Հայագիտական նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

992
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէհայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

– Ահմարանեան Յովհաննէս, «Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին մէջ», Ա. Մ. Ն., 2019:

– Աղաթօն Երուանդ Գ., «Պոլսոյ 1860-ի եւ Գահիրէի Բարեգործականներուն ծնունդը եւ պատմութիւնը», Բ. տպագրութիւն, հրատարակիչ՝ Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամ, խմբագիր՝ Մարուշ Երամեան, Գահիրէ, 2019, 76 էջ (15,7 x 22,6 սմ.) (1931-ին Զուիցերիա տպուած գրքոյկին վերահրատարակութիւնը, 5 լուսանկար):

– Աշիկեան Յակոբ, «Սրբերը եւ սուրբ պատարագը», հեղինակային հրատարակութիւն, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարան, Վաղարշապատ, 2019, 64 էջ + 6 էջ գունաւոր լուսանկարներու ներդիր (14,3 x 20,1 սմ.) (Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի ընթացքին յիշատակուող սուրբերու համառօտ կենսագրութիւնը՝ աղբիւրներու նշումով, մատենագիտական ցանկ): Հեղինակը գիրքը նուիրած է իր թոռներուն:

– Աւագեան Արծրուն, «Վահան Թէքէեան ազնուական քերթողը», Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 215 էջ (բանաստեղծութիւններ, նամակագրութիւն Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեանի հետ եւ այլ նիւթեր): Լոյս տեսած է Վ. Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակին առթիւ՝ ՌԱԿ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի պաշտօնաթերթ «Նոր օր» շաբաթաթերթի հովանաւորութեամբ:

– «Կեանքիս փոթորկոտ եւ խաղաղ օրերը. Սարգիս Պալապանեան «Պալապան Խոճա». Մանկավարժը, փրկարարը, վերապրողը», հայերէնէ թարգմանեց վեր. Վաչէ Էքմեքճեան, Ա. Մ. Ն., 2019 (Հալէպ գործած այնթապցի վաստակաշատ մանկավարժի՝ շուրջ 35 տարի առաջ լոյս տեսած յուշերը) (անգլերէն):

– «Կրթամշակութային կեանքը եւ հայապահպանութեան խնդիրները Սիրիայի ու Լիբանանի հայկական համայնքներում 1920-1930-ական թթ.», խմբագիր՝ Կարօ Ժամխարեան, հրատարակիչ՝ Հ. Հ.ի Գիտութիւններու Ազգային Կաճառի Պատմութեան Հիմնարկ, տպարան «ԱՀԱ փոլիկրաֆ», Երեւան, 2019:

– «Հայ ընտանիքն արդի մարտահրաւէրների համատեքստում – Հայ ընտանիքի ականաւոր ուսումնասիրող, ազգագրագէտ Էմմա Կարապետեանի յիշատակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի նիւթեր», «Հայաստանի եւ սփիւռքի էթնոսոցիոլոգիական ուսումնասիրութիւններ» թիւ 13, խմբագիր՝ Սուսաննա Բարսեղեան, պատասխանատու խմբագիր՝ Ռուբէն Կարապետեան, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Սփիւռքի հետազօտութիւնների բաժնի եւ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի համատեղ հրատարակութիւն, Երեւան, 2019:

– Յակոբեան Թաթուլ, «Հայերը եւ թուրքերը – Պատերազմէ Պաղ պատերազմ եւ դիւանագիտութիւն», երկրորդ, լրամշակուած հրատարակութիւն, հայերէնէ թարգմանեցին Հեղինար Մելքոմ Մելքոմեան եւ Հրանդ Կատարիկեան, խմբագիր՝ Նարեկ Սեֆերեան, «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, յունիս 2019, 450 էջ (17 x 21 սմ.) (հայ-թրքական յարաբերութիւններու պատմութիւնը 1918-2018 ժամանակահատուածին, յառաջաբան, վերջաբան, յաւելուած՝ Հ. Հ. – Թուրքիա «յարաբերութեանց» վերաբերող բոլոր փաստաթուղթերով) (անգլերէն): Գիրքը նուիրուած է Սարդարապատի հերոսամարտի մասնակից հրամանատարներէն Վաղարշակ Շահինեանի յիշատակին:

– Յարութիւնեան Վլատիմիր (աշխատասիրեց), «Մարտական գործողութիւնները Կարս-Ալեքսանդրապոլ ուղղութեամբ՝ հայկական բանակի սպայի յուշերում», Երեւան, 2019, 240 էջ (14,5 x 20 սմ.) (Համազգայինի արխիւէն յայտնաբերուած՝ Հ. Հ.ի բանակի ռուս քազաք գնդապետ Ալեքսանտր Քորոլքովի յուշերը 17 յունիս – 2 դեկտեմբեր 1920-ի հայ-թրքական ընդհարումներուն ու յաջորդած պատերազմին մասին, կազմողի ընդարձակ յառաջաբանը, փաստաթուղթերու յաւելուած, Ալեքսանդրապոլի համաձայնագիրի ֆրանսերէն բնօրինակը, երկու քարտէս, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր) (ռուսերէն բնագիր եւ անոր հայերէնի թարգմանութիւնը):

– «Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները», թարգմանիչներ՝ Ագապի Մկրտիչեան եւ Հելմութ Մալոնեք, «Վոլկան Հակեր» հրատարակչութիւն, Աւստրիա (20 նկարազարդ հեքիաթներ) (գերմաներէն): Հրատարակութիւնը նուիրուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին:

– «Վաւերագրեր Հայ եկեղեցու պատմութեան – Գիրք ԺԷ. – Գէորգեան ճեմարան, թանգարան, «Արարատ» ամսագիր», կազմող՝ Գոհար Աւագեան, խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի համատեղ հրատարակութիւն, Ս. Էջմիածինի տպարան, Վաղարշապատ, 2018 [2019], 528 էջ + 8 էջ լուսանկարներու ներդիր էջեր (18 x 24,6 սմ.) (փաստաթուղթերու ժողովածու ըստ Հայաստանի Ազգային արխիւի նիւթերուն, էջատակի ծանօթագրութիւններ, կենսագրական բառարան, անձնանուններու, տեղանուններու եւ հրապարակուած փաստաթուղթերու ցանկեր): «Հրատարակւում է երաշխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական խորհրդի եւ Հայաստանի Ազգային արխիւի Գիտական խորհրդի որոշմամբ»:

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան