Սեբաստիան, Սեբաստացիները…

1740

Սեբաստիան, որ թրքերէնով Սվազ կը կոչուի, իբրեւ նահանգ թէ քաղաք` շատ կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ մեր ազգային պատմութեան մէջ, հին դարերէն ի վեր:

Անատոլուի հայահոծ ընդարձակագոյն նահանգն էր ան, որ Եղեռնի նախօրէին ունէր 235.000 գնահատուող հայ բնակչութիւն:

Սեբաստիոյ եւ շրջակայքի հայաբնակ քաղաքներուն կամ գիւղերուն մասին շատեր գրած են: Բայց հնագոյն ուսումնասիրութիւններէն մին կը թուի թէ այն ուշագրաւ «Տեղեկագիր»-ն էր, զոր Պօղոս վրդ. Նաթանեան լոյս ընծայեց 1877-ին Պոլիս, եւ որուն թրքերէն ճոխացեալ տարբերակն ալ հրատարակուեցաւ 2008-ին, պոլսահայ բանասէր Արսէն Եարմանի հոգածութեամբ:

Սեբաստացիք մեծ կորուստներ տուին 1915-ին: Եղեռնի նշանաւոր քարտէսը իր կարմիր բոլորակաձեւ նշաններուն (որոնք ջարդն ու արիւնը կը խորհրդանշեն) ամէնէն խոշորը դրուած է Սեբաստիոյ վրայ…: Սեբաստիոյ վիլայէթին ենթակայ էին Շապին Գարահիսարը, Եւդոկիան, Ամասիան, Մարզուանը, Կիւրինը եւ այլն:

Արեւմտահայաստանի ու Կիլիկիոյ վերջնական հայաթափումէն ետք` վերապրող սեբաստացիները ցրուեցան աշխարհով մէկ: Կանուխէն, դեռ 1919-ին, Նիւ Եորքի մէջ անոնք հիմնեցին Համասեբաստահայ Վերաշինաց միութիւնը, որ ցուցաբերեց շատ աշխուժ գործունէութիւն: Երբեմն սակայն, գաղափարական տարակարծութիւնները պառակտումներ ստեղծեցին սեբաստացիներու ծոցին մէջ եւ պատճառ դարձան, որ կեանքի կոչուի նոր` Սեբաստիոյ Հայրենակցական միութիւնը, նախորդ Վերաշինաց միութենէն անկախ…:

Այնուհանդերձ, Նիւ Եորքը մի՛շտ ալ մնաց սեբաստացիներու կեդրոնական քաղաքը: Այստեղ, աւելի քան 60 տարի, վերեւ յիշատակուած երկու միութիւնները անջատաբար հրատարակեցին իրենց պաշտօնաթերթերը: Վերաշինացը` «Ալիս» (1922-36) եւ «Նոր Սեբաստիա» (1936-էն մինչեւ թերեւս 80-ականներ), իսկ Հայրենակցականը`

«Լուսաբեր» (1935-58) եւ «Ձայն Սեբաստիոյ» (1958-73):

Սեբաստիոյ հայրենակցական միութիւններ գործեցին նաեւ սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ: Անոնցմէ մին էր Փարիզի «Սեբաստիոյ Նահանգային Մուրատ Ուսումնասիրաց  Միութիւն»ը, որ կեանքի կոչուեցաւ 1949-ին: Հրատարակած է իր «Ծրագիր-կանոնագիր»-ը առանձին պրակով (տե՛ս նկարը):

Կը թուի թէ միութիւնը «Մուրատ» անուանումով փափաքած է անմահացնել յիշատակը Սեբաստիոյ առասպելական դէմքերէն` ֆետայի եւ հայդուկապետ Սեբաստացի Մուրատին…:

Մուրատ (1874-1918), որ կու գար Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղէն, շատ համբաւաւոր ու սիրուած դէմք էր համայն սեբաստացիներուն համար: Գրագիտուհի Զապէլ Եսայեան զինք անմահացուցած էր արդէն «Մուրատի ճամբորդութիւնը» գիրքով: Մուրատ ղեկավարներէն մին էր Սասնոյ 1904-ի ապստամբութեան, 1905-ի հայ-թաթարական կռիւներուն (Զանգեզուր), 1918-ի ճակատումներուն եւ այլն:

Թէ քանի՞ տարի կրցած է գոյատեւել Փարիզի սեբաստացիներու Մուրատ Միութիւնը` չենք գիտեր:

Այսօր ալ հոս-հոն սեբաստացիներու կարելի՛ է հանդիպիլ: Սակայն նորագոյն սերունդը ի՞նչ գիտէ իր պապերուն երբեմնի հայրենիքին մասին,- ահա հո՛ս է բուն հարցումը եւ բուն… ցաւը:

Այսօր, աշխարհի բազմահարիւր սեբաստացիներէն մատնանիշ կրնա՞նք ընել երիտասարդ մը, որ գուրգուրանքով բանայ Առաքել Պատրիկի երկհատոր «Պատմագիրք յուշամատեան Սեբաստիոյ եւ գաւառի հայութեան» խորագրեալ կոթողային աշխատասիրութիւնը (1974-1983, Պէյրութ-Նիւ Ճըրզի) եւ սկսի ընթերցել զայն, ճանչնալ իր հայրերուն չքնաղ բնօրրանը…:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Հալէպ 

ԱԶԴԱԿ, 28 Օգոստոս, 2015թ.