Անաւարտ վերջաբան. Կանաչ ու սեւ

1143

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ

Վերջին գլուխ

Բեմադրիչ Տիգրան Խզմալեանը պատերազմէն յետոյ կը նկարահանէ իր առաջին գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը` ՙՍեւ-Սպիտակ՚: Ֆիլմը Երկրորդ Աշխարհամարտի մասին է` ներշնչուած արցախեան պատերազմէն:

ՙԵս պատմութիւն մը յօրինեցի. զինուորը կը վերադառնայ լեռնային գիւղ մը, ուր միայն այրիներ մնացած են: Մնացած են միայն կանայք, եւ ռազմաճակատէն տղամարդ մը կը վերադառնայ: Այդ պատմութիւնը Արցախէն ոգեշնչուած էր: Պատերազմի ընթացքին Արցախի մէջ երթալով երկու գոյն կ’աւելնար, ճիշդ է` ո’չ թէ սեւ ու սպիտակ, այլ` սեւ ու դարչնագոյն: Տղամարդիկ խաքի եւ զինուորականի կանաչ զգեստ կը հագնէին, իսկ կանայք` երթալով աւելի ու աւելի շատ` սեւ: Եւ ասիկա ամէն օր կը տեսնէի: Սեւին աւելնալը ամենամեծ ճնշումն էր, ամենասուր տպաւորութիւնը արցախեան պատերազմէն՚:

Պատերազմը Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի մէջ տասնեակ հազարաւոր երազանքներ տակնուվրայ ըրաւ: Հայերը զինուորականներու շրջանին մէջ տուած են շուրջ վեց հազար զոհ, որոնց աւելի քան երեք հազարը` Ղարաբաղի բնակիչներ: Արցախցիները քանի մը հարիւր զոհ ալ տուած են խաղաղ բնակիչներու շրջանին մէջ:

Քսաներորդ դարը հայ ժողովուրդին մեծ տառապանքներ պատճառեց, մարդկային եւ տարածքային կորուստներն աղէտալի էին: Հայ ժողովուրդի` պատմութեան թատերաբեմէն ի սպառ անհետանալէն փրկուիլն ապագայ պատմաբաններուն կրնայ հրաշք թուիլ:

Միայն 19րդ դարի վերջերուն եւ 20րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն իր պատմական հայրենիքին` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ շուրջ երկու միլիոն հայ բնաջնջուեցաւ: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ հայոց մէկ մասն ապաստան գտաւ Մասիսի ստորոտին, ուր երկուքուկէս տարուայ կեանք ունեցած անկախ հանրապետութեան յաջորդեց Խորհրդային Հայաստանը: Յարաբերական խաղաղութեան ու կայունութեան 70ամեայ շրջան մը վայելելով, հայկական փոքրիկ հանրապետութիւնը կրցաւ տնտեսական եւ մշակութային յառաջընթաց արձանագրել: Բայց, ի յաւելումն Ցեղասպանութեան պատճառած կորուստներուն, հայերը մարդկային մեծ զոհեր տուին նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ: 1920ական թուականներու սկզբին ոչնչացուեցաւ հայ գրեթէ ողջ սպայակազմը, իսկ 1930ական թուականներուն հազարաւոր շարքային քաղաքացիներու հետ պոլշեւիկեան բռնարարքներուն զոհ գնաց նաեւ հայ մտաւորականութեան ծաղիկը: Երկրորդ Աշխարհամարտին հայերը 300 հազար զոհ տուին: 1949ին Հայաստանէն Սթալինի կազմակերպած բռնագաղթը հազարաւոր նոր զոհերու պատճառ դարձաւ:

1994էն ի վեր, անցնող 16 տարիներու ՙոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն՚ վիճակը խլած է հարիւրաւոր մարդկային կեանքեր` զինուորականներ եւ քաղաքացիական անձինք: Այս հարիւրները թիւեր չեն, այլ` ճակատագիրներ: 18-20ամեայ հայ եւ ատրպէյճանցի երիտասարդներ կը շարունակեն դիպուկահարներու զոհ դառնալ, սահմաններուն վրայ ցանուած ականները շփման գօտիին մօտ բնակող քաղաքացիներու կեանքեր կը խլեն, Հ. Հ.-Ատրպէյճան եւ Լ. Ղ. Հ.-Ատրպէյճան սահմանները կը շարունակեն ականապատ մնալ: Տասնեակ հազարաւոր երախաներ` որբ, հազարաւոր մայրեր` որդեկորոյս մնացին:3

Հարիւրաւոր գիւղեր, աւաններ ու քաղաքներ աւերուեցան պատերազմի տարիներուն: Ռազմական, ֆինանսական եւ մարդկային ոյժերուն յարաբերակցութիւնը Ատրպէյճանի կողմն էր ակնյայտօրէն: Բացի այդ, Ղարաբաղեան Շարժումն ու պատերազմը համընկան 1988ի աղէտալի երկրաշարժին հետ, որ աւելի քան 25 հազար կեանքեր խլելէ բացի, Հայաստանի հիւսիս-արեւմտեան ու արեւմտեան շրջանները հողին հաւասարցուց կամ աւերեց: Փաստօրէն, մէկ երրորդ մասով աւերուած Հայաստանն անկախութեան հետ նաեւ պատերազմ ու շրջափակումներ ստացաւ: Ան իր ուսերուն կրեց նաեւ Ատրպէյճանէն քանի մը հարիւր հազար հայ փախստականներ ընդունելու եւ տեղաւորելու դժուարութիւնները:

Դէպի ծով ելքէ զուրկ Հայաստանի սահմաններուն աւելի քան 80 տոկոսը կղպուած էր: Արեւմուտքէն եւ արեւելքէն շրջափակուած Հայաստանն արտաքին աշխարհի հետ կրնար կապուիլ Իրանի եւ Վրաստանի տարածքով միայն: Պատերազմի տարիներուն, միակ յուսալի ՙպատուհանը՚ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնն էր, իսկ Վրաստանը ներքին` քաղաքացիական բախումներու եւ Հարաւային Օսիայի ու Աբխազիոյ պատերազմներուն ներքաշուած էր:

Ոյժանիւթի ճգնաժամը կազմալուծած էր Հայաստանի արդիւնաբերութիւնը: Խանութները պարպուած էին, մարդիկ գիշերները հացի հերթերուն մէջ կ’անցընէին: Հարիւր հազարաւոր հայաստանցիներ, մեծ մասը` ընդմիշտ, հեռացան Հայրենիքէն, փախան երկրին մէջ տիրող անարդարութենէն, անորոշ ապագայէն, սովէն, մութէն, ցուրտէն ու պատերազմէն:

1992-1994 թուականները հայ ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ամենամութ, բայց նաեւ ամենապայծառ տարիներէն էին: Հայաստանը կ’արիւնաքամուէր պատերազմէն ու արտագաղթէն, բայց ամէն ինչ կու տար նախայարձակման ենթարկուած արցախահայութիւնը Ատրպէյճանէն պաշտպանելու համար:

1988-1993ի ընթացքին աւելի քան մէկ միլիոն հոգի փախստական դարձաւ կամ բռնի տեղահանուեցաւ: Մ. Ա. Կ.ի` Փախստականներու Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարի Գրասենեակին տուեալներով` մօտ 304.000 հայ Ատրպէյճանէն տեղահանուած եւ հաստատուած է Հայաստանի մէջ: Ընդհանուր առմամբ` մօտ 415 հազար հայ տեղահանուած է կամ փախստական դարձած: Հայաստանէն, Ղարաբաղէն եւ անոր յարակից շրջաններէն տեղահանուած եւ փախստական ատրպէյճանցիներուն թիւը շուրջ 750 հազար է, որոնց մօտ 500 հազարը` Ղարաբաղէն եւ յարակից շրջաններէն: 750 հազարին մէջ առնուած են նաեւ Հայաստանէն հեռացած շուրջ 160 հազար ատրպէյճանցիները:

Հրադադարի հաստատումէն 16 տարի յետոյ պատերազմական հռետորութիւնը եւ խնդիրը ռազմական միջոցով ՙկարգաւորելու՚ սպառնալիքները չեն դադրիր: Ղարաբաղեան հարցը կը շահարկուի ներքաղաքական, անազնիւ նպատակներով: Հայ-ատրպէյճանական երկխօսութեան կողմնակիցները դաւաճան կը պիտակուին: Պետական եւ քաղաքական գործիչներն ու կուսակցութիւնները կը շարունակեն ղարաբաղեան հարցը շահարկել հայրենասէր ներկայանալու նպատակներով:

Կողմերուն մօտ հակամարտութիւնը կարգաւորելու իրական ցանկութիւնը եւ ձգտումները վճռական չեն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրին կը թուի, թէ ժամանակն ի’ր օգտին կ’աշխատի: Պաքուն յատկապէս վերջին տարիներուն հրապարակաւ կը յայտարարէ, որ չ’աճապարէր կարգաւորել հակամարտութիւնը` ակնկալելով, որ նաւթային եկամուտներուն մէկ մասը կը գործածէ բանակի վերազինման նպատակով, Հայաստանի տնտեսական մեկուսացումը եւ տարածաշրջանային ոյժանիւթային ու հաղորդակցային ծրագիրներէն դուրս մնալը կը խորանան, ինչը զայն կը ստիպէ զիջումներու երթալ, ծունկի գալ:

Հայկական կողմը կ’ակնարկէ, թէ սթաթուս քուոյին պահպանումը ձեռնտու է, եւ թէ միջազգային հանրութիւնը ժամանակի ընթացքին կը համակերպի տը ֆաքթօ ստեղծուած իրավիճակին հետ:

Յայտնապէս նուազած է նաեւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը ղարաբաղեան հակամարտութեան նկատմամբ: Արեւմուտքը հետաքրքրուած է Կասպից Ծովի ջրածխածիններով, զորս միջազգային շուկաներ կը տեղափոխէ, իսկ Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններուն մէջ ստեղծուած վիճակը արեւմուտքցիներու տնտեսական ծրագիրներու իրականացման չի խոչընդոտէր:

Կը թուի, որ թէ’ հակամարտութեան ներքաշուած կողմերը, թէ’ դրացի ազդեցիկ երկիրները` Թուրքիան ու Իրանը, թէ’ Կովկաս-կասպեան տարածաշրջանին մէջ հետաքրքրութիւն ունեցող կեդրոնները` Ուաշինկթընը, Պրիւքսէլը եւ Մոսկուան, այսօր բաւարարուած են սթաթուս քուոյի պահպանումով:

Հարիւրաւոր հայ եւ ատրպէյճանցի ընտանիքներու համար, սակայն, ՙոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն՚ վիճակը կը շարունակէ տառապանք պատճառել: Հարիւրաւոր հայ եւ ատրպէյճանցի մայրեր, ինչպէս հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի Լարիսա Չախոյեանը, գերութենէն որդիներու տունդարձին կը սպասեն:

 

Յ. Գ. 

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):