Սիսի կաթողիկոսարանի դատը առաջին քայլն է, որուն պէտք է յաջորդէ կալուածներու վերադարձի պահանջը

1071

Ուրբաթ, 11 դեկտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոս հարցազրոյց ունեցաւ Գերմանիոյ ամէնէն կարեւոր օրաթերթէն «Ֆրանքֆուրթըր Ալմայն»-ի հետ:

Հարցազրոյցի ընթացքին վեհափառ հայրապետը Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին գծով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացած դատին կարեւորութիւնը շեշտելով ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն առընթեր, իրաւական հոլովոյթի նախաձեռնութիւնը հրամայական անհրաժեշտութիւն է 100 տարիներ ետք: Այս ծիրին մէջ, Սիսի կաթողիկոսարանի դատը իրաւական հոլովոյթին առաջին քայլն է, որուն պէտք է յաջորդէ եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու վերադարձի պահանջը»: Այլ հարցումի մը պատասխանելով` Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Եթէ Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւնը նախանձախնդիր է եւ լուրջ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու բարի դրացնութեան ու շինիչ յարաբերութեան, պէտք է արդարութիւնը վերահաստատէ` ճանչնալով 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը եւ վերականգնելով հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքները»: