Բաբկէն Փափազեան՝ ՀՅԴն եւ Հայ Դատը. 1970թ դասախօսութիւն

2901

Դեկտեմբեր 2, 1970ին Տոքթ. Բաբկէն Փափազեանը, այն ժամանակ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, իր Լոն Անճելըս այցի ընթացքին դասախօսեց Հայ Կեդրոնին մէջ, (1501 Venice Boulevard, Los Angeles)։ Դասախօսութիւնը, կազմակերպված «Ասպարէզ» թերթի խմբագիր Ժիրայր Լիպարիտեանի կողմէ, որպէս թեմա ունենալով Հայ Դատը։

Դասախօսի համաձայնութեամբ Ժիրայր Լիպարիտեանը ձայնագրեց այդ դասախօսութիւնը։ Ձայնագրութիւնը հին մեքենայի վրայ էր։ Դասախօսութենէն մի քանի օր յետոյ օգնական մը արտագրեց այդ դասախօսութիւնը։

Լիպարիտեանը սկզբնական արտագրութիւնն է գտած իր թղթերուն մէջ։ Ներքեւի թեքսթը այդ արտագրության վրայ է հիմնված. (Ձայնագրութիւնը ինքը, այն ժամանակի ժապաւէնի վրայ, տարիներու ընթացքին փճացած է։

2013 թուականին իր Պէյրութ այցելութեան ընթացքին, Լիպարիտեանը այս դասախօսութեան եւ արտագրութեան մասին յայտնեց Փալանճեան Ճեմարանի իր դասենկերուհի, Տոքթ. Փափազեանի դուստր Շաղիկ Փափազիեանին, ինչպէս նաեւ Շաղիկի ամուսնին՝ Մկրտիչ Մկրտիչեանին, որը նոյն դասարանի ընկեր էր եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ։ Երկու դասընկերներն ալ հետաքրքութիւն ցոյց չտուին։

Լիպարիտեանը որոշեց, որ այս դասախօսութիւնը պատմական նշանակութիւն ունի, նկատի ունենալով դասախօսը եւ դասախօսութեան տարին, որպէս կուսակցութեան ղեկավարներէն մէկու կողմէ հրապարակաւ ներկայացված Հայ Դատի նպատակի սահմանում եւ ռազմավարութեան ձեւակերպում։

Ներքեւի թեքսթը խմբագրուած է Լիպարիտեանի կողմէ։ Եղած են միայն մանր թեքնիքական սրբագրութիւններ։ Հոն ուր արտագրողը չէ կարողացած յստակ լսել բառեր կամ արտայայտութիւններ, խմբագիրը օգտագործած է [ ] նշանները, որոնց մէջ տեղադրած է անենէն հաւանական բառերը կամ լրացուցած է […] նշանով։ Ոչ մէկ պարագայի այդ ճշդումները թեքսթի իմաստը չեն փոխած։ Այլապէս դասախօսի ներկայացուցած թէզերը եւ լուծումները շատ յստակ են։

                                                                                         Ժիրայր Լիպարիտեան

                                                                                      Մայիս, 2025

Տոքթ. Բաբկէն Փափազեանի ելոյթը

 

Եթէ պիտի խօսինք Հայ Դատի մասին այնպէս, ինչպէս ան կը ներկայանայ այսօր մեզի կամ այնպէս, ինչպէս կ՚ըմբռնենք Հայ Դատը այսօր, ստիպուած ենք անդրադառնալ ամէն բանէ առաջ, թէ որեւէ ժողովուրդ արդիւնք է երկրի մը։ Դարերով որոշ հողամասի մը վրայ ապրուած կեանքն է, որ ժողովուրդը կը պայմանաւորէ իր դիմագիծով, նկարագրով, ձգտումներով, իտէալներով. որով եթէ մենք ուզենք ըմբռնել Հայ Դատը ամէն բանէ առաջ պարտաւոր ենք ըմբռնել Հայաստանը։ Առանց Հայաստանի [մասին] յստակ գաղափար մը ունենալու անկարելի է Հայ Դատը ըմբռնել այնպէս, ինչպէս որ ան պատմութեան ընթացքին ներկայացած է, որուն մասին պիտի չխօսիմ այսօր, եւ նաեւ ինչպէս ան կը ներկայանայ այսօր հայ ժողովուրդին։

Հայ ժողովուրդի ծնունդ տուող երկիրը Հայաստանն է՝ որպէս ամբողջութիւն, որպէս աշխարհագրութիւն, ոչ թէ միայն ներկայ Հայաստանը, որ մէկ մասն է ամբողջութեան։ Եթէ ուզենք ծանօթանալ Հայկական Բարձրավանդակին առանց քարտէզի, եթէ քարտէզի պահանջ չեմ դրած հաւանաբար դժուար կ՛ըլլար կարճ ժամանակի մէջ գտնել այդ քարտէզը, որը պէտք էր ըմբռնելու համար Հայաստանը։

Պիտի փորձեմ ուրեմն ձեր երեւակայութեան դիմել, ձեր օժանդակութեան` ներկայացնել[ու համար] Հայաստանը։ Եթէ ուզէք երեւակայել ուրեմն Հայաստանը այնպէս ինչպէս որ է, պէտք է որ ամէն բանէ առաջ դիտել Հայաստանի չորս կողմի երկիրները։

Հարաւէն՝ Միջագետքը, Սուրիան, Հարաւ-արեւելքէն՝ Իրանը, Արեւմուտքէն՝ Անատօլուն, հիւսիսէն՝ Քուր գետի հովիտը, դաշտը, որ այդպէս Սեւ Ծովէն Կասպից Ծով կ՛իջնէ։ Այս բոլոր տարածութիւնները ամէն բանէ առաջ պէտք է երեւակայէք որպէս յարաբերաբար […]  Հայաստան դաշտավայրը, […] վայրկեան մը ձգեցէք ձեր երեւակայութիւնը օգնէ ինծի։ Այս դաշտավայրերու մէջ բարձրացած երեւակայեցէք 3600-3500 մեթր բարձրութեամբ պարիսպ, չորս կողմով պարիսպ, որուն Հարաւային պատը Միջագետքի եւ Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող պատը Հայկական Տավրոս լեռնաշղթան է 2500-450 բարձրութեամբ եւ որը այնքան անանցանելի  է, որ մէկ դուռ, մէկ անցք միայն կայ այդ լեռնաշղթայէն դէպի Հայկական Բարձրավանդակ մտնալու համար, այդ ալ Պիթլիսի, Բաղէշի դուռն է։

Արեւելեան կողմը այս պարիսպին երեւակայեցէք վերէն վար իջնող երկու  Արարատներէն սկսելով դէպի վար երկար, բարձր լեռնաշղթայ մը, Տավրոսեան լեռնաշղթան եւ միջանկեալ զանազան լեռները մինչեւ Արարատ, որոնք արեւելքէն կը գոցեն Հայկական Բարձրավանդակը, ձգելով [միայն] Մակուի խանութեան, Մակուի շրջանէն մուտք մը դէպի Հայկական Բարձրավանդակ, Պարսկաստանէն անցնելով դէպի Վասպուրական շրջանը ու իր դռնով։ Արեւմտեան կողմը Անթի-Տավրոս լեռնաշխարհն է, որ Սեւ Ծովէն մինչեւ Միջերկրական Ծով, մինչեւ Իսկենտերուն կը գոցէ հայկական պարիսպը՝ 2500-3000 մեթր բարձրութեամբ, երբ Քեմախի ու Մալաթիոյ դռներով անցք մը կը թողու դէպի Հայկական Բարձրավանդակ։

Հիւսիսէն Սեւ Ծովու զուգահեռական ուրիշ լեռնաշղթա մը՝ Պոնտոսեան լեռնաշղթան, 3000-էն 4000 մեթր բարձրութեամբ դարձեալ կը գոցէ պարիսպը հիւսիսէն մէկ դուռ ձգելով՝Տրապիզոնի քովէն դէպի ներս։

Հիմա. այս չորս պատերուն ներսը ոչ պարապ կարծեցէք, եւ ոչ դաշտավայր կարծեցէք. այս չորս պարիսպներ ուրեմն […]աշխարհն ալ ինքը ամբողջութեամբ լեռ է. լեռներ ու քիչ մը լեռնադաշտեր։ Բայց հիմնական է այս պատկերին ըմբռնողութիւնը չորս կողմէ գոցուած հայկական ամրոցի մը, որ նստած է Միջին Արեւելքի հիւսիսը, Կովկասի հարաւ արեւմուտքը, Անատոլուի արեւելքը, Սեւ ծովու հարաւը։

Այս պարիսպէն ներս գագաթներ կան։ Հայաստանի աշխարհագրութիւնը չի պիտի ընեմ ձեզի […] այս մասին չի պիտի խօսիմ, մեր ժամանակը շատ պիտի խլեն, եթէ այն մանրամասնութիւնները տայի։ Սակայն այս լեռնաշխարհը իր գետերով (Տիգրիս, Եփրատ, Արաքս), իր լեռներով, ձորերով ու դաշտավայրերով այն վայրն է, որ ըստ Աստուածաշունչի դրախտի երկիր եղած է։ Այս երկրի ալ վրայ ապրող ժողովուրդի կեանքը, սակայն, հայրենակիցներ, այսինքն հայ ժողովուրդի կեանքը դրախտային կեանք մը եղած չէ իր 4000 տարուայ պատմութեան ընթացքին։ Թէեւ ժողովուրդը, հակառակ աննպաստ պայմաններուն, որ երկիրը կ՛ընծայէ իրեն` դարերով շարունակած է այս լեռնաշխարհը իր համար, իր հոգեկան աշխարհին համար իրեն դրախտ համարել։

Լեռնային կլիմայի, լեռնային դիրքին պատճառով Հայաստան աշխարհը ունի չափէն աւելի խիստ կլիմայ մը։ Ձմեռները վեց ամիս, գրեթէ հինգ ամիս՝ նուազագոյնը, ծայրայեղ բուք ու բորանով, ձիւնով, 0-էն վար 30-սանդիկրատ պաղութեամբ սիպերիական սառնամանիքներու նման պաղով, ամառներն ալ ճիշդ հակառակը՝սաստիկ տաքով։ Էսքիմոցիներու նման ցուրտին վարժ մարմին պէտք է՝ այստեղ կարենալ ապրելու համար։ Միաժամանակ Սուտանի տաք կլիմայի մէջ ապրող սուտանցիներուն նման պէտք է, որպէսզի կարենան այնտեղ ապրիլ։ Երկիր մըն է այնքան խստաշունչ, ուր ձիթենիներն ու արմաւենիները արմատ չեն բռներ, ինչպէս արմատ չեն բռնած այդ լեռներու մէջ ասորեստանցիները, հռոմէացիները, բիւզանդացիները, պարսիկները, սելճուքները, մոնկոլները, թիւրքերը, ռուսները։ Հայը միայն արմատ նետած է այս լեռնաշխարհի վրայ։

Այդ լեռները թոյլ, տկար սիրտ ունեցողներու համար չեն։ Շունչը կը բռնուի անոնց, որոնց կուրծքը նեղ է, թոքերը՝ փոքր, շնչահատ կ՛ըլլան։ Այս լեռներէն անցնիլ փորձող օտարականներուն գլուխը կը մարուի յաճախ, քիթէն-բերնէն արիւն կ՝ուգայ, արեւի շողը մորթը կ՚այրէ, ձիւնի սպիտակութեան վրայ գտնուող արեւը աչքերը կը կուրացնէ։ Լայն […]  կուրծք, պողպատի նման սիրտ, էլաստիք […]  երակներն են [պէտք], որ տոկան այս պատմութեան։ Ինչու՞ ամէն մարդ չունի, ամէն ժողովուրդ չունի ատոր համար, որ ալ այդ երկրին վրան ալ դիւրին […] տիրապետող ժողովուրդները […] չեն կրցած […]: Եւ տիրապետած, եկած, անցած են այն եւ  միայն նտած է շնորհիւ այդ երակներու […], իր կուրծքի լայն շեղութեան, իր թոքերու բաւարար մեծութեան այդ լեռնաշխարհին մէջ դիմանալ, ոչ միայն դիմանալ, այլ ինչպէս Ռոստոմ Զօրեան կ՛ըսէ «Աշխարհի մէջ բոլոր երկիրները իրենց ժողովուրդը կը սնուցանեն, կ’ապրեցնեն. միակ երկիրը ուր ժողովուրդն է, որ երկիրը կ’ապրեցնէ, Հայաստանն է, Հայկական բարձրավանդակն է»։ Հայն է, որ Հայկական բարձրավանդակին կեանք կու տայ. այլապէս, այլապէս լեռնաշխարհը, […], արիւնալից աշխարհը, այս խիստ կլիմայի աշխարհը դիւրին կեանք չի տար իր վրայ ապրող ժողովուրդներուն:

Անմիջապէս հարց կը ծագի այս պարագային. այսքան խիստ կլիմայով, այնքան աննպաստ պայմաններով երկրի ու քարոտ […], որ քարիւղի ծարաւ մեծ պետութիւնները այդ երկրի համար կռուէին, հապա ի՞նչ բանի համար է, որ այս Հայկական բարձրավանդակը շարունակ կռուախնձոր եղած է, դարերով կռուախնձոր եղած է կամ պարսիկի եւ Բիւզանդայի միջեւ, կամ ռուսին եւ Անգլիայի միջեւ եւ կամ ռուսին եւ ամերիկացիին միջեւ։

Ի՞նչն է, որ այս երկիրը կը դարձնէ կռուախնձոր, երբ որ պայմանները՝ տնտեսական, նպաստաւոր չեն եւ քարիւղ ըսուած բանն ալ գոյութիւն չունի. իր աշխարհագրական հոյակապ դիրքն է պատճառը՝ այդ ամրոցը։ Ես այդ դէպքը նկարագրեցի՝ քարիւղի բերան նստած Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք առեւտրական […], զինուորական արշաւանքներուն համար. ամէնէն կանուխ ճամբան է, ամէնէն տանելի ճամբան է եղած դարերէ ի վեր․ հիւսիսը Ռուսաստանի տափաստանները անտանելի կլիմաներով, պայմաններով եղած է, որ անոնք, որոնք արշաւելու ելած են, Եւրոպա անպայման իջած են դէպի հարաւ, դէպի Պարսկաստան եւ Պարսկաստանի վրայով, Հայկական Բարձրավանդակի վրայով դէպի Պոլիս եւ դէպի Եւրոպա:

Երբ Եւրոպան ուզած է արշաւել դէպի Արեւելք, կ՛ուզէ ըլլայ Ալեքսանտր մեծն, կ՚ուզեն ըլլան Բիւզանդացիները, կ՚ուզեն ըլլան հռովմէացիք եւ խաչակիրները, պիտի արշաւէին նորէն նույն նպաստաւոր պայմաններ ներկայացնող արշաւանքի համար, […] ունեցող Միջին արեւելք քարիւղի են, որուն վերեւ նստած հայկական ամրոցն է՝ գլխաւոր ռազմագիտական դիրքը, որը իր ձեռք ունեցողը, եթէ մեծ պետութիւն է, ամբողջ Միջին Արեւելք եւ իր քարիւղը կը գտնուի այս մեծ պետութեան տիրապետութեան տակ անխուսափելի կերպով։ Ահա թէ ինչու, վերջին 100- ամեակի ընթացքին [տեւական] պայքար գոյութիւն ունեցած է ցարական Ռուսաստանի եւ Անգլիական կայսրութեան միջեւ: Կամ հետագային  ներկայիս նման հակամարտութիւն գոյութիւն ունի Խորհրդային Ռուսաստանի  ու Անգլիան փոխարինող՝ Միացեալ Նահանգներու միջեւ։

Այս բարձրավանդակին համար, այդ Էրզրում քաղաքին համար բանալին է ամբողջ Միջին Արեւելքին, այն եղաւ պատճառը, որ ամեն անգամ, որ պատմութեան մեջ վերջնականապէս դատապարտուած հիւանդ մարդը բացած է հոգեվարքի դուռը, երբ անոր դիակը թաղելու պատրաստուած է մարդկութիւնը, գտնուած է միշտ կամ այդ կողմէն կամ այն կողմէն, կամ ռուսը կամ անգլիացին, որ ներարկած են պէտք եղած սնունդը, պէտք եղած ույժը, պէտք եղած դրամը, պէտք եղած զէնքը ու ռազմամթերքը, որպէսզի Թուրքիան չի խորտակուի եւ չի վերածուի երկիրը վաքիումի,  որովհետեւ […] որու հետեւանքով պիտի մտնէ ռուսը եւ անգլիացին:

Անցեալի պատմութիւնը թողունք մէկդի եւ անդրադառնանք ներկային, որովհետեւ մեզ կը հետաքրքրէ Հայ դատը այսօր։ Ըմբռնելով Հայաստանի դիրքին կարեւորութիւնը այս բարձրավանդակին ինչու կրուախնձոր ըլլալը՝ մենք կրնանք հիմա շարունակել եւ անդրադառնալ Հայ Դատին այնպէս, ինչպէս ան այսօր կրնայ ներկայանալ մեզի եւ կը ներկայանայ մեզի։

Այդ հողամասին ազատագրուած ու անկախ չըլլալը ի մտի ունենալով՝ ինչ է ներկայիս գոյավիճակը։ Նաեւ գոյավիճակը առնենք, որուն գոյավիճակը, հողերուն գոյավիճակը, ժողովուրդին գոյավիճակը հայոց ժողովուրդի քաղաքական պահանջներու ինչ վիճակի մէջ են հայապատկան հողերը, 2/3-էն աւելիով անոնք դատարկուած են բնակչութենէն 1915-ի Եղեռնի հետեւանքով եւ կը մնան թրքական տիրապետութեան տակ։

1/3-էն քիչ մը պակասը կը գտնուի Խորհրդային Միութեան սահմաններուն մէջ, որուն մէկ մասը 30.000 ք․ կիլոմետրը կը կազմէ այսօրուայ Խորհրդային Հայաստանը՝ մէկ մասն ալ սակայն գտնուելով հանդերձ Խորհրդային Միութեան սահմաներու մէջ, չի պատկանիր Հայաստանի խորհրդարանին, Հայաստանի կառավարութեան եւ կամ ժողովուրդին կտրուած է իրմէ արհեստականորեն եւ տրուած կամ Ազերպէյճանի, կամ ինքնավար յայտարարութեամբ եւ կամ Վրաստանի սահմաններու մէջ կը գտնուի:

Ուրեմն հողերը 3 մասի բաժնուած վիճակի մէջ են։ Ի՞նչ վիճակի մէջ է հայ ժողովուրդը, ինքը նորէն 3 մասի բաժնուած։  2 [միլիոն] 3000.000էն աւելին 30.000 քմ2 Խորհրդային Հայաստանի հողին վրան կապրի, 2 1/2 միլիոննոց երկրի մը մէջ, որուն բնակչութեան 100-էն, 85-էն 100-90 [տոկոս]ը հայ է: Իր չորս կողմը ունի անմիջականօրէն մոտիկ Ղարաբաղի, Գանձակի/Փամբակի [՞], Ախալքալաքի, Վրաստանի շրջաններու մէջ մօտաւորապէս 1 միլիոնի մօտ հայութիւն։ Քիչ մը պակաս թերեւս 500.000-էն 700.000-ի չափ հայութիւն ցրուած սովետական տարածքի վրայ, ռուսական տարածքի վրայ որպէս Սովետական Միութեան մէջ գտնուող սփիւռք եւ 1.5 միլիոնի չափ ալ հայութիւն սովետական սահմաններէն դուրս։

Արտասահմանեան սփիւռքը, որուն մաս կը կազմէք դուք՝ ինծի ունկնդրողներ, այս րոպէին ցրուած սփիւրք աշխարհի՝ Ամերիկա, Հարավային Ամերիկա, Պարսկաստան, Սուրիա, եւ այլն, եւ այլն։ Ի՞նչ վիճակի մէջ է հայ ժողովուրդի քաղաքական մտածողութիւնը։ Այնտեղ եւ կը գտնենք գլխաւորաբար  երեք մօտեցումներ հայ ժողովուրդի քաղաքական դատի, որոնք հետեւեալներն են: Նախ կը յիշատակեմ, ապա կը մանրամասնեմ:

Կայ առաջին մօտեցում, որ միջազգային մօտեցում մըն է, որ կը համարէ, թէ ազգերը ժամանակաւոր երեւոյթներ են, ազգերը չեն, որ կարեւոր են, կարեւորը մարդկութիւնն է իր ամբողջութեան մէջ եւ այդ մարդկութեան մէջ ճնշուած դասակարգերը եւ այդ ճնշուած դասակարգերուն համար, անոնց […] համար մղուող միջազգային պայքարը։ Երկրորդ մտածողութիւնը, որ գոյութիւն ունի, որ ազգային է անկասկած, սակայն մտայնութիւն մըն է, որ կը բացատրուի ազգային հատկանշող երեւույթներով միայն եւ քաղաքական պահանջք չի դներ, պահպանողական մտածողութիւն մըն է, որուն բացատրութիւնը, մանրամասնութիւնը քիչ վերջ անմիջապէս պիտի տամ։ Երրորդ քաղաքական մտածողութիւնը ազգային է, սակայն իր մէջ կը պարունակէ նաեւ քաղաքականը, չի բաւարարուիր միմիայն ազգային յատկութիւններու արտաքին արտահայտութիւններով: Կը պահանջէ նաեւ ազգային այդ յատկութիւնը առաջացնող քաղաքական տվեալներու ձեռք տրուիլը:

Մանրամասնենք մէկ առ մէկ այս երեք մօտեցումները, որպէսզի կարենանք եզրակացութիւն մը հանել եւ ըմբռնենք, թէ Հայ Դատը ինչպէս պէտք է ներկայանայ մեր ժողովուրդին կամ ինչպէս պետք է ըմբռնենք զայն:

Միջազգային մտայնության տէր եղող անհատներ կան հայության մէջ անկասկած, որոնց համար ազգը երկրորդական արժէք է. անոնք կ՚անդրադառնան, որ իրենց վարդապետութեան մէջ ազգը երկրորդական արժէք ըլլալով հանդերձ ներկայիս տակաւին չեն կրցած հասնիլ այն աստիճանին, երբ ազգերը պիտի վերանան եւ կարելի պիտի ըլլայ բոլոր աշխարհի ժողովուրդները խառնել իրար որպէս մէկ մարդկութիւն եւ միմիայն աշխատաւոր ու բանուոր դասակարգի ազատագրմամբ զբաղուիլ:

Ատոր համար ալ անոնք ազգային երեւոյթները կ՛ընդունին որպէս ժամանակաւոր չարիք, որուն պէտք է համակերպուիլ։ Հայոց ազգային ձգտումներն ալ կը տեղաւորեն այդ ժամանակաւոր չարիքի ըմբռնողութեան մէջ: Եւ կ՛ըսեն, քանի որ հայերը այսքան […] ազգային նկարագրով, ազգային մշակույթով, ազգային քաղաքական իտեալներով, հետաքրքրուած են եւ անոնցմով կը զբաղուին, վնաս չի տար, թող զբաղուին, մենք ալ քիչ մը այդ ջուրին հետ կը քալենք, սակայն մեզ համար ազգայինը երկրորդական է, երրորդական է։ Էական է այս ժողովուրդը օգտագործելն է ի նպաստ միջազգայնական նպատակներու: Այս տեսութեան մէջ հիմնական սխալը ազգային ըսուած երեւույթը արհեստական համարելն է։ Կարծեք թէ ազգային երեւույթը կարելի է վերցնել աշխարհէն քարոզութեամբ եւ կամ դաստիարականութեամբ: Եթէ այսպէս եղած ըլլար, արդէն ազգային երեւույթը պէտք չէ որ յառաջացած ըլլար անցնող միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին։

Եթէ միլիոնաւոր տարիներու կյանք ունեցող մարդկության մէջ կամաց- կամաց խմբաւորումներ առաջացած են, լայն խմբաւորումներ, որոնք ազգ կը կոչուին, հազարաւոր տարիներու կյանքի արդիւնք են՝ որոշ երկրամասի մէջ ապրած, ապա ուրեմն պէտք է ընդունինք, որ ան բնական երեւոյթ է, ոչ թէ արհեստական երեւոյթ, որուն անտեսելը, ազգային ձգտումները [անտեսելը մեզ] ոչ մէկ տեղ կը հասցնէ, [որուն] ոչ մէկ միջազգային վարդապետութիւն կը դիմանայ]։

Կու գանք երկրորդ մտածողութեանը։ Երկրորդ մտածողութիւնը՝ պահպանողական մտածողութիւնը, կ՚ըսէ՝ լեզուն, կրօնքը, եկեղեցին, մշակոյթը հայկական պահենք- պահպանենք, աւելիին ձգտիլը իմաստ չունի, յիմարութիւն է։ Պիտի մտածենք,որ մեր ժողովուրդը Թուրքիոյ ձեռքին տակ եղած ժամանակ աւելիին ձգտեցանք, 1.5 միլիոն հայը կոտորեցին։ Հիմա արկածախնդրութեան մէջ չիյնանք, աւելի բաներ մի պահանջէք, Հայաստան մը կայ, այդ Հայաստանի մէջ ժողովուրդ մը կայ՝ հայերէն կը գրէ, հայերէն կը կարդայ, հայ մշակոյթ կը պանծացնէ, հայ գիտնականներ կը պատրաստէ, աւելիին մի ձգտիք, վերջը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:

Երեւութապէս առաջին քննութեամբ տրամաբանական բան մը կայ, մեզ կը թուի, որ իսկապէս ինչ պէտք կայ այլեւս ուրիշ բանի մասին խօսիլ, ինչ պէտք կայ անկախութիւն բառը գործածելու, ինչ պէտք կայ ազատութիւններու ձգտելու, ինչ պէտք կայ այլեւս հողերու ամբողջութեան մասին խոսելու․ հայկական լեզու կայ, մշակոյթ կայ, պահենք, պահպանենք, ավելին չի ձգտինք: Այսպէս մտածողները հիմնական ահաւոր մեծ սխալ մը կը գործեն, որուն պէտք է որ անդրադառնանք, հետեւեալն է․ երկու սխալ [կայ այստեղ]:

Առաջին. եթէ հայ լեզուն, հայ մշակույթը, հայ կրօնքը ու եկեղեցին [բաւարար էին] ազգը յաւիտենականացնելու համար, այն ժամանակ ինչպէ՞ս է, որ Լեհաստաններ գաղթած 200.000 հայու հետքը չի կայ այսօր։ Երբ որ Լեհաստան գացին, հայերը եկեղեցի ունէին, կրօնք ունէին, ուսուցիչ ունէին, լեզու ունէին, գրականութիւն ունէին, այսօր չունին։ Եթէ լեհական օրինակը շատ հեռու է, այն ժամանակ թող ինծի պատասխանեն, թէ ասկէ 70-80 տարիներ առաջ կամ 90 տարի առաջ Հիւսիսային Ամերիկա գաղթած հայութեան 400.000, 200.000-ը ո՞ւր է այսօր։ Եկեղեցիով եկան, հայերէնով եկան, թերթ ունէին, գրականութիւն ունէին, կրնային հետեւիլ թերթին, գրականութեան, կրնային եթէ պետք ըլլար նաեւ հայերէնը սորվելու, ճիգ մը ընել դպրոց բանալու տեսակետէն, եկեղեցի ունէին ամէնայնդէպս, ո՞ւր է այդ 200.000 հայը, անյայտ կորսուած է 60 տարուայ մէջ:

Լեզուն չէ բաւած զինքը փրկելու, կրօնքը չէ բաւած զինքը փրկելու, մշակոյթը չէ բաւած զինքը փրկելու եւ նաեւ պէտք է հարց տայ այդ մտածողութեան, որ զանգուած է, թէ ազգային մշակոյթ եւ ազգային լեզու, երբ կ՚ըսուի, որուն վրայ կը դողդողան, եւ պետք է պահենք, դողանք վրան, աւելի մի պահանջէք։ Այդ ազգային լեզուն եւ մշակույթը ինչպէս ստեղծուած են, կը ստեղծուէր հայոց լեզուն, գրականութիւն եւ մշակոյթ 5-րդ դարու, ոսկէ դարու գրականութիւն, եթէ գոյութիւն ունեցած չըլլար, Արշակունեաց պետականութիւն, Բագրատունեաց պետականութիւն, յետագային՝ Ռուբինեանց պետականութիւն առանց անկախ պետականութեան ժողովուրդները կը հասնի՞ն մշակոյթի այս բարձրութեան։

Եւ վերջապէս երկրորդ սխալը, որ կը գործուի […]հետեւեալն է: Հետաքրքրական է, թէ ինչո՞ւ կուզեն այդ մտածողութեան տէր մարդիկ, որ հայ ժողովուրդը ամուր կառչի իր լեզուին, իր մշակոյթին, իր կրօնքին, [ուզէ] պահել պահպանել լեզուն, մշակոյթը, կրօնքը, եթէ ուրիշ նպատակ չունի իրենց ուղեղը. ի՞նչն է, որ իրենց կը մղէ այնքան բուռն կերպով գուրգուրալու այս մշակոյթին վրայ, այս լեզուին վրայ։

Հարց կու տամ՝ մի՞թէ անգլիական մշակոյթը մշակոյթ չէ, մի՞թէ անգլերէն լեզուն հարուստ լեզու չէ։ Ինչո՞ւ այդ հայկական մշակոյթի, հայկական լեզուի վրայ կը դողայ նոյն այդ պահպանողականը․ եթէ միայն մշակոյթն է իր նպատակը, թերեւս աւելի մեծ մշակոյթ է,  քաղաքական մշակոյթ. եթէ աւելի հարուստ լեզու է ֆրանսերէնը, քան հայերէնը, ինչո՞ւ հայկական մշակոյթը։ Մի՞թէ ամերիկեան մշակոյթը մշակոյթ չէ, գերմանական մշակոյթը մշակոյթ չէ, եթէ նպատակը խումբ մը մարդոց,  3-4 միլիոն մարդուն լաւ մշակոյթով մը օծելն է, լաւ մշակոյթ մը տալն է։ Լա՛ւ,  թողունք այն ժամանակ մեր զաւակները, որ հանգիստ կերպով, առանց […], առանց յոգնութեան ձուլուին անգլիական մշակոյթի մէջ եւ տէր դառնան աւելի մեծ մշակոյթի, քան հայկական մշակոյթն է։ Ձուլուինք գերմանական մշակոյթի մէջ եւ տէր դառնանք աւելի համբաւավոր մշակոյթի, քան հայկականն է, ձուլուինք ֆրանսական մշակոյթի մէջ եւ տէր դառնանք ֆրանսերէն լեզուին, որ աւելի հարուստ լեզու է, քան հայկականը:

Եթէ այդ պահպանողական մտայնութեան մարդոց միայն նպատակն է լեզուն եւ մշակոյթը, ահաւասիկ ձեզի երեք  լեզու․ երեք մշակոյթ, որոնց մէջ կարելի է ձուլուիլ։ Ոչ, մինչեւ անգամ իրենց ուղեղին մէջ, թէեւ չեն խօսիր եւ չեն ըսեր հիմնականը հայ մշակոյթն է, հայ բառը իրենց համար ալ առաջին տեղը կու գա։ Լա՛ւ, եթէ հայ բառը առաջին տեղը կու գայ, ինչպէ՞ս է, որ չեն պատասխաներ հիմնական հարցումին՝ հայը առանց հայ մեծաքանակութեան, հայը առանց ազատ անկախ երկրի կրնա՞յ մնալ յաւիտեանս որպէս հայ, չի՞ ձուլուիր վերջ ի վերջոյ մեծ պետութեան մը մշակույթի եւ լեզուին մէջ, եթէ օր մը չի ձգտի, չի հասնի իր այս անկախ պետականութեան եւ անկախ հայրենիքին։

Եթէ այդ մասին պատասխանել ուզեն տրամաբանութեան կարգով, պարտաւորուած են խոստովանիլ եւ ըսել, որ այո, ուշ կամ կանուխ, եթէ ժողովուրդ մը սեփական ազատ հայրենիք չունի, անկախ պետականութիւն չունի, ուշ կամ կանուխ այս ժողովուրդը պիտի կլլուի մեծ ժողովուրդին կողմէ եւ մէկ մասը պիտի դառնայ այդ մեծ ժողովուրդին։ Կրնանք շատ, շատ աւելցնել եւ ըսել՝ մենք ալ համաձայն ենք երկրորդ մտածողութեան հետ, հայութեան հետ, որ կարեւոր է ազատութիւնը, անկախութիւնը ժողովուրդին համար, բայց հիմա ժամանակաւորապէս չխօսինք այդ մասին։

Ասիկա տարբեր հարց է, ասիկա տարբեր մօտեցում է ինչպէս կ՝անդրադառնանք այս մօտեցման: Երկրորդ մտածողութիւնը կ՚ըսէ՝ հայ ժողովուրդը դարերով եթէ ապրէր է, պայքարելով սեփական պետականութե՚ն հասնելու ձգտումով, պայքարելով այդ պետականութեան համար։ Մէկ կողմ թագաւորութիւնը ինկած է, միւս կողմ թագաւորութիւնը ոտքի ենք հանած։ Բայց այդ թագաւորութիւնը խորտակուած է, գացեր ենք Կիլիկիա եւ Կիլիկիան թագաւորութիւն ենք հիմնած, Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը ինկած է, 700 տարի վերջ գացեր ենք Արարատեան դաշտ, Արարատեան դաշտի մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւն ենք հիմնած, ասոր շնորհիւ է, որ հայոց ժողովուրդը կրցած է մնալ: Ասոր շնորհիւ է, որ հայը կրցած է մնալ, առանց ասոր հայը Լեհաստանի գաղութին կը վերածուի, առանց ասոր հայը անպայման կ՚օտարանայ , եթէ չկայ հայուն մէջ իր բոլոր պետական իրաւունքներու հասնելու ձգտումը, անիկա դատապարտուած է կորստեան:

Երրորդ մտածողութիւն մը [կայ, որը] եւս կը պաշտէ հայ մշակույթը, կը պաշտէ հայ լեզուն, կը պահէ եւ պահպանէ հայ եկեղեցիին, զորաւիգ է՝ բոլոր հայկական աւանդութիւններուն, բայց վրան կ՚աւելցնէ այս բոլորին հիմնական մղիչ ուժը, այդ բոլորը արժեքաւորող հիմնական մասը՝ քաղաքական մասը, քաղաքական իտեալներուն մասը, քաղաքական ձգտումներու մասը, քաղաքական ազատութեան եւ անկախութեան  մասը, առանց որուն եւ ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ ապրիլ եւ դիմանալ, անպայման կերպով կը ձուլուի եւ անհետ կորսուի աշխարհի երեսէն:

Կան, անշուշտ, մասնակի մոտեցումներ այս գլխաւոր երեք մօտեցումներուն կողքին։ Անոնցմէ մէկը որպէս միջոց, որպէս կիսամիջոց կ՚առաջարկէ, թէ՝ լաւ, հիմա եթէ քաղաքական անկախութեան հարց է, եկէք ներկայ Հայաստանի մասին մի խօսիք, մի ակնարկէք բնաւ, քանի որ ռուսական հովանաւորութեան տակ կը ծաղկի, կ՚աճի, կը բարգաւաճի, եւ աչքերնիդ դարձուցէք Թրքահայաստան, եթէ կրնաք անտեղէն կտոր մը հող փրցուցէք ու այդ կտոր մը հողին վրայ առանձին մէկ հատ Հայաստան մը շինեցէք, երթանք ազատ, անկախ ապրինք։

Իհարկէ աղուոր փափաք է, չեմ ըսեր, թէ անկարելիութիւն է, որովհետեւ անմիջապէս մէկը կրնայ առարկել, թէ՝ լաւ, այդ քո կամ ձեր մատնանշելը, որ միացեալ ազատ անկախ Հայաստանն ալ անկարելիութիւն է այսօր։ Այդ չէ, որ պիտի առարկեմ որպէս առարկութիւն այդ ծրագրին կամ առաջարկին, այլ պիտի յիշեցնեմ, թէ մինչեւ անգամ եթէ նման բան մը իրականանայ, այսինքն Արեւմտեան Հայաստան մը առանձին ազատ եւ անկախ պետութիւն ինչպէս կայ՝ Հիւսիսային Քորեա, Հարաւային Քորիա, Հիւսիսային Վիէթնամ, Հարաւային Վիէթնամ, Արեւելեան Գերմանիա, Արեւմտեան  Գերմանիա, մինչեւ անգամ եթէ իրականանայ նման բան մը, իրականացումէն ետքն ալ հայ ժողովուրդը պիտի ձգտի միանալու իրարու, չի կրնար չձգտիլ միանալու իրարու, կազմելու մէկ ամբողջութիւն, որովհետեւ ամբողջութիւնն է միայն կրնայ առողջ ըլլալ, ամբողջութիւնն է միայն կրնայ իսկապէս ծաղկիլ, բարգաւաճիլ եւ ուժեղ ըլլալ։ Ինչպէս կը ձգտին այսօր իրար միանալու անտեղի տալով կերպով Արեւմտեան Գերմանեան եւ Արեւելեան Գերմանեան եւ Հիւսիսային Քորիա եւ Հարաւային Քորիան արհեստական այդ բաժանումները, արհեստական երկու պետութեան ստեղծումները ժամանակաւոր երեւույթ կրնան ըլլալ միմիայն եւ երբեք մնայուն երեւույթ։

Ատոր համար ալ նման մասնակի առաջարկ մասնակի հանգամանքեն դուրս չի կրնար գալ: Ոմանք կ՚ըսեն որպէս մասնակի առաջարկ՝ լա՛ւ, ներկայ Հայաստանով գոհանանք, աշխատինք, որ ներկայ Հայաստանը դուրս գայ իր ներկայ վիճակէն և վերածուի […] նման [բոբուլըր՞] տեմոքրադիք պետութեան մը, հաւանաբար աւելի անկախ, քան ներկայիս է։ Այս ալ մասնակի մօտեցում մըն է, գրավիչ կրնայ ըլլալ, բայց նորէն իր մէջ կը պարունակէ անկէ վերջը գալիքը, անկէ վերջի համար ժողովուրդը հիմնական ձգտումը, որը պէտք է [ըլլայինի հարցը]։

Կայ, անշուշտ, վերի շատ օրինակներ բերելով նորէն ներկայ քաղաքական վիճակով ամբողջովին բաւարարուելու պահանջ մը. շատ, շատ ներքին սահմանները սրբագրենք, Ղարաբաղը առնենք, միացնենք կամ […] եթէ Նախիջեւան [առնենք], եթէ կարելի ըլլար ռուսին համոզել, որ այդ հողամասերը մեր Հայաստանին տային, […]։ [Կայ նաեւ] «կը բաւէ, մի խօսիք, մի պահանջէք, մի խօսիք, ռուսը կրնայ վշտանալ, կրնայ զայրանալ եւ հայութիւնը կրնայ կորսնցնել» մտայնութիւնը:

Ասոնք բոլորն ալ կիսամիջոցներ են: Եւ մեզմէ ոչ մէկը կիսամիջոցին իրականացման դէմ չէ, եթէ իրականանայ: Թող ոչ ոք մեզ սխալ հասկնայ, եթէ Հայաստանի ներքին սահմանները սրբագրուին, Ղարաբաղ մը կամ Նախիջեւան մը միանայ Հայաստանին, այդ սահմանի մէջ գտնուողները կամ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ Հայ Դատի արտասահմանեան բաժին կը ղեկավարէ, ազգային քաղաքական այդ ուղղութեամբ տխուր չի ըլլար, ուրախ կ՚ըլլայ, դժգոհ չի ըլլար, գոհ կ՚ըլլայ: Բայց այդ չի նշանակեր, թէ […] պէտք է սահմանել ուրեմն ներկայ Հայաստանին ներքին սահմաններու սրբագրութեամբ. ատիկա մէկ մասն է։

Ինչու՞ չէ, եթէ մէկ մասը իրականացաւ, աւելի լաւ, բայց Հայ Դատը մասերով չէ կարելի ըմբռնել։ Հայ դատը մէկ ամբողջութիւն է, նոյնպէս ամբողջութիւն պէտք է ըմբռնել։  Հայ Դատը իր մեջ կը պարունակէ անպայման մեր 2/3-րդ հողերուն ազատագրութիւնը լուծել։ Հայ դատը իր մէջ կը պարունակէ անպայման բոլոր հայկական հողերուն միացումը իրարու, Հայ Դատը իր մէջ կը պարունակէ անպայման այդ բոլոր իրար միացած հողերուն վրայ հայ ժողովուրդի հաւաքուիլը՝ մէկ տեղ լինելը որպէս մէկ ամբողջութիւն, եւ Հայ Դատը իր մէջ կը պարունակէ անպայման այս ժողովուրդին ինքը տէրը ըլլալը այս երկրին, իր ճակատագրին ղեկավարը ինքը ըլլալը, իր ազատ եւ անկախ պետականութեամբ:

Ազատ եւ անկախ պետականութիւն, հայրենակիցներ, չի նշանակեր՝ թշնամանք ասոր կամ անոր։ Ժողովուրդները երբ որ ազատ պետութիւն մը ունին, անպայման կերպով ասոր թշնամի եւ անոր դաշնակից չեն։ Բազմաթիւ ժողովուրդներ բարեկամ են բոլորին, եւ եթէ հայը այսօր կը ձգտի իր ամբողջական քաղաքական իրաւունքներուն հասնելու, իր մտքին մէջ չկայ թշնամանք ոչ ռուսին հանդէպ, ոչ Արեւմուտքին հանդէպ։

Իր հիմնական իրաւունքներուն տիրանալու պահանջքը ոչ մէկ պետութիւն կը համարէ իր դէմ ուղղուած թշնամանք. իրաւունքը չունի համարելու։ Ամէն մէկ պետութիւն եւ ամէն մէկ ազգ կը գիտակցի, թէ ինչպէս ինք կը ձգտի իր սեփական գոյութեան պահպանման,  իրաւունքներու պահպանման, իր դիմացի ազգն ալ համահաւասար չափով իրաւունք ունի ձգտելու իր բոլոր քաղաքական իրաւունքներուն տիրանալու:

Որով երբ որ մենք Հայ Դատը կը սահմանենք որպէս մէկ ամբողջութիւն, պէտք չէ կարծել, թէ այդ ամբողջութեան իրականացման մարզին մէջ անպայման մեր մտքին մէջ կը մտնէ թշնամանք մը հանդէպ Ռուսաստանի։ Բնաւ երբեք: Ընդհակառակը, ինչպէս պիտի տեսնենք Հայ Դատը չի կրնար լուծուիլ առանց Ռուսաստանի, Խորհրդային Ռուսաստանի գործակցութեան կամ համաձայնութեան։ Ինչպէս չի կրնար լուծուիլ առանց Արեւմուտքի, առանց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գործադրութեան եւ ընդունելուն։ Այն, ինչ որ այս րոպէիս կ՚ըսեմ այն է, թէ հայ ժողովուրդը կը ձգտի եւ պիտի ձգտի հասնելու իր իրաւունքներուն՝ ամբողջական հողային ամբողջութեան, ժողովրդի ամբողջութեան, քաղաքական իրաւունքներու ամբողջութեան առանց ոեւէ թշնամանքի ոեւէ մէկուն հանդէպ։

Լա՛ւ, հարց կը տրուի՝ ի՞նչ կարգով, ի՞նչ ճանապարհով պէտք է լուծել այդ առաջարկուած Հայ Դատը։ Ի՞նչ օրիանդասիոն կամ օրիենդացիա պէտք է որդեգրել, որպէսզի Հայ Դատը լուծուի։ Պէտք է դիմել մեծ պետութեան մը, բարեկամութեան կարիքը կա՞յ։ Մինակնիս ինչպէ՞ս կրնանք լուծել Հայ Դատը, պէ՞տք է արդեօք ռուսական դիմաշրջում որդեգրել, անգլիական դիմաշրջում որդեգրել, ամերիկեան  դիմաշրջում որդեգրել:

Այդ հարցումը տուած ժամանակ ոմանք կ՚ըսեն, անշուշտ, որ քանի որ [Ռուսաստանը] ներկայ Հայաստանի վրայ է նստած է, հոն է, ներկայ է, քանի որ Հայաստանը Ռուսաստանի [Խորհրդային Միութեան] սահմաններուն մէջ կը գտնուի, քանի որ հինէն ի վեր ռուսները բարեկամ եղած են հայ ժողովուրդին, քանի որ հայ ժողովուրդը հինէն ի վեր սպասած է անդադար որ քեռին գայ եւ զինքը փրկէ, խաչապաշտ ռուսը  գայ։ Անցեալի մասին է։ Խաչապաշտը հիմնարկութիւնը կրօնքին այնքան չեն հաւատար եւ քանի որ ռուսը չէ վերջ ի վերջոյ որ հայ ժողովուրդը կը կոտորէ՝ ինչպէս թուրքը կը կոտորէ եւ մեր մեծ դրացին է, ապա ուրեմն հայ ժողովուրդը պէտք է որդեգրէ, կ՚ըսեն այդպէս մտածողները, ռուսական դիմաշրջում։ Հայ ժողովուրդը պէտք է յայտարարէ աշխարհին, անոնք կ՚ըսեն, որ ինքը հայկական հարցի լուծումը կը սպասէ Ռուսաստանէն եւ ոչ թէ արեւմտեան աշխարհէն։

Կան, անշուշտ, ուրիշ մտածողութեան տէր հայ զանգուածներ կամ խմբակներ, որոնք կ՚ըսեն, թէ հայը պէտք չէ ունենայ ռուսական դիմաշրջում, պէտք է ունենայ անգլիական դիմաշրջում։ Երկար ատեն գիտէք, որ Անգլիան Միջին արեւելքի եւ նաեւ աշխարհի քաղաքագիտութեան առաջնորդող ուժն է, եւ մինչեւ այսօր ալ հակառակ առաջին կարգի ուժին իր հանգամանքէն ետ մնացած ըլլալուն, իր փորձառութեամբը կը մնայ առաջնակարգ ուժերէն մէկը այդ հարցին  մէջ։

Ուրիշներ կ՚ըսեն Ամերիկան անցած է աշխարհի մեծ ազգերու [շարքին], ամենէն մեծը դարձած է, առաջնակարգը տեղը ամերիկացին է, ապա ուրեմն հայ ժողվուրդը պէտք է վերջնական կերպով ամերիկեան դիմաշրջում որդեգրէ, յայտարարէ, որ այդպէս է իր քաղաքականութիւնը եւ այն ժամանակ կ՚իրականանայ Հայ Դատի լուծումը:

Լաւ է, որ միասին քննենք այս հարցը, որպէսզի մի անգամ ընդ միշտ պայծառ յստակ գաղափար մը ունենանք, թէ ինչ դիմաշրջում պետք է հայը որդեգրէ, որպեսզի իր դատը կարենայ իրականացնել:

Երբ կ՚ըսենք եւ կամ երբ կ՚ըսեն պէտք է ռուսական դիմաշրջում որդեգրել եւ կը մատնանշուի ռուսին ներկայութիւնը, ռուսին բարեկամութիւնը, ռուսին թուրքին դէմ կռուած ըլլալը, կ՚ըսուի, որ ռուսը Թուրքիայէն պահանջքներ ունի, ապա ուրեմն մեր թշնամիներէն պահանջքներ ունի, մեզի բարեկամ կրնայ ըլլալ։

Հարց կուտամ՝ ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ հայ ժողովուրդը ռուսական դիմաշրջումը հայտարարելէն վերջը պաշտօնապէս Թուրքիան հայտարարեց, որ ինք եւս ռուսական դիմաշրջում ունի։ Ինչո՞ւ արդեօք ռուսը պիտի նախընտրէ հայ ժողովուրդը, եւ չպիտի նախընտրէ Հայկական բարձրավանդակի վրայ նստած տէր եւ տիրական թուրքը. հարց է։

Հարց կուտամ՝ ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ հայը յայտարարէ, թէ ինքը ռուսական դիմաշրջում ունի եւ թուրքը յայտատարէ, թե ինքը վերջնականօրէն ամերիկեան դիմաշրջում ունի։

Ամերիկան նստած է թրքական հողերու վրայ՝ իր զինուորական օժանդակութեամբ, այդ ինչպէս՞ կը տեսնուի, եթէ ռուսական դիմաշրջումը յայտարարենք ալ մեր հարցը կը լուծուի եւ ռուսները կ՛առնեն, ինչպէս կ՚առնեն, երբ հսկայ Ամերիկան նստած է Ռուսիո կողքին եւ Թուրքիոյ նպաստող ուժ է տնտեսապէս, զինուորականօրէն։

Հարց կու տամ՝ այս «Ռուսը հայուն բարեկամ է» նախադասութիւնը ո՞ւրկէ կու գայ, ի՞նչ հիմք, ի՞նչ փաստ ունի եւ այս ե՞րբ է, որ մեծ ժողովուրդները բարեկամ կ՚ըլլան փոքր ժողովուրդներու՝ իրապէս բարեկամ ըլլալու հասկացողութեամբ։ Ե՞րբ է ռուսը տուած իր բարեկամութեան ապացւյցը այն ժամանակ, երբ որ Լոպանովը [Լոպանով-Ռոստովսքի] Հայաստան կ՚ուզէր առանց հայու, այդ օրերուն հայկական բարեկամութեան ապացո՞յցը տուած է այն օրերուն երբ որ Հայաստանը կը ծրագրէր կազակներով բնակեցնել։

Ռուսը հայուն հանդէպ իր բարեկամութեան ապացո՞յցը տուած է արդեօք այն օրերուն, երբ 1920-ին ան Մուստաֆա Քեմալին կը զիներ Հայաստանի դէմ, ե՞րբ տուած է այդ ապացոյցը. այն օրերո՞ւն, երբ որ Կարսը եւ Արտահանը կը պահանջուէին վրացիներուն  համար, ո՞ր մէկ յայտարարութեամբ այդ ռուսական [ուղղութեան] պաշտպանները կրնան ապացուցանել, որ ռուսը հայուն բարեկամ է։

Սխալ չի հասկնաք, անմիջապէս պիտի պատասխանեմ՝ կրնա՞ք ինծի տալ ապացոյցը ռուս մեծերուն՝ բարեկամութեան հայերուն, անգլիացիին՝ հայուն հանդէպ կամ ամերիկացիին՝ հայուն հանդէպ։ Այդ ե՞րբ է յայտարարած այդ բարեկամութիւնը հայուն հանդէպ Թուրքիոյ [զորակից] եւ օգնող այսօր՝ ռուսը թէ ամերիկացին։ Երբ որ հարցը կը քննենք առարկայական ձեւով, իրաւունք չունինք մեղադրելու ոչ Ռուսաստանը, ոչ Ամերիկան։ Ասոնցմէ ամէն մէկը իր շահը պիտի հետապնդէ, ասոնցմէ եւ ոչ մէկը պարտաւոր է հայուն հանդէպ բարեկամութիւն ունենալու, բարեկամութիւն գործածելու։ Բարեկամութիւն  քաղաքական աշխարհի մեջ այն բառն է, որ որպէս դիւանագիտական միջոց կը գործածեն մեծերը։

Ճիշտ է, կը յայտարարեն մեծերը՝ մեծ, փոքր, մեծ դաշնակիցը, հայ ժողովուրդը, մեր բարեկամը հայ ժողովուրդը, որուն համար մենք այսքան պարտական ենք, այսքան արիւն թափեց, այնքան կոտորուեցաւ, մենք իրեն պիտի տանք Հայաստանը, դէպի սահմանները կը գտնուին։ Եւ երբ որ քիչ մը Քեմալը կ՚ուժովնայ ռուսական օժանդակութեամբ, Քեմալ ինչպէս եւ ինչպէսով  Հայկական հարցը կը տարուի Լոնտոն եւ Լոնտոնի մէջ կը թաղեն: Բարեկամութիւնով կը վերջանայ։ Ոչ մէկ քաղաքական քննութեան կը դիմանայ ոեւէ մեծ պետութեան բարեկամութեան այս խօսքը կամ արտայայտութիւնը:

Ոչ մէկ քաղաքական լուրջ քննութեան կը դիմանայ այս կամ այն մեծ պետութեան օրիենդացիա ունենալու փափաքը, տրամադրութիւնը եւ այն կարծիքը, թէ եթէ օրիենդացիան ունեցանք, ուրեմն կը լուծուի մեր Հայկական հարցը։ Ո՛չ, սիրելի հայրենակիցներ, հայ ժողովուրդը պէտք է ունենայ միայն մէկ օրիենդացիա, մէկ դիմագիծով՝ հայկական դիմաշրջում։ Այս հայկական դիմաշրջում բառը, իհարկէ, ինչպէս ըսի, իր մէջ չպէտք է պարունակէ մեծամտութիւնը կարծելու համար, թէ եթէ հայը կրցաւ միակամ կերպով իր ազատութեան, անկախութեան հողերու ամբողջացման քաղաքական պայքարը մղել, իր ուժերը այնքան բաւարար են ու անմիջապէս դիւրաւ կրնայ յաղթել, ներկայ դժուարութեամբ թուրքը քշել հրապարակէն, ռուսը քշէ այն կողմէն, ամերիկացին՝ այս կողմէն եւ երթալ տիրանալ հայրենիքին։

Այսպիսի մանկական մտածողութիւն, իհարկէ, մենք չունինք եւ ոչ ոք պէտք է ունենայ քաղաքական աշխարհի մէջ։ Դէպքերը այդպէս չէ, որ կ՛ընթանան։ Անմիջապէս կը ծագի հարցը ուրեմն՝ ինչպէ՞ս կրնայ լուծուիլ Հայ Դատը, եթէ դուք կը յայտարարէք, որ պէտք է միայն հայկական օրիենդացիա ունենանք։ Ապա ուրեմն ո՛չ Ամերիկայի պաշտօնական բարեկամութիւն ունինք, ո՛չ Ռուսաստանի պաշտօնական բարեկամութիւնը ունինք։ Ահա Ամերիկան նստած է Թուրքիոյ մէջ, անտեղէն քաշուելու պատճառ մը չունի ներկայիս, Ռուսաստանը նստած է Հայաստանի վրայ, այդ Հայաստանի անկախութիւն տալու պատճառ մը չունի ներկայիս։ Ուրեմն ձեր այս միացեալ ազատ անկախ Հայաստանի գաղափարը, որ հայոց ժողովուրդի քաղաքական բոլոր իրաւունքներու ձգտելու, հողերու ամբողջացման գաղափարը միմիայն պատրանք է, միմիայն երազ է, անիրականանալի երազ, թուղթի վրայ խօսք։

Այդ ամբաստանութիւնը կրնայ անմիջապէս գալ, ուրեմն պէտք է քննել, թէ ինչպէ՞ս կրնայ լուծուիլ Հայկական հարցը, որով եթէ համոզուած չըլլայի, թէ Հայկական հարցը կրնայ լուծուիլ հայկական դիմաշրջման, հայկական առողջ քաղաքականութեան միակամ կերպով իր բոլոր իրաւունքներուն ձգտելով, ես ձեզի երբեք պիտի չխօսէի առանց համոզումի եւ առանց հաւատքի։ Բայց նախքան քննելը, թէ ինչպէ՞ս կրնայ լուծուիլ Հայկական հարցը, ստիպուած ենք դարձեալ երեւակայութեան ճիգ մը ընել միասին։

Վայրկեան մը համար երեւակայեցէք, որ հայուն իդեալը իրականացած է։ Հայկական բոլոր հողերը թուրքին ձեռքէն ազատագրուած են, միացած են, մեկ ամբողջութիւն կազմած են ներկայ Հայաստանի հողերուն հետ եւ Հայաստանն ալ իր անկախութիւնը ստացած է։ Երեւակայութիւն է, որ կ՛ընենք մէկ վաjրկեանի համար, որպէսզի ըմբռնէք, թէ ինչ կ՛ուզեմ ըսել, եւ հայկական ազատ եւ անկախ կառավարութիւն մը կը տիրէ Հայկական բարձրավանդակին։ Թուրքերը չեն, որ տերն են այդ բարձրավանդակին, այլ հայ ժողովուրդն է։

Երեւակայենք վայրկեան մը․ հայ ժողովուրդ Հայաստանին հոսելով դեպի հարաւ, դեպի արեւմուտք կամ արտասահման քանի մը հազարով, 100 հազարով, 200 հազարով գացած է, Ռուսաստանէն եկող հոսանքով ռուսական սփիւռքի հայութենէն լեցուցած է իր հողերը, քիչ թէ շատ սկսած է աշխատիլ, իր դարաւոր հայրենիքը, որուն վրայ միայն ինք կրնայ ապրիլ եւ դիմանալ այդ կլիմային, շենցուցած է, ծաղկեցուցած է՝ փոխանակ անոր ներկայ դատարկ վիճակին, դատարկ, որ այնքան որ տեւաբար վտանգի մէջ է, տեւաբար սպառնալիքի տակ է երկիրը, տեւաբար մտահոգութիւնը կայ այդ երկրի վրայ նստած թուրքին համար եւ թուրքին կռնակ կանգնած ամերիկացիին համար, որ այս պարապութիւնը այլեւս պէտք չէ, կարելի չէ ձգել, եթէ այսպէս մնայ, Ռուսաստանը ներս կը մտնէ, ուրեմն պետք է ամերիկյան հրթիռները հոն ըլլան, ամերիկյան օդային [ուժերը] պէտք է հոն ըլլան, ամերիկեան ռումբերը պէտք է հոն ըլլան պաշտպանելու համար այդ երկիրը։

Եթէ այդ պարապութիւնը լեցված է, եւ հոն ապրող ժողովուրդ մը կայ կենսունակ, շէն, շէնցնող եւ զարգացնող եւ միաժամանակ այդ ժողովուրդը բարեկամական կեցուածք ունի բոլորին հանդէպ, երեւակայենք վայրկեան մը, որ այդ Հայաստանը ազատ, անկախ եւ միացեալ առաջին օրէն իսկ տեւաբար կը յայտարարէ իր չեզոքութիւնը միջազգային գետնի վրայ։ Իր անհաշտ բարեկամութիւնը եւ Ռուսաստանի, եւ Արեւմուտքի, եթէ այս Հայաստանը իր ճարտարարուեստով հարստացած կը դառնայ փոխանակութեանց կամուրջ Ռուսաստանի եւ Միջին Արևելքի միջեւ, Ռուսաստանի եւ Պոլսոյ վրայէն եւ Արեւելքի միջեւ, արեւմտեան աշխարհի եւ Արեւելքի միջեւ։

Եթէ այդ Հայաստանը իր քաղաքական չեզոքութեամբ ապահովութիւն մը կը դառնայ Արեւմուտքին համար, թէ Ռուսաստանը ինքն ալ ապահովուած այդ չեզոքութիւնը միջազգային համաձայնութիւններով կամ ՄԱԿ-ի մէջ կամ ոեւէ այլ ձեւի մէջ, երբ ապահովութիւն կը դառնայ, որ այս ապրող շենցած Հայաստանը, որ պարապ չէ այլեւս, որ վաքիումի հետեւանքով ռուսական ուժերը ներս կանչելու վտանգի տակ չէ, ռուսական ապահովութեամբ իսկ պիտի մնայ ռուսական տիրապետութենէ զերծ։

Երբ Ռուսաստանը համոզուի ու այդ Հայաստանը ծաղկած շէնքով իրեն թշնամի չըլլալէն զատ իրեն առաւելաբար բարեկամ կրնայ ըլլալ միմիայն, քանի որ ահաւասիկ առնուազն 80 տարի է հայ ժողովուրդը ամբողջովին ռուսական մթնոլորտի եւ քաղաքականութեան մէջ կ՛ապրի իր այդ երկրի գոյութիւնը անկախ ու ազատ եւ ուժեղ […] է  Ռուսաստանին համար, ընդդէմ այն վտանգի, որմէ վախցած են վերջին 75 տարիներու ընթացքին՝ այսինքն արեւմտեան ուժերու վեր բարձրանալը դէպի Պաքու, դէպի Պաքուի [նաւթահորերը՞], դէպի Կովկաս, դէպի Ռուսաստան, այն ժամանակ, խնդրեմ, ըսէք՝ կը վերանա՞յ, թէ չի վերանայ Հայաստան աշխարհամասի կռուախնձոր ըլլալու պարագան։ Կը վերանայ կռուախնձորի հանգամանքը, եւ Հայաստանը այն ժամանակ կը դառնայ իրական կամուրջ բարեկամութեան Արեւելքի եւ Արեւմուտքի, եւ Հարաւի ու Հիւսիսի միջեւ։

Ուզեցի, որ այս երեւակայութիւնը ընէք նախ, որպէսզի կարենաք ըմբռնել, թէ Հայ Դատը ինչպէս կը լուծուի մեր ցանկացած եղանակով։ Ժողովուրդները, հայրենակիցներ, եւ պետութիւնները իրենց պատմութեան ընթացքին բաւական երկար ժամանակ, երբեմն ամբողջ 100 տարի եւ աւելի, կը տարուին պատմութեան ընթացիկ հոսանքով կը մնան այդ հոսանքին մէջ եւ կը կրկնեն ինքզինքնին բազմաթիւ անգամներ, մինչեւ կու գայ օրը, պահը, երբ աչքերը կը բացուին եւ կ՚ըմբռնեն, որ իրենք 100 տարուայ ընթացքին միայն սխալ ճանապարհին վրայ եղած են:

Հռոմէական խօսք մի համարէք ասիկա, օրինակը պիտի տամ ձեզի։  Ֆրանսա և Գերմանիա քանի-քանի պատերազմեր են իրար մղած Նաբոլեոնի օրէն սկսեալ, աւելի առաջ, աւելի ետք՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմ, Երկրորդ համաշխարhային պատերազմ. անվերջանալի կերպով գերմանական եւ ֆրանսական հակամարտութիւն մը, թշնամանք մը, որ [կար] ։ Այնպէս որ աշխարհի մէջ ոչ ոք կրնար երեւակայել, թէ Ֆրանսա եւ Գերմանիա օր մը կրնան իրարու ձեռք տալ եւ դառնալ բարեկամ, եւ դառնալ առանցքը միացեալ քաղաքական Եւրոպայի մը:

Սակայն ճիշտ այդ 100 տարին, որու ընթացքին բազմիցս իրար կոտորեցին ֆրանսացին ու գերմանացին, համոզեցին գերմանացիին եւ ֆրանսացիին, թէ իրենց քաղաքական այդ ընթացքը սխալ էր եւ կործանարար միայն իրենց համար եւ հիմա ձեռք- ձեռքի տուած են նոյն Ֆրանսան եւ նոյն Գերմանիան, որ ասկէ 50 տարիներ առաջ անկարելի կը համարուեր անոնց եղբայրացումը կամ գործակցութիւնը։

Կը նշանակէ պատմութիւնը իր հոլովոյթի ընթացքին կը սորվեցնէ երբեմն պետութիւններուն՝ փոքր կամ մեծ, թէ իրենց այս կամ այն ընթացքը սխալ է, վնասակար է, կրկնութեան պարագային կը տանի իրենց դէպի ոչնչացման անդունդ։

Արդ, Հայկական բարձրավանդակի շուրջ, ահաւասիկ, մօտաւորապէս 100 տարի է արեւելեան մեծ պետութիւնը՝ Ռուսաստանը, ցարական թէ սովետական, եւ արեւմտեան մեծ պետութիւնները՝ գերմանական ըլլալով, ֆրանսական, անգլիական թէ ամերիկեան, Հայկական բարձրավանդակի մը վրայ հակառակութեան մէջ են: Երբ ռուսը կ՚իջնէ Էրզրում, անգլիացին ուժը պիտի տայ թուրքին, որ ետ երթայ, երբ անգլիացին շատ կը բարձրանայ Պոլիս, ռուսը ուժ պիտի տայ թուրքին, որ անգլիացին ետ երթայ, երբ ռուսը կրկին կ՚իջնէ Հայաստան կամ Կովկաս, պիտի Քեմալին ուժ տայ Ֆրանսացին կամ Քեմալին ուժ պիտի տայ ռուսը, որպեսզի անգլիացին ե ֆրանսացին դուրս ելլեն:

Այս հակամարտութիւնը շատ երկար տեւեց Հայկական բարձրաւանդակին վրայ: […] ժամանակը եկած է, որ մեծ պետութիւնները ըմբռնեն եւ պիտի ըմբռնեն օր մը անպայման, որ իրենց այս հակամարտութենէն Հայկական բարձրաւանդակին վրայ շարունակ թուրքին ուժ տալէն ո՛չ Ռուսաստանը շահած է, ո՛չ Անգլիան, ո՛չ Ամերիկան եւ ո՛չ ալ պիտի շահին։ Ընդհակառակը, եթէ շարունակեն այս ձեւով իրարու հակադրուած հակամարտ դիրքերու վրայ կանգնիլ Հայկական բարձրավանդակին վրայ ամերիկեան ուժերը այնտեղ իրենց զինամթերքով, օդակայաններով , հրթիռներով, դիմացը Ռուսաստանը համապատասխան աթօմական ռումբերով յառաջիկա երրորդ աշխարհամարտը որ կը սպառնայ ավերել, ոչ թէ [միայն] մեր դատարկ աւերուած երկիրը այլ նաեւ շենցող Ամերիկան եւ զարգացած Ռուսաստանը […]։

Ապա ուրեմն ժամանակը եկած է, որ ըմբռնեն, որ Հայկական բարձրավանդակի վրայ միակ իրական վերջնական լուծումը տալով է, որ պիտի ազատի որ այդպէս դէմ դիմաց, այդպէս լքուած կենալէն ամեն վայրկեան վախի մէջ, որ վաղը կրնայ պայթիլ աթօմական աշխարհամարտը եւ ոչնչացնել երկու մեծ պետութիւնները եւ ժողովուրդները։

Հայկական բարձրավանդակը իր այս կռուախնձոր վիճակին մէջ, անորոշ վիճակին մէջ հայութենէ դատարկուած, թուրքը չէ կրցած բնակեցնել, կը վերածուի այն վիճակին, այն կացութեան, որ հիմա կայ։ Այսինքն՝ պէտք է անպայման այնտեղ ամերիկեան ուժերը նստին, որպէսզի այդ բարձրավանդակը ռուսական [վտանգէն պաշտպանուի ՞]։ Ռուսաստանի համար ալ հակառակը, որովհետեւ այդ բարձրավանդակին վրայ շնչող, ապրող, զարգացնող հայ ժողովուրդը չկայ, ռուսը պարտավորուած պիտի ըլլայ ամերիկացիին [սառեցնել] Կովկասի մէջ կէս միլիոնէն աւելի բանակ պահել՝ շարունակ, անդադար վախնալով, որ այս կամ այն րոպէին կրնայ […] մեծ յարձակումը։

Պիտի գայ ժամանակը եւ պիտի ըմբռնեն այդ մեծ պետութիւնները, որ իրենց սպառնացող մեծ վտանգին միակ լուծումը Հայաստանը վերածելն է ապրող, զարգացող, տնտեսապէս բարգավաճող, երկուքին բարեկամ ուժեղ պետութեան մը, որը կրնայ իրականանալ միմիայն այն ժամանակ, երբ հողերը կը վերադարձուին իր միակ իրավատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին:

Անմիջապէս հարց պիտի տրուի հայ գաղութներուն մէջ, երբ դասախօսած եմ, այս մասին հակառակ իմ ձգտումիս դարձեալ հարց տրուած է, որովհետեւ զգացական ժողովուրդ ենք մենք, հայութեամբ տառապող հայրենասիրութեամբ հիւանդ ժողովուրդ ենք մենք, անմիջապէս հարցը պիտի տրուի՝ Տօքթօր կամ յարգելի դասախօս, այդ որ նկարագրեցիր, ե՞րբ պիտի ըլլայ: Կ՚ուզեմ պատասխանել, որ երեք տարի եւ վեց ամիս ետք պիտի ըլլայ։ Շատ գոհ պիտի ըլլան, եթե նման բան մը պատասխանեմ եւ երջանիկ, հանգիստ տուն պիտի երթայ ամէն մէկ ունկնդիր, սակայն եթէ ինծի թույլ տամ նման պատասխան մը,  այս դասախօսութիւնը կը վերածուի անլուրջ բանի մը։

Քաղաքական կեանքի մեջ, հայրենակիցներ, քաղաքական դէպքերը կարելի չէ նախատեսել ճշգրիտ թուականով մը։ Կարելի չէ մինչեւ անգամ ըսել՝ հինգ տարիէն կամ տասը տարիէն։ Կարելի է սակայն նշմարել եւ ըսել, եւ ընել, որքան ատեն որ այդ լեռնաշխարհի իրաւատէր հայ ժողովուրդը կայ, որքան ատեն որ այդ հայերու լեռնաշխարհին իրաւատեր հայ ժողովուրդը կը գիտակցի իր իրավունքներուն եւ կը պահանջէ զանոնք լրիվ ամբողջական, որքան ատեն որ հայը իր կամքը վար դրած չէ անպայման, անպայման պիտի գայ այդ օրը, երբ այդ ճշմարտութիւնը, որ […] կը մատնաշուէին, ընդունելի եւ տեսանելի պիտի ըլլար մեծերուն համար եւ այն ժամանակ ահաւասիկ միջազգային նոր դասաւորումներու հետեւանքով, նոր կարգադրութեանց հետեւանքով կամ նոր վերիվայրումների հետեւանքով թերեւս հայ ժողովուրդը պիտի վերագտնէ իր դարաւոր իրաւունքները սեփական հողին վրայ։

Ատոր համար սակայն պէտք չէ ըսել, որ լսեցինք հիմա այս խօսքը, քանի որ այդ պիտի վերագտնէ այդ իրաւունքները, թող երթայ ամէն մարդ իր տունը հանգիստ քնանայ, որովհետեւ ինքնաբերաբար պիտի գան այդ իրաւունքները։ Ինքնաբերաբար չեն գար այդ իրաւունքները, ժողովուրդը պէտք է պայքարի այդ իրաւունքները ձեռք ձգելու համար, պէտք է յիշեցնէ աշխարհին անդադար, պէտք է Հայ Դատի համար իր աշխատանքը բերէ, իր լուման բերէ, իր ժամանակը զոհաբերէ եւ զոհաբերէ յարատեւօրէն ծրագրուած ճիգով կրկին ու կրկին տանելով տեղ մը հասնելու համար։

Ասկէ մի քանի օր առաջ Հարաւային Ամերիկայի Ուրուկուէյի պետութեան խորհրդարանը, պառլամենտը, 45 երեսփոխաններուն 39 քուէներով վեց ձեռնպահ քուէի դէմ որոշեց հայկական հարցը արծարծել եւ դիմել United Nationին: Լուրը կը կարդաք մէկ-երկու օրէն «Ասպարէզի» մէջ կամ կը լսէք ռադիօժամէն։ Կուզեմ, որ գիտնաք, որ այդ արդիւնքը երկինքէն չինկաւ, Ուրուկուէյի խորհրդարանը առին իրենց այդ որոշումը քուէարկած ըլլալուն համար, յամէնայն դէպս ինքնաբերաբար չէ, որ քուեարկեց։ Ձեր հայրենակիցները, ձեր նմանները Հարաւային Ամերիկայի մէջ օր ու գիշեր խառնելով երեք տարի է, Հայ Դատի հետապնդման համար, Հայ Դատի […] ճամբով հետեւողականօրէն գործեցին, գացին տեսնուեցան, խօսեցան, բացատրեցին հասկցուցին վերջ ի վերջոյ, Ուրուկուէյի ազատական ժողովուրդը ըմբռնեց ազատութեան կարեւորութիւնը հայոց ժողովուրդին համար եւ քուեարկեց այդ բանաձեւը։

Այնքան հիմնական նշանակութիւն ունի վերջ ի վերջոյ պառլամենտի մը որոշում մըն է, մէկ անհատի մը խօսքը չէ, մէկ յանձնախումբի արտայայտութիւն չէ։ Սխալ չի հասկնաք, ըսել չեմ ուզեր, թէ եթե Ուրուկուէյի կառավարութիւնը իր պառլամենտի որոշման գործադրութեանը United Nation-ի մէջ հարցը անցած է, վաղը կամ 5 ամիս վերջ անմիջապէս կը լուծուի Հայկական հարցը։ Ո՛չ։ Բայց սա մէկ քայլն է այն պայքարին, որուն կ՚ակնարկէի այն վճռականութեան, որուն կ՚ակնարկէի այն կամքին, որուն կ՚ակնարկէի եւ եթէ համաձայն էք, պիտի ուզեմ, որ այս ներկաներուն անունով հեռագիր քաշուի Ուրուկուէի խորհրդարանի նախագահին ըսելու համար, որ այս ինչ որ [1970 2 դեկտեմբեր] Լոս Անճըլըսի մէջ հաւաքուած մօտ 200 հայեր լսելով Ուրուկուէյի խորհրդարանի տուած որոշումը, շնորհակալութիւն կը յայտնեն Ուրուկուէի ժողովուրդին իրենց արձանագրութեան համար:

Այդ հեռագիրը ձեր ծափահարութիւններով վաւերացուած, վստահ եմ, որ կը քաշուին եւ թէ ուրիշներ ալ պէտք է հեռագրեն եւ Ուրուկուէյի խորհրդարանը ու ժողովուրդը եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները պէտք է զգան, թէ արդարութիւն մը կայ, որ ոտնակոխ է եղած, եւ որ պէտք է վերականգնել։ Այդ արդարութեան վերականգման համար ամէն բանէ առաջ հայը պէտք է պայքարի եւ ոչ թէ օտարը, հայը պէտք է գիտնայ, թէ անկախութիւնները եւ հողերը ափսէի վրայ դրուած իրեն որպէս նուէր չպիտի հրամցուին, հայը պէտք է գիտնայ, որ կողմը որ գտնուի ան, որ իր աշխատանքով, իր պայքարներով, իր մաքառումով, իր զոհաբերութեամբ, իր յարատեւ աշխատանքով միայն պիտի յաջողի հասնիլ իր իտէալին, հայը պէտք է գիտնայ, որ պատմութեան մէջ որ անկիւնադարձի րոպեները պիտի գան եւ պիտի գան եւ ինք պիտի տիրանայ իր անկախութեան եւ հողերու ամբողջութեան։

Բայց մինչ այդ պարտաւորուած է գործել ամենօրեայ ձեւով, ձգտիլ քաղաքական բոլոր իրաւունքներուն հասնելու համար եւ […] ։ Հետեւաբար, պէտք չէ կարծել սակայն, թէ այդ պարտականութիւնները ձեր ուսերուն չեն եւ ուրիշներու ուսերուն են միայն։ Ամէն մէկ հայ աշխարհի որ անկիւնն ալ որ գտնուի, այն րոպէին, երբ մտածեց, թէ այս պարտականութիւնը իմս չէ, ուրիշ ընողներ կան, Հայ Դատի հանձնախումբը կայ, անիկա կընէ, ինծի ինչ, ես իմ քէֆիս նայիմ, այդ րոպէին անիկա հայոց պատմութեան ընթացքը լքած է, ինքզինքը դուրս հանած է հայոց դարաւոր կամքի շղթայէն։

Ամէն մէկ հայ պարտաւոր է գիշեր և ցերեկ իրար խառնել կարենալ բան մը ընելու համար, հայոց ժողովուրդի քաղաքական դատի իրականացման համար: «Ժողովուրդները իրենց անկախութեան ձգտելուն համար չէ, որ կը մեռնեն»,- կըսէ Շանթ։ Ընդհակառակը, կը մեռնին այն ժողովուրդները, որոնք անկախութեան ձգտիլ չեն գիտեր, ձգտիլ չեն ուզեր։ Կը մեռնին քաշքրտուելով, կը մեռնին փճանալով, բայց հաստատօրէն կը մեռնին քաղաքական իրաւունքներուն հասնելու ձգտումին հասնելու ճամբուն վրայ։ Կրնայ ըլլալ, որ ժողովուրդները ժամանակաւորապէս տուժեն, կորուստ արձանագրեն, բայց այդ կորուստներեն եւ մահերեն կեանքը կը ծնի, ժողովուրդի յաւիտենականութիւնը կը ծնի, աշխարհի բոլոր մեծ ուժերու դիմաց, բոլոր աթօմական ռումբերուն դիմաց մէկ հիմնական ուժ կայ, որ հայ ժողովուրդը ունի եւ պէտք է գործածէ իր գաղափարի ուժը, եւ իր կամքը։

Կամքը մեծ ուժ է, հայրենակիցներ, անչափելի ուժ է, երբ կը գործածուի անհրաժեշտ վճռականութեան, շարունակ, յաւիտեան՝ մինչեւ հայ ժողովուրդը անցնի միացեալ ազատ, անկախ Հայաստանին: