Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

787
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէհայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

– Ազնաւորեան Զարեհ արք., «Հասկնանք մեր պատարագը – Սուրբ պատարագի զարգացումը, կառոյցը, բովանդակութիւնը», հրատարակութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի, խմբագիր՝ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2019, 126 էջ:

– Դանիէլ Վարուժան, «Հացին երգը», խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2019, 112 էջ (16,5 x 21,5 սմ.) (հեղինակին յետմահու՝ 1921-ին լոյս տեսած տաղարանին վերահրատարակութիւնը` ապակետիպ բազմացմամբ) (հայերէն):

– Դանիէլ Վարուժան, «Հացին երգը», թարգմանիչ՝ Օհաննէս Շաշքալ, խմբագիր՝ Ռոպեր Քոփթաշ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2019, 120 էջ (16,5 x 21,5 սմ.) (թրքերէն):

– Թաշճեան Վահէ,  «Օրագիր եղեռնի ու պայքարի. Շողակաթին մահը Սալամիայի մէջ», Բերիոյ թեմի հրատարակութիւն, «Այգ» մատենաշարի թիւ 23, Հալէպ, 2019:

– Ծաղիկեան Ալպերթ, «Չերգուած հերոսներ. Մեր մոռցուած հերոսները՝ Արտաշէս Գալուստի Գէորգեան, Թորգոմ Գալուստի Գէորգեան, Օննիկ Եանիկեան, Գուրգէն Եանիկեան, Ասատուր Մելիքի Հասան-Ջալալեան», ԱՄՆ, 43 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (ազգային վրիժառուներու կենսագրութեանց անյայտ մանրամասնութիւններ՝ քաղուած մեծ մասամբ անոնց ազգականներէն) (անգլերէն):

– «Հայ իրականութիւնը մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի գրիչէն», կազմեց եւ ծանօթագրեց Պետրոս Թորոսեան, յատուկ անուններու ցանկագրումը եւ հրատարակութիւնը՝ «Շիրակ» հրատարակչատան, Պէյրութ, 2019, 728 էջ (17 x 24 սմ.) (ՌԱԿ-ի ԹՄՄ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարի հրապարակագրութեան եւ ելոյթներու հաւաքածուն, լուսանկարներ, յատուկ անուններու, յապաւումներու եւ անոնց համար օգտագործուած աղբիւրներու ցանկեր, Հրաչեայ Սեդրակեանի գրութիւններու մատենագիտական ցանկ, անգլերէն ամփոփում):

– Մանուկեան Աբէլ քահանայ, «Ժնեւի մէջ Հնչակեան կուսակցութեան ծագումը եւ Քսան կախաղաններու ժառանգութիւնը», «Զանգակ-97» ՍՊԸ տպարան, Երեւան, 2019, 192 էջ (14,2 x 21,8 սմ.) (անձերու, դէպքերու եւ փաստաթուղթերու բազմաթիւ լուսանկարներ, յատուկ անուններու եւ հասկացութիւններու միացեալ ցանկ) (անգլերէն): Մեկենասներ՝ տէր եւ տիկին Վազգէն Գալթաքճեան: Գիրքը նուիրուած է Մարի Գալթաքճեանին եւ Պօղոս Մութաֆեանին: Հրատարակութեան օժանդակած է Ս. Դ. Հ. Կ.ի Թորոնթոյի մասնաճիւղը:

– Պերպերեան Հուրի, «Թափառաշրջիկ յեղափոխականներ. Հայերը եւ ռուսական, իրանական եւ օսմանեան աշխարհներուն մէջ առնչակից յեղափոխութիւնները», ԱՄՆ, ապրիլ 2019, 320 էջ (15,2 x 22,9 սմ.) (8 քարտէս, 7 սեւ-ճերմակ լուսանկար) (անգլերէն):

– Վարդանեան Գուրգէն, «Մշակոյթը Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնում (1918-1920)», խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեան, հրատարակութիւն «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի թիւ 13, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2019:

– Տերոժի Ժաք, «Նեմեսիս գործողութիւնը. Հայ վրիժառուները», ֆրանսերէնէ թարգմանեց Աբրահամ Ահարոնեան, խմբագիր՝ Խորխէ Գազանճեան, Պուէնոս Այրես, 2019 (սպաներէն): Լոյս տեսած է Ժան եւ Գարմեն Աբգարեան Հիմնարկութեան մեկենասութեամբ:

– «Տոհմիկ բարերարը», կազմող՝ Էմմա Յովսէփեան, Երեւան, 2019 (նամակներ եւ զանազան փաստաթուղթեր ու նիւթեր): Ժողովածուն լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպենկեանի ծննդեան 150-ամեակի առթիւ:

– «Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայոց ցեղասպանութիւնը. Վերապրողներու վկայութիւնները», թարգմանիչ՝ Տիրան Լոգմակէօզեան, Սթամպուլ, 2019 (թրքերէն):