Հայաստանի Քաղաքացիական Շարժումներուն Եւ Սահմանադրական Բարեփոխումներուն Շուրջ

924

Երեքշաբթի, 21 յուլիսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հարցազրոյց` ԱՆԻ կեդրոնի համակարգող եւ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի հետ:

Հայաստանի քաղաքացիական շարժումներուն եւ սահմանադրական բարեփոխումներու, հարցին շուրջ հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Խօսելով Հայաստանի համար քաղաքացիական շարժումներուն կարեւորութեան մասին` Յակոբեան նշեց, որ հայ ժողովուրդը 1988 թուականէն ի վեր փողոցն է եւ երբեմն-երբեմն տուն կ՛երթայ, ուստի ներկայիս տեղի ունեցողը արտակարգ բան մը կամ նորութիւն մը չէ, պարզապէս փողոց դուրս եկողները աւելի երիտասարդներն են: Ան ընդգծեց, որ այս պայքարը 7 դրամի պայքար չէ, այլ անարդարութեան դէմ պայքար մը:

Յակոբեան ըսաւ, որ իշխանութիւնները որոշ չափով այս շարժումէն օգտուեցան, մասնաւորաբար Ռուսիոյ հետ յարաբերութեան մէջ: Ան նշեց, որ վերջերս տեղի ունեցած ցոյցերը մեծ չափով յաջողութիւն էին Հայաստանի պետութեան համար, որովհետեւ ժողովուրդը հասկցաւ, թէ ինք մասնակից է հոլովոյթին եւ պետական կառավարման մաս կը կազմէ, ինչ որ շատ կարեւոր է:

«Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակիցը համոզում յայտնեց, որ «փողոցային» պայքարները քաղաքական հոլովոյթներ են: Կուսակցութիւնները արդարացուցած չեն իրենց վրայ դրած յոյսերը եւ այժմ այս շարժումը կու գայ լեցնելու այդ բացը:

Ապա անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի մէջ սահմանադրական բարեփոխման թղթածրարին: Յակոբեան ընդգծեց, որ կարեւորը սահմանադրութեան բովանդակութիւնը չէ, այլ ինչպէս պիտի գործադրուի: «Լաւ սահմանադրութիւն ունենալը կարեւոր է, սակայն շատ աւելի կարեւոր է, թէ ինչպէ՛ս զայն գործի կը դնեն», ըսաւ ան:

ԱՆԻ կեդրոնի համակարգողը ըսաւ, որ խորհրդարանական համակարգ ունեցող երկիրները աւելի ժողովրդավարական են, սակայն արդեօ՞ք ներկայ իշխանութիւնները այդ նպատակը ունին եւ ոչ թէ իրենց յարատեւութիւնը ապահովելու միտումը:

«Շատ կարեւոր է լաւ սահմանադրութիւնը, սակայն կրնաս ունենալ լաւ սահմանադրութիւն, սակայն չունենալ ժողովրդավարական պետութիւն կամ ունենալ վատ սահմանադրութիւն եւ ժողովրդավարական պետութիւն», ըսաւ Յակոբեան` աւելցնելով, որ բայց եւ այնպէս կարեւոր է, որ երթանք այս ճամբով, որովհետեւ թերեւս ասիկա առիթ կու տայ, որ անցում կատարելով դէպի խորհրդարանական համակարգ, ստեղծուին իշխանութեան հակակշիռներ:

Հարցազրոյցի տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

ԱԶԴԱԿ, 23 Յուլիս, 2015թ.

http://www.aztagdaily.com/archives/250580