«Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան» Գրադարանի Բացում` Այնճարի Մէջ

1076

Apelian1_112215f

Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, գիրն ու գրականութիւնը այնքա՜ն շատ սիրած ու անոր ծառայած գրող, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի յիշատակը անմահացնելու լաւագոյն ձեւերէն մէկն է անոր անունով գրադարանի բացումը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 22 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:

Apelian_112215

Այս առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Ճանպազեան» սրահին մէջ, ուր համախմբուած ներկաները ողջունեց պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, որ դիտել տուաւ, թէ «Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան» գրադարանի բացումով ո՛չ միայն լուսարձակի տակ կ’առնուի գիրքի ու գրականութեան կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ, այլ նաեւ Գէորգ Աբէլեանի ունեցած ներդրումը հայ գրականութեան մէջ` վերածուելով նոր սերունդները ներշնչող աղբիւրի մը:

Ռոզալին Քենտիրճեանի կողմէ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի կենսագրական գիծերու ներկայացումէն ետք խօսք առաւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, որ Գ. Աբէլեանի հետ իր համագործակցութեան ու աշխատանքի երկար տարիներուն վրայ հիմնուելով լուսարձակի տակ առաւ անոր յատուկ նկարագրային կարգ մը արժէքաւոր ու կարեւոր գիծերը: Վեր. Մսըրլեան դիտել տուաւ, որ ան միշտ եղաւ լայնախոհ, համերաշխ ու համերաշխութիւն ստեղծող, խմբային աշխատանքին լաւապէս գիտակցող եւ ըստ այնմ գործող, եկեղեցւոյ հովիւը քաջալերող, իսկ թելադրութեան կամ մատնանշումի պարագային միշտ շինիչ ոճով եւ նրբանկատութեամբ այդ մէկը կատարող: Անոր համաձայն, Գ. Աբէլեան կամուրջ հանդիսացաւ Այնճարի տարբեր կառոյցներուն ու մարմիններուն միջեւ` զարկ տալով համագործակցութեան, նեցուկ կանգնելով ամէն տեսակի իրագործումներու, հաւատացողը եղաւ դերակատարութեան եւ անհրաժեշտութեան հայկական դպրոցին, զոր միշտ իր սրտին խորերը պահած է եւ մնայուն կերպով անոր նեցուկ հանդիսացած: Գէորգ Աբէլեանը իր գրականութեան ճամբով ազգային կեանքի օրակարգին վրայ դրաւ նաեւ իսլամացած մեծաթիւ հայերու պարագան` անոնց մասին պատրաստած իր թղթածրարով, որուն ընդմէջէն ան վերապրեցուց բռնի կերպով եւ դաժան պայմաններու մէջ իրենց ինքնութենէն զրկուած անձերը: Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան յատկապէս շեշտը դրաւ Գէորգ Աբէլեանի հաւասարակշռուած գործելաոճին վրայ` հաստատելով, որ ան կրցաւ ծառայել թէ՛ եկեղեցւոյ, թէ՛ ազգին, թէ՛ մշակոյթին, եւ թէ՛ կուսակցութեան` իր ներդրումը ունենալով ամէնուրեք, քաջ գիտակցելով, որ այս բոլորը մեծապէս կարեւոր են մեր իրականութեան մէջ: Վերապատուելիին վկայութեամբ, ան այս բոլորը ըրաւ առանց փառքի ձգտելու, այլ ծառայութեան ոգիով: Իր խօսքի աւարտին վեր. Մսըրլեան յոյս յայտնեց, որ Գէորգ Աբէլեանի այս արժանիքները նոր սերունդներուն համար խթան կը հանդիսանան հաւասարակշռութիւն պահելու եւ ծառայութեան ոգին զարգացնելու:

Գեղարուեստական բաժինով մեներգեց Գէորգ Աբէլեանի թոռը` Մարիա Աբէլեան, կիթառի ընկերակցութեամբ Գէորգ Տէր Սարգիսեանի, իսկ սրինգի վրայ` Յասմիկ Այնթապլեանի:

Apelian2_112215

Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Եսայի Հաւաթեան, որ միանգամայն ուրախ ու տխուր առիթ նկատեց այդ ձեռնարկը. ուրախ, որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ հազուագիւտ երեւոյթ դարձած նախաձեռնութիւն մը` գրադարանի բացումը կը կատարուի, ինչ որ պիտի ծառայէ նոր սերունդները աւելի եւս մօտեցնելու հայ գիրքին, յատկապէս Գէորգ Աբէլեանի գրականութեան: Տխուր է, որովհետեւ տակաւին ծանր ու դժուար ընկալելի կը մնայ 80-ական թուականներէն ի վեր տարբեր մարզերու մէջ Ե. Հաւաթեանին գործակից հանդիսացած, սրտակից ընկերոջ ու ազգային հարցերու մասին լաւ զրուցակիցին` Գէորգ Աբէլեանի մահը, որով հայ ազգը կորսնցուց հարազատ ու ծառայասէր հայորդի մը: Ե. Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ Գ. Աբէլեան տագնապեցաւ եւ տխրեցաւ ազգային հարցերով ու դժուարութիւններով, ուրախացաւ եւ հպարտացաւ ազգին ձեռքբերումներով ու յաջողութիւններով` հաստատելով, որ անոր հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը հանդիսացաւ տասնեակ հազարաւոր իսլամացած եւ սուրիական շրջաններուն մէջ ապրող հայերուն պարագան: Իր խօսքը աւարտելով ան հաստատեց, որ մարդիկ չեն մեռնիր, երբ տակաւին կը յիշուին, իսկ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանը չէ մեռած, որովհետեւ զինք յիշող ու արժեւորողներ ունի:

Անկէ ետք Յուշիկ Սնապեան- Ադամեան ասմունքեց, իսկ Սօսի Ապուհանեան` Գէորգ Աբէլեանի աշակերտը, անմիջական ու հետաքրքրական կերպով կարդաց անոր պատմուածքներէն հատուած մը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի աղօթքով, որմէ առաջ ան խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Գէորգ Աբէլեանի փափաքին մասին` իր պատմութիւններուն թիւը 100-ի հասցնելու, բան մը, որ չկրցաւ իրականացնել, սակայն այս առումով ան ունեցաւ մեծ ներդրում եւ դերակատարութիւն` բազմաթիւ վերապրողներու պատմութիւնները ներառելով իր գիրքերուն մէջ եւ զանոնք անմահացնելով: Ան ողջունելի նկատեց գրադարանին բացումը` դիտել տալով, որ այդպիսով նոր սերունդները պէտք է աւելի մտերիմ ըլլան գիրքերուն, զանոնք մաշեցնեն, նորերը արտադրեն:

Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան նախախնամութեան  մէկ դասաւորումը նկատեց այն, որ Գէորգ Աբէլեան մահացաւ նախքան Սուրիոյ, յատկապէս Քեսապի մէջ տեղի ունեցած քանդումները, որովհետեւ անոր համար բաւական դաժան պիտի ըլլար այդ բոլորը տեսնելը: Բայց եւ այնպէս վեր. Մկրտիչեան յոյս յայտնեց, որ քանդուածը կարելի ըլլայ վերականգնել:

Իր խօսքին աւարտին վերապատուելին յոյս յայտնեց, որ Գէորգ Աբէլեանի ձգած աւանդով եւ անոր անունը կրող գրադարանին ճամբով կարելի ըլլայ հաւատքն ու հայկականութիւնը ամրապնդել նոր սերունդներուն մօտ:

Անկէ ետք տեղի ունեցաւ «Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեան» գրադարանի պաշտօնական բացումը:

ԱԶԴԱԿ, 25 Նոյեմբեր, 2015թ.