Արամ Ա ընդունեց հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը

817

Երեքշաբթի, 12 փետրուար 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հայաստանէն Լիբանան եկած  հանրածանօթ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը:

Երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեան շուրջ մէկ շաբաթ պիտի մնայ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` իբրեւ հիւրը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Անոր այցելութիւնները պիտի ընդգրկեն «Թռչնոց Բոյն», Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, Ս. Աստուածածին վանք ու դպրեվանք:

Ան ներկայ պիտի գտնուի մայր տաճարին մէջ կատարուելիք եկեղեցական արարողութեանց, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանահայ մշակութային միութիւններու պատասխանատուներուն հետ:

Տիգրան Մանսուրեան պիտի այցելէ նաեւ Պուրճ Համուտ եւ Այնճար հայաւան: