Դէպի Մատրիտ, դէպի Մարտի 1

947

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քառասուներկուերորդ գլուխ, մաս երկրորդ

Ռամպույէ եւ Պուքրէշ

2006-2007 թուականները ՙբաց պատուհանի՚ տարիներ էին` Հայաստանն ու Ատրպէյճանը նախագահական ընտրութիւններէ ազատ էին: Միջազգային հանրութիւնը յոյսեր ունէր, որ հնարաւոր է հասնիլ գոնէ միջանկեալ կարգաւորման, սակայն կողմերը չկրցան համաձայնութեան հասնիլ Լ. Ղ.ի կարգավիճակի, Քելպաճարի շրջանի ու Լաչինի միջանցքի հարցերուն շուրջ: Պաքուն կը պնդէ տարածքային ամբողջականութեան, Երեւանը եւ Ստեփանակերտը` Լ. Ղ.ի ինքնորոշման իրաւունքին, իսկ միջազգային հանրութիւնը` երկու սկզբունքները ՙհաշտեցնելու՚ հեռանկարին վրայ:

Օսկանեանի կարծիքով` հակադրեալ թուացող սկզբունքները հնարաւոր է համատեղել միայն մէկ ձեւով` հանրաքուէի միջոցով£ ՙԲանակցային սեղանի վրայ դրուած փաստաթուղթին մէջ տեղ գտած է հանրաքուէի գաղափարը, որուն շուրջ բանակցութիւններ կ’ընթանան: Կրնամ ըսել, որ մենք հեռանկար կը տեսնենք, թէ կարելի է այդ երկու սկզբունքները համատեղել, այսինքն` Ղարաբաղի ժողովուրդին հնարաւորութիւն տալ, որպէսզի ինքը որոշէ, թէ ի՞նչ կ’ուզէ` Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութի՞ւնը, թէ՞ Ղարաբաղի ինքնորոշումը՚:

Ըստ Օսկանեանի` համանախագահներուն ներկայացուցած փաթեթը իտէալական փաստաթուղթ չէ, այլ` ՙչարեաց փոքրագոյնը՚, սակայն վերապահումներով եւ որպէս բանակցութիւններու հիմք ընդունելի է Երեւանի համար: Ան մինչեւ իսկ կ’ըսէր, որ եթէ ատրպէյճանական կողմն ալ ընդունի փաստաթուղթը` ապա պէտք է համոզել հայ ժողովուրդը, որ առաջարկուած սկզբունքներով է միայն հնարաւոր կարգաւորել խնդիրը:

Սեղանին դրուած երկուքուկէս էջնոց փաստաթուղթը Մամէտեարովն ալ իբրեւ բանակցութեանց հիմք ընդհանուր առմամբ ընդունելի կը նկատէր` նկատի տալով, որ ՙսատանան յետաձգուած հանրաքուէի մանրամասնութիւններուն մէջ է՚:

Մինչ Երեւանն ու Պաքուն յետաձգուած հանրաքուէին մանրամասնութիւնները կը քննարկէին, միջնորդները աշխատանքային փաստաթուղթին մէջ մտցուցին նոր տարր մը` միջանկեալ կարգավիճակի գաղափարը, ինչը Լ. Ղ.ին թոյլ պիտի տար ունենալ ելք դէպի միջազգային շուկաներ, դիտորդի կարգավիճակ Ե. Ա. Հ. Կ.ի մէջ, արտասահմանեան ուղիղ ներդրումներու եւ ընտրութեանց միջոցով երկիրը կառավարելու պատեհութիւն, այսինքն` սթաթուս քուօն օրինականացնել:

Քի Ուէսթի ձախողումէն շուրջ հինգ տարի յետոյ Ժաք Շիրաքը կողմերուն դիրքորոշումները մօտեցնելու փորձ մըն ալ ըրաւ: 10-11 Փետրուար 2006ին նախ Էլիզէի պալատին մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Քոչարեանի, ապա` Ալիեւի հետ, որոնցմէ յետոյ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները մայրաքաղաքին մերձակայ Ռամպույէ ամրոցը գացին: Քոչարեան-Ալիեւ բանակցութիւններով ակնկալուող յառաջընթացն անհասանելի մնաց:

Կողմերը չյաջողեցան համաձայնութեան գալ Ղարաբաղի կարգավիճակի, ինչպէս նաեւ Քելպաճարէն հայկական ոյժերու դուրսբերման ժամանակացոյցի եւ Լաչինի միջանցքի հարցերուն վերաբերեալ:

Փրակայի գործընթացի ծիրին մէջ հայկական կողմը համաձայնութիւն տուած էր հինգ շրջաններէ ղարաբաղեան ոյժերու դուրսբերման` բացառութեամբ Լաչինի եւ Քելպաճարի: Յատկապէս վերջինս կարեւորագոյն ռազմավարական նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Լ. Ղ.ի համար, քանի որ այդ լեռնային շրջանին վերադարձը կը նշանակէ շփման գիծի երկարում շուրջ 200 քիլոմեթրով: Հայկական կողմը Քելպաճարէն հեռանալու համաձայն էր Լ. Ղ.ի մէջ կարգավիճակի հանրաքուէի կայացումէն յետոյ: Ու քանի որ շատերուն համար պարզ է, որ հանրաքուէի գաղափարը փաստաթուղթ մտցուած է կողմերուն երեսը փրկելու նպատակով, Պաքուն կտրականապէս դէմ էր Քելպաճարի եւ հանրաքուէի շաղկապումին:

Ատրպէյճանը կը պահանջէր Քելպաճարէն հայկական ոյժերուն դուրսբերումը չկապել հանրաքուէին հետ, բայց միւս կողմէ` համաձայն էր այդ շրջանը ետ ստանալ աւելի ուշ` երեք, հինգ կամ տասը տարի յետոյ, այսինքն` որեւէ յստակ ժամկէտի մէջ, բայց ո’չ երբեք հանրաքուէէն յետոյ:

Քանի որ Ռամպույէի բանակցութիւնները փակուղի մտած էին Քելպաճարի պատճառով, միջնորդները Պուքրէշի հանդիպման նախօրեակին փաստաթուղթին մէջ փոփոխութիւն մտցուցին: Քելպաճարի վերադարձի հարցն անջատուեցաւ հանրաքուէի կայացումէն եւ Ղարաբաղի միջանկեալ կարգավիճակին հետ շաղկապուեցաւ: Միջնորդները կողմերուն առաջարկեցին համաձայնութեան գալ հանրաքուէի մանրամասնութեանց, Լաչինի միջանցքի եւ Քելպաճարէն ղարաբաղեան ոյժերու դուրսբերման ժամկէտներուն շուրջ:

4 Յունիս 2006ին Ռումանիոյ մայրաքաղաքին մէջ կը սկսին եւ յաջորդ օրը կը շարունակուին Քոչարեան-Ալիեւ բանակցութիւնները, սակայն նախագահները չեն յաջողիր տարակարծութիւնները յաղթահարել:

Վիեննայի մէջ` Ե. Ա. Հ. Կ.ի Մշտական Խորհուրդի նիստին, 22 Յունիսին համանախագահները աննախադէպ քայլի դիմեցին` փաստօրէն գաղտնազերծեցին այն փաստաթուղթը, որուն շուրջ նախագահները չէին կրցած համաձայնութեան գալ Ռամպույէի եւ Պուքրէշի մէջ: Միջնորդները համատեղ յայտարարութեան մէջ կը նշէին, որ այլեւս սպառած է նոր առաջարկներ ու գաղափարներ ներկայացնելու իրենց երեւակայութիւնը, եւ կը շեշտէին ՙհասարակական լայն շրջանակները տեղեկացնելու՚ ու զանոնք ՙայդ սկզբունքային քննարկումներուն մէջ ընդգրկելու՚ անհրաժեշտութիւնը:

Այլ խօսքով` միջնորդներն առաջին անգամ երկու հասարակութեանց կոչ ըրին հրապարակաւ քննարկելու առաջարկուող փաստաթուղթը:

Դեռ 1998ին Հայաստանի առաջին նախագահը միջնորդներուն առաջարկած էր կարգաւորման փուլային տարբերակին մանրամասնութեանց հրապարակումը թոյլատրել: Տէր Պետրոսեանի ընդդիմախօսները զայն կը մեղադրէին ՙՂարաբաղը ծախելու՚ մտադրութեանց համար: Այսպիսով, նախկին նախագահը կը փորձէր հրապարակաւ պաշտպանել, իր կարծիքով, փուլային տարբերակին առաւելութիւնները: Համանախագահները մերժեցին` պնդելով, որ բանակցութեանց գաղտնիութեան պահպանումը վճռորոշ նշանակութիւն ունի:

Ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզան յայտարարեց, որ զբաղցուցած տարածքներէն հայկական զօրքերուն դուրսբերումը կարգաւորման հիմնական սկզբունքներու կարեւոր տարր է: ՙՍակայն հայոց յորդորելով` ՙդուրս բերէ’ք զօրքերը, ինչը թոյլ կու տայ նուազեցնել լարուածութիւնը տարածաշրջանին մէջ՚, մենք ցանկալիին չենք հասնիր: Եթէ հայերն իմանան, որ ատոր փոխարէն բան մը կը ստանան` ատիկա կ’ընեն: Եթէ հայկական զօրքերը դուրս բերուին` լարուածութիւնը կը նուազի: Սակայն փոխարէնը անոնք պէտք է բան մը ստանան: Դժուարութիւնը հայկական ոյժերու դուրսբերման ժամանակային չափորոշիչները Ղարաբաղի կարգավիճակին հետ ինչպէս համաձայնեցնելն է՚:

2006ի Նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ արտաքին գործոց նախարարներ Օսկանեանն ու Մամէտեարովը կը թուի, թէ համաձայնութեան հասած էին զբաղցուցած շրջաններու վերադարձի եւ կարգավիճակի փոխկապակցուածութեան շուրջ: Երկուքուկէս էջնոց փաստաթուղթին մէջ յստակօրէն կը նշուէր, որ հայկական զինուած ոյժերը փուլերով դուրս կը բերուին Ղարաբաղը շրջապատող ատրպէյճանական տարածքներէն եւ յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերուի Քելպաճարի ու Լաչինի շրջաններուն նկատմամբ: Հայկական կողմին պատկերացումով` Լաչինի միջանցքը Ղարաբաղի հետ նոյն կարգավիճակը պէտք է ունենայ:

Լաչինի հարցը Փրակայի գործընթացի ամենավիճելիներէն մէկը եղած է: Պաքուն կը պահանջէր, որ բացի միջանցքէն, շրջանին միւս մասերը, այսինքն` Լաչինի ՙոչ-միջանցքային՚ հատուածները, ետ տրուին հնարաւորին չափ շուտ, ինչին Երեւանը դէմ էր: Լաչինի շրջանն ունի 1835 քառակուսի քմ. տարածք, մինչդեռ կ’ենթադրուէր, որ միջանցքը 25էն 50 քմ. լայնութիւն պիտի ունենայ:

Նախագահ Քոչարեանը 2006ի Սեպտեմբերին քաթարեան համաարաբական ՙալ-Ճազիրա՚ հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած էր. ՙՄենք բազմիցս յայտարարած ենք, որ պատրաստ ենք բանակցելու տարածքներն Ատրպէյճանին վերադարձնելու պայմաններուն շուրջ` բացի Ղարաբաղը Հայաստանին միացնող Լաչինի նեղ միջանցքէն: Եթէ Ատրպէյճանն իրօք մտահոգուած է իր փախստականներուն խնդիրով եւ Ատրպէյճանի վարչական սահմանէն դուրս գտնուող տարածքներուն վիճակով` ան կրնար զանոնք շատոնց վերականգնել՚:

Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ վիճելի կը մնար ո’չ միայն Լաչինի միջանցքի լայնութեան չափը, այլ` միջանցքին կարգավիճակը: Հայաստանը կը պահանջէր, որ միջանցքն ունենայ այն նոյն կարգավիճակը, ինչ որ պիտի ունենայ Ղարաբաղը, այդ թուին` միջանկեալի պարագային: Ատրպէյճանը կ’առարկէր եւ կ’առաջարկէր ուրիշ տարբերակներ` միջանցքն օգտագործել միասնաբար, դնել Ե. Ա. Հ. Կ.ի իրաւասութեան տակ կամ վարձակալել, օրինակ` 99 տարիով: Այսինքն, Պաքուն Լաչինի միջանցքը կորսնցնելու փաստին հետ չէր հաշտուեր:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները երրորդ եւ 2006ի ընթացքին վերջին անգամ հանդիպեցան 28 Նոյեմբերին` Մինսքի մէջ:

Տէր Պետրոսեանը շրջանառութեան մէջ դրուած եւ Հայաստանի` սկզբունքօրէն համաձայնութիւն տուած փաստաթուղթը որակեց ՙտասը տարի առաջ մերժուած փուլային տարբերակ՚, զոր առաջին նախագահին ընդդիմախօսները ատենին պարտուողական կ’որակէին:

ՙԿողմերուն դէմքը փրկելու համար աւելցուած է միայն անորոշ կէտ մը Ղարաբաղի մէջ կատարուելիք հանրաքուէի կամ ժողովրդային հարցման` փլեպիսցիթի մասին: Փաստաթուղթն իբրեւ թէ համաձայնեցուած է շուրջ 99 տոկոսով, եւ կը մնայ ընդամէնը քանի մը մանրամասնութիւն, որոնց առնչութեամբ կողմերը դեռ չեն հարթած իրենց տարաձայնութիւնները: Մանրամասնութիւն կոչուածները, սակայն, կրնան այնքան սկզբունքային ըլլալ, որ դեռ երկար ժամանակ չյաղթահարուին: Յոյսը նաւթատոլարներու վրայ դրած Ատրպէյճանը բոլորովին չ’աճապարէր, իսկ Հայաստանը, չես գիտեր ինչին ապաւինած, հարցը լուծելու անհրաժեշտ կամք չի դրսեւորէր՚:

Տէր Պետրոսեանը ՙփակուղային վիճակի՚ համար քննադատեց Քոչարեանը, որմէ զատ, ՙմեղքի իր բաժինն ունին Օսկանեանը, եւ մասամբ` Ղուկասեանը, որ իբրեւ հակամարտութեան լիիրաւ կողմ Ղարաբաղի միջազգային իրաւասութիւնը (մանտաթը) զիջած է Հայաստանի նախագահին՚:

Արտաքին գործոց նախարար Օսկանեանը կը մերժէր հարցը ինքնորոշումէն տարածքային վէճի հարթակ տեղափոխուած ըլլալու մեղադրանքները. ՙԱյդպէս չըլլալու եւ հարցը ինքնորոշման հարթակին վրայ մնացած ըլլալուն լաւագոյն ապացոյցը այսօրուան փաստաթուղթն է: Գործընթացի ամբողջ պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ է, որ փաստաթուղթի հիմքին դրուած է Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Անիկա միջազգայնօրէն արդէն որոշ ճանաչում ստացած է, որովհետեւ համանախագահներն այդ մասին կը խօսին իրենց հրապարակային հարցազրոյցներուն մէջ: Տասը տարի առաջ ինքնորոշման մասին նոյնիսկ չէինք կրնար բարձրաձայն արտայայտուիլ. միջազգային հանրութիւնը կը դատապարտէր մեզ: Այսօր ո’չ միայն բաց կերպով կը խօսինք, այլեւ` այդ սկզբունքը փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած է՚:

Քոչարեանը 2007ի Դեկտեմբերին յայտնեց, որ մինչեւ Տէր Պետրոսեանի հրաժարականը` բանակցութիւնները կը տարուէին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան համաշարադրանքով. ՙԿը կիրառուէր հետեւեալ բանաձեւը. տը եուրէ` Ատրպէյճանի կազմին մէջ, տը ֆաքթօ` համեմատաբար անկախ կարգավիճակ: Փաստօրէն` լայն ինքնավարութիւն Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Ատիկա պարտուողական դիրքորոշում էր, որու հետեւանքներու վերացումն ինձմէ երկար տարիներ պահանջեց: Ներկայիս, բանակցային գործընթացի հիմքին դրուած է ինքնորոշման սկզբունքը: Վերջնական կարգավիճակը պէտք է որոշուի Լ. Ղ. Հ.ի մէջ տեղի ունենալիք հանրաքուէով: Մինչեւ հանրաքուէն` Լ. Ղ. Հ.ի մէջ տիրող իրավիճակի միջազգային ճանաչումը կ’ենթադրուի: Մենք երկու անգամ չափազանց մօտ էինք կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներու վերաբերեալ համաձայնագիրի ստորագրման, երկու անգամ ալ ատիկա տեղի չունեցաւ Ատրպէյճանի մեղքով՚:

Եթէ Տէր Պետրոսեանն իրաւամբ կը գտնէր, թէ ինքնավարութիւնը կը բաւարարէր Լ. Ղ.ը` այս տրամաբանութեամբ ան պէտք է վեթօ չդնէր Լիզպոնի մէջ, քանի որ միջազգային հանրութիւնը պատրաստ էր ինքնավարութեան բարձր մակարդակ տրամադրելու Ղարաբաղին: Տէր Պետրոսեանն օգտուեցաւ վեթոյի իրաւունքէն` Ատրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավարութիւնն անընդունելի սեպելով, քանի որ ՙցեղասպանութեան եւ բռնի արտաքսման մշտական սպառնալիքը՚ կախուած կ’ըլլայ Լ. Ղ.ի բնակչութեան վրայ. ՙԱտրպէյճանը Լ. Ղ.ի բնակչութեան անվտանգութեան երաշխիքները չի կրնար ապահովել: Այդ պատճառով մենք կը գտնենք, որ նոր ողբերգութեան բացառման միակ հնարաւորութիւնը Լ. Ղ.ի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը յարգելն է՚:

1992ի վաղ գարնանը ռուսական մամուլին տուած հարցազրոյցին մէջ Տէր Պետրոսեանն ըսած էր բաներ, որոնք անոր քաղաքական հակառակորդները (այն ժամանակ` համախոհները) աւելի քան մէկուկէս տասնամեակ յետոյ հաճոյքով կը յիշեցնէին ու կը վերատպէին մամուլին մէջ: Ղարաբաղեան խնդիրի լուծման իր պատկերացման վերաբերեալ հարցումին Տէր Պետրոսեանը պատասխանած էր. ՙԿ’ուզէի կարծել, որ Ատրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակը կողմերը լիովին կը բաւարարէր, քանի որ այդ պարագային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ կը մնայ, երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը կը պահպանուի, իսկ ղարաբաղցիները, իրենց կարգին, երաշխաւորուած կենսագործունէութիւն կ’ունենան: Ահա սա’ է մեր դիրքորոշումը: Մենք պատրաստ ենք ասիկա քննարկելու ամէն մակարդակի վրայ՚:

Դէպի Մատրիտ

Հակամարտութեան կողմերը 2007 թուականը մտան իրենց առջեւ համապետական ընտրութիւններ ունենալով: Մայիսին Հայաստանի մէջ կայացաւ խորհրդարանական ընտրութիւն, Յուլիսին` նախագահական ընտրութիւն Ղարաբաղի մէջ: Մինչ այդ` 10 Դեկտեմբեր 2006ին, Ղարաբաղի մէջ սահմանադրութեան հանրաքուէ կատարուեցաւ: Լ. Ղ. Հ.ի մէջ մայր օրէնքն ընդունուեցաւ անկախութեան հանրաքուէէն 15 տարի յետոյ: Սահմանադրութեան առաջին յօդուածին մէջ կ’ըսուի, որ Լ. Ղ. Հ.ն ինքնիշխան, ժողովրդավարական, իրաւական, սոցիալական պետութիւն է:

12 Մայիս 2007ին Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութեան` վարչապետ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական Կուսակցութիւնը յաղթեց: Եւրոպական կազմակերպութիւնները յայտարարեցին, որ ընտրութիւնները հիմնականին մէջ համապատասխանած են միջազգային չափանիշներուն:

19 Յուլիսին կայացած Լ. Ղ. Հ.ի նախագահական ընտրութեան` թեկնածուներէն Բակօ Սահակեանը յաղթեց քուէներուն աւելի քան 85 տոկոսով: Անոր հիմնական մրցակիցը արտաքին գործոց փոխնախարար Մասիս Մայիլեանն էր, որ քուէներուն շուրջ 12,5 տոկոսն ստացաւ:

Տարուան ընթացքին համանախագահները ՙեռեակով՚ կամ առանձին-առանձին քանի մը անգամ այցելեցին տարածաշրջան: Բանակցային սեղանին վրայ էր ՙԼեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման հիմնական սկզբունքները՚ վերնագրուած փաստաթուղթը, որ Քազանի մէջ ներկայացուած փաստաթուղթին թարմացուած, նորացուած տարբերակն էր: Օսկանեանը եւ Մամէտեարովը 2007ին հինգ անգամ հանդիպեցան, մէկ անգամ ալ բանակցեցան Քոչարեանն ու Ալիեւը: 9 Յունիսին Սանքթ Փեթերպուրկի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, ինչպէս համատեղ յայտարարութեան մէջ հաստատեցին միջնորդները, նախագահները չկրցան տարակարծութիւնները յաղթահարել:

Եռանախագահները 2007ի Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ հանդիպեցան Բակօ Սահակեանի, Երեւանի մէջ` Օսկանեանի եւ Քոչարեանի, Պաքուի մէջ` Ալիեւի եւ Մամէտեարովի հետ: Կարգաւորման փակուղային վիճակը անգամ մըն ալ հաստատուեցաւ Հոկտեմբերի առաջին օրերուն, երբ Տաճիկիստանի մայրաքաղաքին մէջ` Ա. Պ. Հ.ի գագաթաժողովի ընթացքին, նախագահներ Քոչարեանի եւ Ալիեւի միջեւ հանդիպում չկայացաւ: Դժուար է յիշել միջազգային համաժողով մը, մանաւանդ` Ա. Պ. Հ.ի գագաթաժողովները, որոնց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները ներկայ ըլլային, բայց անոնց միջեւ հանդիպում չկայանար: Տուշամպէի գագաթաժողովին` չկայացաւ:

Ե. Ա. Հ. Կ.ի արտաքին գործոց նախարարներու` Մատրիտի մէջ 29-30 Նոյեմբերին տեղի ունեցած տարեկան հանդիպման ատեն, միջնորդ պետութեանց աւագ դիւանագէտները` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղարի տեղակալ Նիքոլաս Պըրնզը եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պեռնար Քուշնէրը Օսկանեանին եւ Մամէտեարովին ներկայացուցին 14 կէտնոց գրաւոր փաստաթուղթ մը, որու մէջ ամրագրուած էին կարգաւորման հիմնական սկզբունքները այն նոյն առաջարկներով, որոնք 2004 թուականէն ի վեր բանակցային սեղանին վրայ են:

Օսկանեանը Մատրիտի իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ հակամարտութեան կողմերուն ներկայացուած փաստաթուղթն ՙարդար է, հաւասարակշռուած ու նախնական համաձայնութեան իբրեւ հիմք կրնայ ծառայել՚: ՙԱյս փաստաթուղթը կ’անդրադառնայ հիմնական խնդիրին` Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան` ինքնորոշման միջոցով, ինչպէս նաեւ փախստականներու եւ տարածքներու խնդիրին, զոր ծագած է այդ ինքնորոշման պայքարին հետեւանքով՚:

Մատրիտի մէջ համանախագահները յայտարարեցին, որ վերջին երեք տարիներուն կողմերը զգալիօրէն մօտեցուցած են իրենց դիրքորոշումները, եւ եկած է վերջին տարաձայնութիւնները յաղթահարելու ժամանակը. ՙԿողմերուն առաջարկուած է հիմնական սկզբունքներու ընդունումով աւարտել բանակցութեանց ներկայ փուլը եւ անյապաղ անցնիլ համապարփակ համաձայնագիրի նախագիծի մշակման՚:

Ուրիշ օփերա, ուրիշ գարուն

Հայաստանի 19 Փետրուար 2008ին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան` նախկին նախագահ եւ նախագահի թեկնածու Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ո’չ միայն չէր ընդուներ պարտութիւնը, այլ` ընտրութեան յաջորդ իսկ օրէն` 20 Փետրուարէն տասնեակ հազարաւոր կողմնակիցներու հետ չարտօնուած եւ անժամկէտ հանրահաւաքներու շարք մը սկսած էր: Ազատութեան հրապարակը վրանային աւանի վերածուած էր: Տէր Պետրոսեանը կը վիճարկէր նախագահական ընտրութեան արդիւնքները, որոնցով, ըստ պաշտօնական տուեալներու, վարչապետ Սերժ Սարգսեանը քուէներուն շուրջ 53 տոկոսով յաղթած էր:

Տէր Պետրոսեանը երկրորդն էր` քուէներուն 21,5 տոկոսով: Նախկին նախագահին մինչեւ վերջ երթալու վճռականութենէն ետ չէր պահեր նաեւ Ե. Ա. Հ. Կ.ի նախնական զեկոյցին գնահատականը, թէ ընտրութիւնը հիմնականին մէջ համապատասխանած է Ե. Ա. Հ. Կ.ի եւ Եւրոպայի Խորհուրդին առջեւ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն:

25 Փետրուարի հանրահաւաքին, Տէր Պետրոսեանն իր կողմնակիցները կը քաջալերէր, ըսելով, թէ պետական համակարգը՝ յատկապէս ոստիկանութիւնն ու անվտանգութեան ծառայութիւնը, պիտի գայ եւ ժողովուրդի կողքին պիտի կանգնի, իսկ լուրերը, թէ իշխանութիւնները ոյժ գործադրելու կը պատրաստուին` ընդամէնը հոգեբանական ճնշման նպատակ կը հետապնդեն:

ՙՄինչեւ նախագահի նստավայր չտեղափոխուիմ` հոսկէ չեմ երթար՚,- կ’ըսէր ան:

Ամենատպաւորիչ հանրահաւաքը կայացաւ 26 Փետրուարին: Երեւանը երբեք այդքան մարդաշատ չէի տեսած: Փողոցները լեփ-լեցուն էին ժողովուրդով: Տէր Պետրոսեանը նախագահ Քոչարեանին եւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանին յորդորեց գալ Ազատութեան հրապարակ եւ հարթակէն յայտարարել իրենց հրաժարականը:

ՙԱյստեղ առնուազն կէս միլիոն հոգի կանգնած է: Ես ընկերականօրէն կը դիմեմ ձեզի, Ռոպէ’րթ եւ Սե’րժ, խելքի եկէ’ք, հասկցէ’ք, թէ այս երկրին մէջ ի’նչ կը կատարուի: Քաջութիւն ունեցէ’ք: Կրնաք ժողովուրդին մէջէն չանցնիլ: Օփերան ետնամուտք ունի, դուք հոնկէ կրնաք գալ: Մենք կարմիր գորգ ալ կը փռենք ձեր առջեւը` մինչեւ այս խօսափողը, եւ հոսկէ տուէ’ք ձեր հրաժարականը, ձգեցէ’ք-գացէ’ք այս երկրէն՚:

Նոյն օրը Հանրապետութեան հրապարակին մէջ բազմահազարնոց հանրահաւաք մը կազմակերպուած էր ի պաշտպանութիւն Սերժ Սարգսեանի: ՙՆախկին թեկնածուներուն կը դիմեմ. եկէ’ք համագործակցինք: Ընդհուպ մինչեւ համաձայնական կառավարութեան ձեւաւորում: Նպատակներէս մէկն է` բոլոր կառուցողական ոյժերն օգտագործել ի նպաստ Հայաստանի զարգացման՚,- կ’առաջարկէր Սարգսեանը:

Տէր Պետրոսեանը, սակայն, չէր լսեր: Անոր հաւանաբար կը թուէր, թէ Քոչարեանն ու Սարգսեանը ոյժ գործադրելու չեն համարձակիր:

1 Մարտի լոյս գիշերը ոստիկանութեան ստորաբաժանումները` մահակներով, վահաններով եւ էլեկտրացնցիչներով զինուած, ծեծուջարդի ու էլեկտրացնցիչի միջոցով քանի մը հազար հոգի դուրս քշեցին Ազատութեան հրապարակէն եւ վրանային աւանն աւերեցին:

Ողբերգութիւնը, սակայն, առջեւն էր: 1 Մարտի առտուն Տէր Պետրոսեանի հազարաւոր կողմնակիցներ հաւաքուեցան Միասնիկեան հրապարակին մէջ` Ֆրանսայի եւ Իտալիայի դեսպանատուներուն ու Երեւանի քաղաքապետարանին յարող տարածքին մէջ: Կէսօրէն յետոյ` ներքին զօրքերուն ստորաբաժանումները տարածքէն հեռացան: Իրադրութիւնն անկառավարելի կը դառնար: Երեկոյեան դէմ կրակոցներ լսուեցան: Նախագահ Քոչարեանը Երեւանի մէջ 20օրեայ ժամկէտով արտակարգ դրութիւն յայտարարող հրամանագիր ստորագրեց, որով ժողովներու, հանրահաւաքներու, ցոյցերու, երթերու եւ զանգուածային ուրիշ միջոցառումներու իրականացումն արգիլուեցաւ:

2 Մարտի առտուն հաղորդուեցաւ ութը սպաննուածի եւ հարիւրէ աւելի վիրաւորներու մասին: 11 Ապրիլին, հրազէնի վնասուածքէն գիտակցութեան չգալով, մահացաւ իններորդ հայորդին` 19ամեայ զինուոր մը: 14 Ապրիլին հիւանդանոցին մէջ մահացաւ վիրաւորուած ցուցարարներէն 29ամեայ քաղաքացի մը: 19 Փետրուարի ընտրութեան յաջորդած ընդդիմադիր գործիչներու ձերբակալութիւնները նոր թափով շարունակուեցան Մարտ ամսուան ընթացքին:

Երկրին մէջ ստեղծուած վիճակի մասին Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպանին յայտարարութիւնը նախագահ Քոչարեանի խիստ քննադատութեան արժանացաւ: Արմէն Յարութիւնեանի գրաւոր յայտարարութեան մէջ կ’ըսուէր, թէ ողբերգական իրադարձութիւններն սկսան ՙխաղաղ նստացոյցը բռնի կերպով դադրեցնելէն՚ ետք: Մարդու իրաւանց պաշտպանը կ’ակնկալէր իշխանութիւններէն ստանալ որոշ հարցումներու պատասխանները, մասնաւորապէս` ՙո՞վ, ե՞րբ եւ ի՞նչ հանգամանքներու մէջ խաղաղ նստացոյցը 1 Մարտի կանուխ առաւօտեան ոյժի գործադրմամբ հարկադրաբար դադրեցնելու որոշում կայացուցած է, խուզարկութիւն իրականացնելու հրապարակային պահանջ արդեօք ներկայացուա՞ծ է նստացոյցի մասնակիցներուն եւ քաղաքացիներն արդեօք հրաժարա՞ծ են կամ դիմադրութի՞ւն ցուցաբերած, ոյժի կիրառումն արդեօք համարժէ՞ք եղած է ստեղծուած իրավիճակին, ի՞նչն էր պատճառը, որ ոստիկանութիւնը խոչընդոտեց լրագրողներու մասնագիտական գործունէութեան իրականացումը, ինչը լիարժէք եւ անաչառ տեղեկատուութիւն ստանալու հնարաւորութիւն կ’ընձեռէր՚:

2008ի գարունը ուրիշ գարուն էր:

Բանաստեղծ ընկերներէս մէկը գրեց. ՙԳարնանային քաղաքին հորիզոնները կը բացուին իբրեւ վէրքի վրայ ծաւալուող արիւն: Եւ այդ քաղաքին մէջ ամէն բան առաջին անգամ ճաղատ է, ինչպէս վէրքը խնամելու համար սափրուող գլուխը: Այս գարունը մարդոց գարուն չէ: Եւ փողոցները մարդոց փողոցները չեն: Սա գարուն մըն է, որ պատուհաններու որեւէ կողմը չէ: Սա քաղաք մըն է, ուր բոլորը պանդուխտ են իրենց անցեալին մէջ՚:

Բայց սա դեռ վերջը չէ:

Սերժ Սարգսեանը Հայաստանի երրորդ նախագահ

8 Ապրիլ 2008ին, հայաստանեան հեռատեսիլի կայաններէն Քոչարեանը նախագահի պաշտօնին վերջին անգամ կը դիմէր Հայաստանի քաղաքացիներուն: Ուղերձը հակիրճ էր: Նախագահը չթուարկեց ՙվերջին տասը տարիներու ձեռքբերումները՚, սակայն շեշտեց, որ ՙքաղաքացիներուն կեանքը զգալիօրէն բարելաւուած է՚:

ՙԵս շնորհակալ եմ Հայաստանի ժողովուրդին այն վստահութեան համար, որուն շնորհիւ տասը տարի պատասխանատու էի մեր երկրի համար: Ես շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնց հետ առիթ ունեցած եմ աշխատելու եւ բազմաթիւ ծրագիրներ միասին իրագործելու: Ես շնորհակալ եմ իւրաքանչիւր քաղաքացիի, որ երկրի զարգացման գործին բերած է իր, թէկուզ ամենափոքրիկ, լուման: Ես շնորհակալ եմ սփիւռքին` իմ նախաձեռնութեանց սատարելու համար: Ներողութիւն կը խնդրեմ անոնցմէ, որոնց կեանքն այս տարիներուն չէ բարելաւուած, անոնցմէ, որոնց սպասումները չեն արդարացուած, իսկ երազանքները` չեն կատարուած: Պաշտօնը ձգելու ատեն իւրաքանչիւր մարդու առջեւ հարց կը ծագի. արդեօք հնարաւոր չէ՞ր աւելի բան ընել: Թերեւս հնարաւոր էր, բայց ես ոյժերուս առաւելագոյնն ըրած եմ՚,- ըսաւ երկրորդ նախագահը:

Յաջորդ օրը` 9 Ապրիլին, Օփերայի թատրոնին մէջ, օտարերկրեայ պատուիրակութեանց եւ ուրիշ հրաւիրեալներու ներկայութեամբ տեղի կ’ունենար Հայաստանի երրորդ նախագահի պաշտօնամուտի արարողութիւնը: Սերժ Սարգսեանը պաշտօնը կը ստանձնէր չափազանց բարդ պայմաններու մէջ: Մարտի առաջին օրերու ողբերգութեան հետեւանքներու ապաքինման երկարատեւ սուր ցաւը Սարգսեանին կը փոխանցուէր:

Երկրին մէջ` մայրաքաղաքին կեդրոնը, վեց շաբաթ առաջ արիւն թափած էր: Մինչ հարիւրաւոր ոստիկաններով շրջափակուած Օփերայի թատրոնին մէջ` ձեռքը Հ. Հ.ի սահմանադրութեան մայր օրինակին եւ 7րդ դարի ՙՎեհամօր Աւետարան՚ին վրայ Սարգսեանը կ’երդնուր, իսկ քիչ յետոյ Ազատութեան (Օփերայի) հրապարակին մէջ զինուորական շքերթ կ’ընդունէր, այդ նոյն ժամերուն, Երեւանի կեդրոնական մէկ ուրիշ հրապարակին մէջ, Միասնիկեանի արձանին մօտ, քանի մը հարիւր քաղաքացիներ ծաղիկներ կը դնէին ու մոմեր կը վառէին:

Այս հրապարակին մէջ սպաննուած երիտասարդներէն մէկուն մայրը, 23ամեայ որդիին նկարը վեր պարզած, լուռ կերպով մօտեցաւ թարմ ծաղիկներուն ու վառուող մոմերուն եւ գլուխն իջեցնելով` սկսաւ ամբողջ մարմնով հեկեկալ:

Սերժ Սարգսեանը մեծ գին կը վճարէր որպէսզի իր պաշտօնամուտը չհամընկնէր հայ մայրերու հեկեկոցին: Երրորդ նախագահը երդմնակալութենէն յետոյ ելոյթին մէջ ըսաւ. ՙԱյս արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ ցաւալի իրադարձութիւններէն շուրջ մէկ ամիս յետոյ, իրադարձութիւններ, որոնց ձգած վէրքերը դեռ թարմ են: Այդ վէրքերը բոլորիս ցաւ ու դառնութիւն պատճառեցին: Այսօր ես կը յորդորեմ` առջեւ նայիլ, միասնաբար փնտռել ու գտնել ապաքինման ու համախմբման ճամբան, վաղուայ Հայաստանի զարգացման ճամբան՚:

Նախագահն իր ելոյթին մէջ յատուկ կերպով դիմեց Հայաստանի այն քաղաքացիներուն, որոնք ընտրութեան ատեն ուրիշ թեկնածուներ պաշտպանած էին. ՙԴուք իրաւունք ունէիք քուէարկելու ոչ իմ օգտին, սակայն ես ձեր նախագահը չըլլալու իրաւունք չունիմ: Մենք պէտք չէ բաժնուինք, մենք պէտք չէ մեր ժողովուրդի մէկ մասին ու միւս մասին միջեւ անջրպետներ ստեղծենք, պէտք չէ անհաղորդ ըլլանք միմեանց մտահոգութեան ու ցաւին նկատմամբ, պէտք չէ դուրս գանք փոխադարձ հասանելիութեան սահմանէն: Եթէ մեր միջեւ նոյնիսկ չհասկցուածութեան պատ կայ` կոչ կ’ընեմ` եկէ’ք քանդե’նք այդ պատը՚:

Նոյն օրը նախագահ Սարգսեանն այցելեց Եռաբլուր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց իրենց կեանքը Հայրենիքի ազատութեան համար զոհաբերած հայրենասէրներու յիշատակին: Նոր նախագահը կրնար նաեւ այցելել Միասնիկեանի արձանին մօտ, մոմ մը վառել, փունջ մը գարնանային ծաղիկներ դնել: Այդ քայլով` նախագահը ՙչհասկցուածութեան պատ՚էն անկիւնաքար մը կը գլտորէր ու նաեւ պաշտօնամուտի օրուան մինակութիւնը կը յաղթահարէր:

Յ. Գ. 

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):