Վատիկանի իր գրասենեակին մէջ Ֆրանսիս Պապը հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ

1061

Նախապէս ճշդուած ժամադրութեամբ, Ուրբաթ, 11 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Վատիկանի իր գրասենեակին մէջ Ֆրանսիս Պապը հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

Վեհափառ Հայրապետը առաջին հերթին իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Սրբազան Պապին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով, հրապարակային երկու ելոյթներու ընթացքին՝ Վատիկանի ու Երեւանի մէջ, յիշած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ եկեղեցին քաջութիւնը պէտք է ունենայ ճշմարտութեան պաշտպանն ու ջատագովը դառնալու։ Ֆրանսիս Պապը վերստին շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս յիշեց Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը։

Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս անդրադառնալով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, ըսաւ թէ Միջին Արեւելքի մէջ եկեղեցւոյ պատմութիւնը եղած է նահատակութեան պատմութիւն. սակայն եկեղեցին, կենդանի թէ արեան նահատակութեամբ, մնացած է կանգուն՝ հաւատարիմ իր աստուածատուր առաքելութեան. այսօր եւս, եկեղեցին Միջին Արեւելքէն ներս կը մնայ յանձնառու իր կոչումին, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Վատիկանի մօտեցումը, որ մէկ կողմէ հիմնուած է քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, իսկ միւս կողմէ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ գոյակցութեան ու գործակցութեան վրայ։ Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին ընդգծեց ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ յիշելով շուրջ շաբաթ մը առաջ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարը, աւելցնելով Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու պահպանման եւ անոնց վկայութեան հզօրացման անհրաժեշտութիւնը ու այդ ուղղութեամբ Վատիկանի զօրակցութիւնը։

Խօսելով եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան մասին, Ֆրանսիս Պապը բաժնեց Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը, թէ յիշեալ հանդիպումներու օրակարգին մաս պէտք է կազմեն նաեւ ներկայ ընկերութիւնը յուզող ընկերաբարոյական խնդիրները։

Եկեղեցիներու միջեւ միութեան ամրապնդման հրամայականին անդրադառնալով, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց Սրբազան Քահանայապետին Զատկուան տօնին միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը, որպէս շօշափելի արտայայտութիւն քրիստոնէական միութեան եւ այս ուղղութեամբ անցեալին իր կատարած աշխատանքը, որպէս ատենապետ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին։ Ֆրանսիս Պապը ողջունելով Վեհափառ Հայրապետին գաղափարը, յայտնեց թէ՝ վերջին տասնամեակներու ընթացքին Կաթոլիկ եկեղեցին բազմիցս շեշտած է նոյն գաղափարը եւ այսօր եւս համաձայն է Զատկուան տօնի միացեալ թուականի մը ճշդումին։

Այս առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանը ունեցաւ իր նորընտիր նախագահը։ Ֆրանսիս Պապը ուրախութեամբ ողջունեց Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը եւ շեշտեց Լիբանանէն ներս քրիստոնեայ-իսլամ համերաշխ գոյակցութեան ու սերտ գործակցութեան հրամայականը։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց վերջերս հրատարակուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քաթալոկը՝ “The Armenian Catholicosate of Cilicia – History, Treasures, Mission”։ Ֆրանսիս Պապը իր կարգին յուշանուէր մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին։

++++++

Վատիկան իր այցելութեան եռօրեայ շրջանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ֆրանսիս Պապին հետ ունեցած հանդիպումին առընթեր, յաջորդաբար հետեւեալ տեսակցութիւնները ունեցաւ Վատիկանի կարեւոր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ, որոնք մօտէն ծանօթ են Նորին Սրբութեան.-

Առաջին հերթին Արամ Ա. Կաթողիկոս աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փարօլինի հետ, որ փաստօրէն Վատիկանի Վարչապետն է։ Վեհափառ Հայրապետին ու Կարտինալին հանդիպման առանցքը դարձան յատկապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը եւ այդ ծիրէն ներս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւնները։

Նորին Սրբութիւնը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու եւ Միաբանութիւններու բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Սանտրիի հետ։ Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար արծարծուեցան Հայ ու Կաթողիկէ եկեղեցիներու յարաբերութեանց առնչուած հարցեր։

Վեհափառ Հայրապետին ունեցած հանդիպումներու շարքին նաեւ կարեւոր էր Վատիկանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Քոխի հետ տեղի ունեցած տեսակցութիւնը, որ առիթ մը եղաւ լայնօրէն անդրադառնալու միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ վիճակին, Կաթոլիկ ու Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցող աստուածաբանական երկխօսութեան եւ Հայ ու Կաթոլիկ եկեղեցիներու յարաբերութեանց։

Նորին Սրբութիւնը նաեւ այցելեց Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը, ուր հանդիպում ունեցաւ դեսպան Միքայէլ Մինասեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց Դեսպանին կատարած աշխատանքը եւ մանաւանդ Հայաստանի ու Վատիկանի յարաբերութեանց զարգացման բերած կարեւոր նպաստը։ Յայտնենք, որ Դեսապանը Հռոմի օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետին անձնապէս բարի գալուստ մաղթեց, անոր Հռոմ ժամանումին առիթով։

Արամ Ա. Կաթողիկոս կարճ այցելութիւն մը տուաւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող Լեւոնեան Վարժարանը եւ գնահատեց այդտեղ կատարուող եկեղեցանուէր աշխատանքը։ Յիշեալ հանդիպումներուն ու այցելութիւններուն ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ընկերացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։