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութեան նախագիծը

Նախագահ Տէր Պետրոսեանը 1992-ի սկիզբին յոյս ունէր, թէ Երեւանն ու Անգարան լեզու կը գտնեն: ՙՎստահ եմ, որ Անգարայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատուին ամառէն առաջ: Թէքնիք հարցերն արդէն կարգաւորուած են, սկզբունքային համաձայնութիւն տրուած է ինչպէս Երեւանի, այնպէս ալ` Անգարայի մէջ: Որոշ հայեր կը պահանջեն, որ Անգարան պաշտօնապէս ճանչնայ 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը, մինչդեռ թուրքերէն ոմանք կը ստիպեն, որ Երեւանը պաշտօնապէս հրաժարի Մեծ Հայաստանի գաղափարէն: Սակայն երկու մայրաքաղաքները համաձայն են որեւէ նախապայման չդնելու` դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար՚:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու արձանագրութեան վրայ հայկական կողմէ կ’աշխատէին նախագահի խորհրդական Լիպարիտեանն ու յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Դաւիթ Շահնազարեանը, թրքական կողմէն` արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտները` Ճանտան Ազերի գլխաւորութեամբ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործընթացէն փաստօրէն դուրս ձգուած էր: Երբ Րա‎ֆֆի Յովհաննիսեանին հարցուցի 1992-ի հայ-թրքական արձանագրութեան նախագիծի բովանդակութեան մասին, արտաքին գործոց առաջին նախարարը պատասխանեց. ՙՉզարմանաք` տեղեակ չեմ՚:

1993-ի սկիզբին արտաքին գործոց նախարար նշանակուած Վահան Փափազեանը կ’ըսէ. ՙՄօտեցումը հետեւեալն էր` այո՛, կան խնդիրներ, բայց պէտք է աշխատինք արձանագրութեանց վրայ: Երկու էջնոց շարադրանք մըն էր, սեղմ, զուսպ, փորձ եղած էր այնպէս ընել, որ բոլոր բարդ խնդիրները շրջանցուին: Խօսք կ’ըլլար դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման մասին, կողմնակիօրէն պէտք է ճանչցուէին երկու երկիրներուն տարածքային ամբողջականութիւնները` առանց նշելու այս կամ այն պայմանագիրը՚:

Լիպարիտեանը կը նշէ, որ սկզբնական շրջանին, արձանագրութեան վրայ աշխատանքը յուսադրող էր: Երկկողմ յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով թրքական պատուիրակութիւնը Երեւան եկաւ 1992-ի Օգոստոսին: Երկօրեայ բանակցութեանց ընթացքին ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ ալ Հայաստանը նախապայմաններ դրին. ՙԲեմահարթակն ազատ էր երկրորդ գործողութեան համար: Արձանագրութեան շարադրանքի ստեղծման շուրջ բանակցութիւնները 1992-ի աշնան ու 1993-ի ձմրան յառաջ կ’երթային բնական կերպով: Դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման արձանագրութիւնը գրեթէ վերջացած էր, բացի մէկ հարցէ` գոյութիւն ունեցող սահմաններու ճանաչման ձեւակերպումը: Թրքական կողմը հայկական առաջարկին շուրջ կը խորհէր, երբ իրադարձութիւնները քննարկումներէն յառաջ ինկան: 1993-ի Ապրիլին հայկական կողմը գրաւեց Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ ինկած ատրպէյճանական ուրիշ շրջան մը` Քելպաճարը, ուրկէ Ատրպէյճանը կը հրետակոծէր թէ՛ Ղարաբաղը եւ թէ՛ Հայաստանը: Թուրքիան ընդհատեց բանակցութիւնները: Բացի ատկէ, դադրեցուց Հայաստան ցորենի տարանցիկ մատակարարումները՚:

1992-ի Նոյեմբերին նախագահ Տէր Պետրոսեանը կը յայտարարէր, որ ՙդիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու արձանագրութիւնը վերջնականապէս համաձայնեցուած է՚ եւ դէպքերու յաջող զարգացման պարագային ՙմինչեւ տարեվերջ հնարաւոր կ’ըլլայ ստորագրել այդ փաստաթուղթը՚: ՙԵս հեռաձայնային զրոյց մը ունեցայ վարչապետ Տէմիրէլի հետ: Ինքը հեռաձայնած էր: Զրոյցի ատեն ես բարձրացուցի հարց մը եւս` Գերմանիայէն եւ Պուլկարիայէն Հայաստան էլեկտրական ոյժանիւթի մատակարարումը ապահովել Թուրքիոյ ցանցերուն միջոցով: Վարչապետը խոստացաւ կարգաւորել նաեւ այդ հարցը. ան յանձնարարեց իրենց ոյժանիւթի ճարտարագէտներուն զբաղիլ այս հարցով: Յաջողութեան պարագային, այս ձմեռ մենք 100-150 ՄեկաՈւաթ.ժամ էլեկտրական ոյժանիւթ կը ստանանք նաեւ այս ճամբով՚:

Ճանտան Ազերը ըսած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման նախագիծը ՙ95 տոկոսով պատրաստ է՚, բայց Անգարայի կողմէ հնարաւոր չէ քայլեր ձեռնարկել, քանի Լ. Ղ.ի հակամարտութիւնը դեռ չէ լուծուած:

Հոկտեմբերի երկրորդ կէսին Թուրքիա այցելած էր Հայաստանի պատուիրակութիւնը` Լիպարիտեանի եւ Շահնազարեանի գլխաւորութեամբ: Զանոնք կ’ընդունի նաեւ արտաքին գործոց նախարար Չեթինը: Շահնազարեանի խօսքերով` ՙըստ էութեան համաձայնեցանք հայ-թրքական արձանագրութեան նախագիծին շուրջ, հաւանաբար 95 տոկոսով՚: ՙԱնիկա հաւասարակշռուած էր, որեւէ նախապայման չէր պարունակեր, պատմութեան անդրադարձ չկար: Արձանագրութեան չհամաձայնեցուած կէտերէն էր Կարսի պայմանագիրին յղումը, զոր փակագիծերու մէջ վերցուած էր: Մենք համաձայն չէինք, իսկ Թուրքիան ատոր վրայ կը պնդէր: Յետոյ ես հեռաձայն ստացայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ իրենք այդ կէտը հանելու համաձայն են: Մեր հակափաստարկն էր` եթէ յղում պիտի ըլլայ միջազգային պայմանագիրի մը, ապա յղում պէտք է ըլլան հայ-թրքական բոլոր պայմանագիրներուն: Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեզի համար պատմական իրողութիւն է եւ ան քննարկման առարկայ չէ, թուրքերու համար` ան ցեղասպանութիւն չէ եւ քննարկման առարկայ չէ, ուրեմն` պատմութեան կը ձգենք: Սա էր երկկողմ ըմբռնումը: Հայ-թրքական յարաբերութեանց ապագան պատմութեան մէջ փնտռելը կործանարար ճամբայ է՚:

16-19 Նոյեմբերին Հայաստանէն պատուիրակութիւն մը կը մեկնի Անգարա: Այցի ընթացքին երկու երկիրներու ոյժանիւթի նախարարութիւնները կը ստորագրեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առաջին միջգերատեսչական պայմանագիրը, ըստ որուն` 1 Դեկտեմբերէն Թուրքիայէնէլեկտրական ոյժանիւթ պէտք է առաքուեր Հայաստան: 40 ՄեկաՈւաթ.ժամ էլեկտրական ոյժանիւթը պէտք է ստացուեր Ռումանիայէն եւ Գերմանիայէն` Թուրքիոյ տարածքով:

14-15 Դեկտեմբերին Սթոքհոլմի մէջ կայացած Ե. Ա. Հ. Խ.ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի շրջանակներուն մէջ տեղի կ’ունենայ պաշտօնակատար Արման Կիրակոսեանի զրոյցը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չեթինի հետ:

29 Դեկտեմբեր 1992-ին տեղի կ’ունենայ Տէր Պետրոսեանի հեռաձայնային զրոյցը Տէմիրէլի հետ, որու ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ շարունակելու Հայաստան հացահատիկի առաքումները, ինչպէս նաեւ` քննարկել երրորդ երկիրներէն Թուրքիոյ տարածքով Հայաստանին էլեկտրական ոյժանիւթ մատակարարելու հնարաւորութիւնը:

ՙՀայաստանը եւ Թուրքիան ունին ակնյայտ փոխադարձ շահեր, որոնք հիմք են առեւտրական, տնտեսական յարաբերութիւններ հաստատելու համար: Փոխշահաւէտ ըլլալով, յարաբերութիւններն այնքան արժէքաւոր են կողմերուն համար, որ անոնք պէտք է իրարու քաղաքական նախապայմաններ թելադրելէ խուսափին: Այս տեսակէտն ընդհանուր առմամբ կ’ընդունուէր նաեւ Թուրքիոյ պաշտօնական շրջանակներուն կողմէ: Սակայն վերջին շրջանին, այս սկզբունքին հակասող յայտարարութիւններ կը նկատուին թրքական կառավարութեան որոշ ներկայացուցիչներու ելոյթներուն մէջ՚,- կ’ըսէր Տէր Պետրոսեանը:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4