Թաթուլ Յակոբեան Զեկուցեց «Արցախեան Քառօրեայ Պատերազմը» Նիւթով Եւ Ներկայացուց «Անի» Կեդրոնի Հրատարակութիւնները

941

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 116-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 17 մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի  «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

Լսարանին նիւթն էր «Արցախեան քառօրեայ պատերազմը», իսկ զեկուցաբերը` հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան: Ան ողջունեց ներկաները, կարեւոր նկատեց նման լսարաններու կազմակերպումը, ապա ներկայացուց  իր կողմէ հիմնադրուած «Անի» կեդրոնի վեց հրատարակութիւնները, որոնք կը ներկայացնեն հինգ ականաւոր դաշնակցական գործիչներու` Յովհաննէս Քաջազնունիի, Վահան Նաւասարդեանի, Սիմոն Վրացեանի, Արշակ Ջամալեանի եւ Ռուբէն Դարբինեանի աշխատութիւնները` իւրաքանչիւրը առանձին հատորով, նաեւ հինգը` մէկ հատորի մէջ: Այս գործերը երկար ժամանակէ ի վեր չեն հրատարակուած, իսկ անոնցմէ Արշակ Ջամալեանի հատորը կը հրատարակուի առաջին անգամ ըլլալով: Յակոբեան նշեց, որ հինգ գործերը հայ քաղաքական մտքի պատմութեան ամէնէն խորքային եւ վիճելի գործերէն կը նկատուին:

26471932224_2970c89695_o

Ապա անդրադառնալով ներկայացուելիք տեսանիւթին`  Թաթուլ Յակոբեան ըսաւ, որ ան նկարահանուած է արցախեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն: Թաթուլ Յակոբեան պատերազմի առաջին օրէն գտնուած է Արցախ, լուսաբանած է իրավիճակը այնպէս, ինչպէս ինք տեսած է առանց գրաքննութեան, առանց իշխանութիւններուն հետ հակադրուելու:

Ներկաները դիտելէ ետք ՍԻՎԻԼՆԵԹ-ի Յակոբ Մանուկեանի եւ Թաթուլ Յակոբեանի ժապաւէնը, որ կը կրէր «Արցախեան ապրիլ» խորագիրը, իրենց հարցումները ուղղեցին լրագրողին, որ իր կարգին սպառիչ պատասխաններով լուսաբանեց զիրենք:

Տեսանիւթը կը ներկայացնէր արցախեան քառօրեայ պատերազմի ռազմական գործողութիւններուն, Արցախ – Ազրպէյճան շփման գիծի, հայ դիրքապահներու, թիրախ դարձած հայկական գիւղերուն մասին տեղեկութիւններ եւ վկայութիւններ:

27077269295_09012341cb_o

Յակոբեան ըսաւ, որ քառօրեայ պատերազմի ընթացքին ազրպէյճանական բանակի առասպելը փուլ եկած է: Այս պատերազմին հաստատուած է, որ ամէնէն արդիական զինուժով հարցեր չեն լուծուիր, յաղթանակները չեն տարուիր, որովհետեւ կրնան չհամապատասխանել իրականութեան:

Լրագրողը յայտնեց, որ արցախեան բանակը յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն եւ  փորձութիւն` դիմացաւ, շփման գիծի երկայնքով կրցաւ հակայարձակման անցնիլ եւ վերատիրանալ կորսուած որոշ դիրքերու:

Յակոբեան դիտել տուաւ, որ Արցախի ապահովութեան երաշխիքը ուժեղ բանակն է եւ հայ ժողովուրդի միասնակամութիւնը: Ան ըսաւ, որ յոյս պէտք չէ դնել որեւէ պետութեան վրայ, որովհետեւ ամէն ոք կ՛աշխատի իր շահերէն բխած:

Անդրադառնալով երկու կողմերու կորուստներուն` ան ըսաւ, որ թշնամին իր կրած կորուստներով գերազանցած է հայկական կողմը, որ մարդկային զոհերու կողքին ունեցած է նաեւ հողային որոշ տարածքի մը կորուստը: Ան ըսաւ, որ արցախեան պատերազմին ազրպէյճանական մարտական գործողութիւններուն ներգրաւուած էին 4 ուժեր, որոնց մէջ թրքական գործօնի մասնակցութիւնը ամէնէն նուազն է: Ըստ լրագրողին, հայկական բանակը պարտութիւն չէ կրած,  իսկ ազրպէյճանցիները յաղթանակ չեն տարած:

Ան կոչ ուղղեց չթերագնահատելու թշմանիին ուժը, այլ լաւապէս սերտելու եւ ճանչնալու անոր կարելիութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել մարտավարութիւնը: Իսկ ճշմարտութիւններու բացայայտման մէջ պէտք է ըլլալ զգօն, որովհետեւ երբեմն այդ բացայայտումը կրնայ օգտակար հանդիսանալ թշնամիին:

ԱԶԴԱԿ, 18 Մայիս, 2016