Ռուբէն Դարբինեան. «Ինչպէ՞ս ինկանք բոլշեւիկներու ձեռքը»

1763

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը ներկայացնում է ՀՅԴ երևելի դեմքերից մեկի՝ Ռուբէն Դարբինեանի «Ինչպէ՞ս ինկանք բոլշեւիկներու ձեռքը» հոդվածը:

(Հատուած մը իմ յուշերէն)

Նոյեմբեր 31-ն էր, 1920 թ.: Երեկոյան, անսովոր ներքին խռովք մը զգալով դուրս եկայ փողոց: Երկար թափառումներէ յետոյ, մտայ Խորհրդարանի շէնքը, ուր այդ պահուն տեղի կ’ունենար Վահան Նաւասարդեանի դասախօսութիւնը՝ կարծեմ «Հ. Յ. Դաշնակցութեան բիւրեղացումը» նիւթի մասին:

Նաւասարդեանը վերջացնելու վրայ էր իր դասախօսութիւնը, երբ ներս մտայ: Երբ վերջացուց, դուրս եկաւ հակաճառելու Բախշի Իշխանեանը: Բայց ես երկար չմնացի հետեւելու վիճաբանութեան, որովհետեւ իրականութենէն շատ հեռու չափազանց ճեմարանական թուացին ինձ յայտնուած մտքերը:

Հազիւ էի հասած Խորհրդարանի դրսի դրան, երբ հանդիպեցայ Դաւիթ Անանունին, որ խիստ յուզուած հարցուց ինձ.

-Ճի՞շդ է, որ Լեգրանը վերջնագիր է ներկայացրել կառավարութեան՝ պահանջելով իրենց յանձնել իշխանութիւնը: Ճի՞շդ է, որ բոլշեւիկեան զօրքերը արդէն գրաւել են Իջեւանը եւ անարգել շարժւում են դեպի Դիլիջան:

Ըսի, որ ես ոչինչ գիտեմ այդ մասին, ինչ որ շատ զարմացուց Դաւիթ Անանունը: Բացատրեցի, որ ես, կառավարութեան մէջ չըլլալով այժմ, տեղյակ չեմ: Բայց երբ կասկած յայտնեցի իր լուրերու ճշմարտութեան մասին, Դաւիթ Անանուն հաղորդեց, թէ ինք կուգայ Սովետական միսիայի անդամ Աշոտ Յովհաննիսյանի մօտէն եւ անկէ է ստացած իր տեղեկութիւնները:

Անմիջապէս քայլերս ուղղեցի դէպի բժ. Համօ Օհանջանեանի բնակարանը, բայց զայն հոն չգտայ: Իր տիկնիկը, Ռուբինան, հաստատեց, սակայն, Դաւիթ Անանունի հաղորդած տեղեկութեանց ճշդութիւնը եւ ըսաւ, որ Համօն Բիւրոյի եւ կառավարութեան խառն նիստին է գացեր, ուր կը քննուի բոլշեւիկներու վերջնագիրը:

Ինձ համար արդէն պարզ էր, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար մեր կառավարութեան պատասխանը: Իսկ բոլշեւիկներու իշխանութեան տակ ես ապրել չէի կրնար: Ուստի որոշեցի օր առաջ, նոյնիսկ ժամ առաջ հեռանալ Հայաստանէն:

Առաջին մտածումս եղաւ տեսնել Ռուբէնը (Տէր Մինասեանը) եւ անոր հետ միասին երթալ Զանգեզուր, որ նոր էր իրմէ թօթափած բոլշեւիկեան լուծը, իսկ այնտեղէն ալ, եթէ հարկ ըլլար, ապաստան փնտռել Պարսկաստանի մէջ:

Հետեւեալ առաւօտ, երբ գացի Ռուբէնի մօտ, զայն չգտայ իր բնակարանին մէջ: Ըսին, որ ժողովի է գացեր եւ որ կը շարունակուի տակաւին Բիւրոյի ու կառավարութեան խառն նիստը: Քայլերս ուղղեցի իսկոյն դեպի կառավարական շէնքը, դուրս կանչեցի Ռուբէնը եւ, առանց նախաբանի, հարցուցի.

-Ե՞րբ ենք գնում:

-Պատրաստ եղիր,- պատասխանեց ան.- երեկոյան, դէպի Զանգեզուր: Ես քեզ իմաց կը տամ: Ամէն բան պատրաստ կը լինի: Միայն ոչ ոքի ոչինչ չասես:

Անմիջապէս գացի տուն ճամբու համար պատրաստութիւն տեսնելու, պէտք ըլլալիք իրերը հաւաքելու:

Կինս պէտք է մնար Երեւան, որովհետեւ ճամբան դէպի Զանգեզուր ապահով չէր: Վերջէն ան պէտք է երթար Թիֆլիզ իր հարազատներուն մօտ:

«Յառաջ»ի հետ փակեցի հաշիւներս եւ ստացայ 125,000 ռուբլի, ինչ որ իմ աշխատավարձն էր: Այդ գումարը ամբողջութեամբ յանձնեցի կնոջս:

Երբ պատրաստութիւններս վերջացուցի, ուզեցի անգամ մը եւս տեսնուիլ Ռուբէնի հետ, նախքան մեր մեկնումը: Դարձյալ զայն տանը չգտայ եւ գացի կառավարութեան շէնքը:

Ցերեկուայ ժամի 4-ն էր: Երբ դուրս կանչեցի Ռուբենը, ներս հրաւիրեցին զիս:

Բիւրոյի նիստն էր: Զբաղուած էին այն հարցով թէ՝ մեր ընկերներէն որո՞նք անպայման պէտք է հեռանային Հայաստանէն, ո՞ւր պէտք է երթային եւ ի՞նչ պէտք է ընէին:

Ինձ յայտնեցին, թէ աւելի նպատակահարմար էին նկատած, որ ես բժ. Հ. Օհանջանեանի եւ քանի մը ուրիշ ընկերներու հետ մեկնիմ Վրաստան, ուրկէ պէտք է մեկնէինք Պոլիս: Ըսին, թէ Վրաստան անցնելու համար կար այժմ լեռնային ճամբայ մը եւ մեզի պիտի տային վալատներ: Իսկ Ռուբէնը, համաձայն Բիւրոյի որոշման, խումբ մը ուրիշ ընկերներու հետ պէտք է անցնէր Զանգեզուր: Ռուբէնը պէտք է մեկնէր նոյն օրն իսկ, երեկոյան, իսկ մենք նոյն գիշեր, ժամի 1-2:

Երեկոյան Խորհրդարանի Դաշնակցական Ֆրակցիայի նիստն էր, որուն մէջ պիտի որոշուէր անոր դիրքը բոլշեւիկեան վերջնագրի հանդէպ:

Թէեւ Բիւրօն, կառավարութիւնն ու զինուորական հրամանատարութիւնը արդէն որոշած էին իշխանութիւնը առանց կռուի յանձնել բոլշեւինկերուն եւ հազիւ թէ Խորհրդարանի Դաշնակցական Ֆրակցիան տարբեր որոշում մը տար, բայց ուզեցի  ներկայ ըլլալ այդ նիստին, որ վերջինը պիտի ըլլար: Ճիշդ է, ես կառավարութեան մէջ չէի այլեւս, ոչ ալ Խորհրդարանի անդամ էի, բայց տակաւին կորսնցուցած չէի իրաւունքս ներկայ ըլլալու Դաշնակցական Ֆրակցիայի ժողովներուն: Դաւադիր ձեռք մը փճացուցեր էր ելեկտրական լոյսը, եւ ժողովը տեղի կ’ունենար մթութեան մէջ: Քանի մը անգամ փորձ ըրին լուսաւորելու սրահը, ուր կը գտնուէինք, բայց ապարդիւն: Եւ մթութեան մէջ շարունակուեցաւ ժողովը:

Հետաքրքրական էր, որ ամբողջ ֆրակցիայի մէջ միայն մէկ ընկեր իշխանութիւնը բոլշեւիկներուն յանձնելու դէմ խօսեցաւ: Այդ ընկերը Արշակ Յովհաննիսեանն էր, որ առաջակրեց անմիջապէս ձերբակալել Լեգրանը, անոր միսիայի բոլոր անամները եւ կտրուկ միջոցներ ձեռք առնել բոլոր անոնց դէմ, որոնք կ’աշխատէին ձգել Հայաստանը բոլշեւիկներու գիրկը: Միաժամանակ ան առաջարկեց մեր զօրքերը ուղղել բոլշեւիկեան զօրքերուն դէմ, որոնք ներս էին խուժած մեր երկիրը եւ այժմ ալ մեզմէ կը պահանջէին իշխանութիւնը յանձնել իրենց «կամովին»:

Ֆրակցիայի մեծամասնութիւնը, սակայն, անիմաստ կը գտնէր դիմադրութիւնը եւ կը խորհէր, թէ Հայաստանը աւելի պիտի շահի, եթէ իշխանութիւնը առանց կռուի յանձնենք բոլշեւիկներուն:

Կը տիրէր ընդհանուր յոգնածութիւն, յուսահատութիւն, համակերպման տրամադրութիւն: Ուստի զարմանալի չէ, որ ժողովը մէկ թէ երկու հոգիի դէմ որոշեց «կամովին» յանձնել իշխանութիւնը բոլշեւիկներուն, պայմանով որ ապահովուին Հայաստանի անկախութիւնը եւ Դաշնակցական գործիչներու կեանքն ու ազատութիւնը:

Ֆրակցիայի նիստէն յետոյ, կառավարական շէնքին մէջ հաւաքուեցան այն պատասխանատու Դաշնակցական գործիչները, որոնք ըստ Բիւրոյի որոշման, պէտք է մեկնէին դէպի Վրաստան:

Երբ ամէն մանրամասնութիւն ճշդված էր եւ ամէն կարգադրութիւն եղած մեկնումի համար, յանկարծ ներս մտաւ Արշակ Ջամալեանը եւ պահանջեց, որ յետաձգուի մեր մեկնումը: Ան կ’ուզէր, որ Ֆրակցիայի նոր նիստ մը ըլլար եւ այդ նիստին մէջ որոշուէր բոլոր ընկերներու ընելիքը: Բայց ներկայ եղողները, այդ մասին բաւական երկար վիճելէ յետոյ, որոշեցին, որ մեկնումը տեղի ունենայ նոյն գիշեր իսկ, որովհետեւ այլապէս ուշ կ’ըլլայ եւ բոլշեւիկներու իշխանութեան տակ շատ դժուար պիտի ըլլայ փախչիլ:

Ըստ եղած կարգադրութեան՝ Երեւանի միլիցիապետ Սեթօն իր ձիաւորներով պիտի ուղեկցէր մեզ: Ան մեր տրամադրութեան տակ պիտի դնէր կառք մը բժ. Հ. Օհանջանեանի, բժ. Տէր Դաւթեանի, Գ. Ղ.ի եւ ինձ համար: Կէս ժամէն յետոյ կառքը պէտք է կանգ առնէր բժ. Հ. Օհանջանեանի տան առջեւ, որու դիմաց կ’ապրէի ես: Հոն պէտք է հաւաքուէինք եւ կառք նստէինք:

Համօն եւ ես իսկոյն մեկնեցինք տուն՝ մեր տիկիններուն հրաժեշտ տալու եւ վերջին պատրաստութիւնները տեսնելու համար:

Անցաւ կէս ժամը, ժամը մը, երկուս, բայց կառքը չկար:

Քանի մը անգամ փորձեցի հեռախօսով խօսիլ, բայց հեռախօսը կտրուած էր, ըստ երեւոյթին: Ստիպված եղայ գնալ Համօյի մօտ՝ իմանալու համար, թէ ի՞նչ էր պատահած, ինչո՞ւ կառքը կ’ուշանար:

Համօն ինքը դուռը բացաւ եւ յայտնեց ինձ, թէ քիչ առաջ իրեն լուր էին տուած, որ ընկերները որոշեր էին հետեւեալ օրը նոր խորհրդակցութիւն մը ունենալ եւ անկէ յետոյ միայն ճամբայ ելլել:

Երբ ըսի Համօյին, որ վաղը մեր փախուստը չափազանց պիտի դժուարանար եւ որ անիմաստ, վտանգաւոր էր մեր մեկնումի յետաձգումը, Համօն պատասխանեց, որ միանգամայն համաձայն է ինձ հետ, բայց ոչինչ կրնար ընել այժմ, քանի որ ընկերները այդպէս էին որոշած:

Չափազանց վրդովուած՝ տուն վերադարձայ: Մեր պայմաններուն մէջ մէկ օրուայ ուշացումը կրնար ճակատագրական հետեւանքներ ունենալ մեզ համար: Ատիկա պարզ էր ոեւէ ողջամիտ մարդու համար: Յոռի նախազգուշացումէ ազդուելու պէտք ալ չկար:

Գիշերը, հարկաւ, անքուն անցուցինք:

Առաւօտ կանուխ կինս, որ ինձմէ աւելի անհանգիստ էր, դուրս գնաց՝ առանց ինձ ըսելու, թէ ո՞ւր կ’երթայ: Երբ վերադարձաւ, պատմեց, որ գացեր էր Դրօյի մօտ՝ հասկնալու համար իրերու վիճակի մասին: Ինչպէս յայտնի է, Դրօն Համբարձում Տէրտէրեանի հետ պիտի մտնէր նորակազմ իշխանութեան մէջ:

Դրօն, իմանալով որ մենք տակաւին չենք հեռացած Երեւանէն, չափազանց վրդովուեր էր եւ ըսեր, թէ ինք անմիջապէս պիտի գար մեզ մօտ եւ մեզ ժամ առաջ ճամբու դնէր, քանի որ Երեւանի մէջ մեր մնալը կը կապէր իր ձեռքերը եւ կը զրկէր զինք գործելու ազատութենէ:

Կնոջս հետ իսկոյն գացինք Համօյի մօտ: Տասը րոպէ չանցած, եկաւ Դրօն, իր վրդովմունքը յայտնեց, որ չէինք մեկնած գիշերը, եւ ըսաւ.

-Եկայ, ձեզ անձամբ ճանապարհ դնելու: Ուշացնելու ժամանակ չկայ: Ոչ մի դէպքում մի աւելորդ ժամ անգամ պէտք չէ մնաք այստեղ: Ես արդէն խօսել եմ Սեթօյի հետ, որ ամէն բան պատրաստել է արդէն: Նա շատ լաւ ծանօթ է ճանապարհին: 10-15 հոգի զինուած լաւ տղերք ունի, որոնք կարող են պէտք գալ: Դուք ոչ մի բանի մասին մտածելու կարիք չէք ունենայ, նրանք ձեզ կը հասցնեն Վրաստանի սահմանը: Սեթօն մարդ  կ‘ուղարկէ ձեզ մօտ ձեր իրերը վերցնելու: Թող Համօն կառք նստի, առանց որեւէ իրի, եւ գնայ դէպի Զանգուի կամուրջը. իսկ դու, Արտաշէս, աշխատիր աննկատելի կերպով դուրս գալ տնից եւ կողմնակի փողոցներով դուրս գալ քաղաքից եւ գնալ մինչեւ կամուրջը, ուր ես դրել եմ իմ մարդկանց: Այնտեղ կը գայ ձեզ տանող կառքը: Կը նստիք եւ եւ կ’երթաք: Իսկ ճանապարհին ձեզ կը հասցնեն ձեր իրերը:

Համբուրուեցի Դրոյի ու մերոնց հետ, եւ կնոջս հետ դուրս եկայ փողոց:

Անծանօթ փողոցներով մեր քայլերը ուղղեցինք դէպի Զանգուի կամուրջը եւ կանգ առինք կամուրջի վերեւը: Մեր դիմացը կեցած էր վիթխարի Մասիսը իր երկու ալեւոր գագաթներով եւ անվրդով ու վեհապանծ կը նայէր մեզ այնպէս, կարծես ոչինչ էր պատահած: Երկար դարերու ստրկութենէ յետոյ, հայ ժողովուրդը, վերջապէս, ստեղծած էր իր ազատ ու անկախ պետութիւնը, որ մօտ երկու եւ կէս տարի միայն կրցաւ ապրիլ, շարունակ օրհասական կռիւներ մղելով իր արտաքին եւ ներքին թշնամիներուն դէմ: Այսօր այդ թշնամիները իրենց գերազանց ոյժերով կրկին իրենց ոտքերուն տակ կ’առնէին մեր անկախ հայրենիքը եւ կրկին օտարի անարգ լուծը կը հաստատէին մեր ժողովուրդի վզին: Մասիսը տեսաւ մեր յաղթանակի եւ ուրախութեան օրերը, այսօր կը տեսնէր եւ մեր պարտութեան, սուգի օրը եւ կը նայէր անվրդով:

Որքա՜ն փոքր զգացի ես ինքս այդ վեհ, աստուածային տեսարանին, անոր յաւերժական գեղեցկության առջեւ: Խորունկ, հեղձուցիչ թախիծ մը պատեց հոգիս:

Կինս, տեսնելով արցունքոտ աչքերս, չկրցաւ այլեւս զսպել ինքզինքը եւ լալով ըսաւ.

– Գուցէ վերջին անգամ է, որ միասին ենք: Ո՜վ գիտէ, պիտի հանդիպինք իրար կրկին այս բաժանումից յետոյ: Ես շատ եմ վախենում:

Սկսեցի մխիթարել զինքը, քաջալերական, յուսատու խօսքեր ըսել: Ըսի, որ պիտի սպասեմ իրեն Վրաստանի մէջ, մինչեւ որ ինքը հոն գայ, եւ յետոյ միասին պիտի մեկնինք արտասահման:

– Այսպիսի պայմանների մէջ – առարկեց ան– մի՞թէ կարելի է վստահ լինել որեւէ բանի վերաբերմամբ: Սիրտս շատ անհանգիստ է: Հաւատ չունեմ, որ ամէն բան պիտի լինի այնպէս, ինչպէս որ ասում ես:

Համօն, որուն կը սպասէինք, ուշացաւ: Անհամբեր կը նայէինք անոր գալիք ճանապարհին: Գիւղացիներ, էշերու վրայ ապրանք բառցած, իսկ իրենք ոտքով կ’անցնէին մեր մօտէն անվրդով ու անտարբեր, կարծես ոչ մէկ բանէ լուր ունէին: Կ’անցնէին եւ անծանօթ ձիաւորներ: Կառքով անցաւ Ալեքսանդրապոլի արտակարգ դատարանի նախագահ բժ. Բաղդասարեանը, բարեւեց, առանց բառ մ’իսկ արտասանելու: «Ինչո՞ւ էր մենակ», մտածեցի: Նայեցի շուրջս եւ աւելի հեռուները, բայց կասկածելի մարդիկ չնկատեցի:

Վերջապէս, երեւացաւ բժ. Հ. Օհանջանեանի կառքը, որուն մէջ իր կողքին նստած էր բժ. Յ. Դաւթեանը, որ Երեւանի արտակարգ դատարանի նախագահն էր: Կառքը կանգ առաւ: Գրկախառնուեցի կնոջս հետ եւ տեղ գրաւեցի կառքին մէջ:

Անցանք կամուրջը, անցանք քանի մը այգիներ դէպի Էջմիածին տանող ճամբու վրայ: Ճիշդ հոն, ուր մեր կառքը պիտի շեղուէր դէպի Աշտարակ տանող ճամբան, մեզ կեցուցին միլիցիոներները, որոնք Սեթոյի կարգադրութեան համաձայն նախօրօք բերած էին մեր իրերը:

Ժամի մը չափ մնացինք այդտեղ, այգիի մը մէջ, խարխուլ տան մը մօտ: Խոնաւ գետինը ծածկուած էր դեղին տերեւներով: Ճանապարհէն մեզ կը բաժնէր բարձր պատ մը: Բժ. Յ. Տէր Դաւթեանը հանեց իր շապիկը, զոր դեռ չչորցրած՝ վերցուցած էր իրեն հետ: Խեղճը մաքուր շապիկ չէր ունեցած, որ վերցնէր:

Վերջապէս, եկաւ Սեթօյի միլիցիոներներէն մէկը եւ հաղորդեց մեզ, որ մենք, առանց ժամանակ կորսնցնելու, առաջ շարժուինք, իսկ ինք իր ձիաւորներով շուտով պիտի հասնէր մեզ:

Հազիւ մեր կառքը կէս ժամուայ ճամբայ էր կտրած, երբ հասաւ Սեթօն 20-25 ձիաւորներով, որոնց մէջ էին Խորհրդարանի անդամ եւ Աշխատանքի նախարարի օգնական Վարոս Բաբայեանը, Երեւանի դատախազի օգնական Վարդգէս Ահարոնեանը եւ քանի մը ուրիշ ընկերներ: Բոլորն ալ զինուորական համազգեստով էին, հրացանները ուսերէն կախած:

Շուտով մեզ միացաւ մէկ ուրիշ կառք եւս, որուն մէջ էր միլիցիապետ Սեթօն իր քրոջ եւ կնոջ հետ: Վերջինս նոյնպէս զինուորական համազգեստով էր:

Արեւը դեռ մայր չէր մտած, երբ հասանք Աշտարակ, զոր ես առաջին անգամ կը տեսնէի: Իր գեղեցիկ դիրքով շատ լաւ տպաւորութիւն ձգեց այդ հինաւուրց գիւղը: Ձիերուն հանգիստ տալու եւ մենք ալ բան մը ուտելու համար, կանգ առանք Սեթօյի բարեկամներէն մէկուն մօտ, որ շատ ջերմ ընդունելութիւն ըրաւ մեզ: Ճիշդ է, մեզ կերակուր չտուաւ, բայց հիւրասիրեց թէյով, հաց ու պանիրով եւ անուշեղէններով:

Մեր մուտքը գիւղ արդէն մեծ իրարանցում էր առաջ բերած: Շուտով ամբոխը խռնուեցաւ մեր իջեւանած տան առջեւ: Մեզ մօտ եկան Աշտարակի քաղաքապետը, հոն գտնուող զօրքի հրամանատար գնդ. Ստեփանեանը եւ այնտեղի մեր ընկերները, բոլորն ալ չափազանց յուղուած էին եւ կը հետաքրքրուէին իմանալ, թէ ի՞նչ էր պատահած, ինչո՞ւ կ’երթայինք:

Մենք, բնականաբար, կ’աշխատէինք հանգստացնել զանոնք՝ ըսելով, թէ «խաղաղ» եւ «կամովին» յանձնած ենք իշխանութիւնը բոլշեւիկներուն, թէ նոր իշխանութեան («յեղափոխական կոմիտէի») մէջ կան մեր ընկերներէն երկուքը՝ Դրօն ու Հ. Տէրտէրեանը, թէ ամէն մարդ պէտք է մնայ իր պաշտօնին վրայ եւ թէ Հայաստանէն պիտի հեռանան միայն 10-15 ընկերներ, որոնց մասին Հ. Յ. Դ. Բիւրօն յատուկ որոշում է տուած:

Շուտով մեզ համար պարզուեցաւ, որ մենք որեւէ նորութիւն չէինք հաղորդեր անոնց եւ անոր նախորդ օրը, գիշերը, հեռագրով եւ հեռախօսով իմացեր էին Երեւանէն ամէն ինչ, որ տեղի էր ունեցեր:

Արդէն բոլորովին մութ էր, երբ դուրս եկանք Աշտարակէն:

Լուսին չկար: Ճանապարհը դժուարութեամբ կը գտնէինք: Ձիւն ծածկած էր ամէն ինչ: Մենք կը բարձրաձայնեինք Աբարանի լեռները:

Գիշերուայ ժամը 2-ը կամ 3-ը կ’ըլլար, երբ որոշեցինք կանգ առնել Աբարանի գիւղերէն մէկուն մէջ՝ առաւօտեան շարունակելու համար մեր ճանապարհը: Երեք ժամէն պիտի հասնէինք Բաշ-Աբարան, ուր վերջնականապէս պիտի ճշդէինք մեր երթալիք ճամբան, քանի որ հայ-թրքական զինադադարի հետեւանքով ստեղծուած չէզոք գօտիի վիճակը յայտնի չէր մեզ:

Գիւղի մէջ երկար հոս ու հոն ինկանք, շատ մը դռներ զարկինք, մինչեւ որ, վերջապէս, խրճիթի մը դուռը բացուեցաւ մեր առջեւ: Ճրագ վառեցին, եւ մենք կերպով մը տեղաւորուեցանք՝ քիչ մը հանգիստ առնելու համար:

Տանտէրը վառեց փոքրիկ օճախը, քիչ մը ջուր տաքցուց. թէյ պատրաստեցինք, կերանք եւ պառկեցանք՝ առանց հանուելու:

Եղբայրս տուած էր ինձ իր զինուորական մուշտակը եւ մեծ բրդոտ փափախը, որ Դենիկինեան բանակէն էր բերած: Փափախը դրի գլխուս տակը եւ մուշտակը վրաս՝ պառկեցայ անկիւն մը:

Առաւօտուն, մինչեւ թէյ խմեցինք, մինչեւ մեր ձիերը լծեցին, մեզ միացան Ալ. Շարաֆեանը, Ար. Աստուածատրեանը, Կորիւն Ղազարեանը, Մինաս Մակարեանը եւ քանի մը ուրիշներ:

Ալի-Քուչակի մէջ Հայկական Բանակի զինուորներն կային, որոնք իրենց սովորական վարժութիւնները կ’ընէին, երբ մենք հասանք այդ գիւղը: Մեզ մօտեցաւ սպայ մը: Երբ ճանչցաւ մեզ, շատ անհանգստացաւ: Քանի մը հարցուներ ըրաւ եւ, մեր պատասխանները ստանալէ յետոյ, հեռացաւ:

Որպէսզի բոլշեւիկները մինչեւ մեր Վրաստանի սահմանը հասնիլը հնարաւորութիւն չունենային օգտուելու հեռագրական գծէն, քանի մը տեղ ճանապարհին կտրիլ տուինք զայն:

Առաւօտեան ժամի 10-ին մօտ մտանք Բաշ-Աբարան:

Այստեղ կը գտնուէր այս ռազմաճակատի մեր սպայակոյտը: Այստեղ մենք պէտք է ձգէինք մեր կառքը եւ ձիերու վրայ պիտի շարունակէինք մեր ճանապարհը: Այստեղ Սեթօն պիտի բերէր թամբերը իր տնէն, որ կը գտնուէր հարեւան գիւղին մէջ: Իր տնէն ան պիտի բերէր նաեւ հաց մեզ համար: Այստեղ, վերջապէս, Սեթօն պիտի ստանար պէտք եղած տեղեկութիւնները ճամբանեñու վիճակի մասին՝ մեր ուղեգիծը վերջնականապէս ճշդելու համար:

Երբ մեր կառքը մօտեցաւ սպայակոյտի շէնքին, Սեթօն բարձրացաւ վերեւ, հինգ րոպէի չափ հոն խօսելէ յետոյ, վերադարձաւ ու ըսաւ մեզ, որ իջեւանենք ուրիշ շէնքի մը մէջ, որովհետեւ հրամանատարը յայտնած է իրեն, թէ զօրքի մէջ վտանգաւոր խմորումներ կան եւ մեր յայտնուիլը հոն կարող է աւելորդ դժուարութիւններ առաջ բերել:

Մեզ առաջնորդեցին գիւղացու մը խրճիթը, ուր եկաւ շուտով Երեւանի պարէտը՝ Ա. Շահխաթունին, որ, մեզ տեսնելով, ըսաւ.

-Ես էլ հօ Դաշնակցական չեմ: Ինչո՞ւ համար պէտք է տուժեմ ձեզ հետ միասին: Բայց չգիտեմ ինչո՞ւ՝ անպիտանները (բոլշեւիկները) որոշել են ինձ եւս գնդակահարել: Երէկ ես Լեգրանի շէնքում էի: Գնացել էի մի բան իմանալու: Իմ բարեկամներից մէկը ցոյց տուեց ինձ մի ցուցակ, որի մէջ իմ անունը եւս կար: Եւ ես այժմ ստիպուած եմ թողնել ամէն ինչ եւ փախչիլ: Եթէ կամենում եմ ձեզ գնդակահարել, այդ հասկանալի է, բայց ինձ ինչի՞ համար:

Զուարճախօս, զուարթ Շահխաթունիի հետքն անգամ չէր մնացած:

Այս խրճիթի մէջ մենք պէտք է սպասէինք երկու-երեք ժամ, մինչեւ որ Սեթօն գար, պէտք եղած պատրաստութիւնները տեսնելէ յետոյ: Բայց կէս ժամ հազիւ անցած, եկաւ Սեթօյի ուղարկած սուրհանդակը, որ հաղորդեց մեզ, թէ Բաշ-Աբարանի մէջ վտանգաւոր է երկար մնալ, թէ գիւղի մէջ տարածուեր է մեր մեկնումի լուրը եւ մեծ յուզում է առաջ եկեր, թէ մասնաւորապէս յուզուած են զինուորները, թէ մութ մարդիկ կը գրգռեն զանոնք մեր դէմ, թէ տեղական զօրքի հրամանատար Ա. Շահմազեանը ահաբեկուած է ու կը վախնայ նոյնիսկ տնէն դուրս գալ, թէ ան խորհուրդ կուտայ մեզ անյապաղ մեկնելու Տանա-Գեօրմազ գիւղը, որ հինգ վերս հեռու կը գտնուի, եւ թէ ինքը՝ Սեթօն կը խնդրէ մեզ անսալ այդ խորհուրդին, անմիջապէս հոն երթալ, որովհետեւ հոն կը գտնուին տաճկահայ կամաւորներ, միանգամայն վստահելի զինուորներ, եւ հոն սպասել իրեն:

Որոշեցինք մեկնիլ սէպի Տանա-Գեօրմազ գիւղը: կառքին միացաւ Ա. Շարաֆեանի կառքը եւ քանի մը ձիաւորներ:

Տանա-Գեօրմազ գիւղի մէջ իջեւանեցինք կոմիսարին մօտ, որ փոքրիկ, շարժուն եւ խորամանկ մարդ մըն էր, յիսունի մօտ: Սենեակը գոմի մէջն էր: Մութ էր եւ սաստիկ ծուխ կար հոն:

Հազիւ մենք ներս մտանք, երբ մեր ետեւէն հասան Վահան Նաւասարդեանը, Ստ. Խաչիկեանը, Գ. Վարշամեանը եւ ուրիշներ: Քիչ վերջը եկաւ նաեւ Կորիւն Ղազազեանը:

Սամօվարը շուտով պատրաստ՝ սեղանի վրայ էր: Թէյ խմեցինք եւ նախաճաշեցինք: Բոլորս ալ շատ յոգնած էինք եւ պառկեցինք օճախին երկու կողմերը: Մէկ քանին նոյնիսկ շուտով սկսան խռմփալ:

Թէեւ ես ալ պառկեցայ, բայց քունս չէր տաներ: Ակամայ ականջ կը դնէի աղմուկին եւ խօսակցութիւններուն, որոնք կուգային գոմէն եւ տան շուրջը հավաքուած գիւղացիներէն ու զինուորներէն: Պարզ էր, որ մեծ յուզում կար ժողովուրդի մէջ:

Դուրսի աղմուկը հետզհետէ կը սաստկանար: Կակսած չկար, որ ամբոխը կ’աճէր մեր տան առջեւ: Ոմանք ներս կը խուժէին եւ կը մտնէին նոյնիսկ մեր սենեակը, կը բարձրանային այն թախտի վրայ, ուր պառկած էինք մենք:

Քանի մը անգամ տանտիրոջ ուշադրութիւնը դարձուցի անոնց վրայ եւ խնդրեցի թոյլ չտալ, որ խանգարեն քնածներու հանգիստը:

– Աղա, ի՞նչ անեմ, լսող չկայ,-ըսւ տանտէրը եւ անհետացաւ:

Նոր էի սկսած նիրհել, երբ պարոն մը, որ գիւղի ուսուցիչն էր, մօտեցաւ ինձ եւ խնդրեց, որ դուրս գամ գոմը:

Երբ գացի, երկու հոգի ներկայացան ինձ եւ յայտնելով որ իրենք գիւղի Դաշնակցականներն են, ուզեցին ինձմէ իմանալ, թէ ի՞նչ կ’անցնէր կը դառնար եւ թէ ինչո՞ւ մենք կը հեռանայինք Հայաստանէն:

Քանի մը խօսքով բացատրեցի կացութիւնը եւ յայտնեցի, թէ մենք կը սպասէինք Սեթոյին, որ իր խմբով պիտի գար մեզ առաջնորդելու դէպի վրացական սահմանը:

-Մի՞թէ չէք իմացել, որ Սեթօն իր խմբի հետ յարձակման ենթարկուել է զօրքի կողմից: Բաշ-Աբարանից եկողներն են պատմում,- ըսի անծանօթ խօսակիցներս,-ասում են, որ յարձակումը եղել է Բաշ-Աբարանից դուրս գալու ժամանակ եւ որ վիրաւորներ, նոյնիսկ ըսպանուածներ կան: Այդ յարձակման պատճառով Սեթօյի խումբը, փոխանակ այստեղ գալու, գնացել է հակառակ կողմը:

Առաջին վայրկեանին ես չհաւատացի այդ լուրին, բայց սաստիկ անհանգստացայ: Գնացի ընկերներուս մօտ, արթնցուցի Համօն (բժ. Հ. Օհանջանեանը) եւ պատմեցի անոր իմ լսածը: Համօն իսկոյն գրեց երկտող մը, զոր կամաւոր զինուորի մը հետ ուղարկեցինք Բաշ-Աբարան Սեթօյին՝ իմանալու համար, թէ ինչո՞ւ այսքա՜ն ուշացաւ:

Արդէն երեկոյան ժամի 6-ն էր:

Դուրս եկայ փողոց՝ ճշդելու համար եղելութիւնը: Ետեւես եկաւ Ալ. Շարաֆեանը եւ առաջարկեց ինձ անմիջապէս բարձրանալ գիւղի առջեւ ձգուած լեռը, որուն ետեւը Հաճի-Խալիլ գիւղն էր, ուր կը գտնուէր խմբապետ Մուշեղը իր զինուորներով:

-Այստեղ մնալով ոչինչ դուրս չի գայ, -ըսւ ան՝ ջանալով համոզել զիս.- Աւելորս է տեղեկութեան սպսել Բաշ-Աբարանից: Աւելի լաւ է գնալ իսկոյն Մուշեղի մօտ, խորհրդակցել նրա հետ եւ այնտեղից շարունակել մեր ճանապարհը: Գնանք այսպէս ոտքով. Կէս ժամից կը հասնենք:

-Բայց ինչպէ՞ս թէ գնանք. իսկ մեր ընկերնե՜րը, որոնք քնած են: Պէտք է նրանց իմաց տալ: Ես կարծում եմ, որ մենք պէտք է սպասենք Սեթոյի պատասխանին:

-Սպասելը անիմաստ բան է: Պէտք չէ ժամանակ կորցնեք. թէ չէ՝ շատ կը զղջանք:

Ես չհամաձայնեցայ անոր հետ եւ վերադարձայ խրճիթը, ուր մեր բոլոր ընկերներ ալ արդէն արթնացած էին եւ իրենց տեղերէն ելած՝ յուզուած վիճակի մէջ կը խորհրդակցէին իրարու հետ աղմկելով:

Խրճիթը լեցուած էր գիւղացիներով, որոնք, զգալով որ խորհրդաւոր բան մը կը կատարուէր իրենց շուրջը, նոյնպէս յուզուած էին եւ կ’աղմկէին մերոնցմէ ալ աւելի:

Մեր բոլոր փորձերը հանգստացնելու հաւաքուած բազմութեան մտքերը եւ հեռացնելու զայն խրճիթէն՝ ապարդիւն անցան:

Փոքրիկ ճրագը հազիւ կը լուսաւորէր խրճիթը: Այդ ընդհանուր ժխորին մէջ Ստ. Խաչիկեանը յանկարծ նկատած էր, որ գողցուած էր իր խուրջինը, ուր մեծաքանակ թղթադրամ էր տեղաւորած: Կանչեց տանտէրը, պահանջեց գտնել իր խուրջինը, բաւական երկար աղմկեց, հայհոյեց, բայց ի զուր. խուրջինը չգտնուեցաւ:

Տանտէրը, որ մինչ այդ շատ հանդարտ էր, ինքն ալ սկսաւ աղմկել, հայհոյել եւ նոյնիսկ սպառնալ: Մէկ-երկու ժամուայ մէջ այդ մարդը կերպարանափոխուեցաւ հիմնովին. քծնող, շողոքորթող իր վարուելակերպը չքացաւ՝ տեղի տալով անպատկառ, գրգռիչ, լրբենի կեցուածքի մը առջեւ: Իրեն այնպէս կը պահէր, որ կարծես թէ մենք մեղաւոր էինք, որ մեզմէ մէկուն իրերն էին գողացուած:

Ոչ ոք այլեւս վստահ չէր, որ իր իրերն ալ նոյն բախտին չպիտի արժանանային: Պարզ էր, որ գողութիւնը ընողը ինքը՝ տանտէրն էր:

Բազմութիւնը հետզհետէ այնքա՜ն մեծցաւ, որ այլեւս կարելի չէր շարժիլ: Գիւղացիք իմացեր էին, որ իրենց գիւղը եկողները Հայաստանի վարչապետը, նախարարներ, Խորհրդարանի անդամներ եւ ուրիշ պատասխանատու պաշտօնեաներ էին: «Փախչում են», կ’անցնէր շշուկը ամբոխի մեզ՝ ոմանք հետաքրքրութեամբ, ոմանք երկիւղով, ոմանք զարմանքով, ոմանք կարեկցութեամբ, ոմանք ալ ըսպառնալիքով ու չարախնդութեամբ:

Իրարանցումն եւ յուզումը ամբոխէն ակամայ կը հաղորդուէր մեզ ու կը ջղայնացնէր մեզ:

Շուտով աղմուկն ու ժխորը սպառնալի համեմատութիւններ ստացան: Անկարող էին այլեւս երկու խօսք ըսել եւ ըրածդ լսել: Անհրաժեշտ էր վայրկեան առաջ ազատուիլ այդ խուժանէն, որ կարող էր վտանգաւոր ալ դառնալ, որովհետեւ կասկած չկար, որ երբ փորձէինք տնէն դուրս գալ ու հեռանալ, ամբոխը արգելք պիտի ըլլար մեզ եւ գուցէ շատ անախորժ դէպքերու առիթ տար:

Բայց ինչպէ՞ս ազատուիլ: Մարդիկ կը կասկածէին, որ կը պատրաստուէինք փախչիլ, ուստի իրենց տեղերէն չէին ուզէր շարժուիլ, որպէսզի տեսնէին մեր փախուստը եւ արգելք ըլլային անոր:

Եկաւ խմբապետ մը, որ մեր այդ ռազմաճակատի հրամանատարներէն մէկն էր: Մէկ կողմ քաշելով մեզ՝ ըսաւ.

– Ո՞ւր էք փախչում: Եթէ փախչելու պէտք կայ, մենք էլ փախչինք: Դուք որ գնում էք, մենք ինչո՞ւ մնանք. մենք էլ ձեզ հետ կը գանք:

Բացատրեցինք, որ կ’երթայինք Վրաստան եւ որ կառավարութիւնն էր միայն փախուած: Խնդրեցինք, որ ճակատը չլքեն, որովհետեւ թուրքերը կարող են գալ: Ըսինք, վերջապէս, որ կ’երթանք գործով, եւայլն:

Խմբապետը իրեն ուղեկցող քանի մը զինուորներու հետ հեռացաւ եւ, ըստ եւոյթին, դուրսը անոնց հետ խորհրդակցելէ յետոյ, վերադարձաւ շուտով ու յայտնեց մեզ.

– Դուք չպիտի գնաք եւ պիտի սպասէք, մինչեւ որ Բաշ-Աբարանից կարգադրութիւն լինի: Վաղը հրամանատարը Բաշ-Աբարան է հրաւիրել բոլոր խմբապետներին: Այնտեղ կ’իմանանք, թէ ի՞նչ է պատահել: Այնտեղ կը պարզուի դրութիւնը: Եւ եթէ դուք պէտք է երթաք, մենք էլ ձեզ հետ կ’երթանք: Մինակ պէտք չէ երթաք:

Սեթօյէն որեւէ պատասխան չկար: Ըստ երեւոյթին, չարաշուք լուրը անհիմն չէր:

Կացութիւնը հետզհետէ աւելի կը բարդանար եւ մեր մնալը Տանա-Գեօրմազի մէջ վտանգավոր կը դառնար արդէն: Պէտք էր կերպով մը հեռանալ այս գիւղէն: Եւ, որքան կարելի էր, շուտ: Պարզ էր, որ այդ կրնար հնարաւոր ըլլալ միայն աննկատելի կերպով մը:

Ամբոխէն ազատուելու եւ յուզուած միտքերն ու կիրքերը հանդարտեցնելու համար, որոշեցինք յայտարարել, որ պիտի մնանք մինչեւ հետեւեալ առաւօտ:

Սկիզբը գիւղացիք թերահաւատութեամբ վերաբերուեցան մեր խօսքերուն եւ չէին ուզեր հեռանալ: Բայց երբ տեսան, որ պառկելու կը պատրաստուէինք, մեզմէ ոմանք նոյնիսկ արդէն պառկեցան, ամբոխը հետզհետէ սկսաւ ցրուիլ:

Տանտէրը, տեսնելով որ այլեւս հետամուտ չէինք բռնելու խուրջինի գողը, նորէն փոխեց իր դիրքը, մեր կողմը բռնեց եւ ջանաց օգնել մեզ: Մտնելով իր դերին մէջ եւ ուղղելով իր խօսքը մեզի՝ ան բարկացած ձայնով պոռաց.

-Պառկեցէ՛ք բոլորդ էլ. դռները պիտի փակեմ եւ ոչ ոքի այլեւս սուրս չպիտի թողնեմ: Ոչ ոք ձեզանից այսօր չի հեռանայ իմ տնից: Իսկ դուք-ըսաւ ան՝ դիմելով ամբոխին-գնացէք հանգիստ ձեր տները եւ թողէ՛ք, որ սրանք էլ պառկեն, հանգստանան:

Շուտով խրճիթը դատարկուեցաւ: Իսկ մենք, կէս ժամի չափ պառկած մնալէ յետոյ, վեր ելանք մեր տեղերէն եւ սկսանք ցած ձայնով խորհրդակցիլ մեր ընելիքի մասին:

Երեք առաջարկ կար:

Մէկը՝ սպասել մինչեւ առաւօտ. թերեւս Սեթօյէն լուր մը գար եւ աւելի պարզուէր կացութիւնը:

Երկրորդ՝ գնալ անյապաղ դէպի Հաճի-Խալիլ, ուր խմբապետ Մուշեղն էր իր միանգամայն վստահելի խումբով:

Եւ երրորդ՝ առանց Հաճի-Խալիլ երթալու եւ աւելորդ ժամանակ կորսնցնելու, անմիջապէս վերցնել վալատ մը եւ գնալ դէպի Սպիտակ ու Համամլուի տակէն անցնիլ Բզովդալ, ուր, կ’ենթադրեինք թէ, կը գտնուէին վրացական զօրքեր:

Մոզմէ ոչ ոք ծանօթ էր մեր անցնելիք ճանապարհին: Ամենակարեւոր մութ կէտը վերջին առաջարկին այն էր, որ մենք անմիջապէս պէտք է մտնէինք հայ-տաճկական զինադադարի հետեւանքվ ստեղծուած չէզոք գօտին, որու վիճակի մասին հաստատ տեղեկութիւն չունէինք: Չէինք գիտեր, թէ կայի՞ն այնտեղ տաճկական կանոնաւոր կամ անկանոն զօրքեր:

Այս պարագան ի նկատի ունենալով՝ ոմանք կը պնդէին, որ լաւագոյնն է երթալ Հաճի-Խալիլ ու այնտեղ ստանալ ճիշդ տեղեկութիւններ չէզոք գօտիի վիճակի մասին եւ կամ սպասել մինչեւ վաղը, որպէսզի թերեւս մեր կեցած Տանա-Գեօրմազ գիւղի մէջ կարողանայինք ստանալ մեզ պէտք եղած տեղեկութիւնները:

Սակայն, ուրիշներ, որոնց մէջ եւ ես, այն կարծիքին էին, թէ ամենակարեւորը մեր դրութեան մէջ ժամանակ շահիլն էր, որովհետեւ, որքան աւելի ուշ անցնէինք չէզոք գօտին եւ Համամլուն, այնքան աւելի վտանգ կար, որ հանդիպէինք թշնամուն:

– Եթէ անգամ թուրքեր կան չէզոք գօտիում,- կ’աշխատինք գիշերով անցնիլ, որ չնկատուինք: Մեր ուղեգիծն էլ դժուար չէ որոշել, որովհետեւ մեզ միացած երկու հայ սպաներէն մէկը՝ Կոլմանեանը քարտէզ ունի իր մօտ:

– Մեր առաջին նպատակակէտը կը լինի Սպիտակը, ուր կը հասնինք այս գիշեր,- ըսաւ Կոլմանեանը.-Տարածութիւնը 30 վերստ է, որ կարող ենք կտրել մի գիշերուայ մէջ: Պէտք է գտնել միայն մի վալատ, որ տանի՝ հասցնէ մեզ Սպիտակ:

Այս առաջարկին ոյժ տուին միւս սպան, Կորիւն Ղազազեանը եւ իր ուղեկիցները, որոնք Բաշ-Աբարանի մէջ միացան մեզ: Անոնք փորձ էին ըրեր ցերեկով երթալ Սպիտակ խճուղիով, բայց նկատուեր էին ու յարձակման էին ենթարկուեր մեր զինուորներու կողմէն եւ ստիպուեր էին շեղուիլ խճուղիէն ու գալ Տանա-Գեօրմազ միանալու մեզ:

Բուռն վէճ ունեցանք այն ընկերներուն հետ, որոնք հակառակ էին սպաներու եւ Կորիւնի, ինչպէս ե՛ւ իմ պաշտպանած առաջարկին: Սպաները եւ Կորիւնը, վերջապէս, յայտնեցին, որ իրենք պիտի երթան դէպի Սպիտակ եւ, ով որ կ’ուզէ միանալ իրենց, կարող է միանալ:

Որոշեցինք միանալ անոնց: Բայց ապահովութեան համար ուզեցինք Սեթօյի խումբի փոխարէն մեզ վերցնել տաս կամաւոր զինուորներ:

Դժբախտաբար, երեք զինուորներ միայն պատրաստակամութիւն յայտնեցին ուղեկցելու մեզ այդ գիշեր: Ատոնցմէ մէկը ախալցխացի խմբապետ Խեչօն էր, երկրորդը Դաշնակցական զինուոր մը՝ Աղան անունով, իսկ երրորդի անունը մոռցած եմ:

Ճանապարհը պիտի անցնէինք ոտքով:  Մեզ հետ պիտի վերցնէինք քանի մը ձի միայն, այն ալ բեռներու համար: Տարբեր առաջարկներ պաշտպանող մեր ընկերները եւս վերջին վայրկեանին միացան մեզ, երբ տեսան, որ մենք վճռած էինք ամէն գնով մեկնիլ այդ գիշեր:

Ուշ գիշեր էր արդէն, երբ անաղմուկ դուրս եկանք փողոց՝ վերցնելով մեր հետ այն, ինչ որ կրնայինք: Մթութեան եւ իրարանցումի մէջ ես չկրցի գտնել պայուսակս, որ, ըստ երեւոյթին, նոյպէս գողցուած էր: Վերցուցի միայն մահուդէ վերմակս, որ ձեռքիս տակն էր:

Հաւաքուեցանք գիւղի մէկ ծայրը եւ անշշուկ դուրս եկանք: Եթէ գիւղացիները կամ զինուորները նկատէին մեզ, կարող էին հրացանի բռնել, բայց բարեբախտաբար անվնաս հասանք Սպիտակի խճուղին, որ ծածկուած էր ձիւնով:

Մութ գիշեր էր: Կը քալէինք գրեթէ խարխափելով, իրար ետեւէ: Մեր կարաւանը բաղկացած էր քսան հոգիէ: Մինչեւ Սպիտակ պիտի անցնէինք երեք եզիտական գիւղեր, որոնք չէզոք գօտիի մէջ կը գտնուէին: Կը քալէինք շատ արագ, թէեւ ձիւնի վրայով կ’առաջանայինք:

Ահա երեւացին սեւ կէտեր համատարած ճերմակ ձեան վրայ: Առաջին եզիտի գիւղն էր:

Երբ մօտեցանք, սկսաւ շուներու հաջոցը: Կը վախնայինք, որ եթէ տաճիկներ կային այդտեղ, կը բռնուէինք: Բայց անցանք:

Շուտով անցանք երկրորդ գիւղէն ալ, առանց որեւէ միջադէպի:

Երրորդ գիւղի մէջ, ուր հասանք գիշերուայ ժամի 3-ին, որոշեցինք հանգստանալ քիչ մը եւ վերցնել վալատ մը, որովհետեւ ատկէ անդին մեզմէ ոչ ոք ծանօթ էր ճանապարհին: Երկար բախեցինք խրճիթներու դռները, աղաչեցինք, սպառնացինք, մինչեւ որ, վերջապէս, մէկը բացաւ դուռը եւ յանձն առաւ տանիլ մեզ գիւղի կոմիսարին մօտ: Վերջինը լուռ ընդունեց մեզ եւ համաձայնեցաւ նոյնիսկ ինքն ըլլալ մեր վալատը ու տանիլ մեզ մինչեւ Սպիտակ:

Այստեղ եզիտի կոմիսարի խրճիթին մէջ, ուր ժամի մը չափ հանգստացանք, թէյ խմեցինք եւ նախաճաշեցինք, նորէն բուռն վէճ ծագեցաւ մեր մէջ այն մասին, թէ շարունակե՞նք արդեօք մեր ճանապարհը անմիջապէս, թէ՞ սպասենք այնքան, որ կարողանանք Սպիտակ հասնիլ ոչ թէ առաւօտեան, այլ գիշերը: Բայց ժամանակ շահելու գաղափարը այնքա՜ն տիրական էր, որ մեծամասնութիւնը չէր ուզեր իսկ լրջօրէն ի նկատի առնել այս վերջին խոհեմ առաջարկը:

– Որքան շուտ անցնինք, այնքան լաւ,-կ’ըսէինք մենք:

– Այո, բայց եթէ ցերեկով հասնինք Սպիտակ, կարող ենք նկատուիլ եւ բռնուիլ,- կ’առարկէին մեզ:

– Եթէ շտապենք, չպիտի նկատուինք. իսկ եթէ ուշանանք, ցերեկն էլ, գիշերն էլ վտանգաւոր կը լինի եւ կամ տաճիկների կամ բոլշեւիկների ձեռքը կ’ընկնինք անպայման,- կը պատասխանէինք մենք:

Սպասելու կողմնակիցներու մէջ կային եւ այնպիսիներ, որոնք կ’ուզէին այդ գիւղի մէջ մնալ աւելի այն պատճառով, որ յոգնած էին սաստիկ եւ կը ծուլանային գիշերով բարձրանալ Սպիտակի ձիւնածածկ լեռները:

Վէճը կրկին վերջացաւ այն բանով, որ անմիջապէս երթալու կողմնակիցները վճռականօրեն դուրս եկան եւ առաջ շարժուեցան, իսկ հակառակորդները մեքենաբար հետեւեցան գողացողներուն:

Այստեղ մեր երեք զինուորներէն մէկը, որուն անունը չեմ յիշեր, վարձատրութիւն ստանալով մեզմէ, յետ դարձաւ. իսկ Խեչօն եւ Աղանը մեզ հետ շարունակեցին ճամբան:

Ճանապարհը այստեղէն մինչեւ Սպիտակ աննկարգելիօրէն դժուար էր: Մեր առջեւն էր հսկայական լեռնաշղթայ մը, որ պիտի բարձրանայինք եւ իջնէինք: Ձիւնը ծածկած էր ամէն ինչ, տեղ-տեղ շատ խորունկ կերպով: Ճամբայ չկար իրապէս, որով քալէինք վստահօրէն: Մութ գիշեր էր եւ անընդհատ ձիւն կուգար, ինչ որ աւելի եւս կը դժուարացնէր մեր վերելքը: Մեր ոտքերը կը խրուէին ձեան մէջ ամբողջութեամբ եւ յաճախ ոտքերս դուրս քաշելու ժամանակ մեր կօշիկները կը մնային ձեան մէջ: Ստիպուած էինք կանգ առնել եւ նորէն հագնիլ ձիւնոտ կօշիկները:

Կը շարժուէինք տաժանելի ճիգերով: Քանի մը անգամ մեր ընկերներէն ոմանք կանգ առան յուսահատօրէն եւ աղաչեցին յետ դառնալ: Թշնամիին ձեռքն իյնալու երկիւղը այնքա՜ն մեծ էր, որ կը յամառէինք մեր առաջխաղացութեան մէջ:

Քրտինքը կը թափուէր մեր վրայէն: Ակնոցներս քրտինքէս կը սահէին քթիս վրայէն, եւ ես ստիպուած էի գրեթէ անընդհատ սրբել երեսս ու շիտկել ակնոցներս, որ չիյնան:

Վերելքը այնքա՜ն երկար էր, որ մեր ոյժերը կը սպառէին, բայց դեռ չէինք հասած լերան գագաթը: Կը շարժուեցինք արդէն մեքենաբար՝ յաճախ վայր իյնալով ու ելլելով:

Երբեմն կը թուէր, թէ մեր ըրածը իրապէս խելագարութիւն էր: Ո՞ւր կ’երթայինք այս բուք ու բորանին, մութ գիշերով, առանց ճանապարհը գիտնալու, յանձնելով մեր բախտը եզիտիի մը, որ անծանօթ էր մեզ եւ որ դիւրութեամբ կրնար կորսցնել ճանապարհը: Աւելի լաւ չէ՞ր իրօք սպասել լուսաբացին եւ յետոյ առաջ շարժուիլ: Բայց չէինք կրնար կանգ առնել, չէինք կարող նստիլ, անշարժ մնալ այդ վերելքի միջոցին, որովհետեւ սաստիկ քրտնած էինք, քամին կը փչէր սոսկալիօրէն, ձիւնը կուգար շարունակ եւ շատ ցուրտ էր:

Եթէ կենայինք, թոքերու բորբոքում պիտի ըստանայինք անպայման: Եւ մենք, հաւաքվելով մեր վերջին ոյժերը, կը բարձրանայինք լեռն ի վեր՝ հառաչելով, տքալով, յուսահատելով:

Սակայն, գերբնական ոյժ մը կարծես մեր ետեւէն մեզ առաջ կը քշէր: Եւ մենք կը մագլցէինք վեր անդադար:

Վերջապէս, հասանք լերան գագաթը, ուր ձիւնը շատ քիչ էր, բայց քամին՝ զարհուրելի: Անկարելի էր այդտեղ հանգիստ շունչ առնել:

Արշալոյսը կը մօտենար: Խաւարը հետզհետէ կը չքանար: Նայեցինք դէպի վար: Սարսափեցինք, երբ վալատը մեզ ցոյց տուաւ այդ անդունդը՝ իբրեւ մեր վայրէջքի ճամբան:

Սակայն, ի՞նչպէս պիտի կրնայինք իջնել այդ անդունդը:

Ընկերներէս մէկը, տեսնելով ձեռքիս վերմակը, առաջարկեց ձիու վրայ դնել զայն: Ան խնդրեց, որ վայրկեան մը բռնեմ ձիուն սանձը: Ես բռնեցի: Վալատն ու սպաները, առանց սպասելու, վայր գլորուեցան: Միւսները մեքենաբար հետեւեցան անոնց:

Նայեցի շուրջս: Չկար ձիուն տէրը: Փորձեցի ձին քաշելով վայր իջնել, բայց ձին չէր շարժուէր տեղէն: Աւելի ոյժով քաշեցի սանձը, եւ ձին, ոստիւն մը ընելով, ինկաւ վրաս: Խրուեցայ ձեան մէջ: Գերմարդկային ճիգով մը ինքզինքս ազատեցի ձիու ճնշումէն եւ փորձեցի առաջ շարժուիլ: Ոստիւններ ըրինք թէ ես եւ թէ ձին, որ շարունակ վրաս կ’իյնար: Ակնոցներս վայր կ’իյնային, կը կորսնցնէի հաւասարակշռութիւն եւ կը փռուէի ձեան մէջ: Նորէն վեր կ’ելլէի, նորէն ոստիւն կը կատարէինք ես եւ ձին:

Վերջապէս, գտնուեցաւ ձիուն տէրը, վերցուց ձին, բայց վրայի բեռը չկար արդէն, գլորուեր էր անդունդը՝ իմ վերմակն ալ հետը տանելով: Փնտռել անկարելի էր: Պէտք է հաշտուէի կորուստիւս հետ:

Առանց ձիու՝ աւելի դիւրին էր ոստիւններ կատարել կամ սահիլ ձեան վրայ: Մէկ ձորը կը վերջանար, կը սկսէր միւսը՝ աւելի խոր, աւելի դժուար անցանելի: Եւ այսպէս գլորուելով, սահելով, սայթաքելով, իյնալով ու ելլելով՝ հասանք լերան ստորոտը եւ կանգ առանք գետակի մը ափին:

Սպիտակը կ’երեւար արդէն, եւ մենք մեծ խճուղիին վրայ էինք:

Լուսաբաց էր: Գիւղը նոր կ’արթնանար, ըստ երեւոյթին: Հեռուէն մենք կը լսէինք արթնացող գիւղին ծանօթ աղմուկը:

Շունչ քաշեցինք եւ նստանք գետակին մօտ, քարերուն վրայ:

Որոշեցինք մեր եզիտի վալատը առաջ ղրկել՝ իմանալու համար, թէ գիւղի մէջ կա՞ր արդեօք թշնամի:

Սրտատրոփ կը սպասէինք վալատի վերադարձին: Երբ ան վերադարձաւ վերջապէս, յայտնեց, որ գիւղի մէջ դուրսէն մարդ չկար: Ան հեռուէն ցոյց տուաւ մեզ Դաշնակցական գիւղացի ընկերոջ մը տունը եւ, ստանալով իր վարձը, փութաց դէպի վեր այն յոյսով թէ՝ պիտի գտնէր կորսուած իրերը եւ սեփականացնէր:

Աւելի քիչ նկատելի ըլլալու համար, որոշեցինք բաժնուիլ երկու մասի: Մէկ մասը պիտի երթար Դաշնակցական ընկերոջ տունը, իսկ միւսը պիտի փորձեր ապաստան գտնել գիւղի առաջին տան մէջ:

Ինձ վիճակուեցաւ երթալ գիւղին առաջին տունը: Թոնիրը վառեցին, ջուր տաքցուցին թէյի համար եւ հաց ու պանիր բերին: Մենք ալ հանեցինք քիչ մը կոնեակ եւ սկսանք խմել տանտիրոջ հետ, որ բարեմիտ եւ հաճելի ծերուկ մըն էր:

Կը մրսէինք սաստիկ, կը դողայինք. քրտինքը պաղած էր մեր վրայ, ձայներս կտրուած էր: Կոնեակը կարող էր տաքացնել մեզ:

Ես խմեցի փոքրիկ գաւաթ մը, բայց չտաքացայ:

Խմեցի երկրորդը, երրորդը, վերջապէս տաքցայ: Բայց գլուխս սկսեց պտտուիլ, եւ ես երկնցայ ու քնեցի:

Տանտէրը արթնցուց զիս եւ բաժակ մը տաք կակաօ առաջարկեց: Փորձեցի պառկած տեղէս ելլել, բայց չկրցի: Գլուխս սաստիկ պտույտ կուգար, սիրտս կը խառնուէր: Պառկած մնացի ատեն մըն ալ:

Մեր ընկերները, որոնք ուրիշ տան մէջ էին, մարդ էին ղրկած ըսելու մեզ, որ ճամբայ ելլենք եւ որ իրենք արդէն պատրաստ էին մեկնելու, քանի որ կրնայինք ուշանալ: Գնացինք անոնց մօտ, մէկ մէկ բաժակ թէյ խմեցինք հոն: Ապա բաժանուեցանք երեք մասի, որպեսզի աւելի քիչ նկատելի ըլլայինք: Մէկը միւսէն կէս ժամ յետոյ պիտի ճամբայ իյնայ:

Երբ մեր խումբը դուրս եկաւ, ամբողջ գիւղը հաւաքուած էր մեր իջեւանած տան շուրջ:

Երկինքը պայծառ էր. ամպի նշոյլ մ’իսկ չէր երեւար: Արեւի ճառագայթները գարնանային ջերմութիւն կուտային: Ուր որ մեր աչքը կը կտրէր, ձիւն էր, խորունկ ձիւն:

Սպիտակի դիմաց, 4-5 վերստի վրայ, կը գտնուէր Համամլուն, որու մէջէն կ’անցնէր երկաթուղագիծը: Մենք պէտք է անցնէինք զայն անպայման՝ Վրաստան երթալու համար: Սակայն, Համամուլի մէջ կային տաճկական քանի մը սպաներ եւ զինուորներ, որոնք զինադադարի պայմաններուն համաձայն՝ պէտք է հսկէին երկաթուղիի վրայ:

Որոշեցինք չմտնել Համամլու, այլ անցնիլ երկաթուղագիծը Համամլուի հարաւէն:

Այս որոշումը մեծապէս դժուարացուց մեր գործը, որովհետեւ ստիպուեցանք շեղիլ շիտակ ճամբայէն եւ իյնալ ձիւներու մէջ:

Անցանք փոքրիկ գետակ մը եւ սկսանք քալել խոր ձիւնի վրայով: Մեր ոտքերը կը խրուէին խորունկ ձիւնի մէջ, եւ ահագին եռանդ կը սպասէինք՝ զանոնք ձիւնի մէջէն դուրս քաշելու համար:

Դժբախտաբար, մենք այլեւս չէինք կարող քալել նախորդ օրուայ պէս: Ես հազիւ կը շարժէի ոտքերս:

Ընկերներէս մէկը, երեւի, խղճաց ինձ եւ իր ձիուն տուաւ, որ նստիմ: Նստեցայ, բայց չկրցայ երկար մնալ ձիու վրայ, որովհետեւ այնքա՜ն յոգնած էի, որ ձիու վրայ երկար նստելեն ալ շատ դժուար էր: Անյաղթահարելի պահանջ կը զգայի փռուելու ճամբուն վրայ եւ անշարժ մնալու:

Վերջապէս, հասանք երկաթուղագիծը: Անկէ մեզ կը բաժնէր միայն Համամլուի գետը, զոր, սակայն, չէինք կրնար ոտով անցնիլ: Ձիերը քանի մը անգամ գացին եկան, մինչեւ որ բոլորս ալ ձիով անցանք միւս ափը:

Հոս մեզ միացան միւս երկու խումբերը:

Ցերեկուայ ժամը 12-ն էր, երբ մենք անցանք գետը, եւ անկարելի էր, որ մեզ նկատած չըլլային Համամլուէն: Ապահովաբար, մեզ նկատած էին աւելի առաջ, երբ մենք 4-5 վերստի տարածութիւնը կ’անցնէինք՝ սեւ կէտեր կազմելով ճերմակ ձիւնի վրայ:

Եւ իրաւ, երբ մեր վերջին ընկերները կ’անցնէին գետը, երեք ձիաւորներ հասան մեր ետեւէն եւ սկսան հարցուփորձի ենթարկել մեզ, բայց չհետապնդեցին եւ յետ դարձան:

Երկաթուղագիծը կտրելով, վերջապէս, ինկանք Ջալալ-Օղլի տանող պետական խճուղիին վրայ, որ ազատ էր ձիւնէ: Մինչեւ Բզովտալ, ինչպէս կ’ըսէին, կը մնար 10-15 վերստ ճանապարհ, իսկ այնտեղ վրացիները պէտք է ըլլային, ինչպէս կը խորհէինք: Մեզ կը թուէր, որ բոլոր դժուարութիւնները անցած ենք արդէն: Ուրախ էինք անչափ, թէեւ հազիւ քարշ կուտայինք մեր ոտքերը: Երկաթուղին մեզ կը թուէր վտանգին սահմանը, որ անցնելէ յետոյ մենք գրեթէ ապահով կը զգայինք մեզ:

Մեր ընկերները առաջ անցան: Ով որ ձիով էր, աւելի ոյժ էր խնայած: Ես, որ ոտքով էի, ուժասպառ էի գրեթէ: Ոտքերս արդէն կը հրաժարէին առաջ շարժիլ: Գերագոյն ճիգ կ’ընէի յետ չմնալու ընկերներէս:

Քանի մը անգամ ճամբուն վրայ, ուր ձիւն կար, փորձեցի ձիւնով յագեցնել անտանելի ծարաւս, բայց ի զուր. ձիու մը չափ ջուրի պէտք ունէի, որ յագեցնէի ծարաւս: Եւ այսպէս օրօրուելով անսահման յոգնածութեան եւ ծարաւի միջեւ՝ մեքենաբար կը շարժէի ոտքերս, թէեւ գրեթէ անյաղթելի մղում ունէի փռուելու ճամբուն վրայ ամբողջ հասակով եւ անշարժ մնալու յաւիտեան:

Արդէն տարօրինակ անտարբերութիւն մը համակած էր զիս: Կը մտածէի. «Ինչո՞ւ այսպէս կ’երթամ: Ինչ որ պիտի ըլլայ, թող ըլլայ: Մի՞թէ միեւնոյնը չէ: Չէ՞ որ օր մը պիտի մեռնիմ. աւելի լաւ չէ՞ որ այսօր ըլլայ այդ, քան վաղը: Մի՞թէ ամենամեծ երանութիւնը հանգիստը չէ, յաւիտենական հանգիստը»:

Այս մտքերով պաշարուած՝ հազիւ կը քալէի, երբ հանդիպեցի Վահան Նաւասարդեանին, որ ինձ նման ուժասպառ՝ յետ էր մնացեր եւ ինձ նման ամէն տասը քայլի վրայ կը նստէր քարերուն վրայ ու կը հանգստանար: Երկու վիրաւոր զինուորներու նման մենք կը քալէինք առաջ՝ աշխատելով մեր յոգնածութիւնը թեթեւցնել զուարճախօսութիւններով, անցեալի յիշողութիւններով, փիլիսոփայական խորհրդածութիւններով: Պետական խճուղին, որով կը քալէինք, կ’անցնէր Քարաքիլիսէ տանող երկաթուղագծին զուգընթաց: Ամէն քայլափոխի կը հանդիպէինք կիներու, երեխաներու եւ այրերու, որոնք արագ կը քալէին: Կւ հանդիպէինք նաեւ ձիաւորներու, ոմանք զինուած, ոմանք անզէն, իրերով կամ առանց իրերու: Մեր հարցին թէ՝ ուրկէ՞ կուգային եւ ո՞ւր կ’երթային՝ կը պատասխանէին, որ գաղթականներ են, փախեր են Ալեքսանդրապոլէն կամ գիւղերէն տաճիկներու արշաւանքի ատեն եւ այժմ կը վերադառնան իրենց տեղերը:

– Ինչո՞ւ, ի՞նչ է պատահել, մի՞թէ այժմ աւելի ապահով է այնտեղ: Մի՞թէ տաճիկները հեռացել են Ալեքսանդրապոլից,- կը հարցնէինք զարմացած:

– Ռուսը եկել է, ռուսը պահանջել է հեռանալ եւ տաճիկները հեռացել են Ալեքսանդրապոլից, իսկ շուտով պիտի հեռանան եւ Կարսից,- կը պատասխանէին անոնք:

– Որտե՞ղ տեսաք ռուսին:

– Ճանապարհին: Արդէն եկել են Կարակիլիսայ, Դիլիջան եւ պիտի գան Ալեքսանդրապոլ: Այսօր առաւօտ ռուս կոզակները մտան Կարակիլիսայ,- կը պատասխանէին ուրախացած:

Հանդիպեցինք նաեւ զինուած ձիաւորներու, առանձին եւ խումբերով: Սահմանամերձ վայրերու մեր ոստիկան զինուորներն էին, որոնք բոլշեւիկներու հրամանով կ’երթային Համամլու՝ իրենց զէնքերը յանձնելու նոր իշխանութեան եւ ցրուելու իրենց գիւղերը:

Քանի մը տեղ ձիաւորներն իրենք կեցուցին մեզ եւ հարցուցին թէ՝ ուրկէ՞ էինք եւ ո՞ր կ’երթայինք: Մենք պատասխանեցինք, որ կ’երթանք Ջալալ-Օղլի, ուր ազգականներ ունինք:

Քարքիլիսայ չհասած՝ աւերակի մը մօտ մենք պէտք է ձգէինք պետական խճուղին եւ բռնէինք Բզովտալ տանող կարճ ճամբան: Վալատներէն մէկը հոն կը սպասէր մեզ:

Կէս ժամի չափ քարերու վրայ նստեցանք այդտեղ: Վալատը տուաւ մեզ կտոր մը հաց, զոր լափեցինք գայլերու պէս:

Կը սկսուէր Բզովտալի վերելքը: Դանդաղ, հազիւ ոտքի վրայ կենալով՝ օրօրուելով առաջ կը շարժէինք, յաճախ նստելով քարերու վրայ: Երեկոյան դէմ էր, որ հասանք Բզովտալ, վերջապէս, եւ գտանք այն տունը, ուր իջեւանած էին մեր ընկերները:

Տունը գիւղի ծայրն էր, Ջալալ Օղլի տանող պետական խճուղիին վրայ, կանգնած էր Ա. Շարաֆեանը, որ, մեզ տեսնելով, շտապեց դէպի մեզ եւ խորհրդաւոր ձայնով ըսաւ.

– Այստեղ վտանգաւոր է երկար մնալ: Կասկածելի մարդիկ կան, որոնք հետեւում են մեզ: Պէտք է շատ զգոյշ լինել:

Երբ ներս մտանք սենյակը, ուր կը գտնուէին մեր ընկերները, արտասովոր ժխոր կը տիրէր հոն: Մեր ընկերներէն զատ բաւական թիւով անծանօթ մարդիկ ալ կային հոն: Թիթեղեայ վառարանը կը վառէր ու սաստիկ տաք էր հոն եւ լոյս ալ չկար:

Պէտք ունէինք երկննալու եւ գէթ կէս ժամի չափ հանգստանալու, բայց նստելու իսկ տեղ չգտանք: Անծանօթները, որոնք տեղացիներ կ’երեւէին, չէին ուզեր շարժիլ իրենց տեղերէն՝ անկիւն մը տալու համար մեզ, որ նստէինք եւ հանգստանայինք մեր երկար ճանապարհէն:

Ա. Շարաֆեանը, անհանգիստ եւ խիստ ջղային, շարունակ կը փսփսար անոնց ականջներուն եւ ապա բարձրաձայն կը շտապեցնէր մեզ ճամբայ ելլելու իսկոյն: Անոր ջղայնութիւնը հաղորդուեցաւ եւ մեզ: Տեսնելով, որ ուրիշ ընկերներ կ’ազդուէին անոր խօսքերէն եւ կը շտապէին մեկնելու, ես ալ անհանգստացայ ու սկսայ շտապել:

Նոր վալատը արդէն վարձուած էր, եւ աւելի երկար սպասելու պէտք չկար:

Երեկոյան ժամի 7-ն էր, երբ դուրս եկանք: Բայց, ինչ որ տարօրինակ թվաց, ոչ ձիերը բառցուած էին իրերով եւ ոչ ալ վալատը կար:

Ստիպուեցանք դուրսը հաւաքուած՝ սպասել:

Երբ մեզմէ մէկ երկուքը ուզեցին առաջ անցնիլ, Ա. Շարաֆեանը մօտեցաւ եւ ջղայնացած ըսաւ, որ պէտք է սպասել, մինչեւ որ վալատը գայ: Իսկ վալատը, որ մինչեւ տնէն մեր դուրս գալը մեր քովէն չէր հեռանար, անհետացած էր այժմ խորհրդաւոր կերպով մը:

Կէս ժամ անցաւ, բայց վալատը դեռ չկար:

Վերջապէս, որոշեցինք առաջ շարժուիլ: Բայց հազիւ քանի մը քայլ ըրած էինք, երբ մեր առջեւէն եւ ետեւէն լսուեցաւ.

– Կանգնեցէք, ձեռքերդ վեր. թէ չէ՝ կը կրակենք:

Մութ էր արդէն, գրեթէ ոչինչ չէինք տեսներ որոշապէս: Տեղի ունեցաւ իրարանցում եւ փախուստի փորձեր զանազան կողմերէ:

– Եթէ փախչէք, կը կրակենք,- սպառնացին անծանօթ ձայները:

Առաջին միտքը, որ ծագեցաւ մեր մէջ, այն էր թէ դրամաշորթներու ձեռքն էինք ինկած պարզապէս: Բնազդօրէն ես ինքս ձգեցի նեղ փողոց մը, որ կը տանէր դէպի գիւղը: Ինձ հետեւեցան քանի մը ընկերներ: Բայց անծանօթ մարդոց ձայները աւելի սպառնալի դարձան:

Խորհելով որ մեր գործը աւազակներու հետ է, գերադասեցինք կանգ առնել: Հրացաններ եւ ատրճանակներ դէպի մեզ ուղղած մարդոցով շրջապատուած էինք:

Խմբապետ Խեչօն ուզեց դիմադրել, բայց ես արգելք եղայ եւ թոյլ չտուի որ կրակէ իր ատրճանակը: Ձերբակալուած էինք:

Ձերբակալողները բոլշեւիկներ էին…

ՀԱՅՐԵՆԻՔ, 1951, Յունիս, էջ 40-54