Պէյրութ. «Արցախ Ֆոնտ»-ին Կազմակերպութեամբ Արցախեան Տօնավաճառ

997

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին,  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան տօնավաճառ, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն: Տօնավաճառին ներկայացուած էին  Արցախի գեղանկարիչներուն արուեստը, Կովսականի կիներու համագործակցականի ձեռային աշխատանքը, Արցախի նշանաւոր մեղր ու այլ արտադրանքներ:  Ուշագրաւ էր նաեւ ցուցադրուած մեծ պաստառը, որ կը ներկայացնէր «Արցախ ֆոնտ»-ի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրով Արցախի ազատագրուած շրջաններուն մէջ բազմազաւակ ընտանիքներուն բաժնուած անասուններուն ցուցակը` 2007-էն 2016 թուական:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Արցախ ֆոնտ»-ի անդամ Ծովիկ Գալեմքէրեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը արցախեան շարժման առաջին օրէն իր մասնակցութիւնը բերած է ազատամարտին` նուիրաբերելով իր լաւագոյն որդիներէն Վիգէն Զաքարեանը եւ Մհեր Ջուլհաճեանը:

«Այնքան ատեն որ չէ աւարտած գոյապայքարը եւ Արցախը կարիքը ունի մեր նեցուկին, մենք նոյն գիտակցութեամբ եւ նուիրումով կը շարունակենք գործնական զօրակցութիւնը», հաստատեց ան, ապա ներկայացուց «Արցախ ֆոնտ»-ին ծաւալած գործունէութիւնը: Ան ըսաւ, թէ «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին նպատակն է քաջալերել ու աշխուժացնել ազատագրուած տարածքներուն վրայ նոր հաստատուած կեանքը. իւրաքանչիւր երրորդ նորածինի ընտանիքը «Արցախ ֆոնտ»-ին ճամբով կը ստանայ կաթնատու կով մը:

Ծ. Գալեմքէրեան յայտնեց նաեւ, որ «Արցախ ֆոնտ»-ը պարբերաբար կը կազմակերպէ արցախեան մշակոյթի օրեր, ուր կը հիւրընկալուին արցախցի երիտասարդ արուեստագէտներ: Ան աւելցուց նշելով, որ ամէն տարի լիբանանահայ աշակերտները իրենց ներդրումը կը բերեն Արցախի ազատագրուած տարածքներու նորակառոյց դպրոցներու կահաւորումին, ապա նշեց «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարը, որուն ամէն տարի կը մասնակցին լիբանանահայ տարբեր վարժարաններու բարձր դասարաններու աշակերտներ: Իսկ «Արցախ ֆոնտ»-ի տիկնանց համագործակցականը կը միտի շրջանի բնակիչները ինքնաբաւ դարձնել` քաջալերելով անոնց անձնական նախաձեռնութիւնները:

Ծ. Գալեմքէրեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Նախատօնական այս օրերուն, սպառելով արցախցի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն մտքի ու բազուկի արտադրանքը, մենք կրկին մեր ներկայութիւնը հաստատած կ՛ըլլանք արցախեան շարունակուող գոյապայքարին մէջ»:

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ, թէ վերջին տասնամեակներուն Արցախ կարիք ունեցած է հայութեան աջակցութեան` անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ, ապա հաստատեց, որ Լիբանանի հայութեան 25 տարիներու ընթացքին բերած նպաստը ուղղուած է Արցախի անկախութեան պահպանման, անոր հզօրացման ու ամրապնդման, ինչ որ գովելի իրականութիւն է:

Դեսպանը յայտնեց. «Արցախ ֆոնտ»-ին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ձեռնարկները ոչ միայն բովանդակ են, այլեւ իմաստալից, որովհետեւ կը փորձեն հողին վրայ պահել Արցախի ժողովուրդը, աւելի ամրապնդել անոր արմատները եւ զարգացնել, նաեւ ընդլայնել Արցախի ազգաբնակչութեան թուաքանակը, որովհետեւ հողատարածքները մարդուն կը պատկանին` հողին վրայ ապրող մնայուն հաստատուն բնակչութեան միջոցով: Այն բնակչութեան, որ կառչած է հողին, բայց նաեւ ունի այդ հողը պաշտպանելու, ծաղկեցնելու ու բերրի դարձնելու կարելիութիւնները: «Արցախ Ֆոնտ»-ը իր ջանքերով եւ գործունէութեամբ այդ նպատակները կիրականացնէ»:

Խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան բարձր գնահատեց բոլորին ներկայութիւնը «Արցախ ֆոնտ»-ի կազմակերպած իւրայատուկ ցուցահանդէսին եւ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է Արցախի կողքին ըլլայ եւ քաջալերէ Արցախի արտադրութիւնները` յիշելով, որ այդ արտադրութիւններով Արցախի շողէն մասնիկ մը եւ հայոց հողէն բաժին մը իբրեւ օրհնութիւն կ՛ունենայ իր տան մէջ: Ան դիտել տուաւ, թէ մեր մասնակցութեամբ ու քաջալերանքով նպաստած կ՛ըլլանք Արցախի վերաշինութեան ու զարգացման գործին, որուն ամէն հայ իր պարտականութեան բաժինը պէտք է բերէ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը բարի տօնավաճառ մաղթելով օրհնեց ձեռնարկին առիթ ու միջոց ընծայողները եւ բոլոր մասնակիցները:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց կը մնայ շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

ԱԶԴԱԿ, 17 Դեկտեմբեր, 2016թ.