Ալեքսանդր Խատիսեանի մուտքը ՀՅԴ շարքերուն մէջ՝ 1917 թուական

1011

Հատուած Ռուբէն Դարբինեանի ԿԵԱՆՔԻՍ ԳԻՐՔԷՆ հատորէն, Ա. հատոր, էջ 224-226

Կ’ուզեմ յիշել հոս, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 1917ի Ռայոնական ժողովի իրադարձութիւններէն ամէնէն խորունկ կերպով յիշողութեանս մէջ տպաւորուեր է Ալեքսանդր Խատիսեանի Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ ընդունուելուն հետ կապուած անցուդարձը:

Անսպասելի կերպով այդ խնդիրը չափազանց սուր վիճաբանութիւններու եւ ընդդիմութեան առիթ տուաւ խումբ մը երիտասարդ Դաշնակցականներու կողմէ: Այս խումբին մեջ էին Վահան Նավասարդեանը եւ Վահան Խորէնին, իսկ խումբին առաջնորդ էր Աւետիք Շահխաթունեանը: Ասոնք կատաղի ատելութեամբ լեցուած էին Ալ. Խատիսեանի հանդէպ, չէին ներեր անոր անցեալի գործակցութիւնը ցարական կառավարութեան հետ, կը նկատէին զայն իր ոգիով հակադաշնակցական անձ մը եւ անոր մուտքը Հ. Յ. Դաշնակցութեան մեջ կը համարէին կատարեալ աղէտի պես բան մը: Բնական է, որ այս խումբը իր կարելին ըրաւ Ռայոնական Ժողովին մէջ՝ ետ մղելու համար Ալ. Խատիսեանի դիմումը՝ մտնելու Հ. Յ. Դաշնակցութեան մէջ: Ժամանակի ոգիին համար յատկանշական է, որ թէեւ Ռոստոմը, բժ. Համօ Օհանջանեանը եւ ուրիշ շարք մը ականավոր Դաշնակցական առաջնորդներ ո՛չ միայն որեւէ առարկութիւն չունէին Ալ. Խատիսեանի Դաշնակցութեան մէջ մտնելուն դէմ, այլեւ չափազանց օգտակար կը գտնէին այդպիսի հեղինակավոր եւ տաղանդավոր հանրածանօթ դէմքի մը Դաշնակցութեան միանալը, բայց յիշեալ խումբին ընդդիմութիւնը այնքա՜ն զօրավոր էր եւ տպաւորիչ, որ քիչ մնաց Ալ. Խատիսյանի դիմումը մերժուէր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ռայոնական Ժողովին կողմէ:

Մեր երէց ընկերները այնքա՜ն մտահոգուծ էին այդ առթիվ, որ կը յիշեմ՝ բժ. Համո Օհանջանեանը, գիտնալով իմ մտերմութիւնը Աւ. Շահխաթունեանի հետ, խնդրեց ինձմէ, որ խօսիմ անոր ու համոզեմ զայն, որ դադարեցնէ իր մոլեգին ընդդիմութիւնը Ալ. Խատիսյանի դեմ: Բժ. Համօ Օհանջանեանը կը խորհէր, որ եթէ կարելի ըլլար համոզել Աւ. Շահխաթունեանը, իր աւելի երիտասարդ հետեւորդները պիտի հետեւէին անոր եւ կարելի պիտի ըլլար ընդունիլ Ալ. Խատիսյանը Դաշնակցութեան մէջ, առանց ընդդիմութեան, նոյնիսկ միաձայնութեամբ:

Հարկաւ, բժ. Համօ Օհանջանեանը ինձի պիտի չդիմէր, եթէ չգիտնար, որ ես հակառակ էի Աւ. Շահխաթունեանի տեսակէտին Ալ. Խատիսեանը մեր կուսակցութեան մէջ ընդունելու խնդրին վերաբերեալ: Եւ բնական է, որ չմերժեցի խօսիլ Աւ. Շահխաթունեանի հետ: Բայց վերջինիս ատելութիւնը այնքա՜ն կոյր էր, որ անկարելի եղաւ մազաչափ անգամ ազդել անոր վրայ:

Բարեբախտաբար, Ռայոնական Ժողովը, ի վերջոյ, ջաղջախիչ մեծամտութեամբ համամիտ չգտնուեցաւ Աւ. Շահխաթունեանի խումբին հետ եւ որոշեց ընդունիլ Խատիսեանը Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ:

Յիշողութեանս մէջ կենդանի մնացած է Ալ. Խատիսեանի կեցուածքը այն օրը, երբ կը քննուէր իր հարցը: Բուռն վիճաբանութեանց ատեն, երբ քանի մը րոպէով դուրս եկայ ժողովասրահէն, տեսայ, որ միջանցքին դրան առջեւ, սանդուխքի մը տակ կեցած էր ան համեստորէն, հասարակ խնդրատուի մը պէս եւ համբերութեամբ կը սպսէր իր ճակատագրին որոշման:

Այդ մարդը, որ դեռ երէկ Անդրկովկասի մայրաքաղաքին փայլուն քաղաքագլուխն էր եւ ցարական փոխարքային բարեկամը, հասարակ խնդրատուի իր այդ դիրքին մէջ չէր կրնար ակամայ առաջ չբերել իմ մէջ ամօթի զգացում, որ այնքա՜ն անմիտ կերպով զայն ենթարկեցինք այդ անհարկի նուաստացումին:

Իսկ այսօր, այդ դէպէն քառասուն եւ երկու տարի յետոյ, երբ կը յիշեմ յիշեալ խումբին անոր դէմ մղած պայքարը եւ Ալ. Խատիսեանի այնքա՜ն օգտակար հետագայ գործունէութիւնը Հ. Յ. Դաշնակցութեան դրօշին տակ, չեմ կրնար ըսել, թե նաեւ կատարելապէս անհիմն ու անարդար էր այդ պայքարը, եւ Ալ. Խատիսեանը անհամեմատ աւելի հաւատաւոր, կարգապահ, բարեխիղճ եւ մեծապէս օգտակար Դաշնակցական մը եղաւ, քան շատ մը ուրիշ աւելի հին Դաշնակցականներ:

Դաշնակցական դառնալէ ետք, Թիֆլիսի նման մեծ քաղաքի մը այդ վաստակավոր քաղաքագլուխը, իրեն համար նուաստացում չնկատեց Հայաստանի Ալեքսանդրապոլի (այժմ Լենինական) նման պզտիկ գաւառական քաղաքի մը քաղաքագլուխը դառնալ եւ իրեն յատուկ արտասովոր խարեխղճութեամբ կատարել այդ պաշտօնը: Նոյնպէս օրինակելի էին իր կեանքն ու գործը Հայաստանի Հանրապետութեան շրջանին: Իր վարչապետ եղած օրերուն ալ ան ամէնէն օրինապահ եւ բարեխիղճ պաշտօնեան էր մեր մանուկ պետութեան: Այնուհետեւ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ արտասահմանի մէջ իր գործունէութեամբ մեր պետական գործիչներէն ոեւէ մէկէն աւելի փայլ տուաւ մեր Հանրապետութեան՝ թէ’ մեր գաղութներու հայութեան եւ թէ օտարներու աչքին:

Այնպէս որ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ո’չ միայն ոչինչ կորսնցուց զայն իր շարքերուն մէջ առնելով, այլեւ, ընդհակառակն, շատ եւ շատ բան շահեցաւ:

Ինչպէս յայտնի է, Ալ. Խատիսեան մասնագիտութեամբ բժիշկ էր, բայց շատ քիչ էր զբաղուած բժշկութեամբ: Ցարական իշխանության օրերուն, եղած էր երկար ատեն հանրային ծառայութեան մեջ եւ ետքն ալ Թիֆլիսի քաղաքագլուխ, պաշտօն մը, որ իրեն մէկէ աւելի պատեհութիւններ տուաւ դառնալու հանրածանօթ դէմք մը ո՛չ միայն Անդրկովկասի, այլեւ ամբողջ Ռուսաստանի մէջ:

Սքանչելի խօսող էր: Իր ռուսերէնը անթերի էր, ուղղակի դասական: Երբ կէ խօսէր ռուսերէն, կարծես գեղեցիկ ու հմայիչ երաժշտութիւն մը կը լսէիր, այնքա՜ն պատկերավոր եւ ոգեշունչ էր իր խօսելու ձեւը:

Թէեւ Ալ. Խատիսեանի հայերէնը շատ խեղճ էր, ըստ երեւոյթին ետքն էր սորված, բայց իր հռետորական բացառիկ տաղանդին շնորհիւ իր հայերէնի աղքատ բառամթերքով ալ ան կրնար հմայել ունկնդիր հասարակութիւնը ա’յն աստիճան, որ զինքը չսիրողներն իսկ ակամայ կը ստիպուէին մտիկ ընել զայն եւ ոչ՝ առանց հաճոյքի:

Այդ տեսակէտէն հետաքրքրական էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն, երբ Ալ. Խատիսեան վարաչպետ էր, Խորհրդարանի Դաշնակցաական Ֆրակցիայի մէջ իր հին հակառակորդները՝ Վահան Խորէնին եւ Վահան Նավասարդեանը յաճախ կատաղի յարձակումներով անոր հրաժարումը կը պահանջէին: Բայց Ալ. Խատիսեան վեր կը կենար եւ առաջարկ կ’ընէր զեկուցում մը տալու համար: Ժողովը կը համաձայնէր լսել, հակառակ երկու Վահաններու բուռն բողոքին: Եւ Ալ. Խատիսեան իր ժամեր տեւող զեկուցումով այնքա՜ն կը յափշտակէր ունկնդիրները, մէջն ըլլալով նաեւ երկու Վահանները, որ ժողովականները բոլորովին կը մոռնային այս վերջիններուն պահանջը եւ գոհ սրտով կը հեռանային՝ հետեւեալ նիստին կրկին լսելու համար երկու Վահաններուն կատաղի յարձակումները Ալ. Խատիսեանի վրայ, նոյնքան ապարդիւն:

Յաճախ ընկերները կէս-լուրջ, կէս-կատակ կ’ըսէին, թէ երկու Վահաններէն աւելի մեծ բարեկամներ չունի Ալ. Խատիսեանը Դաշնակցական ֆրակցիայի մեջ, որովհետեւ անոնց յարձակումները Ալ. Խատիսեանի վրայ այնքա՜ն կատաղի, այնքա՜ն անսանձ կ’ըլլային, որ հակառակ տրամադրութիւն կը ստեղծէին ֆրակցիայի մէջ, ի նպաստ Ալ. Խատիսեանի: Որով՝ եթէ չըլլար նոյնիսկ Ալ. Խատիսեանի հմայիչ պերճախօսութիւնը, երկու Վահանները պիտի չյաջողէին գլուխ բերել անոր հրաժարումը վարչապետութենէ:

Հետաքրքրական է, որ Ալ. Խատիսեանի դահլիճին անկումին պատճառը ի վերջոյ չեղան իր կուսակցական հակառակորդները, այլ Հ. Յ. Դաշնակցութեան թշնամիները՝ բոլշեւիկները, իրենց սարքած Մայիսեան ապստամբութեամբ: Այդ ապստամբութիւնը աւելի դիւրութեամբ ճնշել կարենալու համար՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոն իր ձեռքը առաւ իշխանութիւնը, բժ. Համօ Օհանջանեանի գլխավորութեամբ: