Դրօյի յօդուածը. «Բոլշեւիկները ինչպէս դրժեցին իրենց խոստումները»

4247

Դրօ, 1948ին, երբ Միջին Արեւելքը կը գտնուէր, “Բոլշեւիկները ի՛նչպէս դրժեցին իրենց խոստումները” խորագրով եւ Զարեհ ծածկանունով յօդուած մը գրեց, ուր կը խօսի Հայաստանի խորհրդայնացման նախօրէին եւ հետագայ դէպքերու մասին: Հայաստանի կառավարութեան անունով Դրօ ստորագրած էր 1920 թ. Դեկտ. 2ի համաձայնութիւնը, յուսալով որ բոլշեւիկները պիտի յարգէին նոյնպէս իրենց ստորագրութիւնը: Կուտանք Դրօյի յօդուածին վերջին մասը, ուր կը խօսուի Դեկտ. 2ի համաձայնութեան եւ հետագայ դէպքերու մասին (“Արեւելք”, 1948 Փետր. 18):

Գաբրիէլ Լազեան, “Հայաստան եւ Հայ դատը հայևռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ”, էջ 269-271 

*****

Նախ առաջին տրամադրութեան մէջ նկատելի մէկ կէտ կայ, որուն համաձայն Հայաստանը խորհրդային հանրապետութիւն կը համարուի միայն Դեկտ. 2ին:

Համաձայնագրի երկրորդ կէտին մէջ, բոլշեւիկները կ’ընդունին Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը:

Բայց հետագային անոնք չյարգեցին համաձայնութեան այս տրամադրութիւնը եւ թուրքին պատերազմական աւար զիջեցան Սուրմալուն, Նախիջեւանն ու Շարուրը բաժնեցին Հայաստանէն, իսկ Կարսի նահանգը ԱՄԲՈՂՋԱՊԷՍ յանձնեցին իրենց թուրք դաշնակիցներուն:

Համաձայանգրի երրորդ կէտի մէջ, բոլշեւիկները կը խոստանան պատասխանատուութեան չենթարկել Հայկական բանակի հրամանատարութիւնը այն գործերու համար, որոնք կատարուած են բանակի շարքերուն մէջ մինչեւ Հայաստանի խորհրդային իշխանութեան յայտարարումը: Բոլշեւիկները չյարգեցին նաեւ իրենց այս խոստումը:

Հալածանքը սկսավ հայկական բանակի հրամանատարութեան դէմ: [1921] Յունուարին Մոսկուայի կառավարութիւնը պահանջեց Դրօյի հեռացումը Հայաստանէն: Դրօ որոշեց երթալ, հակառակ անոր որ իր ձեռքին տակ գտնուող հայկական բանակի թիւը շատ ավելի մեծ էր քան եկւոր սովետական բանակը: Կուսակցութեան որոշումով եւ իր համաձայնութեամբ Դրօ բռնեց աքսորի ճամբան: Եթէ այդպէս չընէր, Հայաստան պիտի իյնար քաղաքացիական սպառիչ կռիւներու գիրկը եւ, առանց անոր ալ արիւնաքամ հայութիւնը պիտի ենթարկուէր նոր զրկանքներու: Դրօյի հեռացումը ճնշող տպաւորութիւն թողուց ժողովուրդին վրա, որուն հակազդեցութիւնը ժողովրդական լուռ ցոյցի մը ձեւը առաւ:

Աբովեան փողոցը լեցուած խիտ բազմութիւնը ցաւով ճանապարհ դրաւ Դրօն, որուն հեռացման մէջ հայ ժողովուրդը կը տեսնէր իր վերջին յոյսերուն անհետացումը: Դրօ Մոսկուայի մէջ արգելափակուեցաւ, իրաւունք չունենալով առանց կառավարութեան գիտութեան 60 քիլոմեթրէն անդին երթալ եւ 48 ժամէն աւելի բացակայիլ:

Դրօյի հեռացումէն վերջ Հայաստանի ամբողջ սպայութիւնը, 1500 հոգի, զօր. Նազարբէգեանի, Հախվերդեանի, Սիլիկեանի գլխավորութեամբ գնդացիրներով շրջապատուած ձիւն ձմեռին, ոտքով քշուեցաւ Ռուսաստանի խորերը, Րիազան: Ծերունի զօր. Նազարբէգեան չըդիմանալով այս ուղեւորութեան, կէս մը անդամալոյծ Հայաստանէն մինչեւ Պաքու երթալէ վերջ, սովիէթ կառավարութեան որոշումով բանտարկուեցաւ Պաքուի բանտը, զօր. Հախվէրտովի եւ զօր. Գամմազովի հետ: Մնացեալ սպանութիւնը աքսորուեցաւ Րիազան:

Ծանր վիճակ մը նոյնպէս պարտադրուեցաւ Հայաստան մնացողներուն:

Երևանի հրապարակին վրայ, օր ցերեկով զօր. Բ. Փիրումեան անձնապան եղաւ, աւելի լաւ համարելով մեռնիլ քան սովիէթ իշխանութեան անարգանքին ենթարկուիլ:

Ի՛նչ կը ներկայացնէր իրաւամբ հայ սպայութիւնը այն օրերուն: Այս բնորոշումը կատարելու համար պէտք է քիչ մը ետ երթալ, քրքրել պատմութեան էջերը:

1917ին երբ ռուսական բանակը, բոլշեւիզմի լուծին տակ որոշեց ամբողջ ճակատը լքել ու հեռացաւ, հայկական բանակը մնաց Վէհիպ փաշայի բանակին դէմ դիմաց: 300 հազարանոց ռուսական բանակի տեղը պիտի բռնէր հայկական բանակը: Հայ ղեկավարութիւնըբանակ կազմակերպելէ զատ, պաշտօն ունէր նաեւ պաշտպանելու հայութեան զանգուածները թուրքերու կողմէ զինուած եւ հրահրուած թաթարներու դէմ: Պրէսթ-Լիթովսքի դաշնագրով սովետները ահագին հողեր զիջած էին իրենց բարեկամ Թուրքիոյ:

Այն օրերուն է որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը վճռեց բոլոր հայկական զինեալ ուժերը կեդրոնացնել եւ ամեն ինչ տալ, ամէն ինչ գործադրել որ մեր երկրորդ հատուածը նոյն կացութեան չմատնուի, ինչ կացութեան որ մատնուած էին արեւելեան նահանգներու մեր եղբայրները: Նազարբեգեանի վիճակուեցաւ հայկական բանակը կազմակերպելու պաշտօնը:

Դժնդակ պայմաններու տակ կազմուեցաւ հայկական բանակը, այն օրերուն երբ Երևանի նահանգին մէջ կը տիրէին հացի պակասութիւն, սով, հիւանդութիւն եւայլն: Հայ սպայութեան մեծագոյն մասը հայ գիւղացիի զաւակներ էին:

Ահա այս սպանութիւնն էր որ քշուեցաւ առանց յանցանքի, աքսորուեցաւ Հայաստանէն: Ու հայ ժողովուրդը չկրցաւ ինքնիրեն հաշիւ տալ այս ապօրէն կարգադրութեան համար:

Սպայութեան աքսորէն վերջ սկսան բոլշեւիկեան ամենէն սարսափազդու եւ սանձարձակ հալածանքները ամբողջ հայ ղեկավարութեան եւ մտաւորոկանութեան դէմ: Բանտերը լեցուեցան հազարաւոր բանտարկեալներով: Բոլշեւիկները երկրի զանազան կողմերը սկսան անասելի հարստահարութեանց: Բոլշեւիկները նոյնիսկ Հայաստանի ցորենն ու արմտիքը Ազրբէյջան արտահանեցին:

Այս խժդժութեան առջեւ, հայ ժողովուրդը սուգ ու շիւանի օրեր ապրեցաւ: Հայ ժողովուրդի ռուսասեր տարրը իր աչքով տեսաւ ու վկայեց թէ սովետական իշխանութիւնը ոչինչով կը տարբերի սուլթանական բռնակալութենէն: Բոլշևիկները դրժեցին իրենց բոլոր խոստումները: Հայաստան ահ ու սարսափի երկիր դարձաւ:

Հետեւանքը անխուսափելի էր, հայ ժողովուրդը չէր կրնար տանիլ այսքան անարգանք ու վատութիւն: Ժողովրդական բռնկում մը ճակատագրական կը դառնար: