Տէր Պետրոսեանը, Քոչարեանը կամ Սարգսեանը սիրել-չսիրելը քաղաքական կամ գաղափարախօսական դիրքորոշում է

844

ԱՌԱՋԱՐԿ` ՄԱՐՏ 1-Ի ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՍՊԱՍՈՒՈՂ ԴԱՏԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Քննիչներու կողմէ նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանին 1 Մարտ 2008-ի սպանդին կապակցութեամբ սահմանադրութիւնը բռնութեամբ տապալելու մեղադրանք ներկայացնելը, գոնէ ինծի համար ակնկալելիօրէն, դարձեալ սրեց Հայաստանի ներքաղաքական մթնոլորտը։

Ինչքան կարդացի վերջին օրերուն, այս քայլէն դժգոհ անհատներն ու խմբաւորումները իրարմէ տարբեր երկու հիմնական առարկութիւն ունին։

Առաջին` ինչո՞ւ Մարտ 1-ի կապակցութեամբ կը հարցաքննուի ու պաշտօնապէս կը մեղադրուի այդ օրերու իշխանական կողմը։ Ինչո՞ւ նոյն օրերու ընդդիմադիրներուն (գլխաւորաբար` Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ քիչ մը լռելեայն` Նիկոլ Փաշինեան) հանդէպ տարբեր վերաբերմունք կայ։

Երկրորդ` եթէ ընտրութեան պաշտօնական արդիւնքները manu militari ըննդիմութեան պարտադրելը 2008-ի պարագային կը համարուի սահմանադրական կարգի բռնի խախտում, ապա ինչո՞ւ նոյն մեղադրանքը չի ներկայացուիր Լեւոն Տէր Պետրոսեանին` երբ 1996-ին ինքն էր հանրապետութեան նախագահը, իսկ Վազգէն Մանուկեանը` ընդդիմութեան գլխաւոր թեկնածուն։

Պիտի փորձեմ հարցի քննարկումը պահել իրաւական դաշտէն ներս` մատնանշելով միայն թէ պատմագիտութեան միջազգային փորձը վաղուց ընդունած է այն հանգամանքը թէ որեւէ դէպքի իրաւական ու քաղաքական (հուսկ` նաեւ պատմագիտական) գնահատականները միշտ չէ որ նոյնանման կ’ըլլան դատարաններէն բխած վճիռներուն։ Դատաւորին պարտականութիւնը, ի վերջոյ, աւելի պարտաւորեցուցիչ է, քանի որ քաղաքական կարծիքի կամ պատմագիտական աշխատութեան մը հետեւանքով մարդիկ չեն բանտարկուիր կամ մահապատժի ենթարկուիր։

Մարտ 1-ի սպանդին վերաբերեալ սպասուող դատավարութիւնը Հայաստանի մէջ պետական կամ սահմանադրական իրաւունքի զարգացման համար շատ օգտակար կրնայ ըլլալ եթէ հնարաւոր ըլլայ զանիկա իրականացնել բարձրագոյն չափանիշերով։ Դատաւորներուն կողմէ մանրամասն պատճառաբանուած անոր վճիռը կրնայ մաս հանդիսանալ Հայաստանի մէջ քաղաքական մտքի ու պետական իրաւունքի աստիճանական ձեւաւորման։ Առնուազն լրջմիտ մարդիկ պէտք է դադրին սպասուող դատավարութիւնը Ռոբերտ Քոչարեանէն ու Սերժ Սարգսեանէն վրէժ լուծելու կամ եթէ վերջիններս պիտի պատժուին, գոնէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ալ անոնց հետ «վարի տալու» առիթ տեսնելէ։

Առաջարկս պիտի ըլլար, որ բոլոր այն անձինք, կազմակերպութիւններ ու կուսակցութիւններ, որոնք Քոչարեանի դէմ ներկայացուած մեղադրանքէն կամ ցարդ միայն զինք ու իր անմիջական շրջապատը լուսարձակի տակ պահելէն դժգոհ են` փոխանակ միայն քաղաքական յայտարարութիւններ ընելու ու մամուլի մէջ ելոյթներ ունենալու, միաւորուին հասարակական կազմակերպութեան մը մէջ, ի մի բերեն առկայ բոլոր փաստերը, որ կը կարծեն թէ կը հաստատեն իրենց տեսակէտը, թուարկեն բոլոր հարցումները, որոնք կը կարծեն թէ պէտք է հարցուին քննչական ու դատական գործընթացի ժամանակ, եւ զանոնք ներկայացնեն քննիչներուն, Քոչարեանը պաշտպանող փաստաբաններու խումբին, հանրութեան, յետագային նաեւ` դատախազութեան։ Միաժամանակ, անոնք պատրաստակամութիւն պէտք է յայտնեն դատավարութեան ժամանակ հանդէս գալու իբրեւ վկայ եւ պատասխանելու Քոչարեանը մեղադրող կողմին հարցումներուն։ Այսպիսով անոնք բարձրացուցած կ’ըլլան սպասուող դատավարութեան արժանահաւատութիւնը կամ … եթէ շարունակուի նախորդ տասնամեակներէն ժառանգուած վատ սովորութիւնը, հանրութեան լրջագոյն մասին կրնան համոզել թէ եղածը հերթական ֆարս մըն էր` քաղաքական հնչեղութիւն ունեցող նախորդ դատերուն մեծ մասին նման։

Տէր Պետրոսեանը, Քոչարեանը կամ Սարգսեանը սիրել-չսիրելը քաղաքական կամ գաղափարախօսական դիրքորոշում է։ Շատեր արդէն կայացուցած իրենց նախընտրութիւնը եւ դժուար թէ դատական գործընթացը զանոնք մէկ ճամբարէն միւսը տեղափոխէ։ Կարեւորը, այս պարագային, դատական համակարգի կշիռը բարձրացնելն է եւ անհնար դարձնելը, որ ի վերջոյ արձակուելիք վճիռը պարզապէս շահարկման առարկայ մէկ այլ թուղթ դառնայ քաղաքական տարբեր գնահատականներու միջեւ բնականաբար շարունակուելիք բանավէճին մէջ։

Նոյն անձինք, կամ անոնց նման Տէր Պետրոսեանի նկատմամբ լուրջ վերապահութիւններ ունեցող այլոք, կրնան զուգահեռ կազմակերպութիւն մըն ալ գոյացնել` պահանջելով պետական համապատասխան մարմիններէն 1996-ի ընտրութիւններուն եւ անոր յաջորդած բռնութիւններուն, ձերբակալութիւններուն եւ զօրքը Երեւանի փողոցներ իջեցնելուն սահմանադրականութեան քննութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ կապակցութեամբ մեղաւորներուն պատժուիլը։ Այս պարագային, սակայն, անոնք գէթ առայժմ հանդէս պիտի գան իբրեւ գործընթացի նախաձեռնող։

Մարտ 1-ի հետեւանքով տուժածները, Մարտ 1-ի տարողութեամբ ու հետեւանքներով սարսափածները եւ ի վերջոյ Տէր Պետրոսեանի բացայայտ կամ կիսաքօղարկուած համակիրները հաւանաբար մատնանշեն թէ առաջարկած համախմբումս հաւանաբար քաղաքական բացայայտ գոյն ունենայ։ Ատիկա զիս չի մտահոգեր որքան ատեն որ նպատակը հարցը իրաւական շրջանակին մէջ պահելն է եւ արձակուելիք վճիռին հեղինակութիւնը բարձրացնելը։ Ի վերջոյ, երբ 19-րդ դարու վերջաւորութեան Ֆրանսայի մէջ տարիներ կ’երկարէր Ալֆրէտ Տրէյֆիւսի դատը, Տրէյֆիւսը դատապարտողներն ու պաշտպանողները այլ հարցերու մէջ եւս քաղաքական ու գաղափարախօսական հակոտնեայ դիրքորոշումներ ունէին, տարբեր հոսանքներ էին, բայց այլեւս ոչ ոք կը պնդէ թէ ի վերջոյ Տրէյֆիւսի արդարացումը միայն քաղաքական իրադրութեան փոփոխութեան պայմաններով եւ «վերեւներէն» եկած նոր հրահանգով պայմանաւորուած էր։ Ֆրանսական դատական համակարգի վարկը ի վերջոյ չտուժեց այդ գործընթացին հասարակութեան բուռն, բայց իրաւական սահմաններէ ներս մասնակցութենէն։

Արա Սանճեան

Աղբյուրը՝ https://www.facebook.com/ara.sanjian/posts/10156641281214083