Հարցազրոյց` Թաթուլ Յակոբեանի Հետ

1502

Երեքշաբթի, 21 յուլիսին (2015) «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող, ՍԻՎԻԼՆԵԹ-ի մեկնաբան եւ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի հետ:

Հայաստանի քաղաքացիական շարժումներուն եւ սահմանադրական բարեփոխումներու, հարցին շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով Հայաստանի համար քաղաքացիական շարժումներուն կարեւորութեան մասին` Յակոբեան նշեց, որ հայ ժողովուրդը 1988 թուականէն ի վեր փողոցն է եւ երբեմն-երբեմն տուն կ՛երթայ, ուստի ներկայիս տեղի ունեցողը արտակարգ բան մը կամ նորութիւն մը չէ, պարզապէս փողոց դուրս եկողները աւելի երիտասարդներն են: