Ռոպէրթ Քոչարեանը` Հայաստանի նախագահ

1096

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Երեսուներեքերորդ գլուխ

Երբ Տէր Պետրոսեանը 1997ի Մարտին Քոչարեանը Հայաստանի վարչապետ նշանակեց` իրաւական հարց յառաջ չեկաւ` չճանչցուած, բայց անկախութիւն հռչակած Լ. Ղ. Հ.ի քաղաքացին կրնա՞յ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավար դառնալ: 1995ին ընդունուած աահմանադրութիւնը վարչապետի քաղաքացիութեան հետ կապուած որեւէ պահանջ չէր դներ: Նախագահի պարագային ուրիշ էր: Ըստ մայր օրէնքի 50րդ յօդուածին` նախագահ կրնար դառնալ վերջին 10 տարին Հայաստանի քաղաքացի եւ Հայաստանի մէջ մշտապէս բնակող, 35 տարին լրացած, ընտրելու իրաւունք ունեցող իւրաքանչիւր ոք:

17 Փետրուար 1998ին, Հայաստանի Սոցիալիստական Կուսակցութեան համագումարին, նախագահի թեկնածու առաջադրուեցաւ Կարէն Տէմիրճեանը: Սոցիալիստներու առաջնորդ Մովսէս Շահվերտեանը կուսակցութեան անունէն դէմ արտայայտուեցաւ Քոչարեանի առաջադրման, քանի որ եթէ անոր կը թոյլատրուի արձանագրուիլ եւ ընտրութեան մասնակցիլ` ապա Ղարաբաղի միւս բնակիչներն ալ պէտք է մասնակցելու իրաւունք ունենան, մինչդեռ յայտնի է, որ 1995ի խորհրդարանական ընտրութեան ու սահմանադրական հանրաքուէին եւ 1996ի նախագահական ընտրութեան Արցախի բնակչութիւնը չէր մասնակցած:

Հայաստանի արդարադատութիւնը, սակայն, ուրիշ որոշում ընդունեց: Յայտարարուեցաւ, որ Քոչարեանի` նախագահութեան թեկնածու առաջադրուելու համոզիչ իրաւական դաշտ կայ. Հայկ. Խ. Ս. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդի` 1 Դեկտեմբեր 1989ին համատեղ կայացուցած որոշման երրորդ յօդուածով հռչակուած է ՙՀայկ. Խ. Ս. Հ.ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորումը՚: Որոշման նոյն կէտով սահմանուած էր, որ Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ կը տարածուին Հայկ. Խ. Ս. Հ.ի քաղաքացիի իրաւունքները: Այս որոշումը վերացուած չէր, աւելին` Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրն ընդունուած էր 1 Դեկտեմբեր 1989ի որոշման վրայ հիմնուելով:

ՙԼեռնային Ղարաբաղն իր անկախութիւնը տակաւին 1991ին հռչակած է, իսկ Քոչարեանը Ղարաբաղի քաղաքացի է՚ հաստատումը կը չէզոքացուէր ՙորեւէ պետութիւն, այդ թուին` Հայաստանը, այդ անկախութիւնը չի ճանչնար՚ հակափաստարկով: Բացի Քոչարեանէն ու Տէմիրճեանէն, նախագահութեան թեկնածու արձանագրուեցաւ ուրիշ 10 գործիչ, այդ թուին` Վազգէն Մանուկեանը:

16 Մարտ 1998ին նախագահական արտահերթ ընտրութիւն կայացաւ Հայաստանի մէջ: Երկրորդ փուլ դուրս եկան Քոչարեանը` աւելի քան 38 եւ Տէմիրճեանը` աւելի քան 30 տոկոս քուէներով: 30 Մարտին` երկրորդ փուլին, Քոչարեանը քուէներու շուրջ 60 տոկոսով յաղթեց Տէմիրճեանին: Եւրոպայի Խորհուրդի եւ Ե. Ա. Հ. Կ.ի առաքելութիւնները նշեցին, որ ընտրութիւններն իտէալական, անթերի չէին, եղած էին խախտումներ, որոնք սակայն արդիւնքներուն վրայ չէին կրնար ազդել: Ա. Մ. Ն.ի Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը յայտարարեց, որ տեղ գտած թերութիւնները ընտրութեանց արդիւնքները կասկածի տակ դնելու պատճառ չդարձան:

9 Ապրիլին տեղի ունեցաւ Քոչարեանի երդման արարողութիւնը, որուն ներկայ էր նաեւ առաջին նախագահը: Երդման արարողութենէն յետոյ առաջին եւ երկրորդ նախագահները ձեռք կը սեղմեն եւ ոտքի վրայ կարճատեւ զրոյց մը կ’ունենան:

28 Ապրիլին, Ա. Պ. Հ.ի մոսկովեան գագաթաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահի պաշտօնին Քոչարեանն առաջին հանդիպումն ունեցաւ Ալիեւի հետ: 11 Հոկտեմբեր 1998ին նախագահական ընտրութիւն տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի մէջ: Ալիեւը վերընտրուեցաւ քուէներուն աւելի քան երեք քառորդով: Քանի մը օր յետոյ ան յայտարարեց, թէ Հայաստանի նախագահն ու վարչապետը իրեն հետ հանդիպումներուն ըսած են, թէ կը հրաժարին Ղարաբաղի անկախութեան կամ Հայաստանի հետ վերամիաւորման գաղափարէն, բայց միաժամանակ կը հրաժարին Լիզպոնի սկզբունքներէն: Ալիեւը վարչապետ Արմէն Դարբինեանի հետ հանդիպած էր 8 Սեպտեմբերին, երբ վերջինս Պաքուի մէջ ԹՐԱՍԵՔԱի միջազգային համաժողովին կը մասնակցէր:

ՙԸնդհանուր պետութիւն՚. սեւէն աւելի սեւ

10-11 Նոյեմբերին տարածաշրջան հերթական այցի ընթացքին, Մինսքի Խումբը Պաքուի, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կողմերուն ներկայացուց նոր առաջարկ մը, որուն ճարտարապետը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Փրիմաքովն էր:

Փաստաթուղթի (ՙԼեռնային Ղարաբաղի զինուած հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման սկզբունքները՚, կարճ` ՙԸնդհանուր պետութիւն՚) առաջին մասին մէջ` ՙԿարգավիճակ՚ բաժինին սկիզբը, կ’ըսուի, որ Լ. Ղ.ն հանրապետական ձեւի պետական եւ տարածքային կազմաւորում մըն է եւ ՙԱտրպէյճանի հետ կը կազմէ ՙԸնդհանուր պետութիւն՚` անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ՚: Լ. Ղ.ի քաղաքացիները պէտք է ունենան Ատրպէյճանի անձնագիր` ՙԼեռնային Ղարաբաղ՚ յատուկ նշումով: Լ. Ղ.ն կը մասնակցի Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան իրագործման` իր շահերը շօշափող հարցերու պարագային: Լ. Ղ.ի կառավարութիւնն իր ներկայացուցիչները կրնայ ունենալ արտասահմանեան պետութեանց մէջ Ատրպէյճանի այն դեսպանութեանց կամ հիւպատոսական հաստատութեանց մէջ, ուր իր յատուկ շահերն ունի: Ղարաբաղի սահմանները պէտք է համապատասխանեն նախկին Լ. Ղ. Ի. Մ.ի սահմաններուն, իսկ ճշգրտումները կամ փոփոխութիւնները կրնան ըլլալ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ յատուկ փոխադարձ պայմանաւորուածութեամբ: Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ իր ներկայացուցիչներն ընտրելու եւ նախագահի ընտրութեան մասնակցելու իրաւունք կը վերապահուէր արցախահայութեան:

Փաստաթուղթին մէջ առանձին կէտերով կը նշուէր Լաչինի միջանցքին եւ Շուշի ու Շահումեան քաղաքներուն մասին. ՙԼ. Ղ.ի եւ Հայաստանի միջեւ անարգել հաղորդակցութիւն ապահովելու նպատակներով Լ. Ղ.ի կողմէ Լաչինի միջանցքն օգտագործելու հարցն առանձին պայմանաւորուածութեան առարկայ է` եթէ Լաչինի շրջանի յատուկ դրութեան վերաբերեալ ուրիշ որոշումներ չկայացուին Ատրպէյճանի եւ Լ. Ղ.ի համաձայնութեամբ՚: Ատրպէյճանցի փախստականները կրնային վերադառնալ Շուշի, նոյնպիսի իրաւունքներ կը ստանային նաեւ հայ փախստականները` Շահումեան վերադառնալու պարագային:

Փաստաթուղթին երկրորդ բաժինը զինուած հակամարտութեան հետեւանքներու վերացման կը վերաբերէր: Բացի Լաչինէն, ղարաբաղեան ոյժերը պէտք է հեռանային իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող բոլոր շրջաններէն:

Պաքուն կը մերժէ, Երեւանը որոշ, իսկ Ստեփանակերտը լուրջ վերապահումներով, կ’ընդունի միջնորդներուն առաջարկութիւնը իբրեւ բանակցութեանց հիմք: Ըստ Ալիեւի` ՙԸնդհանուր պետութիւնը՚ Ղարաբաղին փաստացի անկախութեան տրամադրում կը նշանակէր:

ՙԱտրպէյճանի մէջ ասացուածք մը կայ` ՙՍա սեւէն աւելի սեւ է՚: Նախկին առաջարկներուն հետ համեմատած` ՙԸնդհանուր պետութիւն՚ն աւելի վնասաբեր էր: Ծանօթանալուս պէս ըսի, որ նոյնիսկ քննարկել չենք ուզեր: Դուք մեզ կը դնէք այնպիսի իրավիճակի մը մէջ, երբ Ատրպէյճանի տարածքին երկու պետութիւններ կ’ըլլան եւ Ատրպէյճանը Ղարաբաղի նկատմամբ իրաւունքներ չունի: Մենք մերժեցինք: Բայց Հայաստանն ընդունեց եւ մինչեւ հիմա ամէնուր կ’ըսէ, որ եթէ Ատրպէյճանն ընդունած ըլլար` խաղաղութիւն հաստատուած եւ հակամարտութիւնը կարգաւորուած կ’ըլլար: Անշուշտ` իրենց օգտին: Այդ առաջարկութիւնը Ատրպէյճանի դէմ մեծ սադրանք մըն էր՚:

ՙԸնդհանուր պետութիւն՚ առաջարկութեան շուրջ Հայաստանի մէջ լուրջ բանավէճ չծաւալեցաւ, քանի որ այդ փաստաթուղթը հրապարակուեցաւ միայն 2001ին, երբ Երեւանն ու Պաքուն կը բանակցէին արդէն փարիզ-քիուէսթեան սկզբունքներուն շուրջ: Իշխանութիւնները կը փորձէին հիմնաւորել, որ ՙԸնդհանուր պետութիւն՚ը քայլ մը առջեւ է եւ աւելի ընդունելի, քան 1997ի փաթեթայինը եւ փուլայինը, մինչդեռ Հ. Հ. Շ.ական իշխանութիւնները կ’ըսէին, որ առաջարկուողը նախկին տարբերակներուն կրկնութիւնն է, աւելին` ՙԸնդհանուր պետութիւն՚ը կը նշանակէր Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալ:

Նախագահ Քոչարեանը քննադատութիւնները չէր ընդուներ` պնդելով, որ կարգաւորման այսպիսի ընդունելի փաստաթուղթ երբեւէ չէ առաջարկուած: ՙԲայց նոյնիսկ այս առաջարկը չընդունելու պարագային ալ փաստաթուղթին կարեւորութիւնը չի նուազիր: Նման մօտեցում, նման գաղափարախօսութիւն տասը տարուայ ընթացքին երբեք չէ եղած: Միշտ եղած է շատ յստակ ձեւակերպում մը` Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւն եւ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ` ինքնավարութեան կարգավիճակով: ՙԸնդհանուր պետութիւնը՚ … չի նշանակէր, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մէկ մասը կը կազմէ, այլ` Ատրպէյճանը եւ Ղարաբաղը կը պայմանաւորուին ապրիլ որոշակի սահմաններու մէջ, բայց ինքնուրոյն օրէնքներով, ինքնուրոյն սկզբունքներով: Խօսքը անկախ, առանձին ապրելու հնարաւորութեան մասին է՚:

Ըստ Քոչարեանի` ՙԸնդհանուր պետութիւն՚ը տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքները համադրելու ստեղծագործական փորձ էր, ինչպէս Պոսնիոյ մէջ:

Վահան Փափազեանը համաձայն չէ. ՙՀիմա կ’ըեն, թէ փուլայինը եւ փաթեթայինը գէշ էին: Իսկ ՙԸնդհանուր պետութեան՚ տարբերակը լա՞ւ է: Չէ՞ որ անիկա 1998ին ընդունեցին Հայաստանը եւ Ղարաբաղը: Ատիկա լա՞ւ էր: Իսկ տարբերութիւնն ի՞նչ է: Ձեւակերպումներուն մէջ ընտրուած են այնպիսի բառեր եւ արտայայտութիւններ, որոնք հնարաւորութիւն կու տան յայտարարելու, թէ սա նախորդ երկու փաստաթուղթերէն կը տարբերի: Բայց, իրականութեան մէջ, չի տարբերիր, նոյնիսկ եթէ կը տարբերի` ապա դէպի գէշը՚:

Եթէ ՙԸնդհանուր պետութիւն՚ն աւելի գէշ էր` ինչո՞ւ Ատրպէյճանը զայն մերժեց:

Փափազեանն այսպէս կը մեկնաբանէ. ՙՇատ պարզ պատճառով. Ատրպէյճանի մէջ եկած էին այն եզրակացութեան, որ կրնան աւելին պահանջել: Այսօր Ատրպէյճանը 1997էն աւելին կը պահանջէ: Ի հարկէ, 1997ի առաջարկները գէշ էին, իսկ ո՞վ հաշտութեան լաւ համաձայնագիր տեսած է, տեսնուա՞ծ բան է, որ պատերազմող կողմերը հաշտութիւն կնքեն եւ երջանիկ ըլլան: Առաջարկութիւնները գէշ էին, բայց այսօրուանները կրնան աւելի գէշ ըլլալ. սա’ է դիւանագիտութեան տրամաբանութիւնը: Դիւանագիտական ամէն փաստաթուղթ կա’մ գէշ է, կա’մ` շատ գէշ. լաւ փաստաթուղթ չ’ըլլար: Լաւը այն է, երբ հակառակորդը անձնատուութեան կ’ենթարկուի, պարտութիւնը կ’ընդունի եւ ձեռքերը վեր կը բարձրացնէ՚:

Վարդան Օսկանեանը շարք մը առիթներով, կէսկատակ նկատել տուած է, որ եթէ գիշերը ժամը երեքին Իլհամ Ալիեւը քունէն արթնցնէք եւ անոր առջեւ դնէք 1997ի փուլայինը, ան կը ստորագրէ. ՙԻսկապէս, այնպէս չէ, որ բանակցութեանց շնորհիւ, քրտինք թափելով` փաստաթուղթ մը ձեռք բերած էինք, յետոյ մենք մերժեցինք, եւ այսօր այդ բոլորը վերականգնել հնարաւոր չէ: Ատիկա փուլային տարբերակ էր: Այսինքն` տուէ’ք տարածքները, յետոյ նայինք` ի՞նչ կ’ըլլայ կարգավիճակը՚:

2004ի Նոյեմբերին, առաջին նախագահ Տէր Պետրոսեանը, Ա. Մ. Ն.էն վերադարձի ճամբուն վրայ, աւելի քան վեց տարիներու լռութենէն յետոյ, ՙԶուարթնոց՚ օդանաւակայանին մէջ ՙոտքի վրայ՚ զրուցեց քանի մը լրագրողներու հետ:

ՙ- Հնարաւո՞ր է Ղարաբաղի խնդիրի կարգաւորման մէջ վերադառնալ Ձեր կիսատ ձգած կէտին: Թէ՞ ետդարձի ճամբայ չկայ:

– Կը կարծեմ, թէ չկայ: Չկայ այն, ինչ մենք կրնայինք ստանալ 1997ին: Մենք զայն այլեւս պիտի չստանանք:

– Նոյնիսկ քաղաքականութիւն Ձեր վերադառնալու պարագայի՞ն:

– Աստուած ալ գայ` ատիկա հնարաւոր չէ՚:

Տէր Պետրոսեանին պատասխանեց Օսկանեանը. հայկական կողմը 1997էն աւելին ստանալու հնարաւորութիւն ունի. ՙՂարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքն ամրագրելու եւ անոր միջազգային ճանաչման հասնելու լուրջ հնարաւորութիւն կը տեսնեմ: Այսօր Փրակայի գործընթացը կ’ընթանայ, ես գիտեմ, թէ սեղանի վրայ ինչ կայ, հնարաւորութիւն կը տեսնեմ ստանալու աւելին, քան 1997ին պիտի ստանայինք: Կրնամ հարց տալ` կը ստանա՞նք, թէ՞ ոչ: Չեմ գիտեր: Կրնայ ըլլալ, որ հինգ տարի անցնի եւ նորէն այս երկխօսութեան մէջ մտնենք ու ըսենք, թէ 1997ին թերեւս այդ տարբերակը պէտք է ընդունէինք: Բայց միանշանակ է, որ այսօր սեղանի վրայ կան այնպիսի հարցեր, որոնք մեզի ուղղակիօրէն կը յուշեն, թէ 1997էն աւելին կրնանք ստանալ՚:

ՙՂարաբաղեան գործօն՚ին չէզոքացումը

Երբ Քոչարեանը 1997ին Երեւան տեղափոխուեցաւ, իսկ մէկ տարի յետոյ Հայաստանի ղեկավար դարձաւ` հակամարտութեան հիմնական` ղարաբաղեան կողմը ո’չ միայն դուրս մնաց բանակցութիւններէն, այլեւ` ՙղարաբաղեան գործօն՚ը միջազգային հանրութեան ընկալումներուն մէջ ժամանակի ընթացքին երկրորդական տեղ մղուեցաւ:

Տէր Պետրոսեանը որդեգրած էր ՙԵրեւանը երբեք չի ստորագրէր որեւէ փաստաթուղթ, որու տակ չ’ըլլայ նաեւ Ստեփանակերտի ստորագրութիւնը՚ մօտեցումը: Ըստ Քոչարեանի` որոշ ժամանակ այդ մօտեցումն արդիւնաաւէտ էր, բայց եկաւ պահ մը, երբ հակաարդիւնաւէտ դարձաւ. ՙՏպաւորութիւն ստեղծուած էր, որ Հայաստանը կարգաւորման ամէն ձեւի պատրաստ է, բայց խնդիրը Ղարաբաղն է, աւելի ճիշդ` Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը: Հարց կը ծագէր` մի՞թէ Հայաստանն ի վիճակի չէ իրմէ Ղարաբաղի բացայայտ կախման պայմաններուն մէջ ճնշում գործադրելու եւ ստիպելու Ղարաբաղը` այս կամ այն դիրքորոշման հետ համաձայնելու՚:

ՙԱռաջարկած եմ այդ տեսակէտը փոխել. ո’չ թէ ՙմենք համաձայն ենք կարգաւորման ամէն ձեւի, որուն Ղարաբաղը կը համաձայնի՚, այլ` մենք սեփական դիրքորոշում ունինք եւ անոր վրայ պնդելու պատրաստ ենք: Ընտրուելէս ետք այդպէս ալ ըրի: Եւ այն հանգամանքը, որ կարգաւորման վերջին առաջարկութիւնները նախորդներէն էականօրէն կը տարբերին, կը վկայէ, որ այդ դիրքորոշումն ինքզինք արդարացուցած է: Ղարաբաղը կրնայ աւելի կոշտ դիրքերէ հանդէս գալ, բայց Հայաստանի դիրքորոշումը պէտք է յստակ եւ պարզ կերպով ձեւակերպուած ըլլայ՚:

Քոչարեանի վարչակարգին դիրքորոշումը հետեւեալն էր` Ղարաբաղը երբեք չէ’ եղած եւ պիտի չ’ըլլա’յ անկախ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, կամ` միջնորդներու ներկայացուցած ամէն առաջարկութեան մէջ պէտք է յստակօրէն ամրագրուի Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը, թէկուզ` ժամանակային առումով ոչ-անմիջապէս:

Յաճախ քննադատած են Հայաստանի երկրորդ նախագահը, որ անոր ժամանակ խեղաթիւրուած է ղարաբաղեան կարգաւորման ձեւաչափը, բանակցութիւններէն դուրս մնացած է Ստեփանակերտը, որմէ օգտուելով` Ատրպէյճանը հակամարտութիւնն իբրեւ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ տարածքային վէճ կը ներկայացնէ միջազգային հանրութեան:

Ալիեւը 1999ին Պաքուի մէջ հայ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին պարզաբանած է, թէ Ատրպէյճանն ինչո՞ւ Ղարաբաղի հետ ուղղակի շփումներէն կը խուսափի: Ան նախ ընդունած է, որ Ղարաբաղը իրողապէս (տը ֆաքթօ) արդէն Հայաստանի կազմին մէջ է:

ՙԸսածիս վկայութիւնները շատ են: Հայաստանի ներկայիս նախագահը Ղարաբաղի նախկին ղեկավարն է: Հոս արդէն ամէն ինչ ըսուած է: Այդքանէն յետոյ դուք կ’ըսէք, թէ պէտք է ուղիղ շփման մէջ մտնել: Ղարաբաղն ինքնուրոյն միաւոր մը չէ: Եթէ Հայաստանն այս գործընթացին չմասնակցէր եւ եթէ ան Ղարաբաղը տը ֆաքթօ չմիացնէր` ի հարկէ, Ղարաբաղի հետ ուղիղ շփումներէն ուրիշ ելք չէր մնար: Առաջին իսկ օրէն, հակամարտութիւնը ո’չ միայն Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ էր, այլեւ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի: Եթէ Հայաստանը մէկ կողմ քաշուի եւ չմիջամտէ` հարցը Ղարաբաղի հետ քննարկելէն ուրիշ ճամբայ չի մնար մեզի: Բայց քանի դեռ մեզի համար գլխաւոր ենթական Հայաստանն է, մենք կ’ուզենք Հայաստանի հետ պայմանաւորուիլ՚:

Օսկանեանը կ’ընդունի, թէ ղարաբաղեան կողմը ներգրաւուած չէ բանակցային գործընթացին, եւ ատոր միակ պատճառը Ատրպէյճանի մերժողական կեցուածքն է: ՙԱյսօր Հայաստանը հետեւեալ երկընտրանքին առջեւ կանգնած է. պնդել Ղարաբաղի մասնակցութեան վրայ եւ բանակցութեանց չերթա՞լ, թէ՞ համաձայնիլ բանակցութեանց` յանուն անոնց շարունակման: Հայաստանի նախագահը որոշած է երկրորդը` հարցին մօտենալով հետեւեալ կերպ. իսկապէս կարեւոր չէ, թէ հայոց կողմէ ո’վ կը բանակցի, այլ` թէ ի’նչ կը բանակցինք՚:

ՙՂարաբաղ-Ատրպէյճան` Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեամբ՚` նախագահ Քոչարեանը այսպիսի ձեւաչափը համարժէք կը նկատէ:

ՙԵրեւան-Պաքու ձեւաչափը միայն բացասական հետեւանքնե՞ր կը բերէ, թէ՞ նաեւ դրական մեծ պաշար ունի: Բացասականը ո՞րն է: Առաջին կարգին, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ այս ձեւաչափն օգտագործել` զուգահեռաբար Հայաստանը մեղադրելով նախայարձակման ու տարածքներու զաւթման համար: Այս փաստարկներն այլեւս ո’չ ոք կը հետաքրքրեն: Բոլորը գիտեն հակամարտութեան էութիւնը եւ կը հասկնան, որ Ղարաբաղի հետ բանակցելու Ատրպէյճանի մերժումը աւելի շատ հոգեբանական բարդոյթէն կու գայ: Ատիկա պատերազմի հետեւանքներուն հետ կապուած է՚:

Ըստ Քոչարեանի` Երեւան-Պաքու ուղիղ բանակցութիւններն երեք հիմնական առաւելութիւն ունին: Առաջին եւ կարեւորը. Հայաստանը հայկական կողմին շահերը շատ աւելի մեծ արդիւնաւէտութեամբ կրնայ պաշտպանել: ՙԵրկրորդ` ես` որպէս բանակցութեանց գործուն կողմ, շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւն կը ստանամ հանդիպումներու ժամանակ ներկայացնելու Ղարաբաղի հարցը իբրեւ ենթակայ մը, որ ուղղակի անմիջական պատասխանատուութիւն ու բեռ կը կրէ բանակցութեանց համար: Երրորդ` Հայաստանի նախագահին ներգրաւուածութիւնը շատ աւելի բարձր մակարդակի կը բարձրացնէ Հայաստանի պատասխանատուութիւնը Լ. Ղ. Հ.ի նկատմամբ, քանի որ մենք այս հարցի կարգաւորման կը ծառայեցնենք Հայաստանի թէ’ դիւանագիտական, թէ’ տնտեսական եւ թէ’ պաշտպանական ողջ ներուժը՚:

Փափազեանը արդարացուած կը սեպէ Երեւանի նախկին դիրքորոշումը. հայկական կողմը պատրաստ է ընդունելու խաղաղութեան որեւէ տարբերակ, զոր կ’ընդունի Ղարաբաղը:

ՙԱյսօր ալ ճիշդ մօտեցում կ’ըլլար, քան այն, ինչ կ’ըսուի, որովհետեւ երբ իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ Ղարաբաղն այլեւս պիտի չ’ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, կը նշանակէ, որ բանակցութիւններն անիմաստ են: Ինչպէս Պաքուի պարագային, երբ Ալիեւը կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղը երբեք պիտի չ’ըլլայ Ատրպէյճանի կազմէն դուրս: Հայաստանի այն ժամանակուայ ձեւակերպումը` Երեւանը պատրաստ է ընդունելու խաղաղութեան որեւէ տարբերակ, զոր կընդունի Ղարաբաղը, դիւանագիտութեան եւ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն աւելի ընկալելի եւ տրամաբանական էր: Նախ` բանակցութեանց տեղ կը ձգէր, ինչը կը նշանակէր, որ մենք բանակցելիք ունինք, երկրորդ` երբ կը խօսինք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի մասին, ապա պարզ չէ՞, որ խօսքը Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման կը վերաբերի՚:

Փափազեանը համոզուած է, որ եթէ կարգավիճակի հարցը ապագային չձգուի` խնդիրը չի լուծուիր, որովհետեւ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի համար անընդունելի է Ղարաբաղի ինքնավարութիւնն Ատրպէյճանի կազմին մէջ, իսկ Պաքուի համար անընդունելի է Ղարաբաղի անկախութիւնը կամ միաւորումը Հայաստանի հետ:

ՙԱյսօրուայ առաջարկը, որուն հիմնակէտը իբր թէ հանրաքուէի գաղափարն է, կը նշանակէ, որ այնուամենայնիւ, մենք տեսականօրէն չենք գիտեր, թէ այդ հանրաքուէի արդիւնքն ի՞նչ պիտի ըլլայ, ուրեմն` կարգավիճակը կրկին կը մնայ յետագային: Իշխանութիւնները դէմքերը փրկելու ձեւ գտած են. եթէ Ատրպէյճանը հանրաքուէի գաղափարն ընդունի` ուրեմն կ’ընդունի, որ Ղարաբաղն ինքնորոշուելու իրաւունք ունի: Բայց մենք չենք գիտեր` այդ հանրաքուէն տեղի կ’ունենա՞յ, թէ՞ ոչ, երկրորդ` մենք չենք գիտեր, եթէ տեղի ունենայ` ապա ի՞նչ պայմաններու մէջ, երրորդ, մենք չենք գիտեր` ի՞նչ տարածքի մէջ, չորրորդ` մենք չենք գիտեր` ժողովրդագրական ի՞նչ իրավիճակ կ’ըլլայ՚:

Փափազեանը կը կարծէ, թէ տրամաբանական էր փուլային տարբերակը, ուր կարգավիճակի հարցը յետագայ բանակցութեանց առարկայ պիտի դառնար:

ՙՀետեւեալը կ’ըսուէր. մնացեալ հարցերը լուծուած են` զբաղցուցած տարածքներ, փախստականներ, անվտանգութիւն, ամենագլխաւորը` խաղաղապահ ոյժեր, այսինքն` կարելի էր վստահ ըլլալ, որ պատերազմը պիտի չվերսկսէր. սա շատ էական է: Անկէ յետոյ բանակցութիւնները պիտի շարունակուէին Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ` Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ, այսինքն` Ատրպէյճանը կ’ընդունէր, որ ինքը պէտք է Ղարաբաղի հետ բանակցի անոր ապագայ կարգավիճակին վերաբերեալ, բան մը, զոր այսօր չ’ընդունիր՚:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):