Նախորդ էջերուն մէջ ներկայացուցինք համաձայնութեան բազմաթիւ փորձեր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Խ. Միութեան միջեւ, կարենալ խուսափելու համար թրքական վտանգէն:
Խ. Միութիւնը միշտ նախապատուութիւնն տուաւ թուրքերուն, եւ երկու կողմի բանակները յօշոտեցին Հայաստանը:
5000 քաղաքական տարագիրներ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան անդամները, 1921ի գարնան, Զանգեզուրէն անցան Պարսկաստան եւ հոն ապաստան գտան:
Ծանր վիճակ եւ յուսաբեկում սկսած էին թէ՛ երկրի, եւ թէ՛ արտասահմանի հայութեան մէջ, քանի որ արեւմտեան պետութիւնները, Ազդերու Լիկան ոչ մէկ գործնական օգնութիւն կրցան հասնել Հայաստանի:
Յուսալքումի այս շրջանին է, որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պատասխանատու Մարմնին կողմէ կը լիազօրուին ընկերներ Արշակ Ջամալեան, Վահան Նաւասարդեան եւ Վահան Փափազեան Ռիկայի մէջ բանակցութիւններ վարելու խորհրդային պատուիրակներու հետ:
Բանակցութիւնները տեղի կ’ունենան 1921 Յուլիս 8էն 14: Խ. Միութեան կողմէ իբրեւ բանագնաց կը մասնակցին դեսպան Ա. Եոֆֆէ, Վահան Տէր Վահանեան (հետագային գնդակահարուած), Սահակ Տէր Գաբրիէլեան (մաքրագործումններու ատեն “անձնասպան”):
Սովետ ներկայացուցիչները կը խոստանան իրենց ազդեցութիւնը ի գործ դնել, որպէսզի Հայաստան տէր դառնայ իր կորսնցուցած հողերուն: Իսկ Դաշնակցութիւնը բարեացկամ վերաբերում պիտի ունենար խորհրդային իշխանութեան հանդէպ: Մօտաւորապէս ասոնք էին համնաձայնութեան սկզբունքները, որոնք “փարաֆէ” եղած էին:
Շուտով պարզուեցաւ, որ խորհրդային իշխանութեան նպատակն էր ստուգել Դաշնակցութեան դիրքը Թուրքիոյ նկատմամբ: Սովետները վախ ունէին, որ կրնայ մեղմանալ հայեւթուրք լարուածութիւնը արտասահմանի մէջ, կացութիւն մը, որմէ քաղաքական այնքան օգուտներ ձեռք բերած էին ռուսերը եւ անոնց յաջորդող բոլշեւիկները:
Ամէն պարագայի մէջ, “փարաֆէ” եղած համաձայնութիւնը չվաւերացուցին ո՛չ բոլշեւիկները, եւ ո՛չ ալ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինը:
Հայի Դատի պատմութեան մէջ, Ռիկայի բանակցութիւնները կազմեցին վերջին փորձ մը՝ հարթելու բոլշևիկներու և Անկախ Հայաստանի միջև գոյութիւն ունեցող քաղաքական տարակարծութիւնը:
Գաբրիէլ Լազեան, “Հայաստան եւ Հայ դատը հայևռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ”, էջ 310-311
Լուսանկարում՝ Սահակ Տէր Գաբրիէլեան












