ՌԱԿը աւանդականօրէն կանգնած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողքին․ ՌԱԿ (Բոստոն)

901

ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ՉԱՐԱՇԱՀՈՂ ՊԱՏԵՀԱՊԱՇՏՆԵՐԷՆ

Հանրութեան ուշադրութեան ուղղուած անպատասխանատու հաղորդագրութիւն մը, արտատպուելով մամուլի կարգ մը օրկաններուն կողմէ, սփռուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի շրջանակներուն մէջ:

ՌԱԿի զինանշանի եւ անուան գործածութիւնը անպատասխանատու կերպով թիւրիմացութեան մատնած ըլլալ կը թուին կարգ մը խմբագիրներ, որոնք տեղ տուած են յիշեալ խաբեբայութեան:

ՌԱԿի հաւատաւոր շրջանակներն ու կառոյցները կը շարունակեն կուսակցութեան պատմական վարկին ու հեղինակութեան վայել գործունէութիւն ծաւալել հայ կեանքին մէջ: Հետեւաբար ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդը կու գայ ամենայն պատասխանատուութեամբ զգուշացնելու հանրային կարծիքը եւ ազգային եկեղեցական ու քաղաքական իրաւասու մարմինները, թէ Մայիս 15, 2020 թուակիր հաղորդագրութիւնը, որ կը կրէ «Ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պայծառութեան» վերնագիրը եւ հրապարակուած է ՌԱԿի զինանշանի կողքին, բացարձակապէս չի ներկայացներ ՌԱԿը. պարզապէս անոնք չարաշահելով կուսակցութեան խորհրդանշանները կը փորձեն շփոթութիւն ստեղծել հանրային կարծիքին մէջ, ստապատիր հոգածութեան պատրուակով՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Բարեբախտաբար այս չարաշահումին հեղինակները քաջութիւնն ունեցած են յականէ անուանէ հրապարակ գալու, ինքնատուր հանգամանքներով հանդերձ, որպէսզի ՌԱԿի աշխարհասփիւռ շրջանակները գիտնան, թէ այս միեւնոյն արկածախնդիրներն են, որոնք պառակտումի սերմը ցանած են կուսակցութեան շարքերէն ներս եւ այսօր կը միտին միեւնոյն խարդաւանքը փոխադրել եկեղեցական կեանքէն ներս:

ՌԱԿը աւանդականօրէն կանգնած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի կողքին եւ տասնամեակներով կուրծք տուած է անոր դէմ մղուած պայքարին:

Հայաստանեայց Եկեղեցին, ինչպէս ամէն ազգային կազմակերպութիւն, բնականօրէն ունի լուծելիք խնդիրներ, որոնց հանգամանօրէն կ՛անդրադառնան իրաւասու հեղինակութիւններ:

Վարկազրկուած գործունէութեամբ վերոյիշեալ բախտախնդիրները վերջին մարդիկն են, որ կրնան խօսք ունենալ եկեղեցւոյ մասին, կամ առ հասարակ՝ որեւէ ազգային լուրջ խնդրի մասին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն Խորհուրդը կու գայ հպարտութեամբ վերահաստատելու իր հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռի հանդէպ եւ զգուշացնելու հանրութիւնը, թէ ՌԱԿէն հեռացած տարրեր միայն կրնան իրենց խեղաթիւրուած կարծիքները յայտնել եւ ոչ ՌԱԿի շարքերուն տեսակէտներն ու կեցուածքը:

Շուտով աւելի հանգամանօրէն կ՛անդրադառնանք այս արկածախնդրութեան՝ ստուգելէ վերջ, թէ ո՞ր պղտոր աղբիւրներէն ջուր կը խմեն յիշեալ արկածախնդիրները:

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ

Պոստոն, Մայիս 15, 2020