«Հայաստանը եւ կայսրութեան փլուզումը. Երեւանի նահանգը, 1900-1917». նոր գիրքեր

971

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

– «Արամ Մանուկեան – Նամականի», ժողովածուի կազմութիւն, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւններ` Երուանդ Փամպուքեան, հրատարակութիւն Երեւանի Պետական Համալսարանի Հայկական Հետազօտութիւնների Հիմնարկի, Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018:

– Արիսեան Նորա, «Հայոց տարագրութիւնը Տէր Զօրի մէջ` 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարուսկիզբին», յառաջաբանը` Նեպիլ Թոհմէի, Տամասկոս,«ալ-Շարք» հրատարակչութիւն, 135 էջ (արաբերէն):

-Եորկի Հայկ Ժան, «Հայոց այբուբենի պատմութիւնը եւ ծագումը», Քլերմոն-Ֆերրան քաղաք, Ֆրանսա, 2017, 180 էջ (մաշտոցեան գիրերու համեմատումը յունական ու եբրայական այբուբեններու գիրերուն հետ, Աստուածաշունչ Մատեանի ազդեցութիւնը հայոց գիրերուն վրայ) (ֆրանսերէն):

– Եսայեան Զապէլ, «Շնորհքով մարդիկ» եւ «Հլուները եւ ըմբոստները»(մէկ կողքի տակ), «Երկու վէպ» վերջաբանը` Գրիգոր Պըլտեանի, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018 (գիրքի վերջաւորութեան`Սեւան Տէյիրմենճեանի բանասիրական ուսումնասիրութիւնը) (երկու վէպ):

– Եօթնեղբարեան Լեւոն, «Անապատի ագռաւներ – Լեւոն Եօթնեղբարեանի յուշերը», անգլերէնէ արեւելահայերէն թարգմանեցին Արամ Գույումճեանը եւ Հայկ Մովսիսեանը, խմբագիրներ` Լեւոն Փարեան եւ Մարօ Փարեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 152 էջ (14,2x 21,4 սմ.) (առաջին աշխարհամարտին օսմանեան բանակ զօրակոչուած եդեսացիի յուշերը, բազմաթիւ լուսանկարներ):

– Էօքեր Ահմէտ Ֆեւզի, «Մեր երաժշտութեան երանգ տուողներ (Հայ երաժիշտներ)», Էմ. Ճէ. հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2018, 150 էջ (հայազգի երաժիշտներու ներդրումը թրքական երգարուեստին, բազմաթիւ լուսանկարներ)(թրքերէն):

– Թաշճեան Լոռի, «Ցեղասպանութիւնը վերապրածների ծննդավայրերը Լիբանանի տապանագրերում», Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամի գիտական ուսումնասիրութիւններ մատենաշար թիւ 18, Հ. Ճ. Ու. հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 164 էջ (20,8 x 29,4 սմ.)(Լիբանանի հայկական գերեզմանատուներուն մէջ մինչեւ 1916 թուականը ծնածներու տապանաքարերու լուսանկարներ, տապանագիրներու շարադրանքներ, քարտէսներ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

– Հատտէճեան Ռոպեր, «Մարդիկ, որոնք անցան կեանքիս մէջէն», Ա. հատոր, «Յուշատետր» մատենաշար թիւ 88, Սթամպուլ, 2018(յուշեր, լուսանկարներ):

– Ճպրան Խալիլ Ճպրան, «Մարգարէն», Բ. հրատարակութիւն, անգլերէնէ թարգմանողներ` Վազգէն Էթիեմէզեան, Անուշաւան Վրդ. Դանիէլեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ Հրաչ Սարգիսեան, հրատարակութիւն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան, տպարան կաթողիկոսութեան հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 2018:

– «Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը առաջին աշխարհամարտի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիներին (1914-1920թթ.)», Ա. եւ Բ. հատորներ, կազմող` Գոհար Աւագեան, գլխաւոր խմբագիր` Ամատունի Վիրապեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, Վաղարշապատ, 2018, 678 + 648էջ (393 + 456 փաստաթուղթ, հրապարակուած փաստաթուղթերու, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): Երկհատորեակը լոյս տեսած է Փառէն արք. Աւետիքեանի մեկենասութեամբ:

– Մելքոնեան Մարգար, «Եղբօրս Ճանապարհը», «Թատէ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2018 (ֆրանսերէն) (Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքի եւ գործունէութեան մասին):

– Մինասեան Էտուըրտ, «Անոնք Արարատէն եկան», Գալիֆորնիա, 2018, 372 էջ (հայոց պատմութեան, հայոց ցեղասպանութեան եւ ամերիկահայ գաղութի կազմաւորման պատմութեան մասին) (անգլերէն):

– Մխճեան-Յովակիմեան Շաքէ, «Իմաստուն խօսքեր, ժողովրդական ասոյթներ, մտածումներ, խորհուրդներ եւ առածներ», տպագրութիւն «Նուպար տիճիթըլ», Գահիրէ, 2017:

– Յարութիւնեան Աւետիս, «Վան-Վասպուրականի կրօնա-մշակութային կեանքը եւ պետականութեան ստեղծման փորձը (1908-1918)», հրատարակութիւն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հրատարակչական մարմինի, Վաղարշապատ, 2018: Լոյս տեսած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ:

– Պապեան Մհեր, «Սուրբ Յովհան Իմաստասէր Օձնեցի – Կեանքը եւ գործունէութիւնը», Բ. հրատարակութիւն, պատասխանատու խմբագիր` Սերկօ Երիցեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2018, 172 էջ (14,5 x 20 սմ.): Գիրքը տպագրութեան պատրաստած է «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութիւնը եւ նուիրուած է «Ս. Յովհան Գ. Օձնեցի հայրապետի գահակալութեան 1300-ամեակին (717-728)»: Մեկենասն է Լոռիի մարզպետ Արթուր Նալպանտեանը (ռուսերէն ամփոփում, գունաւոր լուսանկարներ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ, բնագիրներ):

– Պուռնութեան Ճորճ, «Հայաստանը եւ կայսրութեան փլուզումը. Երեւանի նահանգը, 1900-1917», «Ռութլեճ» հրատարակչութիւն, Լոնտոն, 2018(20-րդ դարի առաջին երկու տասնամեակներուն ցարական Ռուսիոյ Երեւանի նահանգի ժողովրդագրութիւնը, տնտեսութիւնը եւ հասարակական յարաբերութիւնները) (անգլերէն):

– «Սփիւռքահայ պատմուածք», կազմեց եւ խմբագրեց Յովսէփ Նալպանտեան, Լոս Անճելոս – Երեւան, 2018, 434 էջ (43 հեղինակի 44 պատմուածքներու ընտրանի):

– Րաֆֆի, «Խենթը», Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2018:

– «Քեամարա գաւառը եւ նրա հայ ազգաբնակչութիւնը», հրատարակութիւն Քեամարա հայրենակցական յանձնախումբի, Լոս Անճելոս, 2017, 284 էջ (Իրանի Քեամարա գաւառի 20 հայաբնակ գիւղերուն մասին):

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան