Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

950

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններունի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբարգրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

– Աբովեան Խաչատուր, «Վէրք Հայաստանի», արեւմտահայերէնի փոխադրումը եւ նախաբանը՝ Արմենակ Եղիայեանի, Բ. հրատարակութիւն, ներածական գրութիւններ մատենաշարի հիմնադիր-հրատարակիչ Խաժակ Գալուստեանի եւ հայրենի գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի, «Հայոգի» մատենաշար թիւ 9, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, Պէյրութ, 2017, 464 էջ(14.3 x 21.5 սմ.):

– Աթաշ Մուրատ, «Արմինէ (Չարաք լեռան աքսորը)», խմբագիր՝ Ռոպեր Թոփթաշ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2017, 224 էջ (Սեբաստիոյ շրջանի գիւղերէն մէկուն եղեռնը եւ տարագրութիւնը)(թրքերէն):

-Ալեքսանեան Երուանդ, «Մղուած դէպի ցեղասպանութիւն – Օսմանեան թրքական բանակի հայ զինուորի մը յուշերը», հրատարակիչ՝ Ատրիէն Երուանդի Ալեքսանեան, ներածութիւնը՝ Սերճիօ լա Փորթայի, մուտքի խօսքը՝ Իսրայէլ Չարնիի, Կլենտէյլ, Ա. Մ. Ն., 2017 (սեբաստացի հայ զինուորի ականատեսի վկայութիւնները Մեծ Եղեռնէն ու յետագային Ա. Մ. Ն. հաստատուած այս հայուն կեանքի պատմութիւնը) (անգլերէն):

– Աճէմեան Սիլվի (կազմող), «Երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեան 1904-1991», Պէյրութ, 2017, 200 էջ (հայկական եւ օտար մամուլին տասնամեակներով աշխատակցած լիբանանահայ անուանի երգիծանկարիչին գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ 223 երգիծանկարներու ալպոմը) (ֆրանսերէն):

– Այնթապլեան Յակոբ եւ Սարգսեան Արտեմ, «Անհարկի յաճախակի գործածուող օտար բառերու հայերէն համարժէքներու բառարան», տպարան «Երեւան», Լոս Անճելոս, 2017, 104 փոքրակազմ էջ:

– Ապտէլ Հալիմ Ուաֆա’ա Մահմուտ, «Հայերը Հնդկաստանի մէջ հնագոյն դարերէն մինչեւ մեր դարը», վերատեսութիւնը եւ յառաջաբանը Սալահ Ապտէլ Ազիզ Մահճուպի, հրատարակիչ՝ Գահիրէի համալսարանի Արուեստից բաժանմունքի Հայկական ոուսմնասիրութեանց կեդրոն, տպարան «Նուպար», Գահիրէ, 153 էջ (14.4 x21.3 սմ.)(քարտէսներ, լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, հրատարակիչ կեդրոնի հրատարակութեանց ցուցակ)(արաբերէն):

– Առաքելեան Ռոյ, «Ադրիանապոլիսը (Էտիրնէ) եւ իր հայ համայնքը», Փարիզ, 2017 (ֆրանսերէն):

– «Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (1943-1952)», կազմող եւ ծանօթագրող՝ Գոհար Աւագեան, վերստուգող սրբագրիչ եւ ծանօթագրող՝ Գէորգ Եազըճեան, Ա. հատոր, հրատարակիչ՝ Հայաստանի Ազգային արխիւ, Երեւան, 2017, Բ. հատոր, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»ի թիւ 90, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս–Լիբանան,գումարային շուրջ1500 էջ (17 x 24 սմ.)(փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ժողովածուներ, շուրջ 1200ծանօթագրութիւն, անձնանուններու, տեղանուններու եւ հրատարակուած փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ցանկեր):

– «Հայերը եւ երիտթուրքերը 1897-1907», «Հայկական հարցը արաբական մամուլին մէջ 1876-1923»եօթհատորեակի Գ. հատոր, մատենաշարի գիտական ղեկավար՝ Մուհամմատ Ռիֆաաթ ալ-Իմամ, հրատարակութիւն Հ. Բ. Ը. Միութեան Գահիրէի մասնաճիւղի «Սաթենիկ Չագըր հիմնադրամի», տպարան «Նուպար», Գահիրէ, 2017, 780 էջ (17 x 24 սմ.)(Ապտուլ Համիտ Բ.ի կազմակերպած հայկական ջարդերէն ետք մինչեւ յուլիս 1908-ի երիտթրքական յեղաշրջման ժամանակաշրջանին եգիպտական մամուլին մէջ Հայկական հարցին մասին լոյս տեսած 330 հրապարակումներու լուսապատճէններ եւ նոյն հրապարակումներու համակարգչային շարադրանքներ, ծանօթագրութիւններ, հրապարակումներու ցուցակը՝ վերնագիրներով եւ հրատարակման թուականներով) (արաբերէն):

– Յակոբեան Արարատ, «1937 թուականը Հայաստանում – Քննական դիտարկումներ քաղաքական բռնաճնշումների 80-ամեայ տարելիցի առթիւ», պատասխանատու խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 96 էջ (14.5 x 20 սմ.)(ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Հրատարակուած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի Նորագոյն պատմութեան բաժինի որոշմամբ:

– Ոսկանեան Անի, «Ատանայի նահանգի հայերի տնտեսական վիճակը. 1909 թ. ունեզրկում», Ա. գիրք, խմբագիր՝ Արմէն Մարուքեան, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 208 էջ + 24 էջ ներդիր(15 x 20.8 սմ.) (անգլերէն ամփոփում, օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ, յաւելուած՝ մարդահամարներ եւ մէկ փաստաթուղթ, բազմաթիւ լուսանկարներ): Գիրքը տպագրութեան երաշխաւորած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Միքայէլ Քոթանեանի անուան Տնտեսագիտութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը:

– ալ-Պայտա’ի Ճաուատ Քազեմ, «Հայաստանը արաբական իսլամական աղբիւրներու մէջ – Հայաստանի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը արաբական իսլամական աղբիւրներու ընդմէջէն», հրատարակութիւն Քրտական ուսումնասիրութեան իրաքեան հաստատութեան, «ալ-Քաուսար» հրատարակչութիւն, Պաղտատ, մայիս 2017, 192 էջ (աղբիւրներու մատենագիտութիւն, յաւելուածներ, նկարներ) (արաբերէն):

– Պապիկեան-Ասսաֆ Քրիսթին, Էտտէ Քարլա, Նորտիկեան Լեւոն, Թաշճեան Վահէ (խմբագիրներ), «Լիբանանահայերը – Հարիւր տարուայ ներկայութիւն, Յիսուսեան հայրերու «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի հրատարակութիւն, Քասլիք–Լիբանան, 2017(ֆրանսերէն):

– Պօղոսեան Ստեփան, «Հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւն. Նահատակներ յաւերժութեան», Բ. հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Կարօ Վարդանեան, տպարան «Բեկոր», Երեւան, 2016 (բովանդակութիւնը մեծ մասամբ նուիրուած է Հայաստանի Ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի գործունէութեան, կազմակերպութեան նահատակներու եւ մահացած անդամներու լուսանկարներ՝ անոնց մասին հակիրճ տեղեկութիւններով):

– Սապահ-Գիւլեան Ստեփան, «Պատասխանատուները», Գ. տպագրութիւն, հրատարակութիւն Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոնի, յառաջաբանը՝ Եղիկ Ճէրէճեանի, խմբագրումը, ծանօթագրութիւններու հեղինակումը եւ շարադրանքի վերանայումը՝ Գէորգ Եազըճեանի, ընդհանուր խմբագիր՝ Թաթուլ Յակոբեան, «Լուսակն» տպարան, Երեւան, 2017, 384 էջ (14.5 x 20.2 սմ.) (Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան կարկառուն ղեկավարը կը ներկայացնէ ու կը քննարկէ Հայկական հարցին զարգացումները 20-րդ դարու առաջին 15 տարիներուն՝ Իթթիհատի նկատմամբ հայկական կուսակցութիւններու դիրքորոշումներու լոյսին տակ, ծանօթագրութիւնները՝ շարադրանքին մէջ):

– Սարգսեան Արմէն Շաւարշի, «Զաւեշտի դրսեւորման միջոցները հայ ժողովրդական երգիծական մանրապատումներում եւ զուարճախօսութիւններում», գիտական խմբագիր՝ Դաւիթ Կիւրճինեան, խմբագիր՝ Անահիտ Խանումեան-Սարգսեան, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 300 էջ (14.7 x 20.4 սմ.) (Հ. Հ.ի եւ Արցախի մէջ վերջին տասնամեակներուն շրջանառուած ժողովրդային զուարճապատումներու համակողմանի ներկայացումը եւ գիտական վերլուծումը, յաւելուածներ՝ հարիւրաւոր զուարճապատումներով, օգտագործուած գրականութեան եւ համառօտագրութեանց ցանկեր): Գիրքը տպագրուած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով:

– Տէր Մինասեան Ռուբէն, «Հայաստանի Հանրապետութիւնը», հրատարակութիւն Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոնի, խմբագրումը, ծանօթագրութիւններու հեղինակումը եւ շարադրանքի վերանայումը՝ Գէորգ Եազըճեանի, ընդհանուր խմբագիր՝ Թաթուլ Յակոբեան, «Լուսակն» տպարան, Երեւան, 2017, 240 էջ (14.5 x 20.2 սմ.)(մեծ հատուածի մը վերատպումըդաշնակցական անուանի գործիչի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները» բազմահատորեակի Է. հատորէն, ուր կը քննարկուին պետական գործերուն մէջ կուսակցութեան դերին վերաբերեալ տարբեր մօտեցումները Հ. Յ. Դ.ի ղեկավարութեան մէջ, ծանօթագրութիւնները՝ շարադրանքին մէջ):

– Օշական Յակոբ, «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան», Զ. հատոր, արուեստագէտ սերունդ, Բ. հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Վարուժան արք. Հերկելեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»ի թիւ 93, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2017:

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան