Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1050

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէհայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

– Ազնաւորեան Զարեհ Արքեպիսկոպոս, «Հնգամատեանի մեկնութիւն», «հատորի կազմումըխմբագրումըէջադրումըյաւելուածներու հեղինակումը եւ տպագրութեան իրականացումը կատարած է «Մեհրի» ՍՊԸն», «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան տպարանԵրեւան, 2019, 680 էջ (17 x 24 սմ.) (Հին Կտակարանի առաջին հինգ գիրքերու բովանդակութեան մեկնութիւնըերկու յաւելուած՝ «Սուրբգրային գիտելիքներ» եւ «Եբրայական տօներ», անձնանուններուտեղանուններու եւ յիշատակուած սուրբգրային համարներու ցանկեր): Հատորը «Պօյաճեան եւ Թովմասեան ընտանիքները կը նուիրեն իրենց քրոջ եւ մօրաքրոջ՝ Արիգա Պօյաճեանի յիշատակին»: Հատորը նուիրուած է նաեւ հեղինակ Սրբազան հօր յիշատակին՝ վախճանման 15-րդ տարելիցին առթիւ:

Ալահայտոյեան Պետրոս Յովսէփ եւ Մկրեան-Մարգարեան Ծովիկ (խմբագիրներ), «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1957). Երաժշտական երկերու ժողովածու», Ա. եւ Բ. հատորներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս – Լիբանան, 2019:

Բաբայեան Մայքլ (աշխատասիրեց), «Յուշամատեան անկախութեան Հայաստանի Հանրապետութեան 1918-1921 թթ. պետական գործիչները», Երեւան, հոկտեմբեր 2019, 450 մեծադիր էջ (Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պետական կառոյցի բարձրաստիճան 176 պաշտօնատարներու լուսանկարներն ու կենսագրութիւնները, խմբանկարներ, պատմական վայրերու եւ փաստաթուղթերու լուսանկարներ) (երկլեզու՝ հայերէն եւ անգլերէն): Հատորը նուիրուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման պանծալի 100-ամեակին»:

Գէորգեան Համլէտ, «Դրօ», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 3, հրատարակութիւն «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2019:

Խառատեան Հրանոյշ, «Հայատեացութիւնը որպէս թուրքական ինքնութեան կառուցման գործօն – Գաւառահայերը Թուրքիայի Հանրապետութիւնում 20-րդ դարի միջնադարում», ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 712 էջ (դաշտային աշխատանքով քաղուած վկայութիւններ, անձերու, վայրերու եւ փաստաթուղթերու լուսանկարներ, անձնանուններու, տեղանուններու, ցեղանուններու եւ այլ ցանկեր): Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Գիտական խորհուրդի որոշումով եւ նուիրուած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին:

– (Կարապետեան) Բակուր, «Արցախի հարցի տասը արմատները», հրատարակիչ՝ «Շուշի» հիմնադրամ, Լոս Անճելոս, 2019 (անգլերէն):

Կարին Մարկ տը, «Երիտթուրք ոճրագործներու վերաշրջանառումը», «Սիժեսթ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2019, 228 էջ (երիտթուրք-քեմալական եւ Թեշքիլաթը Մախսուսէ-Թուրքիոյ «Խոր Պետութիւն» պորտալարային կապի մասին. երիտթուրք 80 պատասխանատուներու պետական եւ կուսակցական գործունէութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան եւ քեմալական Թուրքիոյ ժամանակաշրջաններուն) (ֆրանսերէն):

«Հայկազեան հայագիտական հանդէս», ԼԹ. հատոր, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, «Ռուհանի Շիմալի, Տարուն եւ ընկ.» տպարան, Պէյրութ, 2019:

– Մարմարեան Արսէն [Վահան Թոթովենց], «Զօրավար Անդրանիկ եւ իր պատերազմները», Բ. տպագրութիւն, կազմող, խմբագիր եւ հրատարակութեան հովանաւոր՝ Յովսէփ Նալպանտեան, Երեւան, 2019 (1920-ին Պոլսոյ «Կիւթենպերկ» տպարանէն լոյս տեսած յուշագրութիւնը եւ ազգային հերոսին առնչուած յաւելեալ նիւթեր):

«Մի կաթիլ մեղր», կազմեցին եւ հայերէնէ թարգմանեցին Թեսա Հոֆման եւ Ժիրայր Քոչարեան, Books on Demand հրատարակչութիւն, Պերլին, նոյեմբեր 2019 (Վարդան Այգեկցիի, Ղազարոս Աղայեանի եւ Յովհաննէս Թումանեանի առակներու եւ հեքիաթներու ընտրանի-ժողովածու) (գերմաներէն):

Պաղտասարեան Կորիւն վրդ., «Երուսաղէմի հայկական թաղամասի գաղտնիքները», Ա. մաս, Սրբոց Յակոբեանց վանքի տպարան, Երուսաղէմ, 2019, 100 էջ (Երուսաղէմի հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքին առնչուած 20 պատմութիւններ):

Պետրոսեան Աշոտ, «Արթուր Մկրտչեան», «Արամ Մանուկեան» մատենաշար թիւ 4, հրատարակութիւն «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2019:

Պիլալ Մելիսա եւ Եըլտըզ Պուրճու, «Սիրտս նման է էն փլած տներ – Կոմիտաս վարդապետի երաժշտական ժառանգութիւնը», «Պիրզամանլար» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2019, 320 էջ (16 x 23,5 սմ.) (ժողովածու՝ տեղեկութիւններ, նամակներ, նկարներ, այլ փաստաթուղթեր, յօդուածներ Կոմիտասի երաժշտական վաստակին մասին) (թրքերէն):

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան