Արամ Ա.ի եզրափակիչ խօսքով Հայ Մամուլի Համահայկական համաժողովը եզրափակեց իր եռօրեայ աշխատանքները

641

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առած Հայ Մամուլի Համահայկական համաժողովը եզրափակեց իր եռօրեայ աշխատանքները։

Համագումարը իր աշխատանքները փակեց եզրափակիչ նիստով, ուր մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկները։

Համագումարը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին եզրափակիչ խօսքով։ Գնահատելէ ետք համագումարին թէ՛ նախապատրաստական եւ թէ ընթացիկ աշխատանքները, Հայրապետը ըսաւ, որ մամուլը նուիրուական արժէք է եւ համագումարին ընթացքին արծարծուած նիւթերը, որոնք բազմազան ու այլազան, այժմէական ու հրատապ էին, պէտք է իրենց շարունակութիւնը ունենան համագումարէն անդին, տարբեր միջոցներով։

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանազան շրջանակները ներկայացնող մամլոյ մշակներուն միատեղ ներկայութիւնը, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն է ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերը միասնաբար արծարծելու։

Ան խօսեցաւ համագումարին ընթացքին տարակարծութիւններու եւ տարբեր մօտեցումներու առողջ ձեւով քննարկման, որոնք արգելք չհանդիսացան հասարակաց մտահոգութեանց բարձրացման եւ լուծումներու առաջարկութեանց։

Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ հայ մամուլը սովորական լրատուական եւ տեղեկատուական միջոց չէ, այլ անոր առաքելութիւնը համահայկական արժէք կը ներկայացնէ, իսկ այդ մէկը կարիք ունի ազատութեան, որուն մասին բազմիցս անդրադարձ կատարուեցաւ համագումարին ընթացքին, ըսաւ ան։

Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ համագումարին ընթացքին բարձրացած շարք մը այլ խնդիրներու, ինչպէս մամուլի որակի բարձրացման, մարդուժի, լեզուի, համահայկական հարթակ մը ստեղծելուն եւ համագործակցութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մամուլը հսկայ ներուժ է, եւ հարկ է հմուտ ըլլալ կառուցողական նպատակներ նուաճելու համար անոր օգտագործման մէջ, ու իր նշումները եզրափակեց ըսելով, որ համազգային արժէքներն ու ձգտումները պէտք է դառնան մեր միակամութեան առանցքը եւ հզօրութեան աղբիւրը։

Լուսանկարը՝ Յուլիս 2ի