Առողջ Ժողովուրդ, Առողջ Հայրենիք

751

Նամակ երկրէն

ԱՌՈՂՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ԱՌՈՂՋ ՀԱՅՐԵՆԻՔ. ԻՐ ԽՈՍՏՈՒՄԻՆ ՏԷՐ ԿԱՆԳՆՈՂ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

Արսեն Թորոսեանը երկու տարեկան էր, երբ իր տատիկը հիւանդացաւ: Այդ օրերուն էր, որ որոշեց բժիշկ դառնալ, որպէսզի բուժէ ոչ միայն իր, այլ բոլորին տատիկներն ու պապիկները, բոլո՛ր հիւանդները: Սա իր կեանքի առաջին խոստումն էր, տրուած՝ ինքնիրեն: Եւ ան ինքնիրեն տուած խոստումին տէր եղաւ. դպրոցը աւարտելէ ետք, 1998-2004 յաճախեց Երեւանի Պետական Համալսարանի Մխիթար Հերացու անուան բուժական ֆակուլտետը եւ յետոյ, մինչեւ 2006, ուսումը շարունակեց ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան ակադեմիկոս Ս. Ավդալբէկեանի անուան Առողջապահութեան ազգային ինստիտուտի մէջ, մասնագիտութիւն ընտրելով սոցիալական հիգիենան (social hygiene) եւ առողջապահութեան կազմակերպումը: 2006-2009 տարիներուն շարունակելով ուսումը, իբրեւ ասպիրանտուրայի ուսանող մասնագիտացաւ հանրային առողջապահութեան (public health) եւ առողջապահութեան կազմակերպման մէջ:

Դեռ ուսանողական տարիներուն, Արսեն Թորոսեանը անդրադարձաւ, որ բացի սոցիալական հեգիենայէն, Հայաստանի քաղաքական կեանքի առողջացումը եւս պէտք է ըլլայ իր եւ իր սերունդին առաջնահերթութիւնը, որովհետեւ երկիրը ընկողմանած է կոռուպցիայի՝ փտախտի մէջ, եւ ժողովուրդի բողոքի ձայնը կը խեղդուի իշխանութիւններուն եւ սեփական ժողովուրդը կեղեքող վերնախաւին կազմակերպած անարդարութիւններուն, ընտրազեղծարարութիւններուն, իրաւազրկումներուն եւ ստրկացման հզօր ալիքին տակ: Այդ օրերուն Արսեն Թորոսեան տուաւ իր երկրորդ խոստումը՝ ամէն ինչ պէտք է ընել, անարդարութիւնները մեր հայրենիքէն վերացնելու համար:

«Դեռ փոքր տարիքից, ու յետոյ՝ ուսանողական տարիներին, անարդարութիւնները չէի հանդուրժում: Համալսարանական տարիներին ընկերներիս հետ որոշել էինք ամէն գնով պայքարել անարդար իշխանութիւնների, անարդար առողջապահական համակարգի, անարդար ընտրութիւնների, բոլո՛ր անարդարութիւնների դէմ»: Այդ տարիներուն է, որ աշխուժօրէն կը մասնակցի քաղաքացիական շարժումներու՝ «Դէմ եմ», «Հիմա» եւայլն, կը պայքարի զեղծուած ընտրութիւններու եւ կեղծ քուէարկութիւններու դէմ ու ամէն անգամ ալ կը դիմագրաւեն իշխանութիւններու ճնշումներուն, բանտարկութիւններուն, ոստիկանական եւ այլ միջամտութիւններուն…

2010-ին, ապագայ նախարարը կարճ ժամանակ մը կ’աշխատի Առողջապահութեան նախարարութեան տուբերկուլոզի (tuberculosis) դէմ պայքարի ազգային կեդրոնին մէջ իբրեւ մոնիտորինգի եւ գնահատման բաժնի վարիչ եւ յետոյ՝ իբրեւ տնօրէնի պաշտօնակատար: Այս պաշտօնին վրայ կը մնայ նուազ քան մէկ տարի, երկար չի դիմանար ու շատ արագ կը հասկնայ, որ երկար, հետեւողական եւ վճռական աշխատանք է պէտք՝ երկրի առողջապահական համակարգը արմատական բարեփոխումներով փտախտէն մաքրելու համար: 

Առանց հեռանալու քաղաքականութենէն եւ քաղաքացիական շարժումներէն, Մոսկուայէն գործընկերներուն հետ կը բանայ ՄԻԲՍ բժշկա-ախտորոշիչ կեդրոնը, աւելի քան մէկ միլիոն տոլար ներդրումներու ներգրաւումով, եւ մինչեւ 2018-ի յեղափոխութիւնը կ’աշխատի իբրեւ կեդրոնի տնօրէն:

Յեղափոխութեան աշխուժ մասնակցութիւն ունենալէ ետք, Արսեն Թորոսեան վերադարձած էր իր հիմնած ՄԻԲՍ կեդրոնը, տնօրէնի իր աշխատանքին: Շատ չանցած, Նիկոլ Փաշինեանը, վարչապետ ընտրուելէն կարճ ժամանակ մը յետոյ կը հանդիպի Արսեն Թորոսեանին եւ կ’առաջարկէ ստանձնել առողջապահութեան նախարարի պաշտօնը: Մեր հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին նախարարին հարցուցի, թէ ինչու՞ հրաժարեցաւ իր իսկ հիմնած կեդրոնի՝ բարձր եկամուտ ապահովող տնօրէնի պաշտօնէն եւ ստանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան ամենաբարդ խնդիրները դիմագրաւող նախարարութեան ղեկավարի պաշտօնը, Արսեն Թորոսեան առանց երկար մտածելու ըսաւ. «Բա ի՞նչ անէի, սա մեր call for duty-ին էր, մեր ծառայութեան պահը, եթէ հիմա չանենք, եթէ հիմա մեր խոստացածները չիրականացնենք, ուրեմն ե՞րբ…»

Եւ այդպէս ալ է: Արսեն Թորոսեանը ամէնաշատ ուշադրութիւն գրաւող եւ աղմուկ ստեղծող նախարարներէն մէկն է: Պաշտօնը ստանձնելէն անմիջապէս յետոյ, ան բացայայտեց շարք մը դրամաշորթութիւններ, եւ անմիջապէս կտրեց խումբ մը առանձնաշնորհեալներու կապը՝ առողջապահութեան համակարգին հետ: Առանձնաշնորհեալները, որոնք այս կամ այն ձեւով բուժհաստատութիւններու տէր դարձած էին, ամբողջ համակարգի աղբիւրները կը ծառայեցնէին իրենց շահերուն: Հայաստանը առողջապահութեան ոլորտին ամենաքիչ ֆինանսաւորում տրամադրող երկիրներէն մէկն է, աղիւսակին վրայ՝ նախավերջինը, եւ ուղղակի յանցագործութիւն է, երբ պետութեան տրամադրած սահմափակ հնարաւորոթիւնները խումբ մարդկանց շահերուն պիտի ծառայեն, փոխանակ՝ առողջապահութեան մատչելիութենէն եւ հասանելիութենէն զրկուած հանրութեան ծառայելու: Կոռուպցիայի դէմ ուժեղ պայքարին զուգահեռ, նախարարը անմիջապէս, գումարներու տնտեսումով եւ ճիշդ բաշխումով եւ ընդամէնը մէկ տարուան ընթացքին՝ միջինը 30 տոկոսով բարձրացուց առաջնային օղակի աւելի քան 10 հազար բուժաշխատողներու աշխատավարձերը, բարեփոխեց եւ 250 հազար դրամի չափով իջեցուց սրտի ստենտաւորման գինը եւ բարելաւեց ստենտներու որակը: Փետրուար 1-էն սկիզբը դրաւ սուր իշեմիկ կաթուածներու անվճար բուժման ծրագրին, եւ այս հիւանդութեամբ տառապող աւելի քան 100 քաղաքացի ստացան անվճառ բուժօգնութիւն: Առաջին անգամ Հայաստան բերաւ եւ գործի դրաւ բժշկական ուղղաթիռ՝ շտապ բուժօգնութիւն տրամադրելու համար հեռաւոր շրջաններու հիւանդներուն: Սոցիալապէս անապահով եւ յատուկ խումբերու ընդգրկուած քաղաքացիներու համար (շուրջ 300 հազար) մշակեց հիւանդանոցային բուժօգնութենէն անվճար կամ զեղչով օգտուելու ծրագիր, որ կ’ընդգրկէ նաեւ 18 տեսակի նորագոյն թանկարժէք ծառայութիւններ։ Անվճար դարձուց մինչեւ 7 տարեկան երեխաներու բուժօգնութիւնը եւ 2020-ին, յաւելեալ ֆինանսաւորում պիտի ուզէ պետպիւտճէէն, մինչեւ 18 տարեկաններուն բուժօգնութիւնը անվճար դարձնելու համար… 

Ու դեռ շա՜տ երկար է նախարարի անմիջական ղեկավարութեամբ սկսած բարեկարգչական աշխատանքները եւ այս սիւնակը բաւարար չէ բոլորը թուելու համար: Բայց կ՚արժէ յիշել, որ այս օրերուն հանրութիւնը ամէնէն շատ կը խօսի նախարարի նախաձեռնած ծխախոտի դէմ պայքարին մասին: Օրէնքը արդէն պատրաստ է եւ շուտով ծխելը պիտի արգիլուի հանրային բոլոր փակ տարածքներուն մէջ, պիտի բարձրանայ նաեւ ծխախոտի հարկը: «Մենք պէտք է ունենանք առողջ երկիր, առողջ սերունդ, այլ տարբերակ չունենք», ըսաւ նախարարը, երբ մեր ընկերական հանդիպումներէն մէկուն ժամանակ նշեցի, որ շատ շատերը, նոյնիսկ կառավարութեան իր կարգ մը գործընկերները դէմ են ծխելու դէմ խիստ կտրուկ քայլերով պայքարելու իր մեթոտին: «Ես միշտ ընդդիմութիւն եմ եղել, կառավարութեան մէջ էլ էս խնդրով ընդդիմութիւն կը լինեմ… խոստացել եմ, պիտի անեմ», կատակելով աւելցուց ան: Արսեն Թորոսեանը, 37 տարեկան երիտասարդ այս նախարարը, սակայն, շատ աւելի մեծ տեսլական ունի, քան՝ «անծուխ Հայաստանը»։

Ինչպէս նշեցի արդէն, տարիներէ ի վեր, ՀՆԱ-ի համեմատութեամբ Հայաստանը կը մնայ առողջապահութեան տրամադրած ֆինանսական յատկացումներու վատագոյն տասնեակին մէջ։ Հակառակ ասոր, նախարարը կը հաւատայ, որ ճիշդ քաղաքականութեամբ ու ծախսերու ճիշդ կազմակերպումով, Հայաստանը իր քաղաքացիներուն կրնայ տալ որակաւոր եւ հասանելի բժշկական ծառայութիւն, եւ ապագային՝ համընդհանուր բժշկական խնամք (universal health care): «Սա պէտք է լինի մեր երկարաժամկէտ նպատակը: Մեր երկրի առողջապահական համակարգը պիտի ծառայի մեր ժողովուրդին, առողջութիւնն ու բուժծառայութիւնը փոքրաթիւ ու հարուստ վերնախաւի մենաշնորհը չպիտի լինեն, այլ ձեւ կարելի չէ պատկերացնել, այլ ճանապարհ էլ չունենք», շեշտեց նախարարը: 

Րաֆֆի Տուտագլեան

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com — with 
Arsen Torosyan.